Երեք «Զաւակս»ները առիթը եղան եղանակաւորումի մը նկարագրութեան, ուր նախ՝ շրջումը կը յայտնուի, կը գրուի, առանց սակայն իբրեւ այդ բացայայտուելու, ուր յետոյ՝ կը զգացուի իր բացակայութեամբ, իր հեռացումով, եւ այն ընդհանուր խոտորումովը որ կ’ըլլայ հետզհետէ աւելի զգալի, ու վերջապէս՝ կը փոխարինուի սիրոյ շրջանովը: Ժամանակագրական կերպով՝ առաջին իրականացած սէրը Թէքէեանի, առնուազն՝ այն մէկը որմէ կան վկայութիւններ, կը պատկանի այս ժամանակաշրջանին: Բայց այս նոյն շրջանին՝ կը պատկանին նաեւ գեղագիտական այն տեսութիւնները որ խմբուեցան բարեկամութեան տիտղոսին տակ: Այդ յղացքին վերլուծումը կատարուեցաւ «առարկայացումը» առնելով իբրեւ առանցք, մնալով ուրեմն բանաստեղծական փորձին անմիջական ազդեցութեան տակ, հասկնալով բարեկամութիւնը իբրեւ փորձուած տրամադրիչին գործարկման արդիւնքներէն, հեռաւոր արդիւնքներէն մէկը իբրեւ: Ինչ որ կրնար թուիլ խստապահանջութեան նուազեցում մը նաեւ: Յետոյ՝ այնքան ատեն որ հայրութեան ծնունդը չէր երեւցած իր «դարձ»ի կառոյցովը, բոլոր այն հանդիպումները որ կ’ընէինք հայրութեան շառաւիղներուն հետ կը մնային պատահական, կամ պատահականութեան նշանին տակ: Ճիշդ է ուրեմն որ կայ բաժանում մը ընդմէջ՝ բանաստեղծական փորձին եւ «արուեստ»ին, այս վերջինը ըլլալով արտադրութիւնը հայր – ստեղծողի մը, սակայն անբաւարար էին այդ բաժանումին հաստատումը, եւ Թէքէեանի մօտեցումին «առարկայացած» ըլլալու իրողութեան արձանագրութիւնը: Որովհետեւ ասոնք կատարուած էին նկատի ունենալով միայն Այլը իբրեւ կառոյց, խօսքին այլութիւնը, անոր բացումին բնորոշումը այլէն դարձին մէջ: Նկատի ունենալով ուրեմն միայն Հրաշալի Երեխան, եւ ոչ տակաւին՝ աննման Որդին (1): Շրջումի «դարձ»ին մէջ է որ կրնայ այս վերջինը երեւիլ: Այնպէս որ կանխահաս էր այդտեղ՝ «բարեկամութեան» վերլուծումի ընթացքին խօսիլ միասեռականութեան մասին, քանի որ չկային այս յղացքը ամբողջութեամբ ըմբռնելու միջոցները, եւ մանաւանդ՝ հնարաւորութիւնը՝ հայրութեան ճշգրիտ տեղը ճշդորոշելու այդ տողերուն մէջ ուր սակայն յայտնի էր որ մեծ դեր մը ունէր ան: Դեր մը որ պղտոր կերպով կը հասնէր ընթերցողին քանի որ գեղագիտական խօսքի ճամբով, մաքսանենգութեամբ գրեթէ կ’անցնէր հայրութեան փոխաբերական յղացք մը («իր սրտին ու մտքին համաձայն զաւակներ ստեղծելով որոնք զինք պիտի սիրցնեն ու ճանչցնեն աւելի հարազատ կերպով քան իր արիւնի զաւակները»):
Անորոշութիւնը եւ քիչ մըն ալ՝ շփոթութիւնը կու գային «դարձ»ի կառոյցի բացակայութենէն: Պէտք է զատորոշել խօսքի այլութիւնը եւ Դարձը շրջումին մէջ: Առաջինը կ’երեւի երբ ապահովուած է բացումը խօսքին, անապահով: Կը կազմէ ան փոխաբերութեան մէջ սահմանը, բացուած, փորձուած, գրուած բանաստեղծութեան մէջ միայն: Հայորդիները Այլն է որ կը բնակին երբ կը ժառանգեն միալեզուն: Լեզուն, իր կարելիութեան մէջ, Դարձն է իրենց համար: Չունի’նք լեզուն, իբրեւ յատկանիշ, իբրեւ սեփականութիւն: Միալեզուն, անունի պաշտումով կը դնէ մեզ Դարձին մէջ: Յարդելով ուրեմն այս զատորոշումը, անկարելի է անմիջականօրէն կապել, առանց միջարկումի, ինչպէս ուզած էինք ընել, սիրոյ շուրջ յայտարարութիւնները գրողական պրկումի պակասին, որով հրաշալի Երեխան կը վերածուի աշխարհիկ առարկայի մը: Որովհետեւ բացումը, այլութիւնը, Հրաշքը իրենց կարգին պիտի չըլլային եթէ չըլլար Դարձը, որ կը թափանցէ ու կը պահէ զանոնք, որուն մէջ կը ծնի հայրութիւնը:
Արուեստին կատարած հոգիներու միացումը, բարեկամութեան վերլուծումին մէջ, նոյն շարժումին կը համապատասխանէր, «դարձ»ի այս շարժումին: Նոյն շարժումին առանց խօսքի տարածութեան նկատառումին: Այս նկատողութեամբ սակայն՝ վերջնական կացութիւնն է որ կը նկարագրուի, առանց բնորոշուելու իրեն ծնունդ տուած հոլովոյթովը: «Զաւակս» խորագրուած քերթուածները ցոյց կու տան միջանկեալ վիճակ մը – շրջումի բացարձակ հեռաւորութիւնը, անգայտացումը, որ կը պատճառէ «օտար տղոց» քով «թափառում»ը, որ կը տանի մինչեւ իսկ մահուան անոնց դէմ: Այնպէս որ «անծայր շրջան»ը ոչ միայն կը կրկնաւորէ շրջումի երթուդարձը, այլ կ’անցնի օտարութեան մէջ մահուան անհունութենէն: Այդ անցքին մէջ, «գոյականացած» է արդէն իսկ հայրը, իբրեւ սկիզբը ու վերջակէտը շրջանին: Գոյականացումը շիջումին անհրաժեշտ արդիւնքն է:
Որքան ալ ուրեմն ժխտական ըլլայ Թէքէեանի քերթողութեան վերջին շրջանը, որքան ալ ամուլ ըլլայ ան որոշ գետնի մը վրայ, ինչ որ անտարակուսելի է, իր փորձին ամբողջութեանը անհրաժեշտութիւնն է: Ամբողջութեանը իր գործին, նկատուած իր պատմական փուլերովը, այն մասնաւոր նուիրումովը որ արձանագրած է մինչեւ ծայրը շրջումի կորուստը, անոր հետեւանքները, հասնելով այդպէս սիրոյ անծայր շրջանին, գրելով անգամ մը եւս բոլոր զգացումները, բոլոր ներհայեցողութիւնները, բոլոր ընկերային կապերը այդ շրջանի որոշադրմամբ: «Սէր»ը, ճիշդ է, ոչինչ կ’ըսէ բանաստեղծական տրամադրիչէն, խօսքի բացումէն, անիրագործումի պաշտօնէն, ոչինչ կ’ըսէ բանաստեղծական փորձէն եւ անոր արձանագրութենէն որովհետեւ անդին է ան այլեւս շրջումի կորուստէն, որովհետեւ կրած է շիջումը եւ մոռցած է զայն: Բայց զմայլելին այն է որ այդ կէտէն, այդ մոռացումէն իսկ, կարելի է դիտել շարժումին ամբողջութիւնը: Ի մասնաւորի՝ այդ կէտէն է որ կարելի է խօսուած ու «փոխարինուած» շրջումը: «Խօսքի տարածութեան» նկատի չառնուիլը պատահական չէ ուրեմն, մաս կը կազմէ փորձառութեան, կը պատկանի անոր անհրաժեշտութեան: Թէքէեանը չէ որ դարձը, անունի պաշտամունքը կը բերէ աւելի թոյլ յղացքներու: Շրջումի անհետացումն է որ կը կանչէ, կը ստեղծէ իր հետեւանքներու սարիքը:
Վերջապէս՝ «տղան» հրաշալի Երեխային առարկայացումը չէ միայն. ան սիրոյ անծայր շրջանին մէջ գոյականացած Հօր զաւակն է: Այսինքն՝ հայրն իսկ, պաշտուած ու ճանչցուած Աննման Որդիին վրայ, եթէ սիրոյ շրջանին տեղ՝ ըլլային շրջումը ու շրջումի Դարձը:
* * *
Այս որոշադրմամբ է որ «տղան», «զաւակը» կ’երեւին Թէքէեանի նամակներուն մէջ (2):
«Այնքան խոր եւ այնքան ցաւագինօրէն ստիպողական՝ «ջինջ եւ հլու» տղայ մը իր մօտ երկար պահելու տենչը, որ բանաստեղծին հոգին զանոնք կը վերածէ հարազատ որդիի: Այդ երեւակայական զաւակները այնքան կը մխիթարեն բանաստեղծը եւ այնքան կը չարչարեն, որքան պիտի չընէին եթէ երբեք իրական ըլլային»: Այս տողերը Շահնուրէն են (կը պատկանին Թէքէեանի նուիրուած գրութեան մը՝ «Ոսկիէ Կշիռը», վերահրատարակուած Բաց Տոմարը հատորին մէջ (3)): Շահնուր այն անձերէն է որոնք լաւ ըմբռնած են զաւկի հարցին կարեւորութիւնը Թէքէեանի գործին մէջ, հարց մը զոր կը կապէ ան անմիջականօրէն տղաներու սիրոյն, եւ ասիկա բացատրութեամբ մը որ կրնայ ընթերցողին հետաքրքրութիւնը արթնցնել: Կու տամ հատուածը ամբողջութեամբ. «Զարմանալի է թափօրը Թէքէեանի տղոց, զորս բանաստեղծը կը շրջապատէ ուշադիր գուրգուրանքով եւ եղբայրական ազնուագոյն սիրով: Անոնք իրն են, ինք զանոնք է: Տեղի կ’ունենայ երթուդարձի գործողութիւն մը, որ կ’արդարացնէ սա միտքը թէ ամէն ոք իր հարազատ իսկութիւնը կը փնտռէ ուրիշին մօտ (միտքը Հեկէլինն է)» (4): Եթէ հետեւինք Շահնուրի գաղափարներու զուգորդութեան, տղոց սէրը կը բացատրուի Հեկէլեան տրամախոհութեամբ մը, զոր կարելի պիտի ըլլար մօտեցնել Այլի կառոյցին եթէ աւելի մանրամասնուած ըլլար, եթէ Ուրիշէն այդ անցքը մտածուած ըլլար աւելի ճշգրտօրէն: Ամէն պարագայի՝ «երթուդարձի գործողութիւնը» չի բացատրեր այն իրողութիւնը որ բանաստեղծին սէրը տղաներուն ուղղուած է: Ուժով է այսուհանդերձ սա գաղափարը՝ ինքզինքին հանդիպիլ ամբողջովին միւսին մէջ: Եւ մասամբ ալ կը մօտենայ մեր «նոյնացում», «առարկայացում» կոչածին («Անոնք իրն են, ինք զանոնք է»), քանի որ հրաշալի Երեխան կարելի չէ ըլլա՛լ: Նոյնացումները միայն պիտի բերեն զայն կեանքի: Եւ կարելի չէ զայն ըլլալ որովհետեւ խօսքին այլէն հնչելովն է որ կ’երեւի ան՝ աներեւոյթ: Այնպէս որ հարազատ ինքնութիւնը ուրիշին մօտ փնտռելը ձեւ մըն է ըսելու նոյնացումներու գործողութիւնը – պայմանաւ անշուշտ որ այդ փնտռտուքը մտածուի իր ամբողջ տարողութեամբ, իր ենթադրած եղանակաւորումով:
Զարգացնենք քիչ մը եւս այդ խնդիրը որ կը վերաբերի հարազատ իսկութեան փնտռտուքին ուրիշին մէջ: Այդ ձեւով ըսուած, Հեկէլի յղումովը կամ ոչ՝ հասարակ տեղիք մը կը մնայ այնքան ատեն որ մէջտեղ չհանուին գիտակից ու անգիտակից բաղադրիչները «հոգեկան» կազմաւորման: Գիտենք հիմա որ նոյնացումներու շարքը անբաժան կը մնայ հակադարձ շարժումէն, աննման Որդիի որոնումէն, կապուած՝ շրջումին որ կը հաստատէ խօսքի բացումը լեզուին մէջ, ծնունդ տալով անունի պաշտումին ընդմէջէն՝ հայրութեան: Շրջումն է որ կը «բացատրէ» երկու շարժումներուն՝ Երթին ու Դարձին զուգադիպութիւնը: Ըսինք որ «սիրոյ» գաղափարը կ’երեւի ու կ’աճի Թէքէեանի գործին մէջ հայրութեան կապակցութեամբ, եւ շրջումի կորուստով, մոռցուած կորուստով: Այդ կորուստին մէջ իսկ, սէր՝ զաւկի: Երթէն կամ Դարձէն դիտուած, երեւոյթը նոյնն է. եսը ուրիշին մէջն է, հրաշալի Երեխայ կամ աննման Որդի որուն վրայ կը ճանչցուի հայրը: Հարազատ իսկութիւնը ուրիշին մօտ փնտռելը հասկնալի է, եւ արդարացի Թէքէեանի պարագային, այն ատեն միայն երբ իսկապէս գործադրուին երկու յղացքները որ յայտնուեցան մեր ընթերցումին ու փնտռտուքին մէջ՝ այլութիւնը եւ Դարձը: (6):
Շահնուր այս իրողութիւններուն համար կու տայ հոգեբանական բացատրութիւն մը – տղայ մը իր մօտ ունենալու տենչն է, ըստ իրեն, որ կը վերածէ Թէքէեանի մէջ այդ տենչը զաւակներու ցանկութեան: Անշուշտ բացատրութիւն մը պէտք էր անցնելու համար նոյնացումներէն՝ հայր – զաւակ երեւակայական յարաբերութեան: Շահնուրի բացատրութիւնը այդ իսկ է. «երեւակայութիւնը», փափաքի ուժգնութիւնը, ստիպողականութիւնը բաւ են հասկնալու համար զաւակի ցանկութիւնը: Պէտք է խոստովանիլ սակայն որ բաւական ուժով է Շահնուրի գրութեան մէջ գիտակցութիւնը այդ անհրաժեշտութեան՝ բացատրութիւն մը առաջարկելու: Շահնուր լաւ կը տեսնէ որ այդտեղ խնդիր մը կայ – անհուն զաւկի սէրը, հայրութեան զգացումի վաղնջականութիւնը դիւրըմբռնելի երեւոյթներ չեն:
Ինչպէս սակայն անկարող էինք նոյնացումները հասկնալու բանաստեղծական փորձէն դուրս, քանի որ կը ներկայանային անոնք իբրեւ զուտ հետեւանքներ այդ տրամադրիչի արդիւնքներուն, նոյնպէս ալ հոս՝ պէտք է նկատի առնել ե՛ւ շրջումը որուն երեւման միակ վայրը «բանաստեղծական» է, ե՛ւ կորուստը շրջումին, հասնելու համար հօր գոյականացման սիրոյ անծայր շրջանին մէջ: Եթէ մինչեւ հոս չսխալեցանք, տղոց հետ նոյնացումները կը դառնան (կամ ե՛ն արդէն իսկ, սկիզբէն) զաւկի սէր «որովհետեւ» շրջումը մէ՛կ է եւ շրջումին մէջ՝ գլխաւորը Դարձի կառոյցն է: Հօր անունի պաշտումը կ’ենթադրէ Որդին: Որպէսզի սակայն սէրը երեւի, շրջումի ահաւոր, աներեւակայելի անհետացումը հարկաւոր է: Առանց այդ անհետացումին, ոչինչ պիտի գրուէր, ոչինչ պիտի «արտայայտուէր», ո՛չ հրաշալին, ո՛չ աննմանը, ո՛չ այլութիւնը…:
* * *
Ամբողջական լքումէն ետք է որ Թէքէեան կը գտնէ սէրը կեանքին մէջ, կը փարի անոր, զմայլանքով, երկիւղածութեամբ: Տղան որուն կ’ուղղուի այդ սէրը 17 տարեկան պատանի մըն է, զոր Թէքէեան ճանչցած ու նշմարած է իր բանաստեղծական փորձերուն ընդմէջէն, եւ որուն հետ կ’ունենայ 4 – 5 տարի խանդոտ նամակցութիւն մը – Զ. Սիւրմելեանը, որուն ապագայ գործունէութիւնը մեզ հոս չի հետաքրքրեր: Կայ նախ նոյնացումի եզրը, ինքզինք գտնելու, վերագտնելու տպաւորութիւնը (« – ամէնքը զիս կ’ուրախացնեն այնպէս՝ ինչպէս թէ վերստին աշխարհ եկած ըլլայի եւ հին կեանքս յիշելով՝ նոր կեանք մը եւս ինքս սկսէի») (7), որով անցեալս ու ներկադ կրնան վերջնապէս գիրկընդխառնուիլ, ինչպէս 20 տարի առաջ՝ այդ հին բանաստեղծութեան մէջ, կ’երազուէր արդէն: Նոյնացումը կ’ենթադրէ հեռաւորութիւն մը, եղանակաւորում մը, ապագայ մը. «իտէալ վիճակ»ն է ան ուր երկու բանաստեղծները (այս կէտը մեծ դեր մը կը խաղայ) պիտի ըլլան դէմ դիմաց, «իբրեւ հաւասարներ, աչք աչքի մէջ, իրար ամբողջովին հասկցող եւ իրար հասկնալով ամբողջացնող երկու հոգի» (8): Այս նոյնացումի եղանակը պիտի վերադառնայ այլ տեղ քերթուածներուն մէջ: (օրինակ՝ Մէկ հատիկս) (9) – հայելացման ձեւին տակ: Կեանքի մէջ վերադարձը, առարկայացումը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ հրաշալի երեխային որոնումը հայելացումի եղանակով մը (աչք աչքի մէջ, իրարու երեւակայական ամբողջացումը): Եւ Մէկ Հատիկս քերթուածին մէջ կարդալէ առաջ այս եղանակը, կը բաւէ հոս յիշել այն սքանչելի տողը որ կը պատկանի երկրորդ Զաւակսին.
Ու նոր արեւ՝ աչքին մէջ՝ աչքս գոցուէր:
Նոյնացումը՝ անշրջանցելի հայելացումը, ուրիշին մէջ «ինքզինք» փնտռելը սպասուածէն շատ աւելի բարդ եղանակաւորում մըն է ուրեմն: Ի վերջոյ՝ հրաշալի Երեխային երեւումը անցեալի բացումով կը զուգադիպի սրտի աղմուկի, կիրքի խուճապի եւ աչքին մէջ վառող տենչանքներու նուազեցումին հետ: Հայելացուած նոյնացումը, որով «ես»ը կ’ըլլայ, կ’ենթադրէ աչքի շիջումը, կ’ենթադրէ որ «սեփական» աչքը դառնայ ամբողջութեամբ սեւ բիծը նայուածքին: Արեւը սկզբունքն է աշխարհի երեւումին: Այնպէս որ եթէ մէկ կողմէ՝ աչքին մարիլը ունի հայելացման վերջաւորութեան իմաստը, որպէսզի ըլլայ աշխարհը բացուած խօսքին ու բացուած անցեալին մէջ, միւս կողմէ՝ մեռած աչքը կը մնայ միշտ արեւուն դէմ, արեւուն մէջ: «Իտէալ վիճակը» (երկու բանաստեղծներուն որոնք նո՛յնն են, հաւասարներ, ու կը նային աչք աչքի մէջ) հայելացման մէջ փոխադրում մըն է վերստին այն իրականութեան որ յայտնուեցաւ բանաստեղծութեամբ: Այդ հայելացումէն կ’անցնի սիրոյ անծայր շրջանը, երկուքը նոյն բանը կ’ըսեն: Շրջանը կրկնաւորումն է շրջումին հայելացման մէջ: – Այս թեմաները պիտի ձգենք առկախ մինչեւ մեր աշխատասիրութեան վերջին էջերը:
Կը տեսնուի ամէն պարագայի՝ որ սիրահարութեան զգայարանական ըլլալը կամ չըլլալը մեծ նշանակութիւն մը չունի: Անշուշտ որ այս սիրահարութիւնը զգայարանական է, քանի որ կ’ուղղուի տղու մը, եւ անոր մէջ՝ իր մարմնական կերպարանքին նաեւ: Հարկ կա՞յ նշելու կարեւորութիւնը Թէքէեանի նամակներուն մէջ լուսանկարներուն, այն անհուն հրճուանքին զոր կը զգայ բանաստեղծը երբ կը ստանայ պատկերներ իր սիրեցեալէն, – « . . . կրկնակ ուրախութիւն մը, լուսանկարիդ կորսուած կամ նորէն ետ դարձած չըլլալուն եւ ինծի նմանելուդ երեւակայուած կամ թերեւս քիչ մը իրական իրողութեան ուրախութիւնը, կը համակէ զիս» (10): Եւ աւելի անդին, բաղդատելով նկարի տղան այն միւսին զոր պահած էր իր յիշատակին մէջ. «Ան աւելի ճերմակ, աւելի փափուկ ու լեցուն եւ աւելի գեղեցիկ է . . . Ասիկա ուրիշ մըն է որուն պիտի վարժուիմ, զոր պիտի սիրեմ հետզհետէ, մինչդեռ միւսը, զոր արդէն կը սիրեմ, մոռցուիլ չ’ուզեր դեռ» (11):
Նոյնացումը՝ սկիզբէն իսկ տեսանք որ կապուած կը մնար խօսքի բացումին, անոր կարելիութեան կամ իրականացման, բանաստեղծութեամբ միայն յղանալի: Տղաներուն սէրը նախ՝ այդ բացումին մէջ երեւցող ու չերեւցող հրաշալի Երեխային անդրադարձ – առարկայացումն էր, որ սակայն իբրեւ սէր, ըսինք, գոյութիւն պիտի չունենար առանց «հայրական» բաղադրիչին: Այս ամէնը՝ զգալի, հատուածի մը մէջ ուր Թէքէեան կը պատմէ իր սիրոյ փթթումը: Կու տամ զայն ամբողջութեամբ.
Կը յիշե՞ս որ անցեալ ամառ այս ատեններն էր մօտաւորապէս երբ ճանչցայ քեզ: Հազի՜ւ տարի մը: Եւ ըսել թէ անկէ առաջ մութին մէջն էիր դուն ինծի համար . . . եւ ես մէկը չունէի որուն վրայ գրած ըլլայի, հաստատ ու զօրաւոր, հաւատքի մը պէս հաստատ իմ սէրս, սէ՛ր հիացումով եւ յոյսով աւելի եւս գեղեցկացած, զոր ինծի կը թուի թէ մանկութենէս ի վեր ունեցած եմ, միշտ յորդուն սրտիս մէջ, միշտ փնտռելով ինէ պզտիկ մը անով զայն ծածկելու համար:
Եւ որովհետեւ քանի կը մեծնայի ատիկա անկարելի կ’ըլլար, իմ տղաս չէ՛ր մեծնար քովս ի վեր որ ինծի կապուած ըլլար արեան կապով եւ միւսները վայրկեան մը յոյս տալէ յետոյ պատրանք ու տրտմութիւն ինծի կու տային յաճախ, ես յուսահատեր էի այդ յոյսէն ալ ուրիշ յոյսերու նման՝ երբ անցեալ ամառ, քիչ առ քիչ, քանի մը անգամէն, հասկցայ որ դուն ա՛ն էիր, ա՛ն որուն ա՛լ չէի սպասեր, զոր ա՛լ անկարելի կը համարէի, եւ որուն կարելիութիւնը վախով – ու դեռ չհաւատալով հասկցած թէ չէ՝ գիտցայ միեւնոյն ատեն թէ ճակատագիրը պիտի չուզէր յանկարծ զիս շատ բախտաւորել ու քեզ ինծի ճանչցնելէ ետք պիտի հեռացնէր ինէ, իրաւ է թէ թողլով ինծի հեռուէն ալ քու մօտդ ըլլալու, քեզ երեւան հանելու, քեզ ամբողջացնելու եւ քեզմով ամբողջանալու երջանկութիւնը: (12)
Դժուար է սահման մը դնելը հեղինակի մը անձնական թուղթերուն օգտագործումին, դժուար նաեւ՝ այդ օգտագործումին համար օրինավիճակ մը ճշդելը: Մանաւանդ որ հրատարակութեան սահմանուած չէին այս տողերը. Սիւրմելեանն է որ որոշած է, իր գրքոյկին վերահրատարակութեան առթիւ, խմբել Թէքէեանի նամակները, ու տալ զանոնք իբրեւ յառաջաբան: Պէտք է խոստովանիլ որ հոգեվերլուծական մեկնաբանութեան առատ նիւթ կու տայ գրութիւններու, անուններու, արարքներու այս համալիրը, մանաւանդ երբ կարդանք նամակներուն մէջ գրքոյկին հրատարակութեան պայմանները: Ընթերցողը անշուշտ կրնայ զարմանալ թէ ի՞նչ համարձակութեամբ Սիւրմելեան լոյս ընծայած է այսքան բացայայտ նամակներ: Հաւանաբար այնքան ալ միամիտ արարք մը չէր ասիկա: Ինչ որ ալ ըլլայ, միակ բանը որ կ’արդարացնէ մեր կողմէ նամակներու օգտագործումը դրուած հարցն իսկ է, որ կը վերաբերի զաւակ / Որդի յարաբերութեան, կամ՝ առարկայացումներուն եւ հայրութեան գոյականացման միջեւ կապին: Նամակները, իրենք իրենցմով, պիտի չտային միջոցները իսկական երեւոյթները բացայայտելու. բանաստեղծական փորձին ընթերցումն է որ կարելի դարձուց ատիկա, ընձեռելով շրջումի, դարձի, շրջանի յղացքները. բանաստեղծութիւնը որ կեանքի մէջ ապրուածներու արտայայտութիւնը չէ, քանի որ անկէ միայն կը ծնի Թէքէեանի որոնումին կարելիութիւնը: Հրաշքն է, Յարութիւնը, Աննմանը որոնք կը կանխեն տղաներու մէջ սիրոյ փնտռտուքը: Կեանքի մէջ «միասեռականութիւն»ը անբաժան է այդ փորձառութենէն: Բայց առարկայացման ու գոյականացման յղացքները կ’ըսեն անոր տեղը, անոր «իմաստ»ը:
Առաջին խօսքը որ կրնայ քիչ մը զարմացնել, այն է թէ «սէրը» որու մասին կը խօսի Թէքէեան «մանկութենէս ի վեր ունեցած եմ»: Նոր չէ սակայն ասիկա մեզի համար, հարազատ զաւակ մը ունենալու փափաքը, օտար տղաներու քով թափառումը, պատրանաթափութիւնը: «Մանկութենէս», կ’ըսէր երկրորդ Զաւակսը, «ես կը զգայի՝ իբրեւ հայր, / Զաւկիս համար ապագայ . . . / Սէր . . . »: «Մանկութենէս ի վեր»ը կայուն տարր մըն է ուրեմն. տարիներու ընթացքին, զգացումը կը մնայ նոյնը: Մեկնաբանած էինք զայն Շրջումի կառոյցին ընդմէջէն, անոր կորուստէն մեկնելով (13): Շրջումին ու Դարձին անտեսանելի մնալը չէին արգիլեր անոնց ներքին ազդեցութիւնը, որ երեւան կու գայ բանաստեղծին իբրեւ իր հայրական սիրոյ վաղնջականութիւնը: Բայց ինչպէ՞ս երեւոյթներ որոնք զուտ բանաստեղծական են, որոնք բանաստեղծական աշխատանքին մէջ միայն երեւան կու գան, կրնան «մանկութենէն ի վեր» ներկայ ըլլալ:
Դժուար է այս հարցումին պատասխանելը: Շատ թանձրացեալ մանրամասնութիւններ կու տայ Թէքէեան ըսելով որ կը փնտռէր միշտ իրմէ պզտիկներ զանոնք ծածկելու համար իր սէրով, որ տղա՛յ մը կը փափաքէր որ մնար միշտ իր քով, որ օտար տղաքը չէին պատասխաներ իր սիրոյն, որ վերջապէս՝ հանդիպեր էր այն տղուն որուն կը սպասէր տարիներէ ի վեր, այն տղուն որ ըլլար զինք եւ իր զաւակը միաժամանակ: Պէտք է հաւատալ որ միասեռականութիւնը – եթէ ուզենք անպայման պահել այս վերադիրը – բաւական ուշ հասած է բանաստեղծի գիտակցութեան, աննշմար չանցաւ այս կէտը մեր ընթերցումներուն մէջ: Բայց ինչ որ գլխաւոր առարկութիւնն էր այդ «զգացումին» վաղնջականութեան դէմ, այն էր որ կարելի էր հասկնալ զայն իբրեւ հետեւանք մը միայն – առարկայացումի կամ գոյականացումի յղացքներուն տակ առնուած – բանաստեղծական փորձին: Կարելի է անշուշտ բերել բանաստեղծութեան «ակը» նոյն շրջաններուն ուր «անձը» կը կապուի խօսքի աշխարհին, խորհրդանշականացման կարելիութիւններուն, ուր կը «նախզգայ» ուրեմն խօսքի կորուստը, անոր եղանակները, խօսքի ամբողջական տարողութիւնը վերագրաւելու «միջոցները»: Այս նկատողութիւնները սակայն շատ քիչ կը նպաստեն հարցին քանի որ այդ «եղանակ»ները, այդ «միջոց»ները կը սկսին խուզարկուիլ բանաստեղծին փորձին իրականութեան մէջ միայն: Այնպէս որ բացումը, շրջումը, Դարձը, եթէ կային սկիզբէն, տարբերուած ձեւով է միայն որ կ’ազդեն: Տարբերումի յղացքը հոս էական է (14): Այնպէս՝ ինչպէս կ’ընեն բոլոր տարբերուած ստանձնումները, բանաստեղծութիւնը – իբրեւ մասնայատուկ ստանձնում սեփական «կրտում»ին – կը տարածէ իր շուքը յետախաղաց շարժումով մը ամբողջ կեանքին վրայ: Չի նշանակեր որ որեւէ ձեւով չէ ապրուած այդ պզտիկներու փնտռտուքը մանկութենէն: Կը նշանակէ որ ան կ’առնէ «հայրական» իր իմաստը – կամ պարզապէս՝ որեւէ «իմաստ» մը – շրջումի երեւումէն ետք միայն: Այդ իր «իմաստ»ին մէջ է որ կ’ըլլայ:
Շրջումը միշտ ալ թափանցած է լեզուն, եւ միշտ քաշուած՝ անկէ: Իմաստ մը – հայրութիւնը – կը ծնի այդ թափանցելու – քաշուելու շարժումի կրկնութեամբը միայն: Կրկնութենէն ետք, ամէն ինչ կը դիտուի այդ եղո՛ղ իմաստէն: Երբ օրինակ՝ «ծիծաղս ալ վաղաշէջ» կ’ըսէ Թէքէեան, ե՛ւ ծիծաղին յիշատակը, ե՛ւ անոր շիջումը կ’ըլլան բացումէ՛ն միայն, եւ ուրեմն՝ երբեք չեն եղած ատկէ առաջ: Եւ միեւնոյն ատեն՝ միշտ եղած են. «վաղաշէջ»ին «վաղ»ը այդ «միշտ»ն է որ կ’ըսէ: «Վաղ»ը կը հասկցուի տարբերումէն միայն: Զարմանալին թերեւս Թէքէեանի պարագային՝ այն է որ իմաստի գրաւումը շրջումի արձանագրութեամբ անմիջական փորձառութիւնն է նաեւ եղո՛ղ շրջումի կորուստին: Յետախաղաց շարժումը որ կը թափանցէ կեանքի ամենահին շրջանները եղո՛ղ իմաստին ընդմէջէն կը տեսնէ նաեւ անոնց մէջ անոր բացակայութիւնը: Ատկէ՝ գոյականացումը հայրութեան, եւ միաժամանակ՝ օտարութեան զգացումը: Ինչ որ մտածել կու տայ որ միասեռականութիւնը ամենէն անշրջանցելի եւ ամենէն վաւերական փորձառութիւնն է հոս: Ատկէ նաեւ՝ «օտարութեան» երկու հասկացողութիւնները զորս զատորոշած էինք. մէկը՝ իբրեւ «սկզբունք» իմաստի ու հայրութեան «կազմութեան», իբրեւ անունի պաշտումին կարելիութեան թաքուն պայմանը. միւսը՝ իբրեւ գոյականացած իմաստի ու հայրութեան կորուստի զգացումը:
«Մանկութենէս ի վեր»ին վրայ վերադարձը զոր կատարեցինք այս ձեւով մասամբ բացայայտեց շրջումի «գործողութեան» եղանակը, զոր փորձեցինք ըմբռնել տարբերումի յղացքովը, իր արձանագրութեամբը նախ՝ «անձնական» փորձառութեան մէջ: Ինչ որ կը զգացուի մինչեւ իսկ մանկութեան մէջ գոյականացած հայրութիւնն է: Թէքէեան, կրկնելով միշտ կործանելու պատրաստ բանաստեղծական ձգումը, կը գտնէ Աննմանը, աննման Որդին զաւակի կերպարանքով, ուրեմն՝ Շրջումի վաղաշէջ հնչումով սիրոյ անծայր շրջանին մէջ, որ իր կարգին կը կրէ անշուշտ հետքը անմիջական կորուստին – «հասկցայ որ դուն ա՛ն էիր, ա՛ն որուն ալ չէի սպասեր, զոր ա՛լ անկարելի կը համարէի, եւ որուն կարելիութիւնը վախով . . . հասկցած թէ չէ՝ գիտցայ միեւնոյն ատեն թէ ճակատագիրը պիտի չուզէր յանկարծ զիս բախտաւորել . . . »: Անհուն հեռաւորութեամբ միայն, սէրը իբրեւ անծայր շրջան, իբրեւ անդրադարձ – զգացում, իբրեւ հայելացում, կը հասնի բանաստեղծական ձգումին մէջ գուշակուածին, Աննմանին: Այդ հեռաւորութիւնը անյայտը յայտնուածէն զատող տարածութիւնն է – «քեզմով ամբողջանալ»ը քու վրադ ճանչցուիլն է, պայմանով որ «հասակդ մեծնայ ամբոխին վերեւ / Եւ երգեն անունդ միաբերան», պայմանով որ «երգ»ին մէջ «երեւան» ելլես: Կորուստին պատճառով է որ զաւակը պէտք է յայտնուի, ան է որ կը զգացնէ «ամբողջանալ»ու անհրաժեշտութիւնը:
Բոլոր նամակներուն մէջ որ կան մեր տրամադրութեան տակ, զաւակի հետ կապն է որ կ’արտայայտուի անդադար: Օրինակ՝ «Ի զուր չէ որ ճակատագիրը քե՛զ ընտրել տուաւ ինծի հարիւրներու եւ հազարներու ընդմէջէն, ուզելով – իր ինծի տուած հազուագիւտ վիշտերը փոխարինել հազուագիւտ ուրախութեամբ: Իմ երազած ու կանչած, ստեղծել ու մեծցնել փափաքած տղաս՝ մեծցած ու բարեբախտաբար՝ դեռ մեծցող, իմ դէմս գտնելու ուրախութեամբ» (15): Նոյն խոստովանութիւնը, նոյն խօսքերը կարելի է տասը, քսան անգամ կարդալ այս տողերու երկայնքին: Հրաշալի Երեխան եւ աննման Որդին հանդիպած ըլլալու, զայն իր դէմ կարենալ պահելու, թէեւ հեռաւորութեան մէջ, զգացումը կ’արտայայտուի անդադար սիրոյ յայտարարութիւններով, իբրեւ հայրական գորով – « . . . Ի՜նչ բնականօրէն զաւակդ կ’ըսես ինծի՝ որ անոր կարօտով տուայտեր եւ օրօրուեր եմ միշտ» (16): Այս տողերուն կը հետեւին խղճի խայթի նմանող բան մը, որ հեշտանքէ՛ն յառաջ կու գայ իրականին մէջ. բուն հօրը տեղը անցնելու իրաւացիութեան կասկածը – «ես արժանի՞ եմ այդ հայրութեան, իրաւունք ունի՞մ քու բուն հօրդ տեղը անցնելու . . . : Եւ քու հօրդ հոգին կրնայ նախանձիլ ինծի՝ որ իրմէ շեղեցնելով իմ վրաս կը դարձնեմ ինչ որ ինք պէտք էր վայելել միայն» (17): Զաւակին հանդէպ սէրը, եւ սիրուած ըլլալու վստահութիւնը կը խօսի, այնքան ատեն զսպուած, չգտած իր սահմանեալ նպատակակէտը, անարտայայտ, եւ հիմա՝ սփոփարար խուժումով մը մտնող կեանքին մէջ, լուծելով դառնութիւններն ու պրկումները: Յստակ է որ այդպէս երեւան եկող սէրը, աշխարհիկ հանդիպումով մը, նոյնացման ճամբով եւ բանաստեղծական ձգումին միաժամանակ՝ իբրեւ արդիւնք եւ վերջաւորութիւն, չի նպաստեր երբեք այդ ձգումին վերագտնման, արդիւնքն է անոր առկայութեան եւ անոր կորուստին:
Հօր ու զաւկի այս խաղը կը հասնի նոյնիսկ զաւեշտական համեմատութիւններու, օրինակ երբ տղան կը ղրկէ «Արեւ»ի (18) խմբագրատան հասցէով ծրար մը որ կը պարունակէ իր լուսանկարը: Ձգենք Թէքէեան պատմել պատահարը – «Եւ ահա ութ օր ետքը Կիւրճեան բարեկամս՝ . . . խորհրդաւոր ձեւով մը, իր հին բարեկամութեան վստահած ինձմէ գաղտնիք մը խլելու ձեւով, կը հարցնէ ինծի թէ երկար թափառումներուս մէջ ունեցա՞ծ եմ արդեօք զաւակ մը աշխարհի վրայ: Անակնկալ այս հարցումը կը նեղացնէ զիս. բացատրութիւն կ’ուզեմ եւ ահա բարեկամս կը յայտնէ թէ ատեն առաջ, «Արեւ»ի հասցէով ծրար մը եկած է, թէ զայն բացած է հասկնալով որ լուսանկար մըն է, բացած ու տեսած է անոր ձօնը, «Հօրս՝ Վահան Թէքէեանին», եւ գտած է նաեւ որ պատկերին դէմքը կը նմանի ինծի . . . » (19): Պէտք կա՞յ բան մը աւելցնելու այս հատուածին ուր ամէն ինչ, նոյնացումը, սէրը հայրութիւնը, գոյականացումը, խտացած է:
Զաւեշտականէն ետք ալ, բայց նոյն գիծին վրայ՝ գայթակղելին, երբ Թէքէեան իր գաղափարով, իր յղացումով եւ իր ձեռքով կը հրատարակէ տղուն քերթուածները, հազիւ թէ խնդրելով իրմէ իր կարծիքը, եւ ի՛նքը որոշելով նաեւ գիրքին խորագիրը – Լոյս Զուարթ – որ ամենամեծ զուգադիպութեամբ անշուշտ՝ տղուն մօր անունն ալ ունի իր մէջ: Միւսին ցանկութիւնը, միւսին ստեղծածը իւրացնելու եւ չէզոքացնելու աւելի կատարեալ ձեւ մը եղա՞ծ է երբեք: Ահաւասիկ Թէքէեանի գրածը, որ գրեթէ անժուժելի կը գտնեմ ես – «Երէկ առի . . . նամակդ, որուն անհամբեր կը սպասէի՝ գիտնալու համար թէ ի՞նչ տպաւորութիւն ըրած է վրադ «Լոյս Զուարթ»ը, անունէն սկսեալ» (20): Տղան որեւէ գաղափար չունէր ի՛ր իսկ գիրքին ո՛չ ճակատագիրէն, ո՛չ ալ անունէն: Յետոյ՝ բացատրութիւններէ ետք խորագիրին մասին, հետեւեալը – «Ինչ եւ է, գէշ կամ աղէկ՝ եղածը եղած է արդէն ու քանի որ «Լոյս Զուարթ»ն ալ հաճելի գտեր ես ու անգիտակցաբար կամ հեռակրութեամբ, ընտրեր եմ բառ մը որ մօրդ անունն ալ է, ուրեմն հոգ մի՛ ըներ ու համոզուէ՛ կամաց կամաց որ կրնայիր զայն դուն ալ գտած եւ անոր հաւնած ըլլալ» (21): Ինչպէ՞ս մեկնաբանել Թէքէեանի այս ցանկութիւնը՝ հայրն ըլլալ տղու մը որուն մայրը ըլլար քերթողագիրք մը: Նոր ծնո՞ւնդ մը կը ցանկայ տղուն համար, իր իսկական ծնո՞ւնդը, հօրմէ եւ մօրմէ, ծնունդ մը որ ընէր զինք հայր, կերպափոխելով նաեւ մայրը: Զարմանահրաշ գիւտ մըն է ասիկա, պէտք է խոստովանիլ, Թէքէեանի կողմէ, «անգիտակցաբար կամ հեռակրութեամբ», որ շառաւիղն է անունի գուշակուած – ցանկացուած պաշտումին:
Կը կարծեմ որ այս ձեւով բաւականին վկայութիւններ ու փաստաթուղթեր տուած եղայ ամէն պարագայի՝ որպէսզի շատ յստակ ըլլայ ընթերցողի միտքին մէջ թէ ի՞նչ ձեւով կրնար կեանքին մէջ անցնիլ հայրութեան ծնունդը, սիրոյ անծայր շրջանով, հրաշալի Երեխայի առարկայացումով, Որդիին եւ իր անունին մէջ «եղող» Հօր գոյականացումով: Ցոյց տուած եղանք նաեւ թէ ի՞նչ ձեւով կրնար բանաստեղծութիւնը, իր մասնաւորութեամբ, բացումը պահպանելու, շրջումը ապրելու – գրելու իր ձեւերովը, ընթացք տալ միասեռականութեան, զգայարանական գետնի մը վրայ կամ ոչ, բայց այդ՝ հարց եղած չէ երբեք. ամէն մարդ կը գործածէ իր սեռականութիւնը իր անգիտակից նպատակներուն համաձայն: