Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։
Մարկ Նշանեան
ԿԱՄ 3-4, 1986
Բանաքաղութիւնք ի ձէնջ
Որ գան դանդաղ, սփռուած իբրեւ հանդեր որ ծածկեն Տարածութիւնն իր ամբողջ: Գրուէր աշխարհն անոնցմով, կանոնաւոր, վանկ առ վանկ, Կանոնազանց արբանեակ: Վերադարձը պժգալի կը սպասէ, լպիրծ վայրէջքովն Իր, անցքով կեդրոնազուրկ: Ես նոյն տեղը տարածուն, լայնաբաց հորիզոնի Ձգումին անուշադիր:
Մարկ Նշանեան
ԿԱՄ 10, 2022
Բարոյագիտութիւն եւ պարկեշտութիւն
Տիտղոսաթերթը գիրքին մասին կ՚ըսէ ի հարկէ՝ «Ուսումնա-օժանդակ ձեռնարկ կրթական հաստատութիւններու համար»։ Ըստ այնմ՝ հանրագիտարանային բնոյթ ունի լման ձեռնարկը։ Ըսի՝ հանրագիտարանային բնոյթ։ Ո՛չ միայն «բարոյագիտութիւն» կոչուած ճիւղին վերաբերեալ։ Քանի որ Յոյներէն ի վեր՝ փիլիսոփայութիւնը միշտ զբաղած է բարոյագիտութեամբ, խորքին մէջ՝ հրամցուածը նաեւ փիլիսոփայութեան մարզին մէջ բոլոր անուն ունեցող հեղինակներու համայնապատկեր մըն է, մինչեւ Ի. դար։
Մարկ Նշանեան
ԿԱՄ 3-4, 1986
Գրական կանգնումը
Երկու հանդէսներով շրջագծուած պահուն կարեւորութիւնը չի սպառիր գրականութեան պատմութեան կամ գրականագիտութեան մարզերուն պատկանող սովորական միջոցներով: Չի վերաբերիր անոնց տրամադրութեան տակ գտնուող պատճառներուն: Առ այժմ՝ ըսենք, որ գրական սերունդ մը ինքզինքին գիւտը կը կատարէ իբր սերունդ, կը հաւաքուի, կը համախմբուի, ու իր գիւտը կը հռչակէ:
Զ. Մ. Որբունի
ԿԱՄ 2, 1982
Զի քո է կարողութիւն
Հալածուածները շարքէն կը մնային հրատարակելիք հինգերորդ եւ վեցերորդ հատորները: Հինգերորդին վերնագիրն է՝ «Տիգրան»: Այն վէպն է՝ զոր երկար ատեն՝ Որբունի կ'ուզէր հրատարակել «Վարձու սենեակ» վերնագիրով: Կը հրատարակուի առանձին հատորով երբ պարագաները թոյլատրեն: Հոս վեցերորդն է որ կը ներկայացնենք: Իսկական հատոր մը չի կազմեր, եւ այդ է որ կարելի կը դարձնէ ԿԱՄի մէջ իր հրատարակութիւնը:
Մարկ Նշանեան
ԿԱՄ 10, 2022
Ընթերցումի համագրայնութիւնը
Հոս ներկայացուածը Սերգէյ Ստեփանեանի Ժամանակի երկու ընթերցում, ΥΒΡΙΣ եւ ΜΝΕΜΟΣΥΝΗ գիրքին մասին գրախօսական ակնարկ մըն է։ Փիլիսոփայական աշխատասիրութիւն մը կը հրամցնէ այս հատորը, ի հարկէ՝ դժուար ընթեռնելի, որուն հերոսը (որովհետեւ երբեմն փիլիսափայական պատումները կրնան հերոսներ ունենալ) գերմանացի բանաստեղծ Ֆրիտրիխ Հէօլտերլինն է։ Իր ցուցաբերած գիտութեամբ եւ իր առաջարկած մտածողական նորութեամբ՝ բացառիկ գիրք մըն է։ Այնպէս որ արժանի է մեր լարուած ուշադրութեան։
Ժիրայր Չոլաքեան
ԿԱՄ 7, 2020
Թատերախաղերու վերագնահատումը
Անցեալէն հասած մշակութային, գեղարուեստական ու գրական հսկա­յական ժառանգութիւն կայ, որ վերարժեւորումի կարիքն ունի։ Վերա­գնահատումի արժանի է թատերական կալուածը որ հաւա­քա­կան դի­տու­մի, հաւաքական ապրումի բացառիկ առիթներ կ՚ընծայէ, որոնք ներ­կայ պայմաններուն մէջ անգնահատելի ծառայութիւն կրնան մա­տուցել, նկատի առնելով թատրոնի անհատական ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ու հաւաքական ստեղծագործութեան առնչու­թիւն­նե­րը, նկա­տի առնե­լով անոր մարդկային շփումի հասարակական հնչե­ղու­թիւնը։
Վալթէր Պէնիամին
ԿԱՄ 1, 1980
Թարգմանիչին գործունէութիւնը
Թարգմանութիւնը ձեւ մըն է: Ըմբռնելու համար զայն իբրեւ այդ, պարտինք վերադառնալ բնագիրին: Ի հարկէ՝ հոն է որ կը գտնուի թարգմանութեան օրէնքը, ծուարած բնագիրին թարգմանելիութեան մէջ: Գործի մը թարգմանելիութեան հարցը սակայն երկդիմի հարց մըն է:
Դաւիթ Մոսինեան
ԿԱՄ 7, 2020
Թողարկելով անցեալը
Ենթակայական լեզուն միշտ ուշացած է. ուշացած է իրերից, ապրումներից, փորձառութիւնից: Քանզի դրսեւորում է ստանում միայն մինչեւ վերջ չվերա­պրուած իրողութիւններ մատնանշող լեզուն: Ուրեմն` ընթերցողը կրկնակիօրէն ուշացած է: Հայ ընթերցողը, բացի նշուած պատճառներից, ուշացած է նաեւ ճակա­տագրականօրէն. մշակոյթի ոլորտում ներկայութիւնը կրող հեղինակ­ները, յաճախ մնալով իրենց կողքն ապրող, բայց դարերով յետ մնացած հեղինակների ստուե­րում, վերաբացայայտուել են իբրեւ անցեալի «մեծութիւն­ներ»:
Թալին Սուճեան
ԿԱՄ 10, 2022
Ժամանակը Զաւէն Պիպեռեանի մօտ
Կրքոտ անհատականութեամբ օժտուած մտաւորական մը ըլլալով՝ Պիպեռեանին նեղ կու գար իր միջավայրը, յաճախած մտաւորական ու գրական տարբեր շրջանակներուն մէջ։ 1930-ական եւ 40-ական թուականներուն ճամբայ ելած Թուրքիան անշուշտ ամենէն յարմար վայրը չէր որպէսզի հասուննայ որպէս մարդ ու մտաւորական։ Մնաց որ իր միջավայրին շնորհած սահմանափակ առիթներուն չէ ապաւինած իր մտային կարողութիւնը զարգացնելու համար։
Վալթէր Պէնիամին
ԿԱՄ 2, 1982
Ի նպաստ բրտութեան քննադատութեան
Կարելի է շրջագծել բրտութեան քննադատութեան մը պարտականութիւնը հետեւեալ ձեւով. իբրեւ ներկայացումը իրաւունքին եւ արդարութեան հետ իր յարաբերութեան: Որովհետեւ գործօն ազդակ մը, ի՛նչ ձեւով ալ գործէ ան, բառին բուն իմաստով բրտութիւն կը դառնայ այն ատեն միայն՝ երբ կը ներգործէ բարոյական փոխյարաբերութիւններու ծիրէն ներս:
Վահագն Քէշիշեան
ԿԱՄ 8, 2020
Ինչ որ փորձեց ըլլալ
Արեւելեան քաղաքի մը մէջ ապրող պատանի մը, ըլլայ Պոլիս, Հալէպ, Պէյրութ կամ այլուր, միշտ կ՚ուզէ ուրիշ քաղաք մը երթալ։ Չեմ գիտեր եթէ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի պատանիները նոյն վիճակի մէջն են, սակայն ինչ որ կը տեսնեմ ծանօթներէ, անոնք ալ միշտ տեղաշարժի մէջ են։ Ձեռքս Բատիկեանի այս երկրորդ գիրքը առնելու ատեն, այնպէս ժամանակի մը մէջ ենք, որ տեղէ տեղ երթալը մէկ կողմէն շատ դժուար է, համաշխարհային համաճարակին պատճառով, միւս կողմէն աւելի ու աւելի մարդիկ կը փորձեն փախուստ տալ Միջին Արեւելքէն։
Զարեհ Խրախունի
ԿԱՄ 3-4, 1986
Իսթանպուլահայ գրականութիւնը առարկայական խորհրդապաշտութեան ուղիով
Աւելի քան քառորդ դար անցած է այսօր այն իսթանպուլահայ գրական շարժումին վրայէն, որ յայտնուեցաւ մասնաւորապէս բանաստեղծութեան կալուածին մէջ, եւ որ կոչուեաւ ոմանց կողմէ՝ «արդիապաշտութիւն», իսկ փրոֆ. Յ. Մարթայեանի կողմէ՝ «նորատարազ քերթողութիւն»: Ես ատենին՝ «Սան» եւ «Թօ» հանդէսներուն մէջ երեւցած գրութիւններովս ջանացած էի բանաձեւել այս շարժումին սկզբունքներն ու տեսական – փիլիսոփայական հիմերը, եւ զայն մկրտած էի՝ «առարկայական խորհրդապաշտութիւն» անունով:
Գրիգոր Պըլտեան
ԿԱՄ 1, 1980
Կախարդանքը գրութեան
Կարելի է այլեւս տարազել Վէնսէնի Անտառըին գործարկումը, աշխատանքը իբրեւ ընդարձակ հակասութիւն մը ճշմարտութեան քանդումին ու ճշմարտութեան ձգտումին միջեւ, կրուած այլափոխումի, յեղումի անտիրապետելի շարժումէ մը։
Դաւիթ Մոսինեան
ԿԱՄ 8, 2020
Կայսրութեան երթուղու պատրանքը
Թերեւս իբրեւ ամփոփում Գրիգոր Սարգսեանի մտորումների, որ արտայայտուել էին արձակ ստեղծագործութիւններում, ակնարկներում, գրախօսութիւններում: Առաւելապէս սոցիալ-քաղաքական ուղղուածութիւն ունեցող այս աշխատութիւնն առաջին հերթին աչքի է ընկնում հատու խօսքով, խոհա-փիլիսոփայական յագեցուածութեամբ եւ ինքնուրոյն մտածելու խիզախումով:
Վահէ Օշական
ԿԱՄ 2, 1982
Կեանքէն մահ
Բառ բառի ծոց՝ մերկ ու լպիրշ պարմաններ կը սառսռան պաղին մէջ վրան-բաց ֆիլմի հերոսները անզգացում մը պշնին, ի՞նչպէս ըլլալ... ինձմէ ասդին ու անդին՝ լոյսի մորթը կը պրկուի ուր են ուր են բոպիկ նիհար կը վազվզեն կոյս ամօթխած շղարշներով կը ծածկուին
Գրիգոր Պըլտեան
ԿԱՄ 3-4, 1986
Հատուածներ հօր
Ինչո՞ւ կենալ, պիտի ըսես: Կրնայի շարունակել, հաստատել միշտ նոյն հարցումը տեղափոխ՝ սկիզբէն, կամ լռել խօսքին մէջ, ցած խողովակներ կային՝ մառանները փորող, ուրկէ կ՚անցնէինք, նրբանցքներ եւ բացխցուող աղմուկը կար թաց փապուղիին մէջ փակ հաղորդակցող ջուրերու: Տեղ մը եղաւ մութին, հաստատ ու անորոշ, եղամ՝ տանող ոչ մէկ բանի: Եւ ո՛չ իսկ տեղ կեցուցիչ՝ ուր մտնէի: Անմտածելի կէտ՝ որ կէտ չէ, ելլող անդադար, սերող լեզուէս: Բերնիս մէջ բռնուած անտանելի արգելք, կենսատու: Ի՞նչպէս կարելի է մտածել:
Դաւիթ Մոսինեան
ԿԱՄ 10, 2022
Հարցազրոյց Խաչիկ Գրիգորեանի հետ
Մեր հրատարակչութիւնը գոյութիւն ունի 1998 թուականից: Մենք սկսեցինք բառարանների հրատարակումից, իսկ մէկ տարի անց աշխարհաբարով լոյս ընծայեցինք Գրիգոր Տաթեւացու Սողոմոնի գրքերի մեկնութիւնը: Արդէն 2002 թուականին լատիներէնից թարգմանաբար առաջին անգամ հայերէն հրատարակեցինք համաշխարհային աստուածաբանական գոհարներից մէկը՝ Օգոստինոս Երանելու Խոստովանութիւնները:
Պետրոս Ալահայտոյաեան
ԿԱՄ 3-4, 1986
Հին սրբութիւններու յայտնագործումը
Ծերուկը անծանօթ էր ինծի. ութսուննոց մը ըլլալու էր. կը պատմուէր թէ գիտէր շատ բան ու երգեր ունէր գործիքիս յանձնելիք. արձանագրած երիզներուս թիւը կը մօտենար քառասունի: Այսօր սակայն թերահաւատ էի. ցրտաբարոյ եւ անտեղի կիրակի մը. իբրեւ թէ ամառ էր. ճամբան երկար պիտի թուէր – մեթրօ, հանրաշարժ, սպասելներ, քալելներ, յոգնիլներ, ցուրտ օդ, թերեւս անձրեւ. մարդու պիտի չհանդիպէի ապահովաբար, գուցէ մէկ – երկու սեւամորթներու կամ արաբներու. կօշիկս դեռ նորոգուած չէր, կրնայի պաղ առնել ոտքէս, պէտք էր ամէն գնով զգուշանայի. իրապէս չէի ուզեր տեղէս շարժիլ.
Զ. Մ. Որբունի
ԿԱՄ 1, 1980
Մահազդ
Հիմա՝ դադրած է այդ յաճախակի լացս: Բայց յանկարծ՝ տխրութիւն մը զիս կը համակէ: Ինչպէս՝ ովկեանոսը՝ իր անվախճան ալիքները, ան զիս կը տանի, միեւնոյն ատեն զիս իրմով լեցնելով, այնպէս որ ի վերջոյ՝ կը մոռնամ ես զիս ու կ'ըլլամ նոյն ինքը՝ տխրութիւնը:
Վահէ Օշական
ԿԱՄ 3-4, 1986
Մահէն անդին
Ֆիլմը հազիւ աւարտած գիտակցութիւնը չորս պատերէն վար կ'առնեմ կը լուամ կը չորցնեմ կ'արդուկեմ մեծ խնամքով կը ծալլեմ ետ տեղը կը դնեմ. յետոյ գրպաններս կը պարպեմ տանս դուռը կը կղպեմ ու դուրս կ'ելլեմ արուարձանի փողոցները քալելու միապաղաղ պիրկ անշղարշ լռութեան մէջ պատուհաններ կը բացուին, շուար դէմքեր թելով կախուեր կը ճօճուին
Դաւիթ Մոսինեան
ԿԱՄ 9, 2021
Մահուան կիզիչ ներկայութիւնը
Մահը բնախօսական երեւոյթ լինելուց բացի մշակութային իրողութիւն է։ Մահուան մշակութաստեղծ այդ յատկութիւնը ընդգծում ու տարբերակում է ժողովուրդների ապրելակերպը։ Կեանքի խորութիւնն ինչ-որ չափով կախուած է լեզւում մահուան արձանագրումից, մահուան հետ հանդիպման կերպից։ Շատ է խօսուել եգիպտական, չինական մշակոյթներում մահուան բացակայութեան մասին, ինչը, ըստ էութեան, կեանքում մահուան ընդգրկուածութեան վկայութիւնն է։
Յակոբ Օշական – Նիկողոս Սարաֆեան Նամականի
ԿԱՄ 3-4, 1986
Յակոբ Օշական – Նիկողոս Սարաֆեան Նամականի
Չորս նամակ Սարաֆեանէն, ութ նամակ Օշականէն: Ամբողջական նամականի մը չէ անշուշտ. կը հրատարակենք ինչ որ պահպանուած է երկու գրագէտներու թղթակցութենէն, կամ աւելի ճիշդ՝ ինչ որ կրցանք ձեռք ձգել եւ ի մի հաւաքել:
Կարէն Ճալլաթեան
ԿԱՄ 7, 2020
Յետ-Խորհրդային այլախոհութիւն
Ակեղդամա. անկրկնելի պատմութիւն հատորը՝ աջառինը ըլ­լա­լով եռա­հա­տո­րին, ժա­մանակագրական կարգով կը պատմէ պա­տանի հասակին անարդար մեղա­դրան­քով աքսորի դատապար­տուած Վազ­գէնԴարբինեանի կեանքը (պատահական չէ որ Վա­չէ Սարգսեանին մօր ազգանունը Դարբինեան է, իսկորդիին անունը՝ Վազ­գէն)։ Այս շրջանը կը համընկնի Ստալինեան բռնա­տիրութեան Մեծ Մաքրա­գոր­ծու­մին յաջորդող շրջանին։
Մարկ Նշանեան
ԿԱՄ 10, 2022
Յետխորհրդայինը որպէս յետգաղութային
Գիրքին վերնագիրը կ՚արձագանգէ Եդուարդ Սայիտի մէկ հարցականին, որ դրուած է նաեւ գիրքին սկիզբը որպէս բնաբան՝ «Կայսերական տիրապետութենէն անկախանալ ուզող մշակոյթ մը ինչպէ՞ս կ՚երեւակայէ իր սեփական անցեալը»։ Բացառիկ գիրք մըն է Հրաչ Բայադեանի այս գիրքը, իր նիւթով, իր ծրագիրով, իր բազմակողմանի հանգամանքներով, իր պարզած գիտութեամբ (եւ գիտակցութեամբ), իր նորութեամբ նաեւ, եւ էջերուն ու մտածումին ետին գտնուող՝ վերջին քսան տարիներուն վրայ երկարող պատկառելի ջանասիրութեան եւ հետեւողականութեան արդիւնքներով։
Պրիւնօ Սաքայեան
ԿԱՄ 3-4, 1986
Շքերթներ (Ե.)
«Je suis né par une nuit sacrilège, par une nuit sans fin, sans fond. Et meurtrissant toujours ma mémoire violentée; nuit de l’homme arborant sans vergogne le rictus de la haine homicide;; où l’homme déchira, de bout en bout, les bornes ultimes de l’inimaginable, dépassa l’horreur des nuits antérieures, brisa la plume, l’entendement des chroniqueurs des gensdeletters bouffis de vaines prétentions à rendre compte des forfaits de l’homme contre l’être.
Ֆրիտրիխ Նիցչէ
ԿԱՄ 3-4, 1986
Ողբերգութեան ծնունդը
Շատ բան շահած պիտի ըլլանք ի նպաստ գեղագիտութեան, հասնելով ո՛չ միայն տրամաբանական թափանցողութեամբ, այլեւ ներհայեցողական անմիջական վստահութեամբ, այն իրողութեան՝ թէ արուեստի զարգացումը կապուած է ապողոնեանի եւ դիոնիսեանի երկուութեան, ինչպէս սերնդագործութիւնը՝ սեռերու երկուութեան, ասոնց յարատեւ պայքարին ու միայն պարբերական հաշտութեան ընդմէջէն:
Զարեհ Խրախունի
ԿԱՄ 3-4, 1986
Ստուըր եւ Արձագանգ Ա., Գ. եւ Դ., Ուղիներ Ե. եւ Զ.
1975-ԻՆ Փարիզի մէջ՝ «Քաթրա» Ընկերակցութիւնը Խրախունիէն կը հրատարակէր «Ստուեր եւ Արձագանգ» խորագրուած հատորիկ մը, որ կը պարունակէր ընդ ամէնը՝ վեց կտոր: Շարքէն դուրս մնացած էին Գ. եւ Դ. համարները, որոնք այդ թուականին՝ գրուած էին արդէն իսկ: Աւելի ուշ, 1985-ին, Խրախունին շարքին աւելցուց Ա. համարը կրող կտորը: «Ստուեր եւ Արձագանգ»ը լրացնող այս երեք կտորները կը ներկայացնենք հոս, Ա. Գ. եւ Դ. նշումներով: 1985-ին Խրախունի նոր շարքի մը ձեռնարկած է, «Ուղիներ» վերնագրով: Ատկէ ալ երկու կտոր կը հրամցնենք հոս ընթերցողներուն:
Մարկ Նշանեան
ԿԱՄ 1, 1980
Վահան Թէքէեան, կամ՝ Անկարելի անցքը
Խօսքի փոխանակութիւն կոչածս ամենէն լայն սահմանումն է թերեւս ընկերային, հաւաքական յարաբերութիւններուն, այն մասնաւոր յարաբերութիւններուն որոնք էապէս կը շինեն համայնքը, ինչ որ ալ ըլլայ ան:
Սամուէլ Պօղոսեան
ԿԱՄ 7, 2020
Վերադարձ պատմութեանը
Պատմութեան իմաստը գրքում Բերդեայեւն իրեն յատուկ համընդ­գրկուն եւ խորա­թափանց ոճով հետախուզում է միջնադարեան-քրիստոնէական պատ­մու­թեան տե­սու­­թեան ծա­գումնաբանութիւնը, դրա աստուածաբանական եւ իմաստասի­րական ելակէ­տե­րը, ընդգծում է պատմութեան բնազանցական հիմնադրութիւնը։ Գրքի տասնմէկ գլուխ­ներում պարբերաբար քօղազերծւում են շրջադարձային այն փուլերը՝ բա­րե­նո­րոգութիւն, լուսաւորականութիւն, մարքսականու­թիւն եւ այլն, որոնց ազդե­ցու­թեամբ պատմութեան քրիստոնէական մոդելը ձեւազեղծուել եւ վերածուել է լոկ «պատմագիտութեան»։
Նիկողոս Սարաֆեան
ԿԱՄ 2, 1982
Վէնսէնի անտառը Ա.
Վէնսէնի անտառը կը տարածուի Մառնէն Տօն ու աւելի վար՝ իր մէջ առնելով մեծ մասը Սեւ Ծովին: Ան կը հասնի երբեմն մինչեւ երկինք: Կ'անցնի կարօտներէն ու յուշերէս անդին: Կը սահի անծանօթ ու երազային հայրենիքէ մը վեր:
Նիկողոս Սարաֆեան
ԿԱՄ 3-4, 1986
Վէնսէնի անտառը Բ.
Անտառին մէջ կան շատ մը ուրիշ աւելի մեծ լիճեր: Անոնցմէ մէկուն եւ մերթ միւսին կ'երթամ երբեմն: Մէկուն մէջ սիրահարներ կը թիավարեն: Միւսին շուրջ կերտեցին միջազգային քաղաք մը, որ փայլելէ յետոյ մարդոց բոլոր ճարտարութիւններով, անհետացաւ ի սպառ: Կը մնան թանգարան մը եւ կենդանաբանական պարտէզ մը միայն:
Հերվէ Ժորժըլէն
ԿԱՄ 7, 2020
Քաֆքայի այլակերպումը
Հետա­քր­քրա­կան կը գտնեմ որ Լազեան Քաֆքայի ժամա­նա­կաշրջանին, ընկերային պայման­ներուն եւ վայրին յատուկ գերմա­ներէն բառեր կամ ընդհանուր առմամբ գաղա­փար­ներ յաջո­ղած է թարգմանել, ապացուցանելով որ արեւմտահայերէնը որեւէ վի­ճակի եւ որեւէ նիւթի մասին արտայայտելու համար կրնայ յարմար գործիք ըլլալ, հակառակ որ այսօրուայ աշխարհին մէջ եւ նոյնիսկ կով­կասեան Հայաստանի մէջ շատերը ճիշդ հակառակը կը քարոզեն: Զոր օրինակ՝ Զամզայի գործատեղը մէկը կը ղրկէ անոր տունը, որով­հետեւ անսովոր ուշացած է եւ գործի չէ եկած:
Մարկ Նշանեան
ԿԱՄ 8, 2020
Քննական հրատարակութիւն
նթերցողը գիտէ որ երկար ատեն՝ Օշականի գործերը մուտք չէին գործեր Հայաստանի սահմաններէն ներս։ Համապատկերի 10րդ հատորին մէջ, հեղինակը կը պատմէ որ 1934ին՝ Մնացորդացի երեք հատորները ծրար կազմած ու ղրկած էր Զապէլ Եսայեանին (որ այն ատեն՝ նոր հաստատուած էր Երեւան)։ Այդ երեք հատորները վերադարձուած են իրեն։ Օշական կ՚ըսէ՝ անշուշտ գրաքննիչները ժամանակ չէին ունեցած զանոնք կարդալու։ Պարզապէս արգիլուած հեղինակ էր։