Այս աշխատասիրութիւնը պատրաստուած էր մասամբ դասախօսութեան մը համար: Դասախօսուած զեկուցում մը եւ հրատարակութեան սահմանուած գրութիւն մը ունին իւրաքանչիւրը իրենց մասնայատուկ օրէնքները: Շաղապատում մը ասոնց միջեւ հաւանաբար դժուար իրագործելի է: Այնպէս որ կու տամ հոս ամբողջութեամբ, առանց փոփոխութեան – եւ յարգելով մանաւանդ խօսակցական ձեւերը եւ վայրին թելադրած մտածումներուն արտայայտութիւնը – ներածականը որ գրի առնուած էր այդ առիթով:
Ներածականը կը դնէ տեղ մը այն հարցը թէ խօսքի հաստիչ, հիմնաւորիչ փոխանցումն ու փոխանակութիւնը կապ մը ունի՞ն, անզանցելի կապ մը լեզուին հետ, այս կամ այն լեզուին հետ: Այդ հարցը, այսպէս պարզ հարցումի մը ձեւով առնուած ու տարազուած, կը սպասէ լսողութեան մը որ, յարակարծաբար, գրաւուած ըլլայ Շրջումի մը արձանագրութենէն: Այդ Շրջումէն միայն կ’ըսուի ու կը լսուի մեկնակէտը:
Լսողութիւնը լարել հայեցողական «նոր» արեւէն անդին՝ «ուրիշ» արեւի մը: Աւելին չենք կրնար ընել:
Եթէ կը պահէ հեղինակ մը որեւէ իրաւունք վերջացած գործի մը վրայ, կ’ուզէի աւելցնել հետեւեալը, ընթերցումը դիւրացնելու եւ ուղղելու թերեւս թերի մտահոգութեամբ. այս աշխատասիրութեան մէջ գործադրուած յղացքներն ու վերլուծումները մակադրուած ու խաւաւորուած են, այնպէս մը որ իւրաքանչիւրը անկախ չէ անշուշտ իր նախորդներէն ու յաջորդներէն: Բայց անոնց հանգոյցին, անոնց ագուցումը բացայայտող յանգակէտին կարելի է գուցէ հանդիպիլ նախ՝ հինգերորդ գլուխին, ապա եւ մանաւանդ՝ ութերորդ գլուխին մէջ, այն էջերով որոնք նուիրուած են երեւութաբանութեան մը կարելիութեան ու իմաստին: