Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։
ենթայօդուած

6. Սիրոյ անծայր շրջանը

Եւ քանի որ հիմա պիտի զբաղինք այդ «առարկայացում»ներով, զանոնք խմբելով միասեռականութեանյղացքին շուրջ, կ’արժէ այդ մասին մեր նախորդ վիճարկումները ամփոփել հոս: Քննադատները ընդհանրապէս կը սիրեն զբաղիլ «մարդ»ով, կա՛մ մէկ քով ձգելով գործին ներքին նկատողութիւնը, քննարկումը, կա՛մ ալ այդ քննարկումին քով՝ տեղ մը ապահովելով «մարդ»ուն, անոր նկարագրին, անոր կեանքին, անոր առաւելութիւններուն ու թերութիւններուն: Այս նկատողութիւնները մինչեւ այսօր մէկ ընդհանուր օրէնքի մը հպատակած են. բաժանումը «մարդ»ուն եւ «գործ»ին, որ ունեցած է նաեւ իբրեւ առաջին հետեւանք՝ անզգուշ միաձուլումը մէկուն եւ միւսին, որ չի հարցադրեր անոնց իւրաքանչիւրին որոշադրումը: Այնպէս որ երբ օրինակ՝ քննադատներ զբաղած են Թէքէեանի կեանքովը, խօսքի ի՜նչ դարձուածքներով մօտենալով անոր հաւանական կամ իրական միասեռականութեան, այս մարմնական – հոգեկան վիճակը նկատած են իբրեւ գիծ մը Թէքէեանի կեանքին ու նկարագիրին, որուն մասին ալ Թէքէեան կրնայ խօսած ըլլալ իր քերթողութեան մէջ, քովնտի կամ ծածուկ ձեւով, առանց սակայն որ այդ խօսիլը ունենայ էական աղերս մը «գրելուն» հետ: Բացայայտ է որ այդպիսի վարուելակերպ մը կը բղխի հետաքրքրութեան բնազդէ մը որ անկարող կ’ըլլայ ինքզինք արդարացնելու քննադատական գետնի վրայ: Բացայայտ է նաեւ որ ես ալ երբ միասեռականութեան մասին կը խօսիմ, կը յղեմ «իրական» միասեռականութեան մը որ արձանագրուած է Թէքէեանի բոլոր գիրքերուն մէջ եւ մանաւանդ՝ նամակներուն եւ վերջին տարիներու քերթուածներուն մէջ: Չեմ ուզեր վայրկեան մը իսկ հերքել «իրականութիւնը», ընդհակառակը՝ կը հետաքրքրէ ան զիս իբրեւ այդ: Բայց կարծեմ շատ յստակ ալ է հետեւեալը. միասեռականութիւնը Թէքէեանի մօտ երբեք իր բանաստեղծական փորձէն – փորձառութենէն անկախ երեւոյթ մը չէ: Կրնամ ըսել նոյնիսկ որ յարացուցական երեւոյթ մըն է, բռնելու ու ըմբռնելու համար անցքի անկարելիութիւնը, պայմանաւ սակայն որ չպարպենք զայն իր իրականութենէն, լաւ հասկնալով որ – եթէ «մարմնական» եզրը ներկայ է միշտ, անխուսափելիօրէն, քանի որ մարդու հոգեկան ամբողջութիւնը, նոյնիսկ վսեմացած, կը պարունակէ իր մէջ էապէս «մարմնականը», այդպէս ըսուածը – միասեռականութեան «իրականութիւն»ը չի հպատակիր մարմին / հոգի բաշխումին, որուն դերը մտածողութեան պատմութեան մէջ հասած է իր վերջնական հանգրուանին հոգեվերլուծումի հիմնաւորութեամբ: Իրական միասեռականութիւնը, այնպէս ինչպէս որեւէ սեռականութիւն, անշուշտ որ «հոգեկան» պիտի ըլլայ ամէն բանէ առաջ: Ցանկութիւնը բաժանելի յղացք մը չէ, կը զանցէ իր ծագումով, իր գործարկմամբ ինչ որ կը տրուի մեզի սովորաբար բաժանումին մէջ: Եւ եթէ ընթերցողը ունի տակաւին տարակոյսներ մանաւանդ այս տեսակի մօտեցումի մը շահեկանութեան մասին՝ բանաստեղծական փորձին եւ լեզուի թափանցումին վերաբերող հարցերուն համար, նկատել կու տամ իրեն որ բոլոր յղացքները զորս փորձեցինք նախորդ տողերուն ու էջերուն մէջ առաջարկել՝ կը դառնային միասեռականութեան ընդհանուր յղացքի մը շուրջ, նոյնիսկ եւ մանաւանդ՝ անոնք որոնք կը վերաբերէին արուեստի «ըմբոշխնում»ին, անոր յառաջացուցած բարեկամական շաղախին, հոգիներու «միացում»ին, կամ ժողովուրդի հիմնաւորութեան՝ անունի պաշտամունքի «առարկայացում»ով:

Եթէ չվախնայի ընդհանրացումներէ եւ յարակարծիքներէ՝ պիտի ըսէի որ «արուեստ»ը միասեռական յղացքմըն է: Ինչ որ փորձեցի հիմնաւորել մասամբ նախորդ բաժիններուն մէջ արդէն իսկ: Ուսումնասիրութեանս առարկան անցքի անկարելիութիւնն է, խօսքի փոխանակութեան պայմաններու խուզարկումը, անոնց փոփոխութեան, կարելի փոփոխութեան պայմաններու փորձարկումը: Միասեռականութեան յղացքը յայտնուեցաւ մեր ճանապարհին վրայ այս խնդրականութեամբ, եւ ոչ թէ անհատական կեանքին շուրջ դարձող հետաքրքրութեան մը հետեւանքով: Ինչ որ ոգեւորիչ է այն է՝ որ Թէքէեան այնքան մօտէն փակած ըլլայ փորձին կարելիութեան ու անկարելիութեան, փարած ըլլայ անոնց, ներքին անհրաժեշտութեամբ մը որ մեր պարտականութիւնն է քակել մինչեւ ծայրը:

* * *

Կան Թէքէեանի քերթողական գործին մէջ, երեք քերթուածներ որոնք նոյն խորագիրը կը կրեն – Զաւակս : Հատ մը իւրաքանչիւր հատորի մէջ (1): Ի՞նչ է զաւակի այս սէրը, որ երբեք չէ իրականացած կ’երեւի: «Իսկական» զաւակ մը ունենալու փափա՞քն է արդեօք, զաւակ մը իր սերմէն ու արիւնէն, պիտի ըսէի՝ կնոջմէ մը – թէեւ ո՛չ մէկ տեղ կայ կնոջմէ մը զաւակ ունենալու փափաքը: Կամ՝ ինչպէս ըսուած է գրեթէ միշտ մեկնաբաններու կողմէ, փափաքն է արդեօք ուրիշ հայրութեա՞ն մը, իրականացած քերթողի աշխատանքովը: Կրնա՞մ խոստովանիլ որ չեմ հաւատար այդ «պարզ» փոխաբերական լուծումներուն: Թէքէեան, ինքը, ճիշդ է որ կը հակի դէպի այդ ուղղութիւնը երբ կ’ըսէ օրինակ 1914ի հատորի քերթուածին մէջ. «ուզեցի անզուսպ քեզ իբրեւ կորիւն՝ / Իմ փափաքներէս, ցասումէս ծնած, / Որպէսզի գոչեմ սրտէս «Յաղթութիւն»: Ասոնք, որոնք անտարակոյս շատ հեռու են Թէքէեանի լաւագոյն տողերը ըլլալէ (2), կը ներկայացնեն խառնուրդ մը, կ’ուզեն տալ բռնազբօսիկ կերպով խորհրդանշական իմաստ մը բանի մը որուն խորքը այլ է: Պիտի հարցնէք. «որուն խորքը իսկական զաւկի մը փափա՞քն է»: Եւ պիտի պատասխանէի՝ «այո՛», եթէ գիտնայինք թէ ի՞նչ է զաւակ մը ունենալը, թէ ի՞նչ է «հայր» ըլլալը, «հայր» ըլլալ ուզելը: Պարզ ցանկութիւն մը չէ, եւ բնախօսական ցանկութեան մը հետ որեւէ աղերս ալ չունի: Կարդանք այդ առաջին բանաստեղծութեան վերջին տունը, որ կու տայ արդէն իսկ գաղափար մը այդ ցանկութեան մասին, իբրեւ ցանկութիւն.

Եւ մեծնայ հասակդ ամբոխին վերեւ,
Եւ երգեն անունդ միաբերան,
Ու ճանչնան զիս վրադ, որդի՜ս աննման…: (3)

«Անունը երգել» ընտանի է մեզի – արքային, օտար արքային անյայտ տակաւին անունն է զոր պիտի երգեն հայորդիները ապագայ, զոր պիտի պաշտեն: Եւ այդ պաշտամունքը, ըսինք, քերթողին գրուած տարակոյսը կրկնող շարժումն է, լեզուին մէջ արձանագրուած, լեզուն հիմնող, զայն կարելի դարձնող, եւ զարմանալիօրէն՝ նոյն բառերը, նոյն վանկերը արտասանող զորս լսուած էին սօսիներէն, Այլէն: Հոս կայ նոյնպէս ամբոխը, կայ երգը, կայ անունը, կայ միաբերան երգելը, ինչ որ նշանն է՝ վերագտնուած միասնականութեան մը: Ամբոխը կը վերագտնէ իր միասնականութեան սկզբունքը որդիին անունը երգելով, եւ որդիին ընդմէջէն՝ հօ՛ր անունը անշուշտ: Անյայտ / յայտնուող կառոյցը կը գործէ հոս անգամ մը եւս: Անունն է միշտ այդ կառոյցին կեդրոնը: Պաշտամունքին, միաբերան երգին մէջ է որ կը յայտնուի անունը, եւ այդ յայտնութեամբ է որ հայրը կը ծնի իր հայրութեան: «Հայրութիւն»ը պէտք է հասկնալ ուրեմն բանաստեղծական փորձին կապակցութեամբ, առանց միամտութեան, առանց կարծելու անպայման եւ անմիջականօրէն որ «գործ»ին հայրութեան մասին է խօսքը: Ինչ որ dérivé, երկրորդական եւ աննշան փոխաբերութիւն մը պիտի ըլլար: Բանաստեղծական փորձը այն մէկն է որ կը պահէ խօսքի այլութիւնը, կը լսէ ու կը հնչեցնէ զայն իր զտութեամբ, մինչեւ շրջումը Այլի սահմանին վրայ, շրջումը որմէ կրնայ հետեւիլ նոյն խօսքին, նոյն բացումին կրկնութիւնը, իբրեւ անունի պաշտամունք, եւ միաբերան – ուրեմն՝ միալեզու – միաւորութեան «հիմնաւորում»: Շրջումն է միայն որ կը ստեղծէ – եթէ կարելի է այդպէս ըսել – հայրութիւնը, որ կ’ընէ օտարէն, տարակոյսը գրողէն, իր ձայնը Այլէն լսողէն՝ Հայր մը: Հայրութեան երեւումը արդէն Գեղօնին մէջ՝ մեկնաբանութիւն մըն էր մեր կողմէ: Զաւակի փափաքին նուիրուած քերթուածները կու գան հաստատել այդ մեկնաբանութեան «իրաւութիւն»ը (4):

«Հայրութիւն»ը վերջապէս՝ «անձնական» հայրութիւն մը չէ – վերաքաղուած է ան պաշտամունքէն, երգէն միաբերան: Հայրութիւն «կայ»՝ պաշտամունքին եւ միաբերան – միալեզու երգին մէջ միայն, շրջումէն անդին (5): Ի՞նչ է այն ատեն Որդին, աննմանը: Յայտնուողն է, ու յայտնողը: Հօր անունը իբրեւ այդ լեզուին մէջ բերողն է, Հօր անունը իբրեւ միասնականութեան, միալեզուութեան սերմը: Ան է որ մեռած էր, եւ առաւ յարութիւն: Յարութիւնը այն ատեն ուրիշ բան չ’ըսեր եթէ ոչ շրջումը որով Այլէն լսուող ձայնը, այդ ձայնին այլութեան պահպանումը կը դառնան յանկարծ իրենք իրենց վրայ ու կը մնան, կը հաստատուին լեզուին մէջ, կարելի դարձնելով միաբերան միալեզուութիւնը: Այս եղելութիւնը աշխարհիկ պատահար մը չէ, արձագանգն է ներքին շարժումի մը, որ կը հասնի սահմանին, որ կը շրջի ինքն իր վրայ, կրկնելով ինքզինք, այլութիւնը, անիրագործումը, փոխակերպելով զանոնք: Որդին աննմանն է որովհետեւ շրջումէն անդին՝ միասնական պաշտամունքին յենքն է. երաշխիքն իսկ է այդ միասնականութեան: Պարզ շրջում մը այսպէս՝ տեղւոյն վրայ, առանց որեւէ տեղափոխութեան, աննշմարելի անցքով մը, օտարը կ’ընէ հայր, կը ստեղծէ պաշտամունքի հնարաւորութիւնը, բոլոր ըսուած խօսքերը կը հնչեցնէ իբրեւ ապագայ, իբրեւ կրկնութիւնը խօսքերու որոնք գրուած էին ի խնդիր իրենց ապագայ կրկնաւորման (եւ հաւանաբար ալ՝ գրուիլը չունի ուրիշ որոշադրում, երբ կը հասկցուի ան իր «էութեան»ը մէջ: Ապագան հոս չի նշեր դէպի այլ ներկայ մը, «ապագային մէջ» եկող, տակաւին չպատահած. կը հասկցուի ան միայն շրջումէն, շրջումն է որ «ժամանակ»ը կը բաժնէ երկուքի: Չկայ «ժամանակ» շրջումէն առաջ):

Այս մեկնաբանութիւնը, Որդիի մը փափաքը բանաստեղծական փորձին կապելու այս ձեւը, զայն «Յարութեան» մօտեցնելու ձգտումը կրնան քիչ մը զարմանալի թուիլ: Գրութիւններու մօտեցումն է սակայն որ կու տայ հողը այդպիսի ընթերցումի մը համար: Մօտեցումը գրութիւններուն ցոյց կու տայ հասարակաց կէտեր, ընդհանուր գիծեր որոնք կ’երկարին ամբողջ գործին վրայ: Կ’ընձեռէ ան մանաւանդ թեքսթերուն մէջ գաղտնի տեղեր որոնք կը պահանջեն ընթերցողէն իր կարելիութիւններուն ամբողջական պրկումը, կը պահանջեն մասնայատուկ ու մասնաւորուած ուշադրութիւն մը: Թէքսթերը կը թելադրէին բանաստեղծական տրամադրիչի մը ուսումնասիրութիւնը, իր բոլոր բաղադրիչներով, որոնք որոշ չափով կը նմանցնէին զայն, իր էութեամբ ու պաշտօնով, հոգեվերլուծական տրամադրիչին: Մէջտեղ հանուած բաղադրիչները հետզհետէ դարձան աւելի թանձրացեալ, բացումը՝ հրաշալի Երեխայի յայտնութեամբ, անիրագործումը՝ հրաշալի Յարութեամբ: Թէքսթերը, վերստին, կը թելադրէին «առարկայացում»ներու հարցով զբաղիլը, տրամադրիչին եւ իր ամբողջական արդիւնքներուն առաջին մօտեցումով մը, փոխաբերութեան մանրանկարին եւ փոխաբերութեան մէջ սահմանի օրէնքին ընդմէջէն: Վերջնական թանձրացումը եկաւ սահմանին վրայ շրջումի նկատառումէն, որ կարելի կը դարձնէր հայրութեան ծնունդի եւ Որդիութեան էութեան բացայայտումը: Զաւակի փափաքն է հիմա, զաւակէ մը զրկուելուն տրուած կարեւորութիւնն է որ կը դնեն մեզ նոր գիծի մը առջեւ, կը մտցնեն մեր ընթերցումին մէջ այն շրջումը որ զգալի էր, փոխադարձ եւ յետադարձ ակնարկով բոլոր նախորդ գլուխներուն մէջ քննուած գրութիւններու երկայնքին: «Շրջում»էն է միեւնոյն ժամանակ՝ որ կը սկսի ձախողանքը Թէքէեանի կեանքին ու քերթողութեան մէջ (ձախողանք մը որ ուրեմն սկսած էր սկիզբէն ի վեր. շրջումը աշխարհային եղելութիւն մը չէ՛): Անկէ է որ պէտք է վերսկսինք մենք:

Բացում ու անիրագործում թափանցուած են շրջումէն որմէ կը ծնի հայրութիւնը, հայրութեան կարելիութիւնը, ինչ որ գիտէինք արդէն երբ կ’ըսէինք թէ Այլի պահպանումը եւ անունի պաշտամունքը նոյնն են, շրջումէն ասդին եւ անդին: Իրականութեան մէջ՝ այս «ասդին»ն ու «անդին»ը ըսելու ձեւեր են, քանի որ սահմանուած են շրջումէն որ կը պտտի ամէն տեղ, եւ առանց որուն խօսքի բացումի պահպանումը եւ անոր մէջ տարբերութեան մը վերաքաղումը անյղանալի պիտի ըլլային: Երկու առիթով՝ Գեղօնով եւ Զաւակսխորագրուած առաջին քերթուածով, շրջումը կը գրուի եւ կը կապուի բացայայտ կերպով անուան պաշտամունքին: Այնպէս որ երբ քերթողը – օտար – կը լսէ իր ձայնը իբրեւ ամէնունը, յստակ է որ հրաշալի Երեխան պիտի ըլլայ նաեւ աննման Որդին, երկուքը նոյնն են – շրջումն է որ կը գծէ զանազանութիւն մը երկուքին միջեւ: Բայց այնպէս ինչպէս փոխաբերութեան շրջաբերութիւնը կ’առնէր իր մէջ վերադարձը դէպի անխուսափելի նոյնացումները – այս կամ այն տղուն մէջ հրաշալի Երեխային հետքի ու դիմագծի փնտռտուքը – նոյն ձեւով ալ՝ երբ գրողական աշխատանքը չ’երթար մինչեւ գրութեան մէջ իրագործուած շրջումը, աննման Որդին կը մնայ բացակայ եւ անհունապէս բաղձացուած: Բաղձացուած որովհետեւ գուշակուած է ան, որովհետեւ շրջումի իրագործման «արդիւնք»ն է, կապուած նորայայտ հայրութեան ծնունդին: Բայց բացակայ՝ որովհետեւ քերթողութիւնը չէ համարկած շրջումը, հայրութեան ծնունդը, չէ կրցած գրել զանոնք, մնալ անոնց վրայ, կամ ձգել որ անոնք անդադար թափանցեն լեզուն քերթողութեան ընդմէջէն: Ա՛յս է որ Թէքէեանի բանաստեղծութեան կու տայ իր զարմանալի հանգամանքը՝ հրաշագործ աշխատանքի մը եւ նոյն էջին վրայ՝ խոր եւ տխուր ձախողանքի մը տպաւորութիւնը ձգելով:

Ահաւասիկ հիմա Զաւակս խորագրուած երկրորդ քերթուածը, լոյս տեսած 1919ին, Կէս գիշերէն մինչեւ Արշալոյս հատորին մէջ.

Զաւկի մը շնորհն անգամ, ո՛վ Տ՜էր, զլացար
Ինծի ընդմիշտ, եւ այդ մասունքը սիրոյս
Արգիլեցիր փականքներու տակ անյոյս,
Եւ զիս իմ մէջս սպաննեցի՜ր չարաչար…:

Երբ ես ծռիմ՝ ան բարձրանար քովս ի վեր,
Իմ սպառած կեանքիս հիւթովն առլցուկ.
Ե՛ս հովանի անոր եւ ա՛ն ինձ նեցուկ,
Ու նոր արեւ՝ աչքին մէջ աչքըս գոցուէ՜ր…:

Մինչդեռ հիմա դուռնէ ի դուռ, մինչեւ վերջ,
Քիչ մը գորով պաղատելով՝ պիտի գամ
Օտար տղոց քով թափառիլ յարաժամ…

Օտար տղոց աչուըներուն, հոգւոյն մէջ
Դողդողագին պիտի տղա՜ս որոնեմ,
Եւ անծանօթ՝ պիտի մեռնի՛մ անոնց դէմ…: (6)

Առաջին քերթուածի ընթերցումին՝ կարելի էր տարակուսիլ, մտածել որ իր ապագայ գործերուն մասին է որ կը խօսի քերթողը, այն գործերուն որոնք պիտի ներկայացնեն զինք աշխարհին մէջ, ու մարդոց աչքին: Հոն սակայն՝ որեւէ տարակոյս չենք կրնար ունենալ. «իսկական» զաւակի մը մասին է խօսքը, թէեւ պէտք է հարց տալ հիմա թէ ի՞նչ է այդ «իսկական»ը երբ զաւակը զլացուած է «ընդմիշտ», եւ քերթողը անոր չգոյութեամբ ի՛ր մէջ է որ չարաչար սպաննուած է: Զաւկէ մը զրկուած ըլլալը հասարակաց փորձառութիւն է, ամենէն հասարակացը նոյնիսկ, քանի որ հայրութիւնը աշխարհի ամենէն անգայտացած երեւոյթն է: Բայց ինչ որ ըսինք նախորդ էջերուն մէջ ցոյց տուաւ որ այդ աշխարհիկ զրկանքը, այդ աշխարհիկ փափաքը – ընդմիշտանիրագործելի, պէտք չէ մոռնալ – ունի իր դրդապատճառը, կամ առնուազն՝ իր կրկնաւորումը բանաստեղծական փորձին մէջ, շրջումի արձանագրութեան անկարելիութեամբ: Նոյն անկարելիութեան է որ հանդիպած էինք փոխաբերութեան շրջաբերութեամբ, որ չէր թոյլատրեր անցքը, որ – փոխաբերութեան սովորական իմաստի գերակայութեամբ – կը վերադարձնէր դէպի զանազան – եւ անխուսափելի ու յայտնողական – առարկայացումները: Հայրութեան ծնունդը միաժամանակ՝ բաղձացուած է, գուշակուած, եւ – բացակայ: Այդ բացակայութիւնը կը զուգադիպի աշխարհիկ սէրերու փնտռտուքին, վերադարձին: Հոն ուր չէ դիմացած կամ չէ իրագործուած շրջումը – այսինքն՝ ամենուրեք – հոն ուր չէ թափանցած ան գրութեան ու փորձին, օտարութիւն մըն է որ կը տիրէ, կորուստը՝ հայրութեան շուքին: Այս օտարութիւնը – որ կը համակէ անձը օտար տղոց քով – իր ձայնը այլութեան մէջ լսող արքայինը չէ. օտար արքան իրագործուած ու թափանցող շրջումէն միայն կը ստանայ իր որոշադրումը հոն ուր խօսքի բացումը կը մնայ լեզուին մէջ: Հոս ընդհակառակը՝ «անբուժելի թշուառութեան» օտարութիւնն է, որ կը տիրէ երբ հայրութիւնը գուշակուած է ու բացակայ, երբ շրջումը չէ կատարուած, կամ տեղի տուած է: Այն մէկն է որ կը ճզմէ երբեմն մենակեացները, սենեակէ սենեակ, սէրէ սէր, տղայէ տղայ թափառողները:

Միասեռականութիւնը արդեօք հոս իր անունին արժանի՞ է: Յարաբերութիւն մը կը դրուի աննման Որդիին եւ «օտար տղոց» միջեւ: Տղաները օտար են որովհետեւ քերթողը, չհամարկած ըլլալով հայրութեան ծնունդը իր աշխատանքին ու իր «կեանք»ին մէջ, կը փնտռէ ամէն տեղ եւ ամենուն քով հրաշալի Երեխան որուն ձայնը կը հնչէ – կը լռէ անցեալէն եւ աննման Որդին որուն վրայ պիտի ճանչցուէր ինք եւ պիտի պաշտուէր՝ իր անունը: Աւելի ճիշդ՝ քերթողը չէ՛ որ համարկած չէ այդ ծնունդը. կը հանդիպի, իր փորձի ծայրագնութեամբ, համարկումի չգոյութեան, կը բախի անոր, կը վերյայտնէ զայն: Օտար տղաքը անհատական, անջատ գոյութիւններ ունին, զերծ՝ որեւէ կապէ պաշտամունքին ու հրաշքին հետ զոր թափանցող շրջումը միայն կրնայ պահել, գրել: Երբ այդ շրջումը չկայ, երբ փարատած է ան, անունը չ’երեւիր, քերթողը կը մնայ «անծանօթ»: Իր տղա՜ն ըլլար, եւ ինք ըլլար հա՜յր, անյայտ, յայտնուած Որդիին ներկայութեամբը, փայլովը աշխարհին մէջ, ամբոխին վերեւ: Անջատ գոյութիւններէ անցնող այս տղու որոնումն է որ կը յատկանշէ Թէքէեանի բանաստեղծութեան եւ հաւանաբար ալ՝ կեանքին խոտորումը: Խոտորումին տիրակայութիւնը կը զուգադիպի զարմանալիօրէն Թէքէեանի քերթողութեան մէջ Աղէտի շրջանին հետ: Կարելի չէ սակայն ատկէ արագ ձեւով եզրակացութիւններ հանել (7):

Օտար տղաներուն դէմ անծանօթ մեռնիլ – : Մեռնիլը կը հաւասարի ամայութեան, խօսքի, «կենդանութեան» բացակայութեանը, ձայնի անշարժութեան, կիտայնութեան: Օտարութեան մէջ, տարածութիւնը չի բացուիր, իրերը չեն երեւիր, չեն հասնիր իրենց էութեան, յարութիւնը անյղանալի է, մեռնիլը՝ վերջնական: Օտարութիւնը այն վայրն է ուր տեղի պիտի չունենայ հրաշքը, ուր պիտի չյայտնուի Աննմանը: Քաւարանային օտարութիւն որ էապէս զատորոշելի է արքայի օտարութենէն: Երեխաներուն ու տղաներուն հետ նոյնացումը տեղատուութեան շարժումն էր որ մեկնելով ձայնի միասնական հնչողութեան հրաշքէն, անոր մէջ՝ այլութեան երեւումէն, խօսքի բացումէն, կը պահէր միշտ իր մէջ ասոնց սաղմը, ըլլալով ասոնց պարզ արդիւնքը: Օտար տղոց քով թափառումը ասկէ աւելի բան մըն է, տարբեր որակի բան մը, թէեւ առարկայացումներուն մէջ՝ կայ նաեւ թափառումը եւ փոխադարձաբար: Թափառումը ցոյց կու տայ արմատական հատում մը, որ զգալի չէր այնքան ատեն որ կարելի հայրութեան մը խօսքը չէր եղած: Հատումը յարակարծաբար կը ծնի շրջումէն: Անծանօթ մեռնիլ «անոնց դէմ» կը նշանակէ կորուստը ապրիլ շրջումին – մահը որ պիտի յայտնէր հայրութիւնը, որ պիտի ծնէր զայն, գործին մէջ չէ՛. եւ վերջնական է ան, յուսահատական երբ կը գրուի ու կը դրուի անոր վերջաւորութեան, անկէ դուրս, անկէ անդին: Օտար տղոց դէմ մահուամբ՝ ձգել որ ըլլա՞յ շրջումը, շրջումը որ մերժած է ինքզինք գործի տարածութեան վրայ: Բայց փափաք մը կը մնայ ասիկա, փափաք մը որ շատ լաւ կը հասկնայ, կը զգայ, եւ շատ լաւ գիտէ գրել ինչ որ «կը պակսի», բայց որ չի կրնար այդ պակասին՝ բերել դարման: Օտար տղաք չունին իրենց մէջ, ճիշդ է, ո՛չ Հրաշալին, ո՛չ Աննմանը: Պիտի տեսնենք սակայն թէ որքա՞ն նշանակալից է թափառումի, օտարութեան, ամայութեան այս փորձառութիւնն իսկ:

Երրորդ քերթուածը, նոյն խորագիրը կրող, Զաւակս, լոյս կը տեսնէ ուրեմն Սէր հատորին մէջ եւ ունի թեմականութիւն մը որ մաս կը կազմէ այդ հատորին համաստեղութեան: Այնպէս որ անոր ներքին ոլորտները աւելի պիտի յստականան երբ հետեւինք իրեն շուրջ գտնուող քերթուածներուն, «կրօնաշունչ» քերթուածներուն փորձածին ու ըսածին: Հոս՝ կ’ուզեմ նշել քանի մը կէտեր, իբրեւ նախորդ էջերուն մէջ ըսուածներուն լրացուցիչը: Կու տամ բանաստեղծութեան երեք առաջին տուները.

Բայց դուն, անհուն զաւկի սէր, ինչպէ՞ս իմ մէջս ինկար,
Անապատին մէջ ինկած ազնիւ հունտի մը նման,
Որ կռծեցաւ ծլելուն սպասելով ընդերկար,
Իր յոյզն ի զուր ուղղելով երկրի յոյզին միութեան:

Մանկութենէս, կը յիշեմ, նախքան ուրիշ ամէն սէր,
Քան ծնողքի, քան քրոջ, ես կը զգայի՝ իբրեւ հայր,
Զաւկիս համար ապագայ, զաւկիս համար, որ մէջս էր՝
Սէր, որ ինձմէ դէպի ինձ կ’ընէր շրջան մը անծայր:

Կը տեսնէի զայն այնպէս ինչպէս եղբայր մը պզտիկ,
Կը տեսնէի զայն հոգի, կը տեսնէի զայն մարմին,
Եւ մերթ՝ եղած զայն կարծես տղու մը դէմքին: (8)

Վերջին տունը (Ա՜հ, իմ տղաս, որ կ’ապրէր ատեն մ’այնքան ինձ մօտիկ) շահեկան է միայն աշխարհիկ յղումովը զոր կը պարունակէ, սիրուած տղու մը յիշատակումովը (այս մասին պիտի խօսիմ քիչ ետք, առնելով իբրեւ յղում եւ «շինանիւթ» Զաւէն Սիւրմելեանի ուղղուած նամակները): «Սիրոյ» թեման մեծ տեղ մը գրաւած է Թէքէեանի արտադրութեան այդ շրջանին, եւ կ’արժէ հիմա այդ թեմային ճշգրիտ շրջագիծերը ճշդել, կապելով զանոնք մինչեւ հոս ընդգծուած կէտերուն, բանաստեղծական տրամադրիչի գործարկման, անոր հետեւանքներուն, առարկայացումներուն, շրջումի կորուստին, ինչպէս սկսած էինք ընել արդէն մեր չորրորդ գլուխովը:

Զարմանալի չէ՞ նախ՝ այս խոստովանութիւնը որ կ’երթայ մինչեւ մանկութիւն, ուր «զաւկի սէր»ն է որ կայ ամենէն առաջ, նախքան ծնողքի, նախքան քրոջ սէր: Ո՞ր չափով մեր գեղեցկապաշտ բարոյագէտները պիտի կարենան բացատրել, արդարացնել այս խոստովանանքը, նկատի առնելով մանաւանդ որ այդ հայրական սէրը այն մէկն էր որ Թէքէեան կը զգար շատ իրական տղու մը հանդէպ, 1920 – 1926 տարիներու ընթացքին: Հայրական գորովը, հայրական զգացումներէ զրկուիլը, եթէ առնուին իրենց սովորական իմաստովը, իբրեւ «իսկական» հայրութեան մը կամ անոր պակասին հետ կապուած զգացումներ, բաւական չեն բացատրելու համար այդ անհուն զաւկի սէրը, զաւկի փափաքը, եւ այդ խոստովանութեան անհունութիւնը որ կը տանի զաւկի սէրը զգացական կեանքի սկզբնաւորութեան, մինչեւ անոր խորերը, մինչեւ հօր ու մօր, մինչեւ քրոջ տրուելիք սիրոյ ծնունդին, դնելով առաջինը ասոնցմէ «առաջ»:

Մեր պարտականութիւնն է, ըսինք, քակել մինչեւ ծայրը այն ներքին անհրաժեշտութիւնը որ անցուցած է Թէքէեան, այդ անունով տրուած անձը, անցեալի բացումի փորձէն, խօսքի մէջ տարբերութեան վերաքաղումէն, Այլի ու Անաւարտի արձանագրումէն ու պահպանումէն, Հրաշալի Երեխայի յաճախումէն, անոր հետքերուն փնտռտուքէն աշխարհիկ դէմքերուն վրայ (եւ հոս վերստին, նոյն փնտռտուքն է, յուսահատական, որ կը գրուի – «եղած զայն կարծես տղու մը դէմքին»): Որ անցուցած է Թէքէեան ասոնցմէ, եւ ապրեցուցած իր գործին ու իր կեանքին մէջ՝ շրջումը որով կը սկսի հայրութիւնը իբրեւ շուքը երկարող լեզուին վրայ, իբրեւ հիմնաւորումը արդէն իսկ ժողովուրդի միասնականութեան, որով կը գրուի, կը գուշակուի անսպասելիօրէն՝ անունի պաշտամունքը ու աննման Որդիի սպասումը, ներկայութիւնը ձեւով մը: Ներքին անհրաժեշտութիւնը որ յետոյ՝ հետեւած է ապշեցում պատճառելով՝ շրջումի անհետացումին – բացառիկ երեւոյթ է քանի որ շրջումը չ’ապրուիր, չի գրուիր հոս իր վաւերականութեամբ, եթէ ունի ընդհանուր առմամբ՝ վաւերականութիւն: Հակառակն է որ կը պատահի. շրջումը իբրեւ այդ զգալի չէր «կեանքին» մէջ երբ կը գրուէին անունի պաշտամունքը, բացումի պահպանումին, անիրագործումին կրկնաւորութեան շրջուած երեսը իբրեւ: Կը զգացնէ իր «ներկայութիւնը», իր «գոյութիւնը», իր կարեւորութիւնը երբ կը սկսի բացակայիլ, կորսուիլ, անհետանալ, ձգելով իր ետին ամայութիւնը միայն, «անապատ»ը որուն մէջ կ’իյնայ զաւկի սէրը, եւ կը կռծի, չգտնելով պատշաճ հողը, որ կնոջ արգանդը չէ անշուշտ, այլ՝ «երկրի յոյզ»ը, հունտին ապատը, որուն կորուստը պարագայական չէ. հայրութեան վաղնջական «զգացում»ը կը հանդիպի հայրութեան վաղնջական անկարելիութեան: «Անապատ»ը, իր ամայութիւնը անմիջական հետեւանքն են հայրութեան ծնունդի անհուն հեռացումին, շրջումի տեղատուութեան, որուն կը յաջորդէ օտար տղոց դէմ թափառումը: Նոյն անհրաժեշտութիւնն է որ երրորդ հանգրուանի մը մոռնալ կու տայ շրջումի կորուստն իսկ, անոր կարելիութիւնը գրուած ըլլալով «գործ»էն դուրս, արտաքին մահուան մը մէջ տղոց դիմաց, ի խնդիր վտանգուած ու ի հեճուկս ամենայնի բաղձացուած հայրութեան: Երբ շրջումի կորուստը կը մոռցուի, եւ անոր հետ՝ շրջումի ազդեցութիւնը, անհրաժեշտութիւնը, մահուամբ գրուող, այն ատեն հայրութեան փափաքը կը դադրի գործին պատկանելէ, կը տարածէ իր անհիմն, իր չեղած՝ շուքը դէպի անցեալը նոյնիսկ, դնելով զլացուած հայրութիւնը ամէն տեղ, ամէն կողմ, եւ գոյացնելով, գոյակայացնելով զայն սիրոյ զգացումին մէջ: Այնպէս որ raccourciները զորս առաջարկեցինք չորրորդ գլուխին մէջ կը գտնեն հոս իրենց բացայայտումը: Այդ կարծեցեալ մօտեցումները չունէին տակաւին իրենց տրամադրութեան տակ շրջումի յղացքը: Այս մէկն է որ կարելի կը դարձնէ պաշտամունքէն, անունին շուրջ վերահիմն միասնականութենէն դէպի սէրը, իբրեւ զգացում ու յղացք, տանող ճամբուն հաւատարիմ նկարագրութիւնը:

Հայրութեան ծնունդը, շրջումը, «վերադարձ» մըն են, իրենց էութիւնը այդ վերադարձին մէջ կը կայանայ, որ կը կրկնաւորէ գրուած տարակոյսը, որ կը փոխէ զայն հաւաստումի ու պաշտամունքի, ծնելով Հայորդիները, իբրեւ այդ, Այլին մէջ: «Դարձ»ը շրջումին մէջ կը թափանցէ նաեւ «երթ»ը: Այդ դարձն է զոր սէրը կը պահէ, կը պարունակէ իր մէջ երբ շրջումի ամբողջ հոլովոյթը ջնջուած է, երբ գործը այլեւս չի հասնիր մահուան: Հոն ուր կար շրջումը, որոշադրելով հայրութեան ծնունդը, անունի պաշտամունքը իբրեւ «դարձ», հոն ուր ամբողջական լքում մը միայն, «անապատը» մնացած է անոր տեղը, «սէր»ը կու գայ փոխարինել անփոխարինելին, դարձի նոյն կառոյցին համաձայնելով,

Սէր, որ ինձմէ դէպի ինձ կ’ընէ շրջան մը անծայր.

կազմելով ուրեմն շրջումին տեղ՝ շրջան մը, որուն ծայրամասերը շատ որոշակի են, հայր ու որդի, շրջան մը որ միեւնոյն ժամանակ՝ անծայր է, երկու ծայրամասերու նոյնացումովը հանդերձ, ասոնց անհուն հեռաւորութեանը պատճառաւ հաւանաբար. շրջանը, անհունութեան կերպաւորումը իբրեւ, վերադառնալու համար իր սկզբնակէտին, ստիպուած է անցնելու զոհաբերումէն, օտար տղոց դէմ, ստիպուած է տալու ինքզինք իբրեւ նոխազ զոհաբերողին: Այնպէս որ անիմաստ պիտի ըլլար հասկնալ սիրոյ այդ անծայր շրջանը իբրեւ ինքնասիրութիւն որդիին մէջ. որո՞նք են, ինքզինք սիրողին համար, «ինք»ը եւ «զինք»ը, ուրկէ՞ որոշադրուած են ասոնք, այդ է հարցը: Եւ քանի որ զոհաբերումին մասին էր խօսքը, պէտք է յիշել որ սիրոյ գաղափարը Աստծոյ մէջ պիտի գտնէ հոս իր լուծումը, եւ միեւնոյն ատեն՝ իր խեղաթիւրումը. զուր տեղը չէ որ Թէքէեան Աստծոյ կ’ուղղուի եւ անոր կը կապէ անմիջականօրէն հայրութեան անկարելիութիւնը եւ շրջումի տեղատուութիւնը, երբ կ’ըսէ երկրորդ «Զաւակս» քերթուածին մէջ. « . . . ո՛վ տէր, . . . զիս իմ մէջս սպաննեցիր չարաչար . . . »: Որդիին մահը ու Յարութիւնը չէ այս, Որդիին չգոյութիւնն է. սպաննուած Որդիին համար, չկա՛յ Յարութիւն, չկա՛յ Հայրութիւն:

Առայժմ՝ կրկնենք միայն որ «երթուդարձ»ի ամբողջ շարժումը որ – երբ կար խոստումը, յոյսը, ներկայութիւնը տակաւին շրջումին – կը կազմէր գրելը, իբրեւ հիմնուած ու հիմնող բացում՝ խօսքին, կը լուծուի սիրոյ շրջանին մէջ, որ երկարաձգում մըն է, ու խոտորում մը Դարձի կառոյցին, քանի որ «դարձ»ով միայն կը ծնի «հայրը», իր անունին մէջ, մինչդեռ սէրը կը դնէ գոյացող հայր մը արդէն իսկ շարժումին իբրեւ սկզբնակէտ – նպատակակէտը մնալով անշուշտ զաւակը, որ սակայն ծնած չըլլալով շրջումէն այն ատեն, մտածուած ըլլալով սիրոյ շրջանին մէջ, ուրիշ հանգամանք մը ունի քան շրջումի «դարձ»ին մէջ յայտնուող աննման Որդին: Զաւակը հոս վերաբերուած է գոյացուած հօրը, եւ կը գտնէ իր որոշադրումը անծայր շրջանէն, անծայր շրջանին մէջ: Նշենք վերջապէս որ հանդիպած էինք արդէն անգամ մը այս փոխակերպումին որ կը տանի շրջումի դարձէն դէպի անծայր շրջանի գոյացուած հայրութեան իրականութիւնն ու սէրը. բարեկամութեան յղացքի վերլուծումով էր: Բայց չունէինք դեռ մեր տրամադրութեան տակ սիրոյ գաղափարը յղացականացնելու միջոցները:

  1. Երեւանի հրատարակութեան մէջ՝ էջ 150, 166 եւ 188: Թուականները՝ 1901 առաջինը, 1926 վերջինը: Երեւանի հրատարակութիւնը վերցուցած է թուականները, մինչդեռ Թէքէեան միշտ կարեւորութիւն տուած է ասոնց նշումին:
  2. Այսպիսի նկատողութիւն մը ըրինք արդէն նախորդ էջերուն քանի մը անգամ: Կը փաստէ միայն Թէքէեանի քերթողութեան անհաւասարութիւնը:
  3. Հ. Յ. էջ 157:
  4. Մէկ բառով բացատրեմ չակերտներս հոս. մեկնաբանելը՝ ընդգծել է: Երբ որոշ բառեր, որոշ ուղղութիւններ կ’ընդգծուին թեքսթի մը մէջ եւ կը մօտեցուին ուրիշ թեքսթերու մէջ՝ նոյնիմաստ բառերու, ուղղութիւններու, մեկնաբանութիւն մը կազմուած է արդէն: Ընդգծումները եւ ուրեմն մեկնաբանութիւնը կախում ունին ներկայէն անշուշտ, ընթերցողին խնդրականութենէն: Թեքսթերը կենդանացնելու ձեւ մըն է փնտռելը, ներկայի միջոցներով, ներկայի մտահոգութեամբ, անոնց սեփական խնդրականութիւնը: «Իրաւութիւնը» կապուած է այս պայմաններուն:
  5. «Միալեզու» չի նշանակեր որ պաշտամունքի լեզուն խօսուած փորձնական լեզուն է: Միաբերան միալեզուն կը մնայ, կ’ազդէ, կը գործէ, կ’որոշադրէ փորձնական խօսքերն ու լեզուները պաշտամունքի սկզբնական լեզուի կորուստէն ետքն իսկ: Կորուստն ալ էական է այս պարագային, իբրեւ շրջումի շիջումը: Կորուստը սակայն ամուլ ու անարգաւանդ կը մնայ այնքան ատեն որ չկարդացուի ան շրջումէն, վերստեղծուած շրջումէն: Այնքան ատեն որ «անարգաւանդ»ը չկարդացուի իբրեւ աւանդի ճակատագիրը: Երեւութաբանութեան մը սկզբունքն է ասիկա: Դիւրին է ապրիլ փորձնական լեզուներուն մէջ, անցնիլ մէկէն միւսը, ստուգել զանազանութիւնը, կամ ստուգել լեզուի մը փորձնական անհետացումը: Դիւրին նոյնիսկ՝ փորձնական լեզուի անհետացումը սրբագրել, սորվելով եւ գործածելով օրինակ «հայերէն»ը: Ասոնք սակայն չեն տար, երեւան չեն բերեր շրջումի էական շիջումը: Դժուարը, անկարելին գրեթէ, այդ շիջումին տրամադրուիլն է, հասնելով միալեզուի հիմնաւորութեան: Դժուարը արթնցնելն է պաշտամունքի սկզբնական լեզուի ծնունդը անունին շուրջ որովհետեւ ատիկա արթնցնել է նաեւ, թարմացնել է գերագոյն սպառնալիքը, ծուարած միալեզուին մէջ: Ուրիշ ելք չկայ սակայն, ուրիշ միջոց չկայ դիմագրաւելու անցքի անկարելիութիւնը:
  6. ԿԳԱ, էջ 82:
  7. Որոշ թուականէ մը ետք, Թէքէեան գրած է ոչ թէ շրջումի կարելիութիւնը, յոյսը, աւետիսը, խոստումը, այլ միայն ու միայն՝ խոտորումը: Այդ թուականը պէտք է զուգադիպի միասեռականութեան գիտակցառումին հետ, կամ առնուազն՝աղերս մը ունենայ անոր հետ. տղաներու դէմքերուն վրայ փնտռելը՝ ինչ որ կը պատկանէր աննման Որդիին երբ կը գրուէր, կը հետապնդուէր կարելի ծնունդը՝ հայրութեան – լքումն է շրջումին, կամ շրջումէն, որ այն ատեն՝ կը ձգէ իր ետին՝ ամայութիւնը: Աղերսը պիտի ճշդուի ութերորդ գլուխով: Շրջումի եւ խոտորումի մասին, կը մէջբերեմ հոս Պլանշօյէն քանի մը տողեր, որոնք քաղուած են Գրական Անջրպետը (Լ’էսփաս Լիթերէր) իր հատորէն (1955, Ն. Ր. Ֆ., Իտէ, էջ 177). «Կրնայինք ըսել որ Բացը (Լ’Ուվէր) բացարձակ անորոշութիւնն է, որ երբեք չենք տեսած անոր ցոլացումը, ո’չ մէկ դէմքի, ո’չ մէկ նայուածքի մէջ, որովհետեւ ցոլացումը արդէն իսկ պիտի ըլլար կերպաւորուած իրականութեան մը արտաբերումը: «Մեր աշխարհն է եւ երբեք անանուն վայրի բացակայութիւն մը» (մէջբերում մըն է զոր Պլանշօ կ’ընէ Ռիլքէէն – Toujours c’est le monde, et jamais un Nulle part sans nom» Մ.Ն.): Այս անորոշութիւնը էական է. Բացին եթէ մօտենայինք իբրեւ բանի մը որ ըլլար ապահով, այն ատեն կրնայինք վստահ ըլլալ որ պիտի փախցնենք զայն: Ինչ որ ուշագրաւ է, եւ Ռիլքէի յատկանիշը կը կազմէ, հետեւեալն է. որքա՜ն կը մնայ ան ասով հանդերձ ապահով անապահովին, անորոշին մասին, որքա՜ն կ’աշխատի անկէ տարակոյսները հեռացնելու, հաստատելու զայն յոյսին մէջ աւելի քան անձկութեան, վստահութեամբ մը որ չ’անգիտանար գործի դժուարութիւնը, բայց որ կը վերանորոգէ անդադար անոր աւետիսը: Այնպէս ինչպէս թէ վստահ ըլլար որ մեր մէջ կայ, մեր խոտորումովն իսկ (par le fait que nous soyons «détournés») կարելիութիւնը շրջելու (la possibilité de nous retourner), խոստումը էական շրջումի մը, փոփոխութեան մը»: Ռիլքէի անձկագին զմայլանքը եւ Թէքէեանի թշուառութիւնը հաւանաբար բաղդատելի չեն, մանաւանդ այն ամլութեան պատճառով ուր կը խրի Թէքէեան աշխարհին մէջ փնտռելով Աննմանն ու Հրաշալին: Այդ փնտռտուքն իսկ սակայն բան մը կ’ըսէ սպասման մասին, փորձին մասին: Կ’ըսէ բան մը նաեւ՝ անցքի անկարելիութենէն:
  8. Սէր, էջ 66: