Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։
ենթայօդուած

3. Անիրագործումը

Մէկ քով մնաց «կնկան զգացումը» որուն կը հանդիպինք այս բանաստեղծութիւններուն մէջ, ըստ Յ. Օշականի, «հարցումի, տարակոյսի, զգլխումի եւ խորունկ կսկիծի փայլակներով լուսաւորուած»: Կնոջ զգացումը աւելի յուսախաբութեան պահերու յիշատակին միաձուլուած կը թուի ըլլալ Թէքէեանի համար, եւ ասիկա՝ մինչեւ իսկ այն շարքին մէջ որ առանձնապէս տրամադրուած է իրագործուած սիրոյ, սեռային սիրոյ պահերու յիշատակումին (1): Մեծ վերապահութեամբ մը սակայն պէտք է կարդալ բոլոր այս քերթուածները որոնք ունին ըստ երեւոյթին սեռային յիշատակի մը անմիջական նկարագիրը, որովհետեւ ասոնք չեն տրուած երբեք իբրեւ «ապրուած» պահերու վերարտադրութիւն մը. գրուած են ընդհակառակը վարկածայինի զանազան եղանակներով, օրինակ՝ ապառնիի ընդմէջէն: Այնպէս որ այնքան ալ կարեւոր չէ գիտնալ թէ Թէքէեան իրապէս ապրած է այդ պահերը զորս կը նկարագրէ. էականը հոս զանոնք տալու ձեւն է, այն ձեւը զոր կը ստանան անոնք երբ կ’անցնին բանաստեղծութենէն:

Իբրեւ տուեալը վարկածային դարձնելու առաջին միջոց՝ նշեցինք ապառնին. «Պէտք է գիտնայ – օ՛հ կէս – կատակ ու կէս – լուրջ – / թէ բերնիս տակ պիտի շրթները հալի՜ն . . .» (2): Երկրորդ միջոց մը պայմանականն է. «Գիտնայի՜ր / Եթէ հմայքը իմ վարպետ ձեռքերուս» եւ ասիկա՝ սեռային սիրոյ ամենէն թելադրական բանաստեղծութիւններէն մէկուն մէջ, որ կը շարունակուի հետեւեալ ձեւով.

                                                                        . . . ձեռքերուս՝

Անութներուդ գրկող խորշերն ամբասիր
Եւ կողերուդ փայփայող մո՛րթը սնդուս

հասնելու համար այս տողերուն

Սրունքներուդ ողորկ ու պինդ սիւներուն
Թեւերս իբրեւ դափնեպսակ կը փաթտեմ . . .

որոնք, պէտք չէ մոռնալ, իրենց թելադրական եւ չհնարուածի նկարագիրովն հանդերձ, կապուած են վերեւի պայմանական «գիտնայի՜ր եթէ»ին: Իրագործուած սէրը չէ որ կը գրուի, նոյնիսկ այն պարագային ուր կը տրուին ինչպէս հոս՝ պատկերներ, նկարագրական հպումներ: Այս նկատողութիւնս չի միտիր անշուշտ «բանաստեղծական» սիրոյ երազային, երեւակայական հանգամանքը շեշտելու: Պիտի ըսէի՝ ընդհակառակը: Որովհետեւ, կը կրկնեմ, կարեւորը հոս ձեւն է որուն մէջ կը տրուի իրագործուածը: Այնպէս որ բանաստեղծութեան գլխաւոր պաշտօնը հոս կը թուի ըլլալ իրագործուածի անիրագործումը: Այս օրէնքը պիտի հաստատենք հետզհետէ աւելի շեշտուած ու յստակ կերպով:

Վարկածայինի գործադրութեան այլ միջոց մը, քիչ մը զարմանալի թերեւս այս մէկը. անկատար յարաբերութեան մը յիշեցումը: Օրինակ՝ «Գգուանքները» բանաստեղծութեան մէջ (3).

Շուրջը մէջքիդ եւ ազդրերուդ սահանքին
Վրայ ձեռքերո՛ւս անկումներո՜վը գինով,
Անկումներո՜վն երկար, անվե՜րջ, զայրագին . . .

Մինչեւ այն պահն ուր վախնալով գերագոյն
Գգուանքի մը մերձեցումէն, անկարո՛ղ
Դիմադրելու իր հեշտութեան նուաճող՝

Կը հրես թեւս եւ սարսուռով մը իսկոյն
Ոտքի կ’ելլես . . .

Հոս նաեւ՝ երեւակայուա՞ծ, ապրուա՞ծ պահ մը: Բայց անգամ մը եւս՝ կարեւորութիւն մը ունի՞: Ինչ որ յայտնի է՝ այն է որ բանաստեղծութիւնը կը սկսի երբ անկատարը կը կատարուի – անշուշտ իբրեւ անկատար: Բանաստեղծութիւնը չի գրեր «ապրուած» պահ մը, իբրեւ այդ, խօսելով չիրագործուածի, չկատարուածի մասին: Կ’ընէ շատ աւելի եզակի բան մը. կը կատարուի անկատարումով:

Վերադառնալէ առաջ այս կէտին, նշենք ուրիշ ձեւ մը վարկածայինին մէջ գրելու. ըսել սեռականութեան ներկան փախցուած առիթի մը, անցեալ կարելիութեան մը եղանակով. «Եւ կը խորհիմ թէ բերնիդ վրայ կրնայի / դնել համբոյրը շրթներուս տարփաւոր . . . » (4), եւ հոս ալ՝ այս «կրնայի»ին կապուած է իրագործուած սիրոյ գեղեցիկ նօթագրումներ, ենթադրելով որ «գեղեցիկը» հոս տեղ մը ունենայ.

Մէջքդ գրկել ու փայփայել…, մինչեւ որ
Գլուխդ ինկած կուրծքիս վրայ, եւ խորէն
Երախտիքիդ բղխած ժպտով մ’աչքիդ մէջ,
Արբեցնէի՜ր զիս շունչիդ տաք բուրումով,
Եւ ա՛լ հակէ՜ր տենչանքիս լոյսը անշէջ
Հեշտավաստակ քունիդ վըրայ անխռով…:

Այս տողերը, անշէջ սեռային տենչանքի եւ լաւ վաստկուած քունի թելադրանքով, թող կարդացուին նաեւ իբրեւ սովորականէն տարբեր պատկեր մը տուող Թէքէեանի ներշնչումին մասին: Ամէն պարագայի՝ կը կենամ հոս եւ կը ձգեմ ընթերցողին՝ վարկածայինի շուրջ մնացեալ ստուգումներու պարտքը:

Այս բանաստեղծութիւնները, մէկ առ մէկ առնուած, թուին թերեւս սովորական: Կարելի է մտածել որ Պոլիսը տասնեակներով արտադրած է այդպիսի քերթուածներ: Բայց «արժէքը» այս բանաստեղծութիւններուն, բանաստեղծական ամբողջ աշխատանքի մը մէջ իրենց ընդելուզմամբ, բանաստեղծութեան արդիւնքներուն հնազանդելու այն մասնաւոր ձեւովը որ եղած է, պիտի տեսնենք, Վահան Թէքէեանինը, կը կայանայ նախ եւ առաջ՝ հետեւեալ հաստատման մէջ. սխալ է կարծել եւ ըսել որ նկարագրական, ոգեկոչական էջեր են որ կը գրուին հոս – ըսել առնուազն որ ա՛յդ են միայն, մոռնալով էականը: Այս քերթուածները իրենք չեն մոռնար երբեք իրենց «գրուիլը», ինչ որ բնաւ «ձեւային» նկատողութիւն մը չէ: Չկայ հեռաւորութիւն մը, բաց մը գրութեան եւ անոր ետին գտնուող պատկերին, զգացումին միջեւ: Բանաստեղծութիւնը ուրիշ բան չ’ըներ հոս նաեւ եթէ ոչ գրել իր ներկան, ինչ որ ակներեւ է վարկածայինի գործածութեամբ:

Ներկայ ժամանակի գործածութիւնը կը նշանակէ ընդհանրապէս կամ «պատմում»ի ձեւի մը որդեգրումը, կամ «երեւակայութեան» ներկայով մը արտայայտուիլը: Նո՞յնն է Թէքէեանի պարագային: Առնենք օրինակ մը, «Գինովութիւն» բանաստեղծութիւնը, «Հրայրքի պահեր» շարքին իններորդը (5) (լաւագոյնը չէ անկասկած շարքին մէջ, բայց ներկայի գործածութեան համար ամենէն ներկայացուցչականն է): Կու տամ երկրորդ տունը.

Գինովնա՛նք . . . : Ո՛վ դուն որ զիս չես սիրեր,
Կիսախուփ աչքով թոյլ կու տաս ահա
Որ վրադ շրջին ձեռքերս հեշտասէր,
Ու բերանս մի՛շտ բերնիդ վրայ իյնայ…:

Բանաստեղծութեան շատ հասարակ ձեւ մըն է ասիկա, ան որ կ’ուղղէ խօսքը կնոջ, կը խօսի իրեն երկրորդ դէմքով, ցոյց կու տայ անոր հաճոյակատար կեցուածքը, եւ հոս ալ՝ Թէքէեան վեր չէ գտնուած իր ժամանակակիցներու ճաշակէն: Ինչ որ սակայն կ’արդարացնէ այս տողերու ընթերցումը նոյն հատորին մէջ գտնուող միւս տողերուն կարգին որոնք աւելի մեծ շահեկանութիւն մը կը ներկայացնեն, այն է որ ասոնք ալ մաս կը կազմեն ամբողջի մը որ փայլակներով կու տայ լուսարձակումներ բանաստեղծութեան ներկային վրայ. այդ փայլակներէն՝ կը մնայ ամէն տեղ՝ նշոյլ մը: Եւ մանաւանդ այս պարագային ուր վարկածայինի սովորական նշանները չկան («կրնայի՜», «գիտնայի՜ր»ը, անկատարը, պայմանականը, եւայլն), բայց ուր քերթուածը կը սկսի այս ձեւով. «Ո՛վ դուն, այս գիշեր գինովնանք մէկտեղ . . . »: Այնպէս կը թուի ինծի որ Թէքէեան, որդեգրելով իր ժամանակին համար շատ հասարակ ձեւ մը, կը պարպէ զայն, կու տայ անոր կմախքը, եւ աւելի կը շեշտէ անոր ետին՝ «գրուած» ըլլալը: Պէտք չէ մոռնալ որ միայն բանաստեղծութիւնը կարելի կը դարձնէ անցեալի յարութիւնը: Նոյնպէս՝ միայն բանաստեղծութիւնը կարելի պիտի դարձնէ ներկային վրայ որոշ գործողութիւն մը. ներկան չի տանիր յիշուող անցեալի մը, յիշողութեան մէջ ներկայացուած, չի տանիր երեւակայական ներկայի մը, որուն օրինավիճակը արդէն չէ ճշդուած երբեք, այլ կը պարպէ զանոնք իրենց անջատ – գրութենէ՛ն անջատ – գոյութենէն: «Գինովութիւն» քերթուածի պարագային՝ այս արդիւնքը ձեռք կը ձգուի ներկայի (որ կրնար ըլլալ, ըսինք, անցեալի մը կամ երեւակայութեան ժամանակի ներկայացումը) եւ հրամայականի մէկտեղումովը: Շատ չնչին կէտ մըն է ասիկա որ արժէք մը կ’առնէ միայն երբ քով քովի դրուի Թէքէեանի աշխատանքին միւս արդիւնքներուն հետ:

Երբ ասկէ վերադառնանք աւելի գեղեցիկ ու համոզիչ տողերու, ինչպէս «Հրաւէր»ի տողերը, անբաւական կը գտնենք անոնց իրականութեան մը յղելը, իրենց ներկայովը: Գրութիւնը կը դադրի ըլլալէ այն «աւելորդը» որ հնարաւոր կը դարձնէ որոշ պահերու արձանագրութիւնը, այլ ցոյց կու տայ ինքզինք իր աւելորդաբանութեամբ իբրեւ անջնջելի եւ անշրջանցելի: Ապրուած ներկան կը պարպուի այս ձեւով իր ներկայութենէն: Թէքէեան կրնայ գէշ բանաստեղծութիւններ գրած ըլլալ, բայց այն բանաստեղծն է որ երբեք չէ խուսափած բանաստեղծութեան այս ճակատագիրէն, այն աստիճան որ իր «կեանք»ին մէջ դրած է – այդպէս կոչուածին մէջ – ներկայի (ապրուած ներկայի, գոյութեան մը յղող ներկայի) «պարպում»ը: Մանրամասնօրէն պիտի հետեւինք քիչ անդին այդ անչափելի արարքին, «նոյնացումներ»ու վերադիրին տակ: Ըսենք հոս միայն որ այդ փոխադրումովը՝ կորսնցուցած է ան բանաստեղծութիւնը, իբրեւ «անիրագործումի տրամադրիչ մը»:

Ինչո՞ւ «անիրագործումի տրամադրիչ»: Տեսանք նախորդ գլուխով թէ բանաստեղծութիւնը կրնար ըլլալ «գործիք» մը բանալու համար անցեալը, պահելու համար այդ ձեւով խօսքի հեռաւորութիւնը ինքն իրմէ, ապահովելու համար անոր ձգումը իր եւ իր միջեւ: Բանաստեղծութիւնը կ’երեւէր իբրեւ տրամադրիչ մը որ նուիրուած էր խօսքի բացումին եւ ասոր պահպանումին: Նկատեցինք որ առնուազն Թէքէեանի բանաստեղծութեան մէջ՝ խօսքի բացումը եւ տարբերութեան քաղումը կ’անցնէին անցեալէն, անհրաժեշտութեամբ մը որ Թէքէեանին կու տար նոյնիսկ իր հատորին խորագիրը: Անցեալի յղումովն էր որ ապահովուած էր խօսքի վերադարձը – դուրսէն, այլէն, իբրեւ խմբական ու անանձնական խօսք: Հանդիպած էինք այս ձեւով Թէքէեանի գործին ընդմէջէն եւ անոր համաձայն՝ բանաստեղծութեան գլխաւոր պաշտօնին – ստեղծել եւ պահել խօսքի բացումը, հնչեցնելով զայն ինքն իր հետ իր կազմաւորիչ տարբերութեամբը, եւ աշխատցնելով այդ տարբերութիւնը մանաւանդ այն կացութիւններուն մէջ ուր բացակայ էր երրորդ դէմքը, խօսքի այլութիւնը: Ցոյց տուինք որքան այդ պաշտօնը նման է, երբ այս ձեւով կու տանք զայն, հոգեվերլուծական կիրառումի պաշտօնին, որ նոյնպէս՝ անցնելով այն կացութիւններէն ուր խօսքի այլութիւնը բացակայ էր, կը վերարտադրէ զայն, բանալով միաժամանակ անցեալը եւ խօսքի տարածութիւնը:

Հիմա կը հանդիպինք նոյն բանաստեղծական տրամադրիչին երկրորդ պաշտօնի մը – «անիրագործում»ը: Իրագործուածը, կատարուածը կը պարպուին հոս իրագործուածի, կատարուածի իրենց հանգամանքէն, բայց պէտք է ներկայանան նաեւ իբրեւ այդ, որպէսզի բանաստեղծական տրամադրիչին մէջ իրենց անցքովը, տեղի ունենայ այդ «պարպում»ի գործողութիւնը: Գործողութիւն մը որ ամենէն զգալին է այն կացութեան մէջ ուր երրորդ դէմքի բացակայութիւնը, խօսքի փակումը ամենէն զգալին պէտք է եղած ըլլան «Թէքէեան»ի համար. սիրային – սեռային կացութիւնը, մօտեցումը՝ կիներուն եւ անոնց մարմնին, երեւումը ցանկութեան եւ անոր «անլուծելիութեան»: Ցանկութիւնը, կիրքը, «մարմնական սէր»ը, «կնկան զգացում»ը մեծ նշանակութիւն ունին, այո, Թէքէեանի բանաստեղծութեան սկզբնական շրջանին մէջ, բայց ո՛չ իբրեւ անմիջականօրէն իրական տուեալները որ են, այլ իբրեւ զլխաւոր, թերեւս միակ նիւթը «անիրագործում»ի, «անիրականացում»ի գործողութեան մը: Ո՞ւր է անհրաժեշտութիւնը այդ գործողութեան: Բայց ճիշդ հոն ուր էր արդէն նախորդինը. բացումի պահպանումին մէջ: Անհրաժեշտ է կրկնել այն պահերը ուր տիրած է սրտի անկարգ աղմուկը, կիրքի խուճապը եւ տենչանքի հրայրքը, զանոնք պարպելով իրենց անցեալ ներկայէն, իրենց իրագործուած պահերու անշրջանցելիութենէն, վերադարձնելով անոնց երրորդ եզրը, խօսքինը, որպէսզի դադրին սպառիչ ըլլալէ, մահացու ըլլալէ:

Հոգեվերլուծական տրամադրիչը հոս նաեւ կ’ընձեռէ մեզի յարմար բաղդատութիւն մը, ունենալով շատ մը հանգիտութեան եզրեր մեր նկարագրած տրամադրիչին հետ իբրեւ «անիրագործումի» ազդակ մը: Քանի որ ան ալ կ’առնէ իր մէջ ներկայ անցեալը իբրեւ պատմում, բայց անմիջապէս կը պարպէ զայն իր «կատարուածի» հանգամանքէն, բերելով զայն յարաբերութեան ներկային, այն բոլորովին «անիրական» կացութեան որ է հոգեվերլուծականը: Հոգեվերլուծական կացութիւնն ալ պէտք ունի այս ձեւով անցեալին, իրականութեան, միայն թէ իր ամբողջական սկզբնական ուժովը, միակ իրականութիւնը որ կը ձգէ – անցեալին, իրականութեան կրկնութեան ընդմէջէն պատմումի միջոցաւ –արարքներուն, զգացումներուն, երազներուն, ցնորքներուն, երեւակայական տուեալներուն, հոգեվերլուծական cabinetին իրականութիւնն է, սենեակի իրականութիւն: Բոլոր հանդիպումները, բախումները, խուճապները, տենչանքի անորոշութիւնները կը կրկնուին այդտեղ, բայց չմնալով յիշատակներ, ուրիշ տեղ ապրուած բաներու վերարտադրութիւնները իբրեւ: Իրենց խօսուելովն իսկ, իրենց պատմուելովն իսկ այդ վայրին մէջ եւ պայմանաւ անշուշտ որ transfert ըսուած, յարաբերութիւնը հոգեվերլուծողին հետ սկսած ըլլայ (5), «բռնած» ըլլայ, ուրիշ տեղ ապրուածները, երեւակայուածները կը վերադառնան, նոր ներկայով մը ծանրաբեռն, ամէն պարագայի՝ «զտուած» իրենց ապրուածի ներկայէն, իրենց իրականութենէն, իմաստ մը ստանալով խօսքին մէջ իրենց կրկնումովը միայն, պատումի մը տարրերը դառնալովը, եւ օգտագործելի իբրեւ այդ:

Զարմանալիօրէն՝ Թէքէեանի բանաստեղծութիւնը կը կատարէ նոյն գործողութիւնը տուեալներուն վրայ. չի ձգեր անոնց իրենց ապրուածի հոգեբանական, ընկերային նկարագիրը, կը դնէ զանոնք բոլորովին տարբեր տեսակի ներկայի մը մէջ, որմէ րուրս «իմաստ» մը պիտի չունենային, մնալով պարզապէս «աշխարհի» իրողութիւններ: Բայց իմաստը զոր կը ստանան հոս վերստին աշխարհային իմաստ մը չէ, ինչպէս չէ՛ այն մէկը որ կրնայ ծագիլ հոգեվերլուծական կացութեան մէջ երբ իրերը, երբ հոգեբանական տուեալները, երբ կիրքերն ու սրտի աղմուկը կ’ըսուին, միայն կ’ըսուին, կ’արձանագրուին շատ որոշ ունկնդրութեան մը մէջ: Բանաստեղծական տրամադրիչի այս կրկնակ արդիւնքովը միայն. 1. պահպանել խօսքի բացումը իբրեւ անցեալի բացում, 2. անաւարտ դարձնել ինչ որ աւարտած է, անիրագործ ինչ որ իրագործուած է, պատռելու համար ցնորական վայրկեանները, մտցնելու համար անոնց մէջ խօսքի տարածութիւնը, վարկածայինի ու պայմանաւորի միջոցներով: Եւ այս երկրորդ պաշտօնը կը թուի ըլլալ առաջինին պայմանը. ինչ որ կ’արգիլէ խօսքի բացումը եւ այդ բացումին մէջ՝ իրերու վերերեւումը, իրենց վերադարձը՝ իրենց իսկութեան, «կիրքեր»ն իսկ են, տենչանքի անմիջականութիւնը:

Այդ իմաստով է որ պէտք է կրկնել իրագործուած տենչանքը անիրական եղանակով մը, որ ամենէն իրականն է թերեւս, ճեղք մը բանալու համար անմիջականութեան մէջ, տալու համար իր տեղը եղելութեան, եւ հանդիպիլ կարենալու համար վերջապէս անձերուն, կիներուն, այդ բացուած աշխարհին մէջ: Անցեալի ոգեկոչումի մը հետ չէ որ գործ ունինք հոս ուրեմն, առնուազն՝ այս բառերուն սովորական իմաստովը. այլ գործողութեան մը հետ որ կ’անցնէ ապրուած կամ երեւակայուած իրողութիւնները, եղելութիւնները, եւ ասոնցմէ՝ այն որոշ պահերը մասնաւորաբար ուր ամենէն շատ վտանգուած է եսի ու աշխարհի վերյառնումը – բանաստեղծական տրամադրիչէն, որ կը պարպէ կատարուածը իր անմիջական ու ցնորական հանգամանքէն:

* * *

Գրել անկատարը, անիրագործել իրագործուածը, անաւարտ դարձնել աւարտածը, եւ այս բոլորը ամենէն առաջ՝ կիրքերու, տենչանքի աշխարհին մէջ, ուր կը սպառնայ խօսքի փակումը եւ անոր հետ՝ իրերու եւ ինքզինքին կորուստը – ահաւասիկ պայմանները բանաստեղծական արարքի իսկութեանը արտաբերման: Բայց այդ պայմանները անգամ մը եւս բանաստեղծութեան մէջ է միայն որ կը գտնեն – իբրեւ բացումի եւ անիրագործումի ազատագրումը – իրենց բացայայտման, իրենց կատարելագործման իսկական տեղը: Եւ արդէն՝ ներկայացման դիւրութեան, յարմարութեան ի խնդիր է որ զատորոշեցինք հոս բանաստեղծութեան երկու «պաշտօնները», այնպէս ինչպէս կ’երեւին անոնք Թէքէեանի գործին մէջ, իրենց անհրաժեշտութեամբ: Խօսքի բացումը պահպանել եւ սեռային անմիջականութիւնը խախտել երկու փոխադարձ եւ նոյնիսկ՝ նոյնիմաստ արարքներ են: Բանաստեղծութիւնը կ’ընէ նոյն վայրին մէջ մէկը եւ միւսը:

Այս մէկտեղումը, այս խառնուրդը, այս նոյնութիւնը երկու արարքներուն՝ Թէքէեանի կողմէ գրուեր են օր մը շատ յստակ, շատ բացայայտ կերպով մը, բանաստեղծութեան մը մէջ որուն վերնագիրն է «Կենդանի քերթուածը» (7): Այս քերթուածին մէջ՝ կինը կ’ըլլայ քերթուած մը, «զոր այս գիշեր գոց կ’ըսեմ», կին մը որուն հետ քերթողը իրագործուած յարաբերութիւն մը ունեցեր է ըստ երեւոյթին, եւ կը վերյիշէ զայն («Հին գգուանքնե՜րդ նորէն ես կ’ըմբոշխնեմ հոգեւին . . .»): Ըսի՝ «ըստ երեւոյթին» որովհետեւ այդ հին գգուանքներն ալ կրնան երեւակայուած ըլլալ, բայց բնաւ ալ կարեւոր չէ հոս այս կէտը: Բանաստեղծութեան առաջին երեք տուները կը զարգացնեն կին-քերթուած փոխաբերութիւնը, անցնելով յանգերէն, ձայնարկութիւններէն, խառնուած տողերէն: Պիտի չտարբերէին փոխաբերութեան դասական գործածութենէն եթէ չ’ըլլար վերջին տունը որմէ կը ստիպուինք վերադառնալ ամբողջութեանը վրայ եւ նոր աչքով կարդալ զայն: Ահաւասիկ այս վերջին տունը.

Այդ քերթուածը, այս գիշեր, կ’արտասանեմ հոս, մինա՛կ.
Վերջաբա՜նն է, փոթորկոտ, աշխարհասաստ ալելո՛ւն,
Զոր սակայն չեմ աւարտեր . . . եւ զերդ վիհէ մ’անյատակ՝
Կը նետուիմ վեր ու կ’երթամ հիւանդ, յոգնած, սարսռուն…:

Քերթուածը պիտի հասնէր իր վերջաւորութեան, իր վերջաբանին, եւ յանկարծ՝ չի գար եզրակացումին, չ’աւարտուիր ան: Անաւարտը արդէն իսկ ծանօթ է իբրեւ վարկածայինի եղանակներէն մէկը, անկատարի կատարումով: «Գգուանքները»ին մէջ, կայ «վախ» մը այսպէս «գերագոյն / գգուանքի մը մերձեցումէն», փախո՞ւստ մը՝ գերագոյնին առջեւ: Անաւարտ կը մնայ քերթուածը, սեռային արարքը: Քերթուածը կը գրէ անաւարտը, կը գրուի իբրեւ անաւարտ:

Եթէ երկարաձգենք մեր նախորդ մեկնաբանութիւնը, բանաստեղծութիւնը չի բաւականանար ըսելով իրականութիւն մը որ կը գտնուի իր ետին, ուրիշ տեղ մը: Կը բերէ կինը, կը բերէ գգուանքները, երէկուան կամ վաղուան գգուանքները բանաստեղծութեան գրուած ներկային եւ այդ մէկն է, գրութեան ներկային բերուած իր հանգամանքովը, որ կ’ըլլայ անկատար: Ո՞ր ուղղութեամբ պէտք է կարդալ այն ատեն փոխաբերութիւնը: Եթէ պահենք հոս փոխաբերութեան իր դասական կառոյցը, սեռային արարքն է որ պարզապէս փոխաբերուած է. չաւարտելը կը նշանակէ անհուն խուսափումը կնոջ սեռային վայելքէն, կտղուցքէն, գերագոյն գգուանքէն, գերագոյն մերձեցումէն: Այն ատեն՝ Թէքէեան պիտի խօսէր սեռային արարքի իրականութենէն: Այս բաղադրիչը բացակայ չէ հաւանաբար քերթուածին մէջ, բայց չ’ըսէր ան թէ ի՞նչ է գերագոյն մերձեցումը, թէ ինչո՞ւ կարելի է միայն խուսափիլ անկէ, թէ ինչո՞ւ կը կազմէ ան լաւագոյն նիւթն ու սպառանիւթը բանաստեղծական «անիրագործում»ին: Այնպէս որ կարելի է հիմա կարդալ նոյն փոխաբերութիւնը հակառակ ուղղութեամբ, եւ ամէն ինչ կը հրաւիրէ արդէն այդ ընթերցման. մինչեւ հոս կարդացուած բանաստեղծութիւնները կը կրէին անիրագործումի բոլոր նշանները, աշխատելով սեռային նիւթի մը վրայ, բայց չէին ըսեր երբեք, չէին գրեր իրենց գործողութիւնը: Այս քերթուածին մէջ ընդհակառակը՝ քերթուածի փոխաբերութեամբ, կինը չէ այլ քերթուածն իսկ է որ փոխաբերուած է: Բանաստեղծութիւնը կը ցուցաբերէ կնոջ փոխաբերումով իր իսկ գործողութիւնը, կը ցուցաբերէ բանաստեղծական տրամադրիչի անիրագործումի պաշտօնը: Քերթուածը կը գրէ, ըսի, քերթուածին գործողութիւնը – խօսքի բացումով՝ ազատագրումը վերահասու սպառնալիքէ մը: Այն վիհը որմէ բանաստեղծը վեր կը նետուի, որմէ վերջին րոպէին կ’ազատի, քերթուածին տարածքին, շատ յայտնի կերպով՝ իրագործուած մարմնական սիրոյ անյատակ վիհն է

…Եւ զերդ վիհէ մ’անյատակ / կը նետուիմ վեր…

իրագործուած յարաբերութենէն, որ կը բերէ շատ մօտ՝ մահուան, որ մահն իսկ է թերեւս, այնքան մօտէն անցնող, զգացնող իր շունչը, իր սպառնալիքը: Երբ մահը, երբ գերագոյն վտանգը, կորուստը, եղած են վերահասու, պէտք է կրկնել զանոնք խօսքին մէջ: Հոն ուր քերթուածը կը գրէ իր անիրագործումի պաշտօնը, կու տայ ուրեմն, զարմանալիօրէն, այդ պաշտօնին անհրաժեշտութեան գաղտնիքը. կնոջ վայելքին անյատակ վիհը, որմէ կրնամ նետուիլ վեր, որմէ կրնամ վերածնիլ խօսքի բացումով միայն, բանաստեղծական խօսքին մէջ կրկնումով:

Վերջաբանը, վայելքը, պիտի ըլլար կործանարար – «փոթորկոտ, աշխարհասաստ ալելու»: Չաւարտելը նշանակութիւն մը ունի երբ սպառնալիքը հասած է մինչեւ իսկ աշխարհի հաւասարակշռութեան, աշխարհի հիմերուն: «Սաստ»ը, եթէ լաւ կը հասկնամ, ունի հոս երկու իմաստներ, մէկը՝ լռութեան դատապարտելու, միւսը՝ սարսելու իմաստը (8). րոպէ մը աշխարհը կը գտնուի իր վերջնական լռութեան եզրին, եւ կը վերածնի սակայն ատկէ որովհետեւ «մարմնական» կտղուցքը եւ աշխարհի փոթորկոտ կորուստը, «անիրականանալով» բանաստեղծութեան մէջ, կը կատարուին իբրեւ անկատար, ձգելով որ հնչէ իրենց անյատակ վիհէն իսկ երգուած խօսքը, ալելո՛ւն, ուղղուած իր իսկ Յարութեան փառքին:

Հոն ուր «աւարտ»ով՝ պիտի տիրէր մահը, խօսքի վերջաւորութիւնը եւ ուրեմն աշխարհի վերյառնումին, աշխարհի ծնունդին անկարելիութիւնը – ճիշդ այդ նոյն տեղը, գերագոյն վտանգի ու սպառնալիքի վայրին՝ կը կենայ անաւարտը, վերստեղծելով խօսքը: Րոպէապէս խօսք դառնալը կը շինէ, կը պատրաստէ, կ’ապահովէ աւարտեալին մէջ Անաւարտին գոգը: Աշխարհասաստ ալելուն աշխարհածին ալելուն է նաեւ. կը բանայ աշխարհը ապահովելով Անաւարտը: Աշխարհը պիտի սարսէր, պիտի երերար, պիտի կորսուէր, եւ ահաւասիկ՝ Անաւարտին ընդմէջէն վերագտնուեցաւ: Երկուքը այլեւս պիտի մնան անբաժան, մէկը միւսով պայմանաւոր: Բանաստեղծական տրամադրիչի երկու պաշտօնները, անցեալի, բացումը, ներկայի անիրականացումը, հոս կը զուգադիպին իրարու, իբրեւ զուտ բանաստեղծական գործողութիւններ, անյղանալի՝ կեանքի պայմաններուն մէջ, այնպէս ինչպէս հոգեվերլուծական տրամադրիչի գործարկումն ու արդիւնքները անյղանալի են այդ պայմաններուն մէջ: Անբաժան՝ խօսքի բացումին մէջ աշխարհի վերյառնումը եւ կնոջ վայելքի անյատակ վիհէն Յարութիւնը:

Կնոջ վայելքը՝ մահուան վիհն է խօսքին մէջ:

* * *

Ճիշդ է որ պէտք չէ նուազեցնել անհատական եզրին կարեւորութիւնը – անձը, իր կեանքովը, իր զգացումներովը, իր տենչանքներովը, իր ցանկութիւններովը շաղապատուած է ամբողջովին, իր շատ պարզ, շատ աշխարհիկ կողմերով, խօսքի կորուստի վտանգին, խօսքին մէջ մահուան վիհի վտանգին: Այնպէս որ երբ կը տրամադրուի ան անաւարտին, Յարութիւն առնելու համար այդ գերագոյն պահուն, գերագոյն մահուան մէջ իսկ, ոչինչ կը մնայ իրմէ եթէ ոչ պարտասուն մարմին մը, անդարմանելի դառնութիւն մը

. . . ու կ’երթամ հիւանդ, յոգնած, սարսռուն:

Ինչ որ սակայն ո՛չ մէկ ձեւով հասկնալի չէ եթէ առնենք փոխաբերութիւնը իր առաջին մակարդակին, ստուգելով միայն կնոջ վայելքէն աշխարհիկ փախուստ մը, որ փոխաբերուէր քերթուածի անաւարտ ձգուելով: Էականը հոս՝ է՛ ու կը մնա՛յ բանաստեղծական տրամադրիչի գործողութիւնը. այս մէկն է, ըսինք, զոր քերթուածը կը փոխաբերէ քերթուածով: Անձը սակայն չի դիմանար անպայման այս գործողութեան որուն թէեւ տրամադրած է իր մարմինը: Աւելի ճիշդ՝ կը վերադարձնէ գործողութեան արդիւնքներն ու հետեւանքները «կեանք»ին մէջ: Կնոջ վայելքէն «իսկական» խուսափումը այդպիսի հետեւանք մըն է միայն: Պիտի առնեմ քիչ յետոյ ամէն ինչ որ կը վերաբերի բանաստեղծական տրամադրիչի արդիւնքները «կեանք»ին մէջ վերադարձնող այդ շարժումին՝ «առարկայացում» ընդհանուր վերագիրին տակ: Առարկայացումը մաս կը կազմէ տրամադրիչի գործարկման, պիտի տեսնենք թէ ի՞նչ ձեւով: Բայց մանաւանդ՝ փոխաբերութեան սովորական գործածութիւնը պիտի համապատասխանէ առարկայացումի շարժումին: Ա՛յս է որ կ’արդարացնէ ընթերցումին մեկնակէտը. քննադատութիւնը կը հետեւի փոխաբերութեան սովորական գործածութեան, հաստատումի երկրորդական իմաստին: Ատկէ՝ մեր ծրագիրը. փնտռել քննադատական կառուցումի նշանները բանաստեղծութեան մէջ արձանագրուած «անձնական» փորձառութեան հետեւելով: Հաստատումը կը բացուի իր ներքին փոփոխութեան, պայմանաւ որ նկատի առնենք բանաստեղծական տրամադրիչի գործարկումը իր ամբողջ տարողութեամբ, ի մասնաւորի՝ առարկայացումի սերումը անոր մէջ կարդալով: Անոր մէջէն:

Գեղեցիկ է, եւ սրտառուչ, Թէքէեանի ամբողջական շաղապատումը, իր անձովը, իր վայրկեաններովը, իր մարմնովը այն ուշադրութեան, այն սպառիչ ուշադրութեան զոր պէտք է վերապահել մահուան, մահուան յանկարծակի մերձեցումին: Թէքէեան հոգիով ու մարմնով, ինչպէս կ’ըսեն, նուիրուած է մահուան եւ ատկէ միայն իմաստ մը կ’առնէ իր մօտ Հրաշքը Յարութեան: Բայց նուիրելու համար անոր, պէտք է ըստ երեւոյթին յանձնուիլ նախ բանաստեղծական տրամադրիչին, որ կը բերէ նաեւ իր հետ, իբրեւ զուտ հետեւանք, անաւարտին փոխադրութիւնը «կեանք»ի մէջ, հոն ուր բացումի պաշտօնը չի գործեր այլեւս, եւ այդ փոխադրութեամբ՝ թշուառութիւնը անձին որ կ’երթայ հիւանդ, յոգնած, սարսռուն:

Անցնիլ, ինչպէս պիտի ընենք հոս հետզհետէ աւելի մանրամասնութեամբ, առարկայացումի երեւոյթին ուսումնասիրութեան, պիտի նշանակէ ուշադրութիւն ընծայել բանաստեղծութեան խոտորումին անշուշտ: Այդ խոտորումը միշտ կայ: Կ’ապրինք խոտորումին մէջ: Երբ կը վերադարձնենք զայն սակայն բանաստեղծութեան ընդմէջէն՝ բացումին եւ բացումի կորուստին, խոտորումը կը դառնայ մեկնաբանութեան լաւագոյն առարկան: Բանաստեղծութեան կորուստը կը խօսի բանաստեղծութեան մէջ բանաստեղծութենէն: Ինչ որ աւելի ուշ՝ պիտի գտնէ ճշգրիտ տարազում մը:

Կը յուսամ ամէն պարագայի որ յստակ է այս ձեւով ինչ որ սկիզբը կը կոչէի խօսքի տարածութեան մէջ մահը, այն զոր չենք գիտցած երբեք դիմագրաւել, չենք կրցած երբեք արձանագրել մեր կեանքին, մեր արտադրութիւններուն մէջ, այն որ մնացած է մեզմէ դուրս, մեզմէ վեր, մեզ կանխող, մեզի հետեւող: Այդ մահը, այդ մահուան իմաստը կարելի է իմանալ ամենէն առաջ՝ իբրեւ «անձնական» փորձառութիւն մը, նոյնիսկ իբրեւ ամենէն անձնականը, որուն մէջ եւ որուն դէմ անձեր ինչպէս Թէքէեան քայլ առ քայլ պայքարեցան իրենց ամբողջ կեանքին ու գործունէութեան տեւողութեանը: Եւ ուրիշ կողմէ՝ սխալ պիտի ըլլար հասկնալ հարցերը որ յարուցուեցան հոս իբրեւ զուտ հոգեբանական հարցեր, որովհետեւ այդ ձեւով մոռցած պիտի ըլլայինք որ մահը որ կը սպառնայ այստեղ եւ որմէ հրաշալիօրէն քերթողը չի խուսափիր, խօսքի կորուսումն է, խօսքի տարածութեան մէջ կորուսում մը, ինչ որ վերստին կարելի չէ համարել «ընդհանրական» երեւոյթ մը քանի որ այդ կորուսումը կը թարմացուի ու կը դարմանուի ամբողջ անհատական փորձառութեան մը անցումովը՝ շատ որոշ տրամադրիչէ մը, այս պարագային՝ բանաստեղծականը:

Ո՞րն է կապը ընդմէջ՝ այս խօսքի – խօսքի մէջ – մահուան եւ այն միւս իրողութեան զոր կոչեցի անցքը դէպի Սփիւռքը: Բայց անպայման պիտի չփնտռէք անմիջական կապ մը, նախ այն պարզ պատճառով որ չէք գիտեր թէ ի՞նչ է Սփիւռքը, թէ ի՞նչ կրնան ըլլալ «սփիւռքեան» պայմանները որոնք մերն են այսօր, խօսքին հետ մեր յարաբերութեամբը: Խօսքի փոխանցման ու փոխանակութեան ամենախոր պայմանները, անոնց մահը, անոնց յարութիւնը կապ մը ունեցան վերը շօշափուած շատ անձնական հարցերուն հետ: Մէկ խօսքով՝ խօսքի կորուսումը որմէ խօսեցայ Թէքէեանի փորձառութենէն անցնելով ունի՞ աղերս մը արդեօք սկիզբը նշուած խօսքի փոխանցման – փոխանակութեան եղանակի վերջնական կորուսումին հետ որ մեր օրերուն միայն կը դառնայ իր ամբողջ տարողութեամբ, իր չափազանցուած տարողութեամբ, զգալի: Այս հարցումով կ’ուզեմ միայն յիշեցնել սկզբնական խնդիրը: Հետզհետէ նոր տարրեր պիտի ներկայանան ու պիտի արձանագրուին այս հարցումին դէմ: Ամէն պարագայի՝ խօսքի եզրին ոչնչացումը որ իր մասնայատուկ եղանակովը հարցականութիւնն է Թէքէեանի բանաստեղծութեան, կը տանի չկասկածուած ոլորտներով հայկական տռամին որ եղաւ, որ է՛ տակաւին խօսքի տռամ մը, խօսքի շաղախին – շաղկապին առժամեայ չգոյութիւնը, ոչ թէ անհետացումով մը, այլ խօսքի ծնունդի պայմաններուն խորագոյն փոփոխութեամբը:

* * *

«Կնկան զգացում»ին յատկացուած այս բաժնին մէջ՝ ունինք վերջին քայլ մը կատարելիք: Կարդացինք արդէն իսկ թէ ի՛նչ ձեւով խօսքի բացումը կ’ընկերանար Թէքէեանի բանաստեղծութեան մէջ մանկութեան վերադարձի մը, որովհետեւ այդ ձեւով է միայն որ խօսքը կը հեռանայ ինքն իրմէ, կը հեռանայ անհատին կիտայնութենէն (8), եւ կը մնա՛յ այդ ներքին բացումովը, զոր բանաստեղծական տրամադրիչը միայն կ’ապահովէ: Այդ է նաեւ հզօրագոյն հրճուանքը, ձայնին կորուստը միւս ձայներուն մէջ, անոր վերադարձը այդ համայնական արտաքնութենէն: Տղայութիւնը հրապուրիչ է, հրապոյրի հրաշքն իսկ է, այս իր «բացակայութեամբ», ձայնին զատորոշելիութեան անկարելիութեամբ, եսի պատկերին աներեւոյթ ըլլալովը: Բայց «անիրագործումը» իր կարգին, այսինքն՝ բանաստեղծական տրամադրիչի երկրորդ պաշտօնը չ’աշխատիր որեւէ տուեալի վրայ, այլ նախընտրաբար՝ կիներուն հետ – կնոջ կետ – յարաբերութեան վրայ: Խօսքի Յարութիւնը որ անաւարտին նուիրումովը տեղի կ’ունենայ կապուած է կնոջ սեռականութեան գերագոյն պահուն:

Այս յիշեցումովը, ունինք արդէն սկիզբը այն առարկայացումին որ կը կատարուի բանաստեղծական տրամադրիչին թելադրանքովը: Երկու ձեւեր կան առարկայացումի, որոնք կը համապատասխանեն տրամադրիչի երկու պաշտօններուն:

Նախ՝ բանաստեղծը սիրահարն է այն հրճուալիր, այն ծիծղուն, այն բացակայ եսին, որ «եղած» է, որ է՛ աւելի ճիշդ երբ ցնծութեամբ կ’ունկնդրէ «անոնց հնչուն ծիծաղին» ուր կայ «անշուշտ» իր ծիծաղն ալ: Եւ որոշակի առարկայացումով մը, «կեանք»ին վրայ անդրադարձով մը, բանաստեղծը սիրահարն է բոլոր այն տղաներուն զորս կը դնէ այդ եսի բացակայ պատկերին տեղը, այն բոլոր տղաներուն որոնք կը տանին զինք նո՛յն ցնծութեան: Այս սէրը կը ծնի ուրեմն շատ յստակ պատճառներով եւ առաջին հանգրուանի մը գոնէ՝ որեւէ «տենչանք»է զերծ սէր մըն է, առանց տաղտուկի, առանց սրտի աղմուկի, առանց կիրքի պոռթկումներու. սէրն է բացակայ պատկերին, իբրեւ բացակայ: Բանաստեղծին սիրած տղաները կը սիրուին ճիշդ այն պատճառով որ կը հեռացնէ զիրենք տենչանքի աշխարհէն, խօսքի կորուստէն. տղաները կը դրուին հո՛ն ուր կայ միայն բացումը խօսքին, եւ տարբերութեան քաղումը, հոն ուր խօսքը կը հնչէ մինակ, սքանչելի, առանց եսի պատկերին միջամտութեան: Զարմանալիօրէն՝ այդ միջամտութիւնը տեղի կ’ունենայ – առնուազն՝ առաջին շրջանի մը ընթացքին – կիներու հետ, կնոջ հետ, յարաբերութեամբ միայն: Որովհետեւ երբ «անիրագործում»ի պաշտօնն ալ կ’առարկայանայ, այսինքն՝ փոխանակ հնչեցնելու կատարուածը խօսքին մէջ (որ կը բանայ զայն իր անհունին, իր կարելիութեան, անկատարին բերելով զայն), կը շրջի ինքն իր վրայ եւ կը դնէ անաւարտը իբրեւ պայման բանաստեղծութեան (իբրեւ խօսքէն դուրս կատարուած անկատար մը), այն ատեն՝ այս գրեթէ աննշմարելի, անզգալի փոփոխութիւնները կու տան սկզբունքը «սիրոյ» գաղափարին. տղան կը սիրուի ո՛չ միայն՝ դրուած ըլլալուն համար հոն ուր բացակայ է եսին պատկերը, այլ շատ աւելի անմիջական նոյնացումով մը՝ դրուած ըլլալուն համար հոն ուր անաւարտը կը ծնի, կնոջ դիւթանքին ընդմէջէն: Երկու առարկայացումներուն զուգադիպութիւնն է որ ունինք երբ տղու մը հետ նոյնացումը, սիրային նոյնացումը, կը կատարուի իբրեւ յղոյթ ունենալով կնոջ չիրագործուած սէրը (չիրագործուածը, կը կրկնեմ, առնելով իբրեւ բանաստեղծական «անիրագործումին» առարկայացումը):

Այս շատ նրբամիտ երեւոյթը, շատ նրբամիտ եղանակաւորումը մի՛ կարծէք որ ես կը հնարեմ. Վ. Թէքէեան գրած է զայն յստակ եւ հանգամանաւոր կերպով քերթուածի մը մէջ որուն վերնագիրն է՝ Տղու մը (9):

Եթէ ճիշդ է որ ըզքեզ յանկարծ քայլե՜րդ տարին,
Դեռ նոր անշուշտ, օ՛հ դեռ նոր, խորհրդաւոր ու շքեղ
Այն պարտէզն ուր երազներ մեծ ծառերու կատարին
Եւ համբոյրներ՝ բաժակին վրայ ծաղկանց կը թառին…

Եթէ իրօք այս ամառ միայն մըտար դուն այնտեղ,
Յանկարծակի՝ օր մը երբ անոր չէիր սպասեր,
Եւ շլացած աչքերուդ դէմ ծագեցան բիւր լոյսեր,
Եւ չըգիտցար բաւական ատեն թէ սէ՜րը այս էր…,

Եթէ վերջէն զարմանքիդ վախ մը յանկարծ յաջորդեց,
Խորունկ հաճոյք մը գըտար տառապելուն մէջ լռիկ,
Մերթ հեռանալ ուզեցիր, եւ ծառերուն կուրծքըդ յեց՝
Հոն մնացիր ու լացիր, ու գիտցար թէ որքա՜ն մեծ

Է դիւթութի՜ւնը տեղւոյն…, եթէ իրօք, ո՛վ պզտիկ,
Սիրոյ գաղտնիքը անհուն այսօր այլե՛ւս գիտես…,
Եկուր, եկո՜ւր, զի սրտիս դուն չափազանց ես մօտիկ,
Եկո՜ւր, անցեալս ու ներկադ թո՛ղ գրկըւին գաղտնապէս:

1912

Անցեալս ու ներկադ…: Երկու մոթիֆներու շաղապատումը շատ յստակ է հոս. այս սէրը որ կը մօտեցնէ քերթողը տղուն, որ կը նոյնացնէ գաղտնապէս մէկը միւսին, կը բխի անցեալի բացումէն, անցեալի բացումը առարկայացնելու անհրաժեշտութենէն, որ սակայն բաւական պիտի չըլլար բացատրելու համար անցեալիս ու ներկայիդ գիրկընդխառնումը: Երկրորդ մոթիֆն է որ հոս կը միջամտէ, սիրոյ գաղտնիքը որ նկարագրուած է անշուշտ իբրեւ անիրագործումի առարկայացումին գաղտնիքը: Ինչպէս միշտ Թէքէեանի մօտ՝ պատկերներու, գաղափարներու, զգացումներու արձանագրութեան թաւալը սովորական կը թուի: Արդ՝ ի՞նչ կայ աւելի սովորական որքան պատանեկան չիրագործուած սէր մը, քերթողին յուշը, որ կը տանի դէպի իր մանկութիւնը, սիրոյ տառապանքի առաջին հետքերը, եւայլն: Այն բառերը նաեւ որոնք ամենէն յատկանշականներն են հոս, եւ զորս կ’ուզէինք ընդգծել, սէր, անհուն, գաղտնիք, պզտիկ, իրենց կարգին՝ անպաճոյճ եւ մանաւանդ՝ անարձագանգ բառեր են. հետագայ ընթերցումները միայն ցոյց պիտի տան որ այս բառերուն շեշտը հիմնականօրէն փոխուած է, որ կարելի չէ հասկնալ զանոնք առանց ամբողջապէս նկատի առած ըլլալու խօսքի Այլութեան պահպանումը բանաստեղծութեան մէջ, ուրեմն՝ բացումի եւ անիրագործումի պաշտօնները: Այն ատեն պիտի ստեղծուի նոր շարադասութիւն մը որ պիտի հասկցնէ թէ ինչո՞ւ «գաղտնապէս» է որ կը միանան անցեալս ու ներկադ, թէ ինչո՞ւ նոյն վերադիրը կու գայ յատկանշելու «սիրոյ» անհունութիւնը, եւ թէ ի՞նչ է «անհուն»ը հոս: Առ այժմ՝ ինչ որ աւելի ուժով է եւ աւելի ընդհանուր քան Թէքէեանի սիրոյ մասին մասնակի թուող այս արտայայտութիւնները, հանդիպումն է որ շեղակիօրէն կը կատարուի երկու մոթիֆներուն միջեւ, անցեալի բացումը եւ ներկայի անիրագործումը: Մէկը գոյութիւն ու իմաստ չունի առանց միւսը: Այս տեսակի հանդիպումներն են որոնք անգամ մը եւս կը համոզեն Թէքէեանի բանաստեղծութեան «արժէք»ին մասին: Որովհետեւ չիրագործուած պատանեկան սիրոյ մասին չէ խօսքը հոս. անիրագործումի գործողութիւնն է, ըսինք, որ կ’առարկայանայ, տալով իրագործումէն աշխարհիկ փախուստը, վախը: Եւ ո՛չ այդ վախը, իբրեւ աշխարհիկ վախ մը, ո՛չ ալ պզտիկներու սէրը, իբրեւ աշխարհիկ սէր մը պիտի չբաւէին բացատրելու համար վերջին տունը, եւ այն «զգացում»ը ուր «սրտիս դուն չափազանց ես մօտիկ»: Բացակայ պատկերին տեղը դրուած տղուն հետ նոյնացումը կը զուգադիպի հոս չիրագործուած ու անիրագործելի սէրէն սերող նոյնացումին: Ինչ որ կ’ըսէ այս քերթուածը զուգադիպութիւնն է: Ուրիշ ոչինչ: Զուգադիպութեան էականութիւնը: Երբ մօտիկութեան չափը անցած է, նոյնացումը կատարուած է, տղան – ներկայ տղան – անցեալին մէջ վերյառնող բացակայ պատկերին տեղը դրուած է, եւ սիրուած՝ իբրեւ այդ: Ասոր պայմանը սակայն սիրոյ գաղտնիքը գիտնալն է, ներկային մէջ: Անիրագործումի առարկայացումն է որ, իր կարգին, կարելի կը դարձնէ ուրեմն տղուն հետ նոյնացումը, այն որ կը կրկնէ ու կ’առարկայացնէ անցեալի բացումին հրաշքը ներկային մէջ:

Այս հանդիպումով, երկու առարկայացումները (որ կը տանին մէկը՝ դէպի տղաներու սէրը, միւսը՝ դէպի իրական անաւարտը կնոջ մարմնի ու վայելքի հետ յարաբերութեան մէջ) ցոյց կու տան իրենց ծագումը, իրենց ետին գտնուող բանաստեղծական տրամադրիչին մէջ իր իմաստը առնող. եւ տրամադրիչը մէկ է, թէեւ ստիպուած եղանք զատորոշել անոր մէջ երկու պաշտօններ, որոնք կու տան առարկայացումի երկու ուղղութիւնները: Մէկ են ուրեմն ներկայի անիրագործումը եւ անցեալի բացումը: Մէկ են բանաստեղծական կարելիութիւնը ներկային – որ իր մասնաւոր պայմաններով կը դրուի իբրեւ Յարութիւն մը, շատ որոշակի Յարութիւն մը, վիհէ մ’անյատակ – եւ բանաստեղծական կարելիութիւնը անցեալին – որ վերստին իր մասնաւոր պայմաններով, իր հրաշալի հնչունութեամբ, կը դրուի իր կարգին իբրեւ Յարութիւն մը: Յարութիւնն է որ կարելի կը դարձնէ խօսքի ու աշխարհի բացումը:

* * *

Հետագայ էջերուն մէջ, պիտի տեսնենք որ այս երկու առարկայացումները Թէքէեանի կեանքին մէջ պիտի չմնան այսքան մօտ՝ իրենց ծագումին ու հանդիպումին, յետախաղաց շարժումովը զոր փորձեցինք նկարագրել: Տեղաւորուելով իրական ըսուած կեանքին մէջ, պիտի տան Թէքէեանի ծանօթ ողբերգութիւնը, իր առանձնութեան անշնչելի պոռթկումները, հեծեծանքները, եւ միեւնոյն ժամանակ՝ իր բանաստեղծութեան գրեթէ ամբողջական կորանքը՝ միջակութեան մէջ: Որովհետեւ պէտք չէ վարանիլ ըսելու որ 1915 – 1920էն ետք նշոյլեր միայն մնացած են Թէքէեան բանաստեղծէն: Սկիզբէն իսկ թերեւս՝ այս բանաստեղծութիւնը խոստացուած էր կորանքին:

  1. «Հրայրքի պահեր» ընդհանուր խորագիրին տակ, Հ. Յ. էջ 123էն՝ 135: Մոռցայ ըսելու որ կը մէջբերեմ 1914ի բնագիրին հետեւելով: Հայաստանեան հրատարակութեան մէջ (Երեւան, 1958), հրատարակիչները այս քերթուածներուն մասին գաղափար կը պարզեն, ինչ որ հիանալի կը գտնեմ: Չեմ ուզեր ընթերցողը զրկել այս տողերէն. յիշելէ ետք այն էջերը ուր Թէքէեան կը յայտարարէ իր նախասիրութիւնը՝ դէպի իր անցած սէրերը, հրատարակիչները կը գրեն հետեւեալը. «Հոգեհարազատ մի էակ մօտ ունենալու կարօտը, հասկցուելու, սիրուելու անկատար մնացած մի իղձ, իբրեւ կենդանի շունչ, անցնում է Թէքէեանի բանաստեղծութիւնների միջով, ու համակում ընթերցողին, թէեւ պիտի նշել որ նա երբեմն տուրք է տալիս մարմնական սիրուն, մանաւանդ առաջին շրջանի մի քանի բանաստեղծութիւնների մէջ» (էջ 7 – 8 , ես կը ստորագծեմ), ինչ որ անշուշտ իրաւունքը կու տայ անոնց գրաքննելու այդ «մի քանի բանաստեղծութիւններ»ը, վերցնելով անոնցմէ չորրորդը, չես գիտեր ո՞ր օրէնքին հետեւելով: Ահաւասիկ այս բանաստեղծութեան վերջին տողերը (որ անկասկած լաւագոյնները չեն Թէքէեանի գրիչէն սերած, բայց անկասկած ալ՝ ա՛յդ չէ եղած գրաքննութեան պատճառը).

    Ո՛վ իմ կիրքերս, քաղցրագոյն իմ որդիներս մըթաշող
    Որոնք երբե՜մն ուրացայ, ձեզ արդ նորէ՜ն կը ճանչնամ…:
    Բնակեցէ՛ք ինծի հետ, խոնջ եմ ձեր դէմ կռուելէ.
    Այսուհետեւ կեանքս ամբողջ պիտի ձեզի ծառայէ,
    Եւ թէ ուզէք՝ պիտի գամ ձեզ հետ դըժոխքը անգամ…:

    Ինչպէ՞ս մեկնաբանել այս հաւանութիւնը, եթէ ոչ նախ եւ առաջ՝ բառացի կերպով: Ընթերցողը թերեւս զայն քիչ մը նեղացուցիչ պիտի գտնէ, պիտի նախընտրէ անցնիլ վրայէն: Փաստօրէն սակայն, սեռայնութիւնը, անոր զանազան եղանակները, անոր բացակայութիւնը, մեծ դեր խաղացած են Թէքէեանի կեանքին մէջ, բայց ա՛լ աւելի մեծ դեր՝ իր գրականութեան մէջ: Պիտի տեսնենք տակաւ որ սովորաբար հասկցուած իմաստով չէ որ արժանի է ան ուսումնասիրուելու երբ կը խօսինք բանաստեղծական տրամադրիչի տրամադրուելուն մասին: Ասկէ անկախ սակայն՝ պիտի ուզէի առանց յարակարծիքի տպաւորութիւնը ձգելու, հաւաստել եւ կրկնել որ Թէքէեանի բոլոր բանաստեղծութիւնները սեռային են, որ կու տան տուրքէ շատ աւելի բան մը՝ մարմնական սիրոյ: Կը գրեն, էջերու երկայնքին, երբեմն՝ ամենաբիրտ կերպով, սեռային ցանկութիւնը, տղաներուն հանդէպ, կամ կնոջ հանդէպ, հոս կարեւոր չէ: Այս իրողութիւնը ամէն տողի վրայ բացայայտ է: Մինչեւ այսօր տակաւին չեմ հասկնար թէ իրականութեան առջեւ ո՞ր վախը, խեղաթիւրումի ո՞ր թաքուն բաղձանքը ծածկել տուած է այս կէտը ընթերցողներուն:

  2. «Գոհացումը», Հ. Յ. էջ 125:
  3. «Գգուանքները», Հ. Յ. էջ 129:
  4. Հ. Յ. էջ 130:
  5. Հ. Յ. էջ 131:
  6. Ըսի որ պիտի չքննեմ հոս հոգեվերլուծական եւ բանաստեղծական տրամադրիչներուն փոխյարաբերութիւնը, որ կարծուածէն շատ աւելի խորունկ է անկասկած: Կու տամ միայն Ubertragungի «սահմանումը» զոր կարելի է գտնել Լափլանշ եւ Փոնթալիսի Vocabulaire de la Psychanalyseին մէջ. «Հոգեվերլուծումին մէջ՝ կը նշէ այն եղանակաւորումը որով անգիտակից ցանկութիւնները կ’այժմէականան որոշ առարկաներու վրայ սեւեռուելով, եւ ասիկա՝ իրենց հետ յարաբերութեան որոշ եղանակի մը շրջանակին մէջ, այսինքն՝ գերազանցապէս՝ հոգեվերլուծական յարաբերութեան շրջանակին մէջ: Մանկական բնորդներու կրկնութիւն մըն է որ կ’ապրուի այժմէականութեան ուժեղ զգացումով մը: Transfertը կ’ընդունուի սովորաբար իբրեւ մենաշնորհեալ գետինը ուր խնդրոյ առարկայ կը դառնայ հոգեվերլուծական բուժումին խնդրականութիւնը. անոր հաստատումը, անոր եղանակները, մեկնաբանութիւնն ու լուծումն են որ կը բնութագրեն այդ բուժումը»: Կը յղեմ պարզապէս Ֆրէօյտի Երազներու Մեկնութիւնը գործին (գերմաներէն ամբողջական երկերուն 2-3 հատորը, էջ 568) եւ մասնաւորաբար 1912ի յօդուածին («Zur Dynamik der Ubertragung» ամբողջ. գործեր՝ հատոր 8):
  7. Հ. Յ. էջ 127:
  8. Իմաստի երանգաւորումը որ ունի «անհատ» բառը հայերէնի մէջ նշմարելի է նաեւ լատինական լեզուներուն մէջ – individuն օրինակ՝ indivisն է, անբաժանը:
  9. Հ. Յ. էջ 83: