Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։
ենթայօդուած

9. Մէկ հատիկս, հայեցողական օրէնքը

Վերջին բաժնին վերապահեցինք, իբրեւ պատկերազարդում եւ ամբողջացում, Մէկ հատիկս քերթուածին մեկնաբանութիւնը: Այս քերթուածը հանրածանօթ է. ամէն ոք գիտէ անոր խմբագրութեան պարագաները եւ շարժառիթը – մէկ հատիկը այն մէկ աչքն էր որ մնացած էր Թէքէեանին եղերնափորձէ մը ետք ուր «զոհ գացած էր անոր «ընկերը»»: Այս է որ կ’ըսուի սովորաբար: Քերթուածը սակայն այդ չէ որ կ’ըսէ

Իմ մէկ հատիկս հիմա, որ կը դիտես զիս վհատ
Հայելիին ջրհորէն:

Մէկ հատիկը իր մարմնի աչքը չէ՛, այլ անոր անդրադարձը հայելիին մէջ: Բայց այս հաւաստումն ալ բաւարար չի թուիր, քանի որ անդրադարձումի եւ հայելացումի խաղով մը, երկու աչքերը, դէմքինը եւ հայելիինը նոյնացած են իրարու, նոյնացումով մը որ տարբերութիւնը չգիտցող ու իր մէջ չպահող փոխարինում մը չէ –

Քեզի նման ու քեզմով կը նայիմ ես ալ վրադ:

Նոյնացում մըն է որ նայուածքը կարելի կը դարձնէ: Հայելիին աչքին միջոցաւ է որ կը դիտուի ու կը տեսնուի հայելիին աչքը: Հայելացումին օրէնքն է, որուն կը հետեւին բոլոր նոյնացումները: Անդրադարձ – աչքը նայուածքին արեւն է: Այնպէս որ փորձութիւնը մեծ է անդրադարձումի խաղը հասկնալու իբրեւ փոխաբերութիւնը սիրոյ անծայր շրջանին – որով հայրը կը դիտէ նախ գաղտնաբար. յետոյ՝ դիտելով կը սիրէ իր «զաւակ»ը, աննմանը, մէկ հատիկը, ու կը սիրէ զայն ի՛ր մէջ:

Դիտելը փոխադարձ շարժում մը չէր ինքն իր մէջ, թէեւ դիտուողը տղան էր որ կը գտնուէր «ես»ի կազմաւորման գաղտնի տեղը: Ինչո՞ւ ուրեմն նախ եւ առաջ՝ այս փորձութիւնը անդրադարձ ու փոխադարձ նայուածքը առնելու իբրեւ «փոխաբերութիւն» սիրոյ շրջանին: Եթէ ստուգուի իսկ այս վարկածը, ոչինչ չէ ըսուած այս քերթուածին մէջ որ անմիջականօրէն փոխադրէր մէկը միւսին վրայ: Արդարացումը պէտք է ըլլայ ներքին: Ոչինչ չէ ըսուած, չէ տրուած, բացի երազէ մը, որուն «անկեղծութեան» ալ կասկածանք սնուցանելու հարկ չեմ տեսներ: Ահաւասիկ թէ ի՛նչ կ’ըսէ երազը.

Նոր զարնուած էր երբ որ, գիշեր մը երազս տեսայ՝
Թէ մութին մէջ, հեւիհեւ,
Կը քաշէի կարասի փոխադրող կառք մը հսկայ՝
Քովս շուքի մը հետ սեւ,
Որուն յաճախ կ’ըսէի անձկութիւնով ու վախով.
«Ընկե՛ր, լաւ չեմ տեսներ ես,
Դուն կը տեսնե՞ս . . . », եւ թէեւ կը քալէինք քովէ քով,
Բայց ձայն չկար ընկերէս:
Չէի գիտեր թէ արդէն մեռած էր խեղճն այդ պահուն.
Այնուհետեւ չարթնցաւ,
Չխօսեցաւ ան երբեք. վերջէն տեսար զինքը դուն,
Ան չտեսա՛ւ քեզ բնաւ . . . :

Երազին վերջին երկու տողերը չեն հաստատեր ըստ երեւոյթին վարկածը. այնպէս կը թուի թէ Թէքէեան կը հասկնայ իր երազը իբրեւ ներկայացում մը իսկական աչքի կորուստին: Բայց վստահ ալ չէ: Գրական երազ մը մեկնաբանելը միշտ դժուար բան մըն է: Ենսէնի Կրատիվային մասին իր գրութեան մէջ, Ֆրէօյտ մեկնաբանած է այդպէս երազներ, առանց յստակ զատորոշում մը ընելու գրութեան օրէնքին եւ երազին վերլուծական օրէնքին միջեւ: Այս պարագային՝ երազը կը ներկայացնէ կորիզը գրութեան, ան է որ կու տայ ճշմարտութիւնը քերթուածին, քանի որ ան շատ աւելի կ’ըսէ քան թէ աչքի մը հետ մտերիմ զրոյցը, թէեւ այդպիսի զրոյց մը արդէն իսկ ունի իր մէջ, անդրադարձումի ու հայելացումի իր օրէնքովը, ամէն ինչ: «Ճշմարտութիւն» բառով՝ պէտք է հասկնալ այն տարրը որ կը բանայ շրջանը, կը գրէ անոր կազմաւորութեան պատմութիւնը, անհրաժեշտութիւնը: Նշուելիք առաջին կէտը այն է որ փոխադրութեան մը ատեն՝ «Թէքէեան» երազին մէջ կը խօսի շուքի մը հետ եւ ձայն չի ստանար անկէ: Կորուստը տեղի կ’ունենայ այդ փոխադրութեան ժամանակ, տակաւին անորոշ, զոր «ես» կը կատարեմ: Շուքը, որ չի խօսիր այլեւս, որ «մեռած էր», երազին մէջ կը ներկայացնէ մէկ հատիկին կրկնակը, եւ սահանք մը կայ նոյնիսկ որ կը ձուլէ մէկը միւսին հետ, կը միացնէ մեռած ընկերը ու չտեսնող աչքը – հայելացումի օրէնքին համաձայն է որ չտեսնելը՝ չխօսիլ մըն է, կամ փոխադարձաբար:

Մէկ հատիկը ուրեմն սիրոյ առարկան է, որ կ’իրագործուի իբրեւ այդ սիրոյ անծայր շրջանին մէջ. շրջանը կը դնէ զայն դիտող – սիրողին մէջ, եւ միաժամանակ՝ անկէ դուրս, իբր անոր անդրադարձը, իբր արեւը որ կարելի կը դարձնէ դիտելը, տեսնելը (Յիշել երկրորդ Զաւակսի տողը՝ «Ու նոր արեւ՝ աչքին մէջ՝ աչքս գոցուէ՜ր . . . »: Յիշել նաեւ որ Ծնողը՝ ծնողն է «արեւներուն բիւրաւոր»): Մահ մը պէտք է սակայն որպէսզի շրջանակը գոցուի: Եւ յարակարծաբար՝ «Որդիութեան» մահն է: Որպէսզի սիրոյ մէջ «զաւակ»ը ծնի, այն զաւակը որ սահմանուած է ամբողջովին սիրոյ շրջանակէն, անհրաժեշտ է Որդիին զոհագործումը, շրջուած կրկնակին լռութիւնը, շրջափոխութիւնը՝ ի մահ: Այդ անհրաժեշտութիւնը անշուշտ, եւ անգամ մը եւս, Թէքէեանին չի պատկանիր. պարզապէս՝ ուրիշ կերպ կարելի չէ: Երազը կ’ըսէ բացման աշխատանքի լքումէն եւ շուքի փնտռտուքին անկարելիութենէն յետոյ եկող վերջնական հանգրուանը: Քերթուածը իր կարգին կը կրկնէ երազը, կ’առնէ զայն իր մէջ, իբրեւ թէ աչքի – դէմքի իսկական աչքի – կորուստին վերաբերէր ան: Մինչդեռ քերթուածն է, իր ամբողջութեամբ, որ շինուած է երազի ձեւով. քանի որ աչքին կորուստն է որ կը փոխաբերէ շուքի կորուստը, շուքի փնտռտուքին լքումը: Հրաշալի կերպով՝ քերթուածը կը գրէ ուրեմն վերջին հանգրուանին, «լուծում»ին ճշմարտութիւնը – շուքին՝ մահուան վերածուիլը: Այդտեղ՝ ոչինչ չէ մնացած, ճիշդ է, բացումէն, շրջումէն որ կը դարձնէ խօսքը ինքն իր վրայ ու կը ստեղծէ Որդին անոր մէջ, իբրեւ աներեւակայելի շուքը հրաշալի Երեխային: Ամէն ինչ սակայն ներկայ է, բրածոյի հանգամանքով: Եւ մանաւանդ՝ գաղտնիքը, հայրութեան ու տղայութեան, անոնց սիրոյ անհուն անդրադարձին – ցամքած շուքը :

Պէտք է խոստովանիլ որ իբրեւ շուք, այդ ալ էր իր ճակատագիրը սկիզբէն, երբ նոյնացումը անմիջականօրէն կը գործէր, երբ շուքը տղաներուն կը վերագրուէր: Որովհետեւ անցեալի բացումն է որ այլեւս կը մերժէր Թէքէեան, այսինքն զարմանալիօրէն՝ իր բանաստեղծի միակ իսկական աշխատանքը, իրագործումը: Այդ մերժումով է, այդ լքումով, շրջումի այդ անհուն հեռաւորութեամբ (որ կը պատճառէ անցեալի բացումը լքելու որոշումը հաւանաբար եւ կորուստի դատապարտուածին յուսահատ որոնումը), որ զգալի կը դառնայ, ըսած էինք արդէն նախորդ բաժնին մէջ, Որդին: Սիրոյ շրջանակի, անդրադարձի վերջնական լուծումը արձանագրուած էր արդէն շրջումի հեռաւորութեան մէջ, եւ այդ հեռաւորութիւնը չի դադրիր իր ամայութեամբ որ կը մնայ իր ետին, միշտ ներկայ է մեռած աչքին մէջ: Այնպէս որ «փոխաբերութիւն» բառն ալ այնքան տեղին չէ հոս ուր կը կատարուի փոխադրութիւնը կառք ու կարասիով դէպի վերջնական լուծումը: Նոյնացումի անդրադարձ – արեւը կ’ենթադրէ տեղ մը, իր քով, Որդիին մեռածշուքը: Մէկ – հատիկը կը յայտնէ սիրոյ շրջանին հայեցողութեան գաղտնիքը: Ետեւը՝ Դարձին մէջ, կը սպասէ ուրիշ արեւ մը:

Անցքը անկարելի է, բայց կը ձգէ միշտ հնարաւորութիւնը այդ անկարելիութեան վերադառնալու, կը ստիպէ նոյնիսկ որ վերադարձուի անոր. աչքին վէրքը երբեք չի սպիանար: Դիտելով ինքզինք հայելիէն, հայելիին մէջ, աչքը չի կրնար չտեսնել իր չտեսնող եղբայրը, սպառնական, սպասող, կանչող՝ դէպի անցեալը, դէպի այն փոխադրութեան վայրկեանները ուր կա՛ր տակաւին, ուր շուք էր, ուր կարասիները շալակած՝ «ես»ը չէր լքած ամէն ինչ, ուր շրջումը ամբողջովին չէր հեռացած ու շիջած, բայց ուր վայրկեան մը ետք՝ պիտի լռէր ամէն ինչ:

Փարիզ, 13 – 1 – 79: