Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։
ենթայօդուած

8. Հսկումը, շուքը, կրօնականի երեւութաբանութիւն մը

Սէր հատորին մէջ, կան երեք քերթուածներ՝ «Զաւակս», «Ես այս գիշեր» եւ «Մէկ հատիկս» որոնք քով քովի դրուած են եւ կը կազմեն, եթէ չեմ սխալիր, ամբողջութիւն մը նաեւ իրենց «պարունակութեամբ» (1): Ասոնցմէ առաջինը փորձեցինք արդէն իսկ բացայայտել (2) – ներկայ եւ յաջորդ բաժիններով կ’ուզեմ միւս երկուքը կապել նոյն բացայայտման աշխատանքին: Այս նոր ընթերցումը պիտի բերէ իր հետ կարեւոր թեմա մը, կամ յղացք մը, որ մինչեւ հիմա չէր յայտնուած՝ շուքը: Միեւնոյն ժամանակ՝ առիթը պիտի ըլլայ մինչեւ հոս ըսուածները կրկնելու «ժամանակագրական» նշաններ հայթայթելով, որոնց միջոցաւ երեւան պիտի ելլէ ճշգրիտ կէտը Թէքէեանի բանաստեղծական գործունէութեան եւ ընդհանրապէս՝ «մտածողութեան» մէջ՝ էական փոփոխութեան մը: Վերը յիշուած երեք քերթուածներու խումբին, պիտի աւելցնեմ չորրորդ մը, լոյս տեսած Բարձրավանք պարբերաթերթին նոյն թիւին մէջ ուր կ’երեւէր առաջին անգամ ըլլալով Ես այս գիշերը, եւ որ կը կրէ Ով երազուն մանկութիւն խորագիրը (3):

Այս վերջին քերթուածին մէջ, անցեալի բացումին անկարելիութիւնն է որ վերջապէս կ’արձանագրուի. Թէքէեան, իր ամենէն գեղեցիկ – եթէ գեղեցիկը իբրեւ այդ ունի հոս նշանակութիւն մը – տողերուն մէջ, կը գիտակցի հոս այդ անկարելիութեան, եւ կը թուի հրաժարիլ բացումի աշխատանքէն, որ իր բանաստեղծի «պարտականութիւն»ն էր ի վերջոյ: Պիտի տեսնենք թէ ի՞նչ ձեւով կը կատարուի այդ հրաժարումը: Ահաւասիկ նախ՝ քերթուածը.

Ո՛վ երազուն մանկութիւն՝ որ մանկութիւնս եղար,
Կը փափաքիմ, ո՛չ այլեւս զքեզ ապրիլ վերստին,
Այլ հանդիպիլ նմանիդ ու զայն դիտել գաղտնաբար
Ու սէրերուն վրայ հսկել որք քաղցրօրէն կը բացուին…:

Բայց դո՛ւն, խրտչոտ մանկութիւն, մանկութիւն լուռ եւ խոհուն
Ամէն բանէ զգացուող, ուրախացող ու լացող,
Ինչո՞ւ դուն չես դողդղար խորն այս տղոց աչքերուն՝
Ուր կան բոցեր, բայց առտըւան չըկա՛յ ցօղ…:

Ժամանակով, օ՜հ երկար ժամանակով, եւ հոգւով
Դուն հեռացած մանկութիւն, ուրեմն ոչ իսկ հնա՞ր
Պիտի ըլլայ քու շուքիդ հոս պատահիլ շուքիս քով…:

Ու ալ բընաւ չըտեսնէ՞ պիտի ծառն այս շանթահար՝
Սաղարթագեղ թուփ մ’հեռուն ուր թռչունները կ’երգեն,
Նո՛յն թռչուններն որ փախան իր անտերեւ ճիւղերէն…: (4)

Երբ գիտենք որ բացումի աշխատանքը սրբազան բնոյթի մը կը հասնէր Հրաշալի Յարութիւն հատորին մէջ, կրնանք մտածել որ անկէ հրաժարիլը որոշ նշանակութիւն մը ունի, որուն քովէն կարելի է անշուշտ անցնիլ առանց ոչինչ նշմարելու, մտածելով որ – ահաւասիկ բանաստեղծութիւն մը եւս ուր մանկութեան հեռացումը կը յիշուի, կ’ողբացուի: Խնդրոյ առարկան սակայն այն մանկութիւնը չէ զոր բոլորս ալ ունեցած ենք, եւ որմէ կը մնան աւելի կամ նուազ քաղցր յիշատակներ. անցեալի բացումին մէջ երեւողն է: Խօսքի բացումը, իր անհրաժեշտութեամբ, գեղապաշտ գաղափար մը չէ, նոյնքան քիչ գեղապաշտ որքան այն միւս հաստատումը – այսօրուան տեսաբանական կարելիութիւններուն համաձայնելով – որ հոգեվերլուծական աշխատանքը խօսքի բացումին ի խնդիր է որ կ’աշխատի: Այս ձեւի փորձառութեան մը ընդմէջէն պէտք է հասկնալ «մանկութիւն»ը: Երկու տրամադրիչները, բանաստեղծականը եւ հոգեվերլուծականը, իւրաքանչիւրը իր սեփական եղանակովն ու հետեւանքներովը, կ’օգտագործեն «շինանիւթեր» որոնք կը պատկանին «մանկութեան», բանաստեղծութեան համար՝ գոնէ Թէքէեանի պարագային: Տեսանք նաեւ որ Թէքէեան տրամադրած էր «ինքզինք» բանաստեղծական փորձին, ամբողջութեամբ, ոչ միայն աշխատելով անոր մէջ խօսքի բացումին, այլեւ հետեւելով իր փորձառութեան ներքին անհրաժեշտութեան, օրինակ՝ դէպի առարկայացումները, որոնք անբաժան են կարծեմ – եւ փորձեցի այս կէտը արագ ձեւով ապացուցանել – փոխաբերութեան օրինավիճակէն, բանաստեղծութեան մէջ: Բայց ամենէն նշանակալիցը այն է որ այդ առարկայացումները պիտի չբերէին մեզ (եւ Թէքէեանը) սիրոյ գաղափարին, սիրոյ «իրականութեան», եթէ չըլլար Շրջումը որ բացումի «անձնական» աշխատանքը միեւնոյն կէտին վրայ եւ գաղտնի շարժումով մը կը դարձնէ անունի «հաւաքական» պաշտամունք (5), բանալով Որդիին յայտնութեան վայրը: Եւ ինչ որ ստուգեցինք այն էր որ բանաստեղծական փորձին պահանջը օր մը, տեղ մը, Թէքէեանի համար վերջ գտած է, ոչ մէկ բան անշուշտ անեղծ չձգելով իր կարելի դարձուցածներէն, ի մասնաւորի՝ Այլի կարելիութենէն: Ով երազուն մանկութիւն քերթուածը կը խօսի այդ կէտին մասին, կը ներկայացնէ, կը կազմէ թերեւս այդ օրն ու այդ տեղը: Կը բացա – յայտէ իրապէս անսպասելի եւ զարմանահրաշ ձեւով մը այն զուգադիպութիւնը որ կայ փորձի վերջաւորութեան եւ Շրջումի կորուստին միջեւ, զուգադիպութիւն որուն բնական հետեւանքն էր հեղինակին մխրճուիլը նոյնացումներու շարքին մէջ, Որդիի թափառական փնտռտուքովը:

Այն ինչ որ կ’ողբայ ուրեմն Թէքէեան իր մանկութեան ժամանակն է, բայց գոյն, մոյնք, իմաստ ու գոյութիւն առած այն ժամանակին ընդմէջէն ուր զայն կրկնելը, զայն ներկային բերելը, անցեալի բացումով, ուր զայն «վերստին ապրիլ»ը կարելի էր (6): Քերթուածը կ’արձանագրէ փոփոխութիւն մը (ո՛չ այլեւս . . . , այլ . . . ), որ կապուած է անշուշտ «գործ»ին, բանաստեղծական փորձին, քանի որ կրկնելը, ներկային բերելը, վերստին ապրիլը կը նշեն անցեալի տրամադրումը բանաստեղծութեան. փոփոխութիւն մը սակայն որ կը միտի այդ ներքին պահանջը (ներքին՝ փորձին) փոխարինելու արտաքին հանդիպումով մը: Այս «արտաքին»ն ալ պէտք է հասկնալ նոյնացումներու իրականացման իմաստով, չմոռնալով որ շրջումի անհետացումը միայն կրնայ բացատրել ապագայ passage à l’acteները: Քերթուածը կ’ըսէ միաժամանակ նոյնացումները ( . . . այլ հանդիպիլ նմանիդ), հրաշալի Երեխային փնտռտուքը, այն Երեխային որ կ’երեւի բացումի հրաշքովը, բացումի ներկային մէջ. եւ անոր երեւումին անկարելիութիւնը ( . . . բայց առտըւան չկայ ցօղ): Թանկագին քերթուած մըն է այս մէկը, որովհետեւ կ’արձանագրէ պահ մը ուր բանաստեղծական նախկին եղանակը չէ լքուած տակաւին, ուր «յիշողութեան» աշխատանքը կը մնայ գործօն, ուր հրաշքի վերստեղծումէն հրաժարում մը կ’արտայայտուի միեւնոյն ատեն, ձգելով միայն հրաշքին վայրը, նշուած, անխօս: Կը մնայ միայն նայուածքը ( . . . դիտել գաղտնաբար), որուն վրայ փոխադրուիլ կը սկսի «սեփական» ձայնի այլութեան մէջ հնչողութեան հրաշքը, գաղտնի ներկայութեան հրաշքը: Գաղտնի ներկայութիւնը կը պատկանի հրաշալի Երեխայի սկզբնական տեսարանին, որ կը պարունակէ իր մէջ ամբողջութիւնը հրաշքին – իրերու երեւումը խօսքին մէջ, խուճապային սովորական վիճակներու անհետացումը, եւ ասոնց պայմանը, սեփական ձայնին այլութիւնը «մատաղերամ տղոց» խումբին մէջ: Կա՛յ սակայն դեռ այդ ներկայութիւնը, իբրեւ գաղտնի, որ արձանագրուած է հայրենի գարնան յիշատակին մէջ, «անշուշտ» մակբայովը: Ի՞նչ է ուրեմն փոփոխութիւնը որ կը կրէ Թէքէեանի կեցուածքը, մտածողութիւնը, բանաստեղծութիւնը – կամքն է սկզբնական տեսարանին մէջ մտնելու, կամ երկու ներկաները, բանաստեղծական անիրագործումի – բացումի ներկան եւ միւսը, «կեանք»ինը, իրարու խառնելու, ինչ որ պիտի ունենայ իբրեւ հետեւանք գաղտնի ներկայութեան մարմնացումը: Ով երազուն մանկութիւնքերթուածը կ’ըսէ ուրեմն (1919ին, պէտք չէ մոռնալ) լքումը՝ բանաստեղծութեան, եւ կ’ըսէ զայն բանաստեղծական հրաշքովը, բացումի բառերով.

Ու սէրերուն վրայ հսկել որք քաղցրօրէն կը բացուին…:

Սէրերը անշուշտ սիրուն տղաներն են որոնք Թէքէեանի ձեռքին տակ կը դաստիարակուէին, եւ որոնց վրայ կը հսկէր, ուշադրութիւն դարձնելով իրենց իմացական ու մարմնական փթթումին (7): Բայց այս տողը կը յաջողի շատ աւելին, կը կապուի ան անմիջականօրէն բանաստեղծական փորձին եւ կը դնէ հսկումը անոր մէջ: (Ծանօթ է Հրաշալի Յարութիւն հատորին մէջ՝ «Գայլին հսկումը» քերթուածը (8) որ կու տայ փոխաբերական կերպով բանաստեղծին հսկումի պաշտօնը լեզուին վրայ, բացումի հրաշալի եւ վտանգուած աշխատանքովը –

Ձիւնին երեսն երկարած շուքն իր ահաւոր՝
Գայլ մը, անշարժ, գիւղին վերեւ կը հսկէ կոր…:

Նշեմ հոս արդէն իսկ որ շուքը կու գայ իբրեւ պատկեր հսկումին հետ, ինչ որ նախաշաւիղն է կարեւոր թեմայի մը, այն թեմային – եթէ անշուշտ «թեմա» մըն է – որ գլխաւորն է ներկայ բաժնին մէջ նկատի առնուած քերթուածներուն: Էականը գայլը չէ, ոչ ալ թերեւս գիւղը, որ կը ներկայացնէ շատ պարզ ձեւով ինչ որ Մալլարմէ la langue de la tribu կը կոչէր թերեւս: Էականը՝ հսկումի շուքն է, միակ բանը որ կը մնայ լեզուին մէջ, խօսքի բացումով: Շուքը՝ ոչ իսկ հետք մը): «Սէրերուն վրայ հսկել» Թէքէեանի տարազումն է առարկայացումներուն համար որոնք կը պահեն տարբերութիւն մը, որ չէ՛ սակայն խօսքի բացումի գաղտնի տարբերութիւնը – ուր ի՛մ ձայնս «անկէ» կը հնչէ, անկէ ուր չեմ, ուր էի, ուր մնացած եմ։ Գաղտնի ներկայութիւնը հոն էր, այն ներկային մէջ, «վերապրուած», ապրուած՝ առաջին անգամ ըլլալով, եւ ես այդ գաղտնի ներկայութեան մէջ էի, այլ՝ ինձմէ: Նոյնացումով, այդ տրամադրիչը կը փոխուի, եսին այլութիւնը չի յարգուիր, չի վերստեղծուիր, հեղինակը կը ցանկայ գաղտնի ներկայութիւնը ինքն իրեն համար: Կը վերածէ այլութիւնը իսկական ներկայութեան մը որ ինք, տեսարանէն դուրս, գաղտնաբար կը դիտէ: Փոփոխութիւնը այսպէս փոխադրում մըն է. հրաշքը կը փոխադրուի քաղցրօրէն բացուող սէրերուն վրայ, հրաշալի Երեխան ու Աննմանը՝ «նմանիդ» վրայ, գաղտնի ներկայութիւնը՝ գաղտնաբար դիտողին վրայ: Վերջնական լքում մը չէ ասիկա բանաստեղծական փորձին, այլ անկէ դուրս անոր անմիջական հետեւանքը:

Նշանակալիցը հոս այն է նաեւ որ «սէր»ը չի գործածուիր իր ապագայ իմաստով, իբրեւ սիրոյ անծայր շրջան: Եւ այս ալ է հաւանաբար որ պատճառը եղած է այդ քերթուածին դուրս ձգուելուն Թէքէեանի երրորդ հատորէն, որուն դիրքորոշման չի համապատասխաներ երբեք: Սէրերը որ կը բացուին գաղտնի ներկայութեան տեղ եկող «իսկական» ներկայութիւններն են: Որ տակաւին բան մը կը պահեն գաղտնիքէն, այլութեան մէջ յայտնութենէն (8 ա): Շրջումի կարելիութեան անհետացումը չէ տիրապետուած դեռ, կան մնացորդները սկսուած փորձին: Սիրոյ շրջանը կ’ենթադրէ հայրութիւնը, որ չէ վերերեւած դեռ իբրեւ եղանակաւորումին վերջին հանգրուան, որ պիտի հաստատուի սիրոյ շրջանին մէջ Շրջումի վերջնական կորուստովը միայն: Այնքան ատեն որ փորձը իր վերջնական լքումին չէ հասած, գաղտնի դիտողը, գաղտնաբար դիտել փափաքողը չի կրնար հանդիպիլ իրապէս բացուող սէրերուն որոնք կը մնան «տեսարան»ին մէջ. սիրոյ շրջանը չի կրնար գոցուիլ ինքն իր վրայ, չի կրնար կատարուիլ նաեւ կեանքին մէջ, ինչպէս պատահած է ատկէ ետքը: Պէտք է ըսել որ գաղտնիի ու բացուողի այս եղանակով է որ կ’արտայայտուի Թէքէեան 1924ին երբ կ’ըսէ. «հեռուէն ալ քու մօտդ ըլլալու, քեզ երեւան հանելու, քեզ ամբողջացնելու եւ քեզմով ամբողջանալու երջանկութիւնը»: Հսկումն է որ կու տայ հոս ոգումին հրճուանքը:

1919ին ուրեմն՝ Թէքէեան չէ հասած ապագայ «լուծում»ին, սիրոյ անծայր շրջանին, որ կը կազմէ առանցքը Սէր հատորին: Եւ կը տառապի գաղտնի դիտողի իր հոգեբանութեան մէջ: Որովհետեւ այդ փոխադրութիւնը որ կատարուած է գաղտնի ներկայութեան ինքզինքին վրայ – կը դատապարտէ «անծանօթ» մնալու: «Ես»ը, դուրս ելած ըլլալով բացուած յիշատակէն, իր գաղտնի ներկայութեամբ փոխադրուած ըլլալով հեղինակի անձին, «ինքզինք»ին վրայ, տղաքը որ կու գան անոր տեղը իբրեւ իսկական ներկայութիւններ, սահմանումով կը մնան անհասանելի: Այս ձեւով է որ Թէքէեան կը գրէ այդ անհասանելիութիւնը.

…ոչ իսկ հնա՞ր
Պիտի ըլլայ քու շուքիդ հոս պատահիլ շուքիս քով…:

«Սեփական» մանկութեան, հրաշալի Երեխային է որ կ՚ուղղուի Թէքէեան, զորս որոշած է – եթէ կարելի է որոշումի մը մասին խօսիլ – չապրիլ վերստին, բայց զորս պիտի ուզէր գտնել, տեսնել օտար տղոց քով, անոնց վրայ երկարած, անոնց մէջ բնակող, անոնցմէ հեռաձգուած։

Բայց ի՞նչ կ՚ըսէ շուքը հոս։

* * *

Նոյն livraisonինԲարձրավանքի մէջ – առաջին քերթուածն է ուրեմն Ես այս գիշեր . . . ը, զոր կու տամ ամբողջութեամբ.

Ես այս գիշեր կը ծախեմ յիշատակներս ամէն…
Կէս գիշերի լուսնին տակ կ’ուզե՞ս որ մենք սակարկենք.
Ի՞նչպէս. չունի՞ս դուն ինծի բան մը տալիք փոխարէն.
Բայց միայն շուքդ, տղա՛ս, հասակիդ շուքը աննենգ . . . :

Սուրբ քաղաքին անհամար խորաններուն վրայ կ’երդնում
Ահա քեզի՝ որ կուտամ յօժարակամ զանոնք ես.
Ա՛ռ, տա՛ր ամբողջը, ամբողջ իմ գիտութիւնս տրտում,
Անցեալս անվերջ կրելէ զիս ազատէ՜ վերջապէս,

Եւ տուր ստուե՜րդ ինծի . . . : Անապատին մէջ երբոր
Քալեմ երթամ առանձին՝ կոյս հոգիով ու մտքով,
Ընկերանա՜յ թող ինծի օրօրուն շուքդ աղուոր՝

Իբրեւ ինձմէ իսկ ծնած, իբրեւ հոգի մ’հոգւոյս քով,
Իբրեւ իմ իսկ պաշտամունքս հողին վրայ երկարած,
Հողէն ելած ու հողին տուող համբոյր մ’երկիւղած . . . :

                                                                        1914 Երուսաղէմ (9)

Հոս՝ իր «մանկութեան» չէ որ կ’ուղղուի Թէքէեան բացայայտ կերպով, այլ տղու մը – «տղա՛ս»: Առաջարկուած փոխանակումը – իմ կողմէս՝ «յիշատակներս», քու կողմէդ՝ շուքդ: Նոյն խնդրականութիւնն է այստեղ, ինչպէս նախորդ քերթուածին մէջ. շուքը շուքի տուչութիւնը պիտի ազատէ անցեալէն, անցեալի բեռէն, ուրեմն՝ անցեալը բանալու պարտականութենէն, բացումը անդադար կրկնելու ստիպողութենէն: «Անցեալ» եւ «յիշատակ» պէտք է միշտ մտածել տան Թէքէեանի պարագային՝ բացումի հազուադէպ պահերուն եւ անդադրում ճգնումին: Այդ ճգնումն է ուրեմն զոր Թէքէեան 1914ին կ’ուզէ արդէն թոթուել իր ուսերէն, եւ լքումի այդ արարքին համար, անոր փոխարէն՝ կը սպասէ տղու մը «շուք»ին, կը պահանջէ շուքը որ պիտի փրկէր զինք: Ինչ որ պիտի փոխարինէր ըստ երեւոյթին բացումի անհրաժեշտութիւնը՝ այդ շուքն է, որ տղունն է, որ մանկութեանն է, հրաշալի Երեխայի մանկութեանը, որ Հսկողինն է նաեւ – այն շուքը որ հսկումին հետեւանքով կ’երկարի դէպի գիւղը, դէպի խօսուող լեզուն, դէպի լեզուական առօրեան: Այդ շուքն է, նոյնացման օրինակովը – երբ իսկական ներկայութիւնները կու գան գաղտնի ներկայութեան տեղը գրաւելու – որուն անկարելի պիտի ըլլայ հանդիպիլ օտար տղոց քով: Ընդունուած ըլլալով որ այդ իրենց «օտարութիւն»ն իսկ կը բացատրուի մանկութեան ձգած շուքին հետ հանդիպման անկարելիութենէն: Շուքը՝ բացումի աշխատանքի փոխարէն: Շուքը այդ նոյն աշխատանքին փնտռածն ու ստեղծածը կրնայ միայն ըլլալ ուրեմն, բայց հակառակ կողմէն դիտուած, Դարձի շարժումին մէջ:

Զարմանալի չէ այն ատեն որ շուքը սպասուի կա՛մ անցեալէն, մանկութենէն, կա՛մ ալ տղոցմէ: Հայրութեան ծնունդը Դարձի զուտ շարժումն է բացումին մէջ, որ շատ ուշ միայն զգալի կ’ըլլայ, կամ զգալի եղած է Թէքէեանին, իր գործին մէջ – եւ կը զգացնէ ինքզինք բացայայտ կերպով իր կորուստէն միայն: Իր փորձին օրէնքին համաձայն, Թէքէեան տղոց վրայ է որ կը տեսնէ բացուած անցեալը, բացուող սէրերը, եւ անոնց վրայ ուրեմն կը փնտռէ Դարձին շուքը: Յետոյ միայն պիտի հասկնայ այդ շուքը իբրեւ մանկութեան պատկանող, իբրեւ բացումին մէջ՝ զուտ վերադարձի շարժումին հեռաձգումը: Ոչ միայն զարմանալի չէ ուրեմն շուքին մանկութենէն – բացուած մանկութենէն – սպասուիլը, այլ հիանալի է, իրապէս հիանալի՝ տեսնել որ Դարձը կը գրուի շուքի պատկերովը, շուքը որ շրջուած կրկնակն է մանկութեան մարմնին, բացուած անցեալին մէջ: Քիչ բան չէ այն ատեն որ կը պահանջէ Թէքէեան. կը պահանջէ հայրութեան արեւային իրականացումը:

Եւ երբ բանաստեղծը կը խնդրէ տղայէ մը իր շուքը, կը բնորոշէ զայն «իբրեւ ինձմէ իսկ ծնած թեթեւ հոգի . . . », իր քովը մնացող միշտ, բայց բաժնուած իրմէ: Բայց ո՞վ է իրականութեան մէջ որ «ես» կ’ըսէ հոս, ո՞վ է որ իր «յիշատակներ»ը կ’ուզէ ծախել շուքի մը փոխարէն: Այն մէկը որ գիտէ շրջումը եւ շրջումի վաղադէպ անհետացումը, երկու շուքերը իրարմէ ընդմիշտ բաժնող: Շրջուած կրկնակը, իրմէ ծնած, իրմէ սերող, որ է՛ ինք, եւ չէ՛ միաժամանակ, կը բնութագրուի նաեւ իբրեւ «իմ իսկ պաշտամունքս» հողին վրայ երկարած, այսինքն՝ այն իսկ բացումը որուն մէջ «իմ» անցեալս եկած է ինքն իրեն, բայց շրջուած, երկարած գետին շուքի ձեւով, իբրեւ պաշտամունք, ի՛մ պաշտամունքս, եւ անունիս պաշտամունքը (ինձմէ՛ քանի որ իմ խօսքերս են, եւ ինծի՛ քանի որ կ’ուղղուի «իմ» անունիս): Որդին (ուրեմն՝ հայրութիւնը) կը ծնի արեւային Դարձին մէջ: – Հիանալին այն խիստ ճշգրտութիւնն է որով բանաստեղծութեան մէջ եւ բանաստեղծութեամբ միայն իմաստ մը ունեցող փորձառութիւն մը կը գրուի ու կը տրուի այս ձեւով: Խիստ ճշգրտութիւն մը որ փորձառութեան կը պատկանի անշուշտ եւ ոչ՝ Թէքէեանին: Ինչ որ շատ յստակ է երբ խնդրոյ առարկայ են փորձառութեան արդիւնքները: Հոս օրինակ՝ «յիշատակներէն» ձերբազատուիլը կը նշանակէ լքում մը՝ բացումի փորձին արդէն իսկ, եւ փափաքը՝ տղոց հանդիպելու որոնք մարմնացնէին մանկութեան նմանը: Շատ տրամաբանական է ուրեմն որ շուքը – ամենէն դժուար ըմբռնելին, ամենէն թաքունը այս փորձառութեան – երեւի նախ՝ իբրեւ տղու մը շուքը, եւ յետոյ միայն, քանի մը տարի ետք՝ իբրեւ «մանկութեան»ը, այսինքն՝ ըստ էութեան՝ իբրեւ շրջուած կրկնակը խօսքի բացումին մէջ ինքզինքին հասնողին, անոր մէջ երեւցողին, հրաշալի Երեխային:

Իբրեւ ինձմէ իսկ ծնած . . . : Շուքը կը ներկայացնէ Որդին Երեխային մէջ, Որդին զոր պաշտամունքը կ’ենթադրէ: Շուքն է զոր կը հեռաձգէ Երեխան ինքն իր մէջ, պաշտումի արեւային Դարձէն: Ամբողջ երեւութաբանութիւն մը ունինք հոս որուն գիծերուն դժուար է հետեւիլ որովհետեւ չեն պատկանիր անոնք կեանքին, որովհետեւ իմաստ մը ունին եթէ յիշենք որ անոնց լուսաբերումը կը յայտնաբերէ նաեւ խօսքի փոխանակման պայմանները, զորս ժառանգած է Թէքէեան, եւ որոնց խուզարկումը անշուշտ անկախ չի կրնար ըլլալ բանաստեղծութենէն, իբրեւ տրամադրիչ: «Որդի»ն օրինակ իմաստ մը ունի այն աշխարհին մէջ որ «մեր»ն է, բայց տարբաղադրուած, վերլուծուած, բերուած իր էութեան, կամ աւելի ճիշդ՝ իր երեւման հիմերուն: Իմաստ մը ունի այն աշխատանքին մէջ որ կը պեղէ, գիտակցօրէն կամ ոչ, այդ հիմերը, որ կ’ենթարկուի ծայրագոյն հետեւանքներուն:

Երեւութաբանութիւն բառը դիտմամբ գործածեցի հոս: Ինչ որ այս փորձառութեան մէջ կ’երեւի պիտի չերեւէր երբեք առանց խուզարկումի մասնայատուկ պայմաններու տրամադրումին: Ասկէ զատ՝ Թէքէեան անհատը տէրը չէ այն ներքին հոլովոյթին որ կը ղեկավարէ իր փորձառութիւնը: Մօտէն կարդալով սակայն ասոր արձանագրութիւնը՝ անշեղ, ճշգրիտ, խիստ ու անհրաժեշտ ընթացք մը կը յայտնուի, կարծէք ներքին պատահարները ագուցուած ըլլային անգիտակիցի մը օրէնքներուն համաձայն: «Անգիտակից»ը սակայն մտածել կու տայ գոյականացած իրականութեան մը, եւ ատկէ դուրս՝ երկդիմութիւն մը կը ստեղծէ «անհատական»ի եւ «հաւաքական»ի միջեւ: Այդպիսի երկդիմութիւն գոյութիւն չունեցաւ այն երեւութաբանութեան մէջ որուն յատակագիծերուն փորձեցինք հետեւիլ ներկայ էջերուն երկայնքին: Տարբեր հոգեբանութիւն մըն է, տարբեր փորձառութիւն մըն է որ կ’երեւին այս ձեւով: Որոնք չեն համապատասխաներ նաեւ գրաքննադատութեան մէջ «թեմաթիք» ըսուած մօտեցումին, եթէ վերջին հաշուով՝ այդ մօտեցումը պիտի յղէ հեղինակի մը ցնորական աշխարհին ներքին կառոյցին: Վերջին քսան տարիներու ընթացքին՝ Ֆրանսայի մէջ թեմաթիք քննադատութիւնը, նոյնիսկ երբ շատ լաւ գիտէր վերլուծել բանաստեղծութեան աշխատանքը լեզուին մէջ, իբրեւ միակը որով իրերը կու գան իրենց էութեան, կը հնչուին առանց որ այդ հնչողութիւնը վերածուի անմիջականօրէն իմաստի մը արտայայտութեան, պատգամի մը փոխանակման – նոյնիսկ ուրեմն այդ պարագային՝ անձնական երեւութաբանութեան մը կը վերադարձնէ յաճախ (10), անձնական «զգայնութեան մը ու երեւակայութեան մը»:

Թէքէեանի գործին կարելի էր հաւանաբար այդ ձեւով մօտենալ, ինչպէս զանազան ուրիշ ձեւերով ալ: Բայց մեր ընթերցումը գտաւ անոր մէջ մէկ գլխաւոր իրագործում մը, ճշգրիտ ու խիստ յայտնաբերումը այն արդիւնքներուն որոնք երեւան կու գան բանաստեղծական տրամադրիչին ամբողջական նուիրումէն միայն: Եւ այնպէս՝ ինչպէս հոգեվերլուծումը անփոխարինելի է իբրեւ կիրառում, եւ վերիվայրող է խօսքի սովորական օրինավիճակին նկատմամբ, նոյնպէս ալ բանաստեղծութիւնը – եթէ հետեւինք մեր նախորդ վերլուծումներուն, որոնք բացայայտում մըն են միայն Թէքէեանի փորձին – խօսքի փոխանակման սովորական պայմաններուն նկատմամբ է որ ունի իմաստ մը: Չ’ըսեր անշուշտ ան անոնց վերջնական ճշմարտութիւնը, նախ եւ առաջ՝ որովհետեւ այս վերջինը պատմական միայն կրնայ ըլլալ: Կը փորձէ զանոնք, կը բանայ զանոնք իրենց խորքին, իրենց չմտածածին, այն մասնայատուկ երեւոյթներուն որոնք կը կազմեն, բանաստեղծական խուզարկումի «միջոց»ներուն համաձայն, իսկութիւնը լեզուական, հոգեբանական, ընդհանուր առմամբ՝ մշակութային իրողութիւններուն:

Շուքը տարր մըն է այդպիսի երեւութաբանութեան մը: Ոչ թէ բերուելով անհատական երեւակայութեան համակարգի մը, այլ կարդացուելով իր «փոխաբերութեան» անհրաժեշտութեամբ, որ կը վերաբերի փորձառութեան մը, այս անգամ որեւէ կապ չունեցող զգայնութեան մը կամ երեւակայութեան մը հետ, որ կը վերագտնէ – առանց իսկ ուզելու ինչ որ կ’ընէ – խորհրդանշական յենքը Ուրիշին, խօսքի փոխանակման կարելիութիւնները, յենք մը որ ցոյց կու տայ նաեւ համեմատութիւններ՝ հաստատութիւններու մէջ խորհրդանշականացումի համակարգներու հետ, ինչպէս՝ կրօնականը: Շուքը այսպէս կը ներկայացնէ, ըսինք, Որդին Երեխային մէջ (Որդին որ իր կարգին շրջուած կրկնակն է այն գաղտնի ներկայութեան որ հրաշքի մը պէս կը կանգնի, կը զգացուի ու կ’անգայտանայ «բացուած» անցեալին մէջ): Շուքը կ’արձանագրէ գետնին վրայ Դարձի շարժումը որ առանց անոր անտեսանելի պիտի մնար. կը նշէ դարձի հանգամանքը անունի պաշտումին, կը նշէ Շրջումին մէջ կազմուած լուսաւոր հորիզոնը որմէ կը դառնայ խօսքը իբրեւ պաշտում: Անգամ մը եւս՝ այս զարմանալի մեկնութիւնը ես չեմ հնարեր. Թէքէեանն է, Թէքէեանի թէքսթը, որ կ’ըսէ շուքին մասին՝ «իմ իսկ պաշտամունքս», ուր վերջապէս պէտք է հասկնալ «իմ»ը եւ «ինձմէ»ն – ինձմէ իսկ ծնած – «ես»է մը որ կը բնակի նոյնքան Շրջումի հորիզոնին վրայ որքան իր խօսքերուն սոսկական մեկնակէտին վրայ: Որդին ո՛չ յղացք մըն է, ո՛չ ալ «իրականութիւն» մը, շօշափելի, առարկայական: Դարձի շարժումը, անունի պաշտումը, բացումի կրկնաւորումը եւ շրջումը թեմաներ չեն, որոնք պատկանէին հեղինակի մը ընդհանուր զգայնութեան, որոնց երանգները կարելի ըլլար գումարել կազմելու համար անոնց ցրուած ամբողջութիւնը: Կ’ուզեմ քիչ մը եւս շեշտել այս կէտը որովհետեւ տարբերութիւնը դժուար ըմբռնելի է թերեւս, եւ – կարեւոր: Ճիշդ է որ թեմաներ կ’անցնին այս գործին – կեանքին մէջ որ եղաւ Թէքէեանինը: Ճիշդ է նաեւ որ մասամբ՝ թեմաթիք զգայնութիւնը կրնայ մղած ըլլալ մեր ընթերցումը, հետեւելու համար օրինակ՝ «շուք»ի պատահմունքներուն Թէքէեանի քերթողութեան մէջ, ինչպէս նաեւ՝ մանկութեան, բացումի, տղաներու, սիրոյ: Յատուկ փորձառութիւն մը կայ սակայն հոս որ անյղանալի պիտի ըլլար եթէ չկատարուէր խօսքին մուտքը բանաստեղծական տրամադրիչին մէջ, իր օրէնքներովը, իր պաշտօնովը, իր գործարկումովը, իր արդիւնքներովը, որոնք կը փոխեն խօսքի փոխանակման պայմանները, որոնք կը խորաչափեն այդ պայմանները, եւ ա՛յդ իսկ է էականը: Բացայայտուած երեւոյթները հեղինակին չէ որ կը վերաբերին. հեղինակն ալ, իբրեւ այդ, տարր մըն է ի վերջոյ տրամադրիչին, կը տրամադրէ ինքզինք անոր: Ո՛չ Որդին, ո՛չ շուքը, ո՛չ դարձը, ո՛չ ալ մանաւանդ շրջումը երազանքներ են, որոնք վերագրելի ըլլային հեղինակին, անոր երեւակայութեան: Մեր յղացականացումի փորձն ալ այս հաւատքին հետեւանքն էր, եւ իմաստ չունի անկէ դուրս:

* * *

Իր ժամանակագրական զարգացումովը, իր ենթայղացական կարելիութիւններովը, այս երեւութաբանութիւնը կը յայտնաբերէ ձեւով մը «ծագում»ը կրօնքին: Քանի մը նկատողութիւնները զորս կ’ուզեմ ընել այս մասին հիմնուած են մինչեւ հիմա ըսուածներուն վրայ: Թէքէեանի բուն կրօնական քերթուածները որոնցմէ մէկ – երկու օրինակ աչքի տակ պիտի առնենք քիչ յետոյ շատ բան չեն աւելցներ ասոնց: Կ’ուզեմ, եւ հասկնալի է այս փափաքը, համեստութեան յայտարարութեամբ մը սկսիլ: Ինչ որ կը հետաքրքրէ զիս այս տողերուն մէջ՝ իմաստն է որ պէտք է տալ հոս «երեւութաբանութեան» զոր փորձեցինք զարգացնել: Արեւմտեան կրօնքներուն մէջ՝ Հայրը, Որդին, Մահը, Յարութիւնը, Անունի պաշտամունքը գոցյղացքներ են, որոնք կը դառնան բանական անդրադարձներու առարկաներ, կամ որոնք կը տրուին հաւատացեալներուն իբրեւ – վերստին – առարկաներ հաւատքի, այնպէս՝ ինչպէս թէ հասանելի ըլլային անոնք անմիջական ըմբռնողութեան մը, ներհայեցողութեան մը: Կամ ալ որոնք կը բացատրուին պատմական իրենց ժառանգութեամբ, նախորդող կրօնքներու կապակցութեամբ, զոհագործումի կամ հին միթաբանութիւններու յղումով: Տարբեր մօտեցում մըն ալ կրօնքները կը մեկնաբանէ իբրեւ ինքնազսպումի, ինքնամխիթարութեան միջոցներ: Այս մօտեցումներուն, բացատրութիւններուն ո՛չ մէկը սակայն, ո՛չ բանական անդրադարձը, ո՛չ ներհայեցողական տուչութիւնը (որոնք երկուքն ալ կը մնան խօսքի սովորական, ոչ-բացուած պայմաններուն), ո՛չ ալ պատմական կամ քննական – քաղաքական մօտեցումները, որոնք կու տան թէեւ ճիշդ եւ շահագրգռական տեղեկութիւններ – կը մօտենայ բուն հարցին, երեւոյթներու ծագումին եւ անոնց էութեան:

Առանց ուզելու անշուշտ փիլիսոփայական խրթնութիւններու մէջ մտնել, ներկայացումս կը դնէ զիս այստեղ ստիպողութեանը առջեւ վերջապէս՝ նշելու որ երկիմաստ է «երեւոյթ» բառը, քանի որ սովորաբար կը յղէ իր էութիւնը իր մէջ չունեցողին, «բացում»էն առաջ գործող իմացականութեան մը, ըմբռնողութեան մը կամ ներհայեցողութեան մը ենթարկուածին: Երեւոյթը սակայն ա՛յն է նաեւ որ կ’երեւի, որ կը ներկայանայ ինքն իրմով, փորձառութեան մը մէջ, այն է որ երեւան կու գայ բացումի որոշ աշխատանքով մը, առանց սկիզբէն «տրուած» ըլլալու: «Ինքն իրմով» երեւիլը կը նշանակէ որ երկրորդական, երրորդական հետեւանքներու հետ չէ որ գործ ունինք, այլ բանի մը հետ որ անշրջանցելի հորիզոնն է, եւ իսկութիւնը՝ սովորական իմաստով երեւոյթներուն: Փորձառութիւնը որուն մէջ, կամ՝ որուն մէջէն կը կատարուի երեւումը անմիջական փորձառութիւն մը չէ, ընդհակառակը՝ ամենէն արուեստականը կրնայ թուիլ օրինակ՝ այդ տրամադրիչը որուն մէջ կը մտնէ «անձ» մը, ամբողջովին ենթարկուելով անոր, խօսելով անոր ընծայած պայմաններուն մէջ, եւ տրամադրելով ամբողջ «հոգեկանութիւնը» ու միաժամանակ անշուշտ՝ «մարմինը»: Եթէ չըլլար սկզբնական այդ տրամադրումը, ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլար կասկածիլ Որդիի իսկական բնոյթին մասին բան մը, քանի որ ան հասկնալի է «գաղտնի ներկայութենէն» միայն մեկնելով, որ խօսքի բացումին գլխաւոր արդիւնքներէն մէկն է: Կրօնական յղացքի մը իսկութիւնը կազմող երեւոյթ մըն է որ ունինք ձեռքի տակ – եթէ կարելի է ըսել – բացումին մէջ, բացումէն ետք յայտնուող «Որդի»ով: Այս իսկութիւնը տրուած է իսկական փորձառութեան մը, թէեւ եզակի:

Սէր հատորին մէջ կան «կրօնական» քերթուածներ որոնց թեմաները, որոնց մթնոլորտը շատ մօտ են մինչեւ հոս մեր ընթերցումին մէջ երեւցածին: Այս քերթուածները (11) որոնք գրուած են 1925ին, բացի մէկ հատէն, Գալիլիական որ 1918ի թուականը կը կրէ, տարբեր երանգ մը կը թուին բերել սիրոյ գաղափարին, բայց այդ երանգը ըստ իս պիտի խուսափէր մեզմէ եթէ չկարդայինք զայն նախորդ էջերուն մէջ տրուած նշումներուն համաձայն: Պիտի չընենք արդէն երկար վերլուծումներ, պարզապէս որովհետեւ այս քերթուածներուն մէջ՝ կան յատկանշական կէտեր որոնք կ’երկարաձգեն կամ կը ստուգեն մեր ուսումնասիրութեան մէջ բացայայտուած երեւոյթները, բայց չկա՛յ արժէքաւոր գործ մը որ նոր լոյս մը սփռէր բանաստեղծական փորձին վրայ, պեղելով օրինակ անոր «կրօնական» ենթահողը: Թէքէեան հոս կը գործածէ քրիստոնէական թեմականութիւն մը, բայց չ’ըներ էականը՝ բանալ քրիստոնէական յղացականութիւնը իր երեւութաբանական ծագումին, վերադարձնելով զայն իր հիմնաւոր երեւոյթներուն, բան մը որ ըրած էր իր բանաստեղծի աշխատանքովը, դիմագրաւելով Շրջումի վաղադէպ շիջումը: Քրիստոնէական թեմականութեան գործածութիւնը կը նշէ Թէքէեանի գործին մէջ վերջին հանգրուանը, եւ այդ իր հանգամանքովն է որ կը հետաքրքրէ մեզ այս տողերուն մէջ: Վերջին հանգրուանը կը բնորոշուի բանաստեղծութեան լքումով, որ ընդունուած ու ստանձնուած էր արդէն իսկ 1914ին՝ «յիշատակ»ներու ու շուքի զարմանալի հաւասարումով եւ փոխարինմամբ, եւ 1919ին՝ ուր հրաժարումը կը գրուէր անցեալի բացումի աշխատանքին եւ դիտումը՝ գաղտնի դիտողի դիրքը որդեգրելու: Հասկնալու համար ուրեմն քրիստոնէական թեմականութեան գործածութիւնը, պէտք է վերադառնալ անգամ մը եւս վերջնական լուծումը նախորդող այդ հանգրուաններուն, եւ գիտնալ թէ ի՞նչ է լուծումին բնոյթը որ կը յատկանշուի սիրոյ անծայր շրջանով: Գիտնալ ճշգրտօրէն թէ ի՞նչ է սէրերուն վրայ հսկողի եւ գոյականացած հօր մէկտեղումիններքին անհրաժեշտութիւնը:

«1914»ի հանգրուանին («Ես այս գիշեր . . . ») փորձառութիւնը ընող գիտակցութեան համար՝ շուքը տակաւին «մանկութեան» շուքը չէ, չէ հասած իր «էութեան»: Չբացայայտուած կերպով՝ նոյնացումը կը գործէ, քանի որ կը մերժուի բացումի աշխատանքը, գաղտնի ներկայութեան տեղ կու գան տղաները եւ ցանկացուած շուքը կը ներկայանայ իբրեւ տղու մը շուքը: «1919»ի հանգրուանին («Ով երազուն մանկութիւն . . .»), նոյնացումը բացայայտուած է իբրեւ այդ, հանուած է իր գուղձէն, դրուած է իբր առաջադրանք, եւ դարձած՝ սպասումի առարկայ մը: Փորձարկող գիտակցութիւնը գիտէ նաեւ շուքը այս անգամ՝ իբր բացուած անցեալէն, «մանկութենէն» սերող, եւ հասկնալի է որ չգտնէ զայն իրական ներկայութիւններուն մէջ, տղաներուն մէջ որոնք ոչինչ ունին «Որդի»էն: Շուքը հասած է իր էութեան բայց անոր հանդիպումի ըստ էութեան անկարելիութիւնը երեւցած է միեւնոյն ատեն: Գիտակցութեան եղանակաւորում մը կայ հոս որ փորձառական հիմը կը կազմէ երեւոյթներու տուչութեան: Շուքին հանդիպիլը անկարելի է շրջումի սկզբնական տեղատուութեանը պատճառով: Ինչպէ՞ս այն ատեն շրջանցել անկարելիութիւնը, ինչպէ՞ս գտնել անգտանելին՝ «Որդիութիւնը», ինչպէ՞ս հանդիպիլ Անոր նմանին որ Աննմանն է, երբ շրջումի շիջումը, երբ կորուստը, մոլորանքը, մութը համարկելի չեն այլեւս գործին ու փորձին մէջ: Ինչպէ՞ս: Բայց շարունակելով եւ վերջնական դարձնելով փորձին լքումը որ կը սկսի «ո՛չ այլեւս զքեզ ապրիլ վերստին»ով: Լքուածը ունի անպայման իր տեղակալը, «անգիտակից»ին օրէնքն է ատիկա: Առաջին լքումը (Թէքէեանի անձէն ու կամքէն ամբողջովին անկախ անշուշտ) կը հաստատուէր գաղտնի ներկայութեան փոխադրութեամբ մը՝ տեսարանէն դուրս (որ այդ ձեւով միայն կը դառնայ տեսարան): Վերջնական լքումը կը հաստատուի վերջնական լուծումին ընդմէջէն. շփոթել մէկը միւսին հետ հսկողը եւ ծնողը, հայրը: Ինչ որ շփոթութիւն մըն ալ չէ, այլ տրամաբանական հետեւանքը առաջին քայլին – «որոշում»ը քաղցրօրէն բացուող սէրերուն վրայ հսկելու – եւ շուքի բնոյթին – որ Դարձէն հեռաձգուած Որդիութեան շուքն է հրաշալի Երեխային մէջ: Վերջնական լուծումը կը քողարկէ եւ կը քողայայտնէ նախորդող հանգրուանները. ենթական ենթարկուած է միայն անոր անհրաժեշտութեան: Այդ լուծումով՝ եսը, հսկողի դիրքին վրայ, կրնայ սիրել ինքզինք սիրելով տղաները, գտնելով տղոց մէջ «իր» հայրութիւնը: Հայրական սիրոյ «ինձմէ ինձ» անծայր շրջանն է: Լքումի լուծումին եւ շուքի տրամաբանութեան համաձայն՝ գոյականացած հայրը եւ սէրերուն վրայ հսկողը նոյնն են սիրոյ շրջանին մէջ:

(Այս նոր նկարագրութիւնը աւելի յստակ դարձուց սիրոյ շրջանի «իմաստը»: Յարակարծաբար՝ «ժամանակագրական» հանգամանք մը ունեցող այս եղանակաւորումն է որ կը նշէ կարեւորութիւնը խօսքի բացումի փորձառութեան եւ կարելի կը դարձնէ առաջարկուած երեւութաբանութեան իրագործումը: Կա՛յ պատռուածք մը, անկարողութիւն մը, ամբողջական լքում մը զորս չենք գիտեր բացատրել, որոնց դանդաղ երեւման ու տիրակայութեան կրնանք միայն հետեւիլ մեզի տրուած միջոցներով: Ոգեւորիչը – ահաւորը – այն է որ «հայրութիւն»ը, շուքը, Որդիութիւնը պիտի խուսափէին մեզմէ եթէ այդ լքումը, այդ ձախողանքը, այդ վիժումը տեղ մը չսկսէին զգալի դարձնել իրենց պարտաւորութիւնը: Ատկէ կը սկսի խուզարկումը խօսքի փոխանակման պայմաններուն):

Էականը ուրեմն «ես»ին հանգամանքը չէ այդ լուծումին մէջ. «ես»ին դիրքը ի վերջոյ փոփոխական է: Էականը մէկտեղումն է որ կը կազմէ լուծումը, վերջին ժամանակաշրջանին: Երբ «ես»ն է որ կը գրաւէ հսկողի – ծնողի դիրքը, սիրոյ անծայր շրջանը կ’անցնի ինձմէ դէպի ինձ: Հակառակ պարագային՝ սիրոյ շրջանը կ’անցնի «Քեզմէ Քեզ», առնելով իր մէջ մոլորած մեղաւորը (12), որ կը գտնուի Աստծոյ առջեւ «օտար տղոց» դիրքին վրայ: Օտար տղաքն ալ պիտի փրկուէին իրենց օտարութենէն եթէ կարենային բնակիլ Շրջումին մէջ, իբր պաշտողները Անունին, կամ – քանի որ ատիկա այլեւս անկարելի է – եթէ բռնուէին իրենք ալ եւ վերացուէին սիրոյ շրջանին մէջ (13): Անունը այդ պարագային սիրոյ շրջանի գոյականացած հօր անունն է որ կը լեցնէ անդունդը օտարութեան, շրջումի շիջումին ու հեռացումին պատճառով չհամարկուած օտարութեան որ «վիհ» մըն է նորէն, բայց վիհ մը որմէ այս անգամ «վեր նետուիլ»ը անհնար է, բացի եթէ անցնի մոլորած տղան «Քեզմէ Քեզ», սիրոյ շրջանէն.

Բայց այդ վիհին մէջ ի՛նչպէս կու գայ իյնալ մերթ անունդ
Ու մինչեւ Քեզ կը լենայ, կը բարձրանա՛յ վիհն ամբողջ.
Ա՛հ, Քեզմէ Քեզ կոտրտելո՛վ կ’երթան ծունկերս դողդոջ…: (14)

Շրջանին սկզբնակէտը եւ նպատակակէտը «ես» չեմ այստեղ անշուշտ, այլ Աստուած: Բայց վերջնական լուծումը կը մնայ նոյնը՝ մէկտեղումը Հսկողին եւ գոյականացած Հօր. այն քերթուածին մէջ ուր Թէքէեան կ’ուղղուի Աստծոյ, հաստատելով «տղու» իր դիրքը, յոյսովը

Թէ լքուած չե՛մ վերջնապէս, թէ սէրըդ զիս կը հոգա՛յ . . . , (15) հայրական սէրդ որուն շրջանին մէջ կ’ուզէի գտնուիլ ես ալ, ըլլալով Քու մէջդ Քու տղադ ու Քու զաւակդ

(Հայր իմ, հնա՞ր է միթէ, կը հարցնեմ անձկագին,
Որ այնպէս հետըս վարուիս՝ ինչպէս տըղուն հետ անմեղ . . . ) (16), կ’ուղղուի Իրեն հետեւեալ բառերով.

                                                      … ո՛վ Ծնող

Արեւներուն բիւրաւոր եւ ո՛վ Հսկող խորատես . . . : (17)

Այնպէս որ «քրիստոնէական» լուծումն ալ միասեռականութեան հաստատման հետ զուգահեռաբար կ’ընթանայ: Երկուքն ալ կը համապատասխանեն հսկողի եւ ծնողի մէկտեղումին ուր նո՛յնը կը հսկէ բացուող սէրերուն վրայ եւ կը բնակի իր հայրութեան մէջ: Երկու պարագաներուն՝ լուծումը չի տարբերիր, ենթակային դիրքը միայն կը տարբերի: Սիրոյ անծայր շրջանը կը լուծէ, կը կերպափոխէ ու կը խոտորէ շուքին հանդիպելու անկարելիութիւնը եւ շրջումին անհետացումը: Ախտանիշի մը իրաւախոհական բնոյթն ունի. կը քողարկէ եւ կը յայտնաբերէ միեւնոյն ատեն Որդիին շուքը աստուածային Երեխային մէջ, շուքը որ կ’ըլլայ միայն շրջումին մէջ Դարձի շարժումով, այն շարժումովը որ պիտի վերստեղծէր լեզուին մէջ անունի պաշտումը, լեզուն իբրեւ անունի պաշտում: – Կան ուրեմն բանաստեղծին համար, եւ հաւանաբար կանուխէն՝ երկու փոխադարձ ճամբաներ, որոնք երկուքն ալ կը յանգին Սիրոյ, որոնք կը հասնին վերջնական փոխարինումին՝ սիրոյ Շրջանը Շրջումին տեղ: Աստուածութեան մէջ գոյականացած Հօր սէրը եւ զաւկի համար զգացուած սէրը, «զաւկի համար որ մէջս էր», նոյն սէրն են խորքին մէջ, ճիշդ նոյնը. միակ տարբերութիւնը այն է որ առաջին պարագային՝ ենթական տղաներէն մէկն է, սպասող ու աղերսող Հօր սէրը, եւ երկրորդ պարագային՝ ենթական իսկ է հսկող – ծնողը: Անոնց երեւման ժամանակագրական զուգադիպութիւնն ալ պատահական ըլլալու չէ այն ատեն: «Քրիստոնէական» քերթուածները գրուած էին 1925ին, բացի Գալիլիականէն: Այս վերջինը նկատի չառինք տակաւին. ունի տարբեր հանգամանք մը: Կու տամ զայն գրեթէ ամբողջութեամբ.

Գալիլիական այս հրաշող աստղերուն
Ներքեւ հոգիս կը սարսռայ այս գիշեր…
Հո՛ս էր ուրեմն որ շրջեցաւ Սէրն անհուն,
Երկիրն ամբողջ, երկի՛նքն անգամ դիւթող Սէր…:

* * * *

Լեռնե՜րն ահա ու ճամբանե՜րն՝ որոնց վրայ
Դուն այսպիսի լուռ գիշերներ խօսեցա՜ր,
Ու ձայնըդ դե՜ռ կը թրթըռայ ու կ’երթայ . . . :

Որդի՛ Մարդոյ, այս այն երկինքն է պայծառ՝
Որ քեզ տեսաւ, լըսեց, սիրե՛ց Քեզ տակաւ.
Ու բացուելով Քեզ իր ծոցի՛ն մէջ առաւ . . . : (18)

Երուսաղեմ, 1918

Այնպէս կը թուի ինծի թէ՝ այն ճամբուն վրայ որ կը տանի աստուածային սիրոյ, Գալիլիականը կը գրաւէ այն տեղը զոր կը գրաւէր 1919ի Երազուն Մանկութիւնը զաւկի սիրոյ իրագործման ճամբուն վրայ: Որովհետեւ սիրոյ շրջանակը չէ գոցուած այդտեղ տակաւին ինքն իր վրայ, անհուն հաւասարակշռութեան պահ մըն է, անհունապէս վտանգուած, ուր Դիտողը, Հսկողը տակաւին գոյականացած Հայրը չէ, ուր «երկինք»ը կը տեսնէ Որդին Մարդոյ ինչպէս գաղտնաբար դիտողը կը տեսնէր քաղցրօրէն բացուող սէրերը եւ կը հրճուէր ատկէ: Արդէն՝ Յիսուսը սէրն է, եւ եթէ չեմ սխալիր՝ «սէր»ը այն իմաստը ունի հոս որ իրն էր 1919ի քերթուածին մէջ ուր «սէրերը» կը նշեն հրաշալի Երեխային տեղը գրաւող, անոր մոյնքը պտտցնող իրական ներկայութիւնը տղոց: Հոս՝ տեղը գրաւելու ալ հարց մը չկայ, քանի որ Սէրը կը բերէ իր հետ – հրաշքով, առաջին եւ վերջին անգամ ըլլալով – հրաշալի Երեխան իրական ներկայութեան մէջ, առանց առարկայացումի, գաղտնի ներկայութեան փոխադրումի այն բարդ եղանակաւորումին զոր փորձեցինք նկարագրել նախորդ էջերուն մէջ: Ասկէ հաւանաբար՝ ոգեւորումը Թէքէեանի. հոս՝ բացումի աշխատանքն իսկ կը զանցառուի, կամ կատարուած է արդէն իսկ, կատարեալ: Բացումը կա՛յ, պարզապէս կա՛յ, իր անմիջական հետեւանքովը, փառքովը՝ աստուածային Երեխային, որ անշուշտ միեւնոյն ատեն, եւ նոյնքան անմիջականօրէն՝ Որդին է: Եւ կը շեշտեմ. սքանչելին, անկրկնելին՝ բացումին մէջ երեւցող Երեխային իրական ներկայութիւնն է, նոյնացման շարժումին պէտք չկայ որպէսզի հրաշալի Երեխան երեւի բացուող սէրերուն մէջ, որպէսզի դիւթուի տեսնող, դիտող «երկինք»ը: Եւ նոյն ուղղութեամբ՝ պէտք է նշել որ հոս ինչպէս «գարնան յիշատակ»ին մէջ, կատարուած բացումն է որ կը գրուի, եւ այդ ալ է հաւանաբար պատճառը որ «ես»ի ներկայացուցչութիւն չկայ այստեղ («ես»ը որ, երբ լքուած է փորձը, բացումի աշխատանքը, երբ ընդունուած ու լուծուած է շրջումի անհետացումը՝ կը գրաւէ կա՛մ հսկող – ծնողի, կա՛մ մոլորած տղու դիրքերը): Եւ մօտեցումը «գարնան յիշատակ»ին հետ այնքան դիպուկ է որ հոս ալ՝ իրերու ինքնաճումը կը գրուի երկրորդ քառեակին մէջ, բնաստուածութեան (18) ձեւին տակ (19) բայց մանաւանդ՝ կայ արձագանգը 1903ի տողերուն. «Ինչպէ՜ս ահա կը բանայ երկինքն իր ծոցը անամպ», «Ինչպէ՜ս ինծի կը բանայ անցեալը իր ծոցը անամպ» – Գալիլիականը կ’ըսէ. « . . . այս այն երկինքն է պայծառ՝ / Որ . . . բացուելով Քեզ իր ծոցին մէջ առաւ»: Հսկումը եւ բացումը այս պարագային շփոթուած են, անզանազանելի են. իրական ներկայութիւնը ներկայութիւնն իսկ է աստուածային Երեխային, առանց միջնորդութեան:

Երկու եզրերը, բացումը եւ հսկումը, անհրաժեշտ են սակայն հասկնալու համար Գալիլիականին տեսիլքը: Ճիշդ է որ քեզմէ եկածը, քեզմէ մնացածը քու ձայնդ է, որ «դեռ կը թրթըռայ ու կ’երթայ», այնպէս՝ ինչպէս «գարնան յիշատակ»ին մէջ, անցեալի բացումին մէջ, Երեխային հրաշքը իր ձայնին մէջ էր որ կը զետեղուէր, իր ձայնին մէջ որ կար «անշուշտ» բայց որ կար իբրեւ Այլին ձայնը: Մնաց որ երկնքի ու Քու միջեւ յարաբերութիւնը այն մէկն է ուր տեսարանէն դուրս փոխադրուած գաղտնի նայուածքը կը դիտէ Երեխային հրաշքը իր առարկայացումներուն մէջ, ուր սէրերը կը բացուին անյայտ նայուածքի մը տակ որ կը հսկէ անոնց վրայ: Այնպէս որ ամէն պարագայի՝ բանաստեղծական փորձառութիւնն է (կամ լեզուական որեւէ փորձառութիւն որ կը կատարէ խօսքի բացումը, որ կը դիմագրաւէ Շրջումի անհետացումը), շիջումին ընդմէջէն, հայրութեան կորուստի եւ վերհաստատման փորձին ընդմէջէն, որ կը մօտեցնէ քրիստոնէական թեմականութեան էութեան: Եւ կարելի է հարց տալ թէ այդ ոգեւորումը, Երեխային իրական ներկայութեան տեսիլքը որոշադրուած չե՞ն արդէն ամբողջովին այն խնդրականութենէն որ կ’արտայայտուի ու կ’արձանագրուի Ով երազուն մանկութիւն քերթուածին մէջ ուր կը գրուի հրաժարումը փորձէն, ու իրական ներկայութիւններուն վրայ հսկումի ցանկութիւնը, երբ փորձի լքումը, շրջումի շիջումը զգացնել տուած էր ինքզինք արդէն իսկ: Հարց տալ ուրեմն թէ այդ ճշգրիտ խնդրականութեան համապատասխանող իրականացած ցանկութեան տեսիլքը չէ՞ որ կ’ունենայ հոս Թէքէեան:

Բայց այն ատեն, եւ փոխադարձաբար՝ քրիստոնէական թեմականութեան էութիւնն ու ծագումն է որ բացուած պիտի ըլլան այն «պատմական» երեւութաբանութեամբ որուն մէջ հանգրուան մըն է միայն 1919ի քերթուածին մէջ արձանագրուած խնդրականութիւնը: Շուքի իրական հանդիպումի մը ցանկութիւնն է որ կը գրուի այդտեղ, մինչդեռ – եւ միեւնոյն ատեն – անոր անկարելիութիւնն է որ կը ստուգուէր զաւկի սիրոյ «անձնական» ճանապարհին վրայ: Գալիլիականը, այնպէս՝ ինչպէս կ’ընէ, ըստ Ֆրէօյտի գաղափարին, երազը, պիտի ներկայացնէ իրական ներկայութեան անկարելի ցանկութեան իրագործումը: Ինչ որ եզրակացնել պիտի տար որ «երազուն մանկութիւն»ը կը նշէ թերեւս քրիստոնէական թեմականութեան «ծնունդ»ի ճշգրիտ վայրը, շրջումի շիջումին մէջ:

* * *

Ինչ ալ ըլլայ՝ «կրօնական» քերթուածին մէջ, բանաստեղծական փորձին բոլոր տարրերը ներկայ են, խաւաւորուած, շռայլ ցուցադրումով մը կարծէք, որ սակայն ամբողջական ծածկում մը կ’ենթադրէ նաեւ քանի որ փորձառութիւնը ընող գիտակցութիւնը չի գիտեր երեւան հանել անոնց պայմանաւորումը: Մեկնաբանը միայն կրնայ նմանութիւններուն հետեւիլ, ցոյց տալ «կրօնական» քերթուածին «իմաստ»ը, յղելով զայն նուազ բացայայտ, երեւութապէս նուազ հասկնալի ու սովորական փորձառութեան մը: Անշուշտ՝ մեկնաբանը չի փոխարիներ փորձառութենէն անցնողը, անոր տրամադրուողը: Ան կը մատնանշէ ու կը պատրաստէ միայն շրջումի շիջումին հետ նոր դիմագրաւումի մը պայմանները: Իսկական մեկնութիւնը մեկնողի ճամբով մեկնում մըն է. երբ ցոյց կու տայ «ծնունդ»ի մը ճշգրիտ վայրը, ցոյց կու տայ նաեւ «վերջաւորութիւն» մը, որմէ դուրս ելք ու անցք չկայ թերեւս: Կը շրջագծէ անանցանելի, անշրջանցելի, անհուն ժամանակաշրջան մը,

Հո՛ս էր ուրեմն որ շրջեցաւ Սէրն անհուն:

Անկարելի անցքը կը սկսի թերեւս այդ շրջագծումէն:

  1. Երեւանի հրատարակութեան մէջ՝ էջ 188, 189 եւ 190: Թուականները այս քերթուածներուն՝ նշուած են միայն 1933ի հատորին մէջ. 1926, 1914 (Երուսաղէմ) եւ 1925: Ես այս գիշերը լոյս տեսած է առաջին անգամ՝Բարձրավանք պարբերաթերթին Բ. համարին մէջ (Կ. Պոլիս, Փետրուար 1922):
  2. Վերը, վեցերորդ գլուխին մէջ:
  3. Բարձրավանքի այդ թիւին մէջ, Թէքէեան ունի եօթը բանաստեղծութիւններ: Եթէ չեմ սխալիր, Ով երազուն մանկութիւնը չէ երեւած հատորով:
  4. Բարձրավանք, 1922, էջ 42: Տարին, որ կարեւոր է հոս, նշանակուած է քերթուածին տակ՝ 1919:
  5. Բացատրուեցանք արդէն իսկ անձնական / հաւաքական հակադրութեան մասին, ըսելով որ որեւէ pertinenceի, նպատակայարմարութեան նշան չի ներկայացներ ան, քանի որ շրջումը գործին մէջ է որ կը կատարուի, անյայտ, անաղմուկ, դնելով շրջուած խօսքը լեզուին մէջ, հաստատելով լեզուն ատկէ: Կը պահեմ «անձնականը» եւ «հաւաքական»ը երբեմն ընթերցումի դիւրութեան համար, ի վնաս՝ ճշգրտութեան:
  6. Նոյն նկատողութիւնը՝ երբ իր նամակներէն մէկու մէջ, Թէքէեան կ’ըսէ . « . . . ամէնքը զիս կ’ուրախացնեն այնպէս՝ ինչպէս թէ վերստին աշխարհ եկած ըլլայի եւ հին կեանքս յիշելով՝ նոր կեանք մը եւս ինքս սկսէի» (Նամ. էջ 41):
  7. Շատ կան Թէքէեանէն քերթուածներ որոնք կը փորձեն առնել իրենց ծիրին մէջ այն հրապոյրը որ մանուկներու փթթումը կը գործէր Թէքէեանի վրայ: Օրինակ մը եւս հոս. Գիշերուան աղօթքը քերթուածը Հ. Յ. էջ 191, ուր զգալի է այդ անձկագին հրապոյրը, նոյնացումի թեմայովը ներկայ.

    * * *

    Ու կ’ունկնդրեմ այդ նըւագին, ու կը դառնայ
    Կ’իջնայ միտքըս, կ’իյնայ յանկարծ անոնց վըրայ,
    Հարիւր քսան տղաքներո՛ւն՝ որոնք այստեղ
    Ամիսներէ ի վեր կ’ապրին միշտ ինծի հետ,
    Որոնց ահա՛ ամէն մէկուն աչքերն ու դէմքն
    Իրենց ձայնին հետ դէպի ինձ կը բարձրանայ…:

    * * *

    Հարիւր քըսան տղոց խումբին մէջ հոս ապրող,
    Հոս յուսացող, հոս ամէն պահ քիչ մը մեծցող,
    Ու գիշերուան հոծ մութին մէջ իմ անցեալիս
    Այս յարութիւնն իր դամբանէն եւ առ խարխափ
    Այս որոնումն հոգենման իր փոքր եղբօր,
    Այնչա՜փ, այնչա՜փ զիս կը յուզէ ու կ’այլայլէ՝
    Որ կը մընամ ես շըւարած ու մոլորած,
    Չըգիտնալով թէ ո՞վ եւ ո՞ւր եմ ես հիմա,
    Հո՞ս, այս նստող մա՞րդը՝ թէ ոչ վերը այնտեղ
    Երկար շարքին մէջ քընացող տըղոցմէ մին…:

  8. Հ. Յ. էջ 150: Քերթուածի թուականը՝ 1903:
    1. 8 ա.- Կարելի է յիշել թերեւս հոս Տէլվօյի, պելճիքացի գերիրապաշտ նկարիչին այն նկարները ուր այրեր, բաճկոնով ու փողկապով, պատկերին եզերքը կանգնած են ու կը թուին երազել անիրական իրականութիւն մը որ կը գրաւէ նկարին կեդրոնական մասը, գրեթէ ամբողջութիւնը. մերկ կիներ, կմախքներ, մերկ պատանիներ:
  9. Այս քերթուածը փոփոխութիւններ կրած է Բարձրավանքէն փոխադրուելով Սէր հատորին մէջ: Կ’ըսուի որ Թէքէեան անհատնում սրբագրութիւններ կը կատարէր իր գրածներուն վրայ, բայց երբեք նմոյշներ չեն տրուիր այդ սրբագրութիւններէն, եւ անոնք չեն ուսումնասիրուած հանգամանօրէն: Մարդ կը զարմանայ երբեմն հայ «գրականագիտութեան» վիճակին մտածելով, թէեւ Հայաստանի կացութիւնը աւելի լաւ ըլլալու է քան թէ Սփիւռքինը քանի որ հոս ի վերջոյ՝ երբեք գոյութիւն չեն ունեցած վայրեր «ուսումնական» կեանքի մը համար, կամ նոր է որ պիտի սկսին երեւիլ: Հարց է սակայն թէ կը դիմանա՞յ այդ գիտութիւնը արդեօք, իբրեւ այդ, իր պահանջած առարկայութեամբ եւ առարկայացումով, «վայր» չունեցող տարածքի մը վրայ, իմացական աշխատանքներուն համար: Սփիւռքը այդ տեսակէտով կոյս հող մըն է. ամէն ինչ պիտի վերստեղծէ, շինելով իմացական իր վայրերը – ինչ որ անշուշտ ամենէն դժուարն է: «Անկարելի անցք»ին պայմաններու խուզարկումը կրնայ թերեւս բանալ այդ ուղղութեամբ որոշ հորիզոններ: Կը ձգեմ սակայն այս հարցը բաց ու կը վերադառնամ Թէքէեանին, տալով 1914ի քերթուածին երկրորդ տարբերակը որ կը տարբերի առաջինէն իր երկրորդ տունովը –
  10. Ժ. Փ. Ռիշառ օրինակ՝ Մալլարմէի նուիրած իր ստուարածաւալ գիրքին մէջ, կը խօսի Մալլարմէի ֆէթիշ առարկաներու թանձրացեալ երեւութաբանութեան մը մասին որ կ’ընդլայնի նաեւ նախընտրուած լոյսերուն ու ձայներուն, յաճախական ռիթմերուն, հիմնական շեմաներուն . . . , որոնց մէջէն մէկ ծրագիր մը կը հետապնդուի (տե՛ս Լ’իւնիվէր իմաժինէր տը Մալլարմէ, Փարիզ 1961, էջ 17 – 18):
  11. Որ կը գտնուին 1933ի հրատարակութեան մէջ, բայց որոնք կը բացակային անշուշտ երեւանեան հրատարակութենէն, հաւանաբար ամօթալի երեւոյթներ ըլլալով: Տե՛ս Սէր, էջ 123էն 127:
  12. Սէր, էջ 124:
  13. Ես ալ «Քեզմէ քեզ կ’երթամ ու կը ճըչեմ, կը պոռամ . . . »
    * * *
    Կը հեռանաս Դո՞ւն արդեօք՝ թէ կը փախիմ Քենէ ես
    Երբ կը գտնեմ զիս մութին, մոլորանքին մէջ խըրած…:

  14. Սէր, էջ 124:
  15. Սէր, էջ 126:
  16. Անդ:
  17. Անդ: Ընդգծումը իմ կողմէս:
  18. Սէր, էջ 123:
    1. 18ա- Բառը Ինտրայինն է:

  19. Ո՛վ Վարդապետ, յաւերժական լիութի՛ւն
    Քու անձըդ հոս բնութիւնն համայն է լըցեր…: