«Հրաշալի Յարութիւն» խորագիրին հարցը լուծելու համար, աւելի ճիշդ՝ կարենալ լսելու համար անոր ըսածը, անոր թելադրածը, եթէ կեդրոնացնենք լուսարձակը այդ խորագիրը կրող հատորին «անձնական» մասին վրայ, կը մնայ արեւելում մը գտնել զայն կազմող գրութիւններուն մէջ: Յ. Օշական, իր 1914ի յօդուածին մէջ (1) շատ լաւ կը բնորոշէ Թէքէեանի քերթողութեան երկու կարեւոր երակները այս հատորին մէջ, առանց բերելու անշուշտ զանոնք իրենց էութեան: Այդ երակներէն մէկը կը տեսնէ բնութեան պատկերներու շարքին մէջ, երկրորդը՝ կնկան զգացումին մէջ: Ահաւասիկ ինչ կը գրէ Օշական այս մասին. « . . . բնութեան պատկերներ . . . , երբեմն առանձին, միմիայն աչքին համար կենդանի, երբեմն ալ խառնուած բանաստեղծին, ներքնապէս, նուրբ ու հազիւ նշմարելի գիծերով: Այդ գործին մէջ կը փչէ նորէն հովը մեծ, տիրական զգացումի մը, որ էջէ էջ կը թռի, հարցումի, տարակոյսի, զգլխումի ու խորունկ կսկիծի փայլակներով լուսաւորուած: Զայն կը տեսնենք իր վազքին թեթեւութեանը մէջ վիրաւոր, բայց անկեղծ, բայց իսկական ու համակրելի: Կնկան զգացումն է ան»: Ասկէ յետոյ՝ Օշական կը թուէ «անխուսափելի» ազգայնական երակը եւ ուրիշ զանազան պիտակով քերթուածներ:
Օշականի նշած երկու երակները Թէքէեանի քերթողութեան մէջ, նոյնիսկ եթէ կրնան կազմել ատաղձ մը, «պարունակութեան» գետնի վրայ, հետեւելու համար թեքսթերուն – եւ պիտի օգտագործենք այս ատաղձը – չեն տար փնտռուած արեւելումը: Առնենք օրինակ 1914ի հատորին մէջ Խաւարի տաղեր շարքին պատկանող քառեակ մը. (2)
Ծովուն վրայ գիշեր է, եւ գիշերուան մէջ՝ ամառ.
Եւ այս գիշերը ամրան Վոսփորին վրայ կ’երկննայ
Շնչառութեամբն իր թեթեւ, իր ցոլքերովը ցանցառ
Եւ իր ալեաց սեւաթոյր վէտվէտումո՛վը թաւշեայ . . . :
Այս տողերը եւ անոնց շարունակութիւնը կը դրուին գրեթէ ամբողջովին «նկարագրական» դերի մը մէջ, կը գրեն պահ մը ուր կար միայն աշխարհը, եւ այդ «միայն»ին վրայ է որ կը յենի անոնց յաջողութիւնը: «Միայն»ը կ’ենթադրէ աշխարհի բացումի, աշխարհի ներկայութեան կարելիութիւնը: Այդ բացումը, այդ «ներկայութիւնը» կը զուգադիպին իրենց գրուելուն հետ, գրուած խօսքի տարածքին իրենց անցնելուն հետ: Այդ «գրուիլը» սակայն չի գրուիր այդ տողերուն մէջ: Ուրիշ խօսքով՝ աշխարհի բացումը չ’անդրադառնար հոս իր կարելիութեան, իր կարելիութեան պայմաններուն: Արեւելումը զոր կը փնտռենք «անձնական» պահերու նուիրուած մասին մէջ պէտք է գայ գրութիւններէն, բանաստեղծական փորձէն իսկ, հոն ուր այդ փորձը կ’անդրադառնայ նաեւ ինքն իր վրայ, ու կը գրէ միաժամանակ բնութեան պատկերը եւ գաղտնիքը այդ գրութեան: Ուր կը գրէ ուրեմն բացումին կարելիութիւնը, ուր կը գրէ ինքզինք իբրեւ բացումին վայրը:
«Հայրենի գարնան յիշատակը» (3) այն քերթուածներէն մէկն է որ կ’ընձեռէ փնտռուածը: Ատկէ պիտի սկսի մեր իսկական ընթերցումը Թէքէեանի էջերուն: Ատկէ նաեւ պիտի սկսի կարելի դառնալ անդրադարձ մը ու տարազում մը խորագիրի խնդիրին:
Հայրենի գարնան յիշատակը
Եթէ լըռէ՜ր վայրկեան մը սրտիս աղմուկը անկարգ
Եթէ պահիկ մը դադրէ՜ր կիրքին խուճապը քանդիչ,
Ըստուերին մէջ իրիկուն մ’եթէ աչքե՜րըս անարգ
Չըվառէի՜ն տենչանքով ու գոցուելով քիչ առ քիչ,
Զիս ամփոփուիլ, հանդարտիլ ու ըսպասե՜լ Անցեալին՝
Իր գոյներով, բուրումով, պայծառութեամբ, թարմութեամբ,
Վերադարձի՛ն հեզօրէ՜ն զիս ըսպասե՜լ թոյլ տային…,
– Ինչպէ՜ս ահա կը բանայ երկինքն իր ծոցը անամպ:
Իր կապոյտո’վը շքեղ Մայիսի ջինջ առտըւան,
Բլուրը ի՜նչ թաւշաթոյր կողեր ունի վէտվէտուն,
Ի՜նչ աղուոր է դեռ թրջած խոտերուն մէ՛ջը գալ ման
Եւ երկննա՜լ, եւ դիտե՜լ հեռուի լե՛ռը ժպտուն…:
Հո՛ն՝ գարիի նորաբոյս արտը շըղարշ մ’է նրբին
Որուն ներքեւ կը շողան հարսնուկնե՛րը յակնթեայ.
Հո՛ս՝ եզերքէն, բուռերով երիցուկներ կը յորդին
Եւ կը հոսին՝ մարգրտի զերդ հեղե՛ղ մը ճամբուն վրայ…:
* * * *
Մատաղերամ տըղոց խումբ մ’ալ կը խաղայ անոնց մէջ.
Անոնց հնչուն ծիծաղին ես կ’ունկնդրեմ ցնծութեամբ.
Օ՛հ, անոնց մէջ է անշուշտ իմ ծիծաղս ալ վաղաշէջ…
…Ինչպէս ինծի կը բանայ Անցեալն իր ծոցը անամպ…:
1903
Ահաւասիկ ուրեմն պայմանները «քաղցր յիշատակ»ի մը եւ այդ յիշատակին գրաւումի կարելիութեան. լռութիւնը սրտի աղմուկին, դադարը՝ կիրքի խուճապին, շիջումը՝ տենչանքին: Պէտք է հետեւցնել որ այս ամէնը կապուած է երեւակայական կրկնակին հետ դիմառդիմութեան վիճակներու, ուր եսը հակադրուած ինքն իրեն, նոյնիսկ միւսներու հանդիպումովը, կրնայ միայն տուայտիլ ու տարուբերուիլ: Հոգեբանական սովորական վիճակ, որ ի վերջոյ՝ առարկան է հոգեվերլուծական կիրառումին, մեր օրերուն, ընդհանուր կերպով ըսուած: Այդ դիմառդիմութեան պայքարէն, տանջանքէն ու պատրանքներէն ազատագրումի պահերուն է որ քերթուածը եւ յիշողութիւնը կը բանան իրենց ճամբան դէպի իրերը, դէպի պատկերները, ձայները: Քերթուածը եւ յիշողութիւնը՝ միաժամանակ: Իրերը, պատկերները ու ձայները կ’ըլլա՛ն այն ատեն, իրենց պարզ կեանքովը, անկախ կարծէք՝ եսի մխրճումէն, եսի սեւեռումէն, չթունաւորուած անկէ: Եւ այս ալ է պատճառը որ սիրելի կ’ընէ Թէքէեանի «նկարագրելը»: Այս պատկերները ստուգիւ՝ վերարտադրութիւն մը չեն տեսնուած, յիշուած իրականութեան մը, բնանկարի մը, ոչ միայն: Ե՛ն ատկէ շատ աւելի եւ շատ տարբեր բան մը. փորձ մը դարձնելու համար իրերը անկախ, ազատագրելու համար զանոնք խօսքին մէջ: «Ազատագրելը» կը նշանակէ ձգել որ վերադառնան անոնք իրենք իրենց, իրենց անկախ էութեան, իրենց ինքնաճումին: Եւ յարակարծիք մը չէ ըսել որ այդ վերադարձը ուրիշ տեղ չի կատարուիր եթէ ոչ լեզուին մէջ, բանաստեղծական խօսքին մէջ որ բացում մըն է այս պարագային՝ լեզուին, ձգումը անոր, որպէսզի ընկալուին անոր մէջ, անկէ, իրերը ինչպէս երբե՛ք չեն եղած, չեն կրցած ըլլալ, վարակուած ըլլալով ընդհանրապէս՝ կիրքերէն, սրտի աղմուկէն, աչքերը վառող տենչանքէն:
Բայց այս ընթերցումովը՝ մտանք մեր նիւթին մէջ քանի որ այն տարածութիւնը որուն վրայ իրերը կը վերադառնան իրենց էութեան, նուիրուելով իբրեւ այդ, ըլլալով հասանելի աշխարհի բացումովը, խօսքի բացումն իսկ է, արձանագրուած եւ քաղուած, վերաքաղուած գրութեան մէջ: Պէտք է հիմա նկատի առնել նոր մանրամասնութիւն մը, որ թերեւս գլխաւորն է քերթուածին մէջ որովհետեւ ան է կարծեմ որ կու տայ գաղտնիքը բացումին որուն մէջ իրերը տեսանելի են, կը խայտան, կ’ապրին իրենց կեանքովը, կ’աճին իրե՛նց արմատէն: Նշենք նախ որ հոս՝ ներկան չէ որ կը տիրէ, այլ անցեալը: Եւ անցեալը շատ որոշ իմաստով մը: Իրերու իրենք իրենց յայտնութիւնը, երբ կը քաղուի քերթուածի տարածքին, չէ կապուած անշուշտ ժամանակի մը, չէ պատահած օր մը նկարագրուելու, վերարտադրուելու համար: Վերաքաղումն իսկ է որ կու տայ պայմանը այդ յայտնութեան: Վերաքաղումը քերթուածի տարածքին կարելի կը դարձնէ յիշատակ մը, որ կը սպասէ մինչեւ վերջին տողերը ըսուելու – գրուելու համար, մինչդեռ անոր մէջ է որ կը թուի պահուած ըլլալ աշխարհի «ներկայ»ութեան գաղտնիքը. կայ խումբ մը տղոց որոնց մէջ հաւանաբար հեղինակն ալ երբ տղայ էր: Զարմանալի եւ զարմանահրաշ ոչի՞նչ կայ այս «յիշատակ»ին մէջ, պարզապէս մա՞ս կը կազմէ անցեալի մասնակի վերադարձի մը: Կրնայ ըլլալ: Բայց նայեցէ՛ք որքան տարօրինակ է. հեղինակը կը լսէ հոս իր ձայնը դուրսէն եկող, եկող երեխաներու այդ երամէն: Ուրիշ խօսքով՝ ի՛ր ձայնը չէ զոր յիշատակը կը բերէ, ի՛ր ծիծաղը չէ զոր կ’ունկնդրէ ցնծութեամբ, այլ՝ «անո՛նց»ը: Ինչ որ մանրամասնութիւն մը կրնայ թուիլ կու տայ իրականութեան մէջ անցեալին այն բացառիկ, մասնայատուկ բնոյթը զոր մատնանշեցի: Չէ՛ ան ի հարկէ յիշատակի առարկայ մը պարզ որ վերայայտնուէր եւ ոգեկոչուէր ինչպէս որեւէ լաւ կամ գէշ յիշատակ մը մեր իւրաքանչիւրին համար կրնայ վերյառնել: Չէ ան մութ կամ յստակ անցեալ մը, յիշողութեան մը մէջ վերապրող ու սպասող: Անցեալի հետ վերաբերումը ամբողջովին պայմանաւորուած է հոս խօսքի, երկնքի տարածութեան բացումովը, քանի որ ինչ որ եսը ցնծութեամբ կ’ունկնդրէ երամի՛ հնչուն ծիծաղն է: Իր ձայնը, ըսինք, կու գայ իրեն դուրսէն, կը վերադառնայ իրեն, ոչ թէ իբրեւ իրը, այլ իբրեւ խումբինը, իբրեւ ամբողջինը – «անոնց մէջ է անշուշտ իմ ծիծաղս ալ վաղաշէջ»: Այստեղ՝ բոլոր բառերը կարեւոր են. նախ՝ «անշուշտ»ը որ անստուգութեան տանող մակդիր մըն է, քանի որ յիշատակին վաւերականութեանը մէջ՝ իր ձայնը, իր ծիծաղը կարելի չէ անհատակացնել, զատել միւս ձայներէն, եւ այսօրուան (բայց նաեւ ամէն ինչ այսօր չէ՞ որ տեղի կ’ունենայ) բանական եսն է որ կը հետեւցնէ անոր ներկայութիւնն ալ: Ցնծութիւնը որ քերթողինն է երբ կ’ունկնդրէ տղոց ծիծաղը կու գայ ի՛ր ձայնին բացակայութենէն անոնց մէջ, ի՛ր ձայնին անզանազանելիութենէն, խառնուրդէն միւս ձայներուն հետ, մէկ խօսքով՝ նոյնացումէն անոնց հետ: Ի՛ր ձայնը կը վերադառնայ իրեն իբրեւ երրորդի մը ձայնը, բազմաթիւ երրորդի մը ձայնը, եւ հրճուանքը ատկէ կը ծնի:
Եսը այս ձեւով չի գտնուիր ինքն իր դիմաց եւ հոս է որ հասկնալի կը դառնան քերթուածի սկիզբի տողերը: Ո՞րն է վիճակը ուր տենչանքները կը մարին, ուր կիրքերը վայրկեան մը կը լռեն: Այն մէկն է ուր եսը այլեւս ինքն իր դիմաց չի գտնուիր, ուր չի տեսներ ու չի փնտռեր ան բոլոր էակներուն մէջ իր երկրորդը, իր կրկնակը, – մնալով անոնց հետ իմաժինէր վերաբերումի մը մէջ, այդ բառին տալով հոս իմաստ մը որ ունի հոգեվերլուծական տեսութեան մէջ ուր կը բնորոշէ խօսքէն դուրս, անկէ ասդին յարաբերութիւն մը որուն մէջը՝ միւսը կ’երեւի իբրեւ պատկեր, իբրեւ իմաժ, իբրեւ պատճէն: Նոյն գաղափարներուն շարքին հետեւելով, սէրը բռնուած է միշտ այդ պատկերա – երեւակայական (պիտի ուզէի ըսել՝ պատկերակայական) ցանցին մէջ, պատճառելով բոլոր բախումները, անել կացութիւնները, քանի որ այդտեղ անձը ինքն իրեն հետ է միայն որ գործ ունի, եւ անկարող է ճշդելու իրականութեան հետ իր յարաբերութիւնները, չունենալով այդպիսի ճշդումի մը կազմաւորիչ տարրը՝ բացարձակ Միւսին համարկումի կարելիութիւնը, սեփական այլութեան ներդրումը:
Ըսուածէն կը հետեւցնենք ինչ որ կը թուի ըլլալ Թէքէեանի գլխաւոր, սկզբնական հարցը. ինչպէ՞ս բանալ խօսքի տարածութիւնը, ուր վերջապէս՝ աշխարհը պիտի յայտնուէր իբրեւ այդ, ինքն իր մէջ: Այդ բացումը կը կատարուի հրաշքով երբ սեփական ձայնը կու գայ հեղինակին իբրեւ այլ, ամբողջովին խառնուած միւս ձայներուն: Հրաշք մըն է այս իմաստով աշխարհի երեւումը, ինքնաճումը, հրաշքով կ’ըլլայ երկնքի բացումը որ է նաեւ անցեալի բացումը, մէկը միւսով պայմանաւորուած:
«…Իմ ծիծաղս ալ վաղաշէջ»: «Վաղաշէջ»ը կը յղէ անշուշտ հոգեբանական վիճակի մը, որ Թէքէեանինն էր. այդպէս կը կարծէր գոնէ քերթողը: Այնքան ալ բացայայտ չէ այս իրողութիւնը. ծիծաղի շիջումը կը նշանակէ նաեւ՝ աշխարհի աներեւոյթ դառնալը, բայց անոր երեւումը կապուած է խօսքի բացումին, այդ բացումին վերաքաղումին, ուրեմն՝ բանաստեղծութեան: «Վաղաշէջ»ը ունի այն ատեն իր կարեւորութիւնը երբ կը փորձենք վերլուծել բանաստեղծական այս աշխատանքը իբրեւ խօսքի բացումի պահպանումին նկրտող: Աւելի ուշ՝ երբ պիտի փորձենք ըմբռնել Թէքէեանի հարցին եւ փորձին հոլովոյթը տարիներու ընթացքին, աւելի յստակ պիտի դառնայ այս վաղ շիջումին նկարագիրը: «Վաղ»ը կը վերաբերի անցեալին: Կարելի է հարց տալ թէ ներկային մէջ ապրուած խօսքի բացումի ու խօսքի այլութեան հրաշքը չե՞ն որոշադրեր արդէն իսկ «ժամանակը» որուն մէջ կը մտածուին – կը գրուին հոս «անցեալը», վաղաշէջը: Քերթողը կը տեսնէ ինքզիք վերջնապէս դուրս՝ այդ երանելի վիճակէն ուր իր ձայնը ծիծաղ էր: Վա՛ղ, նոյնիսկ անյիշատա՛կ ժամանակներու մէջ՝ ծիծաղին շիջումը մաս կը կազմէ անշուշտ ընդհանուր կառոյցին. այսօ՛ր է որ ծիծաղ է անցեալի ձայնը, այսօ՛ր է որ ցնծութիւն է, շնորհիւ կրկնակ հեռաւորութեան – անցեալին մէջ «վերադարձով», եւ ձայնին միախառնումով միւս ձայներուն մէջ:
Ընդհանուր հարցը ուրեմն Թէքէեանի քերթողութեան պիտի ըլլայ խօսքի տարածութեան բացումը, իրերու անկախ, հրաշալի երեւումին ի խնդիր. պիտի ըլլայ խօսքի այլութեան վերստեղծումը: Անցեալին մէջ հնչելով է միայն որ խօսքը կը վերադառնայ իրեն, որ կը վերագտնէ ան իր կազմաւորիչ այլութիւնը, որ ի՛ր հնչած խօսքը, ծիծաղը, եսը կը լսէ իբրեւ այլէն եկող:
«…Կը բանայ երկինքն իր ծոցն անամպ»: Բանաստեղծութիւնը պահպանումն է վաղ – անցիկ բացումին: Այնքան ատեն որ չենք հասած այս կեդրոնին, ուրկէ միայն անցեալի վերադարձը, անցեալին բացուիլը իրենց կարգին կը գտնեն իրենց պաշտօնը, իմաստէ զուրկ դատապարտուած են մնալու ե՛ւ ոգեկոչումը անցեալին, ե՛ւ անոր անուշութիւններու, անոր մէջ՝ սիրոյ վայելքի պահերու յիշատակութիւնը: Չեն բանար ասոնք մեզի համար իմաստը այն մասնայատուկ աշխատանքին, գրական ճիգին որ եղած է Թէքէեանինը, կը չարափոխէն իսկ այդ ճիգին նշանակութիւնը, տարողութիւնը: Երբ «Հայրենի գարնան յիշատակ»ի նման էջերու կը հանդիպինք, ուր թեքսթը ճշգրիտ է եւ խիստ իր ճշգրտութեամբ, ուր կը դիմադրէ ան եւ պարապ չի հնչեր երբ մեկնողին մատը զարնէ իր վրայ, վարձատրուած կը զգանք մենք զմեզ իբրեւ մեկնող, իբրեւ ընթերցող: Եւ աւելի լաւ կը զգանք «արժէքը» այս բանաստեղծութեան, որ առաջին օրէն ճանչցուած էր լաւագոյններէն:
* * *
Հարցում մը հիմա հոս որ քանի մը անգամ պիտի վերադառնայ հետագայ էջերու ընթացքին: Երրորդ դէմքի բացակայութիւնը զոր պիտի հաստատենք տակաւին. «պատկերակային»ի գերակայութիւնը երբ կը փակուի խօսքի տարածութիւնը, երբ եսը կը բախի իր կրկնակին. տենչանքի անլուծելի բնոյթը ներկային մէջ. խօսքի հեռացումը ինքն իրմէ որպէսզի ցանկութիւնն ու ցնծութիւնը հնարաւոր ըլլան վերստին. այս ամէնը կրնայ նկատուիլ նաեւ իբր «հոգեբանական» տուեալներու ու խնդիրներու շարք մը: Ո՞ւր է այն ատեն բանաստեղծութեան մասնաւոր դերը: Կա՞յ արդեօք այդպիսի բան մը: Բանաստեղծութիւնը կ’արձանագրէ լեզուին մէջ խօսքի բացումը, կը հանդիսանայ իրերու երեւման վայրը, կ’արձանագրէ նաեւ իր լաւագոյն վայրկեաններուն գաղտնիքը այդ բացումին – այս պարագային՝ խօսքին, անձնական խօսքին խմբական վերադարձը դէպի եսը: Ճիշդ է սակայն որ կայ հոգեբանական հարց մը այստեղ եւ անխուսափելի է ասիկա. տեսնելու կարողութեան, ցանկալու կարողութեան կորուստը, կիրքերու եւ անկարգ տենչանքներու աշխարհին մէջ մխրճումը, վերջապէս՝ փորձը տեսնելու ու ցանկալու կարողութեան վերստացումի մը: Բայց ինչ որ հոգեբանական կը կոչենք այս ձեւով խօսքի փակումին հետեւանքն է. կրնայ ան բուժական լուծումներ ունենալ, օրինակ՝ մեր օրերուն, հոգեվերլուծական լուծումը, որ նոյնպէս՝ կը զբաղի խօսքի բացումովը, այդ բացումին արձանագրութեամբը, արտասանուած խօսքին տակ ու ընդմէջէն: Բանաստեղծութիւնը ասոր պէս, եթէ թոյլատրելի է արագ եզրակացութիւն մը հանել նախորդ ընթերցումէն, ձեւ մըն է բացումը պահելու, տարբերութիւնը քաղելու: Իբրեւ այդ՝ անձնական ճիգ մըն է, պայքար մը հոգեբանական տուեալներուն հետ, ձեւ մը խուսափելու այդ տուեալներէն, զանոնք փոխակերպելու:
«Հոգեբանական»ը սակայն կը մնայ իբր այդ խօսքի փոխանակութեան սովորական սահմաններուն մէջ: Բանաստեղծութիւնը փորձ մըն է, իր տեսակարար միջոցներով, հասնելու այդ սահմաններուն: Կը վերաքաղէ, ըսինք, լեզուին մէջ խօսքի բացումը, եւ այդ բացումին գաղտնի պայմանները: Բայց որոշ տեղ մը՝ ինքն է որ պէտք է ներկայանայ իբրեւ ամենէն գաղտնին այդ պայմաններուն: Այնպէս որ երբ Թէքէեան կ’ըսէ. « . . .Ինչպէ՜ս ինծի կը բանայ Անցեալըն իր ծոցըն անամպ. . . », այդ բացումը իբրեւ պայման աշխարհի երեւման պայմանաւորուած է իր կարգին բանաստեղծական արձանագրութեամբը: Մէկ բառով՝ այդ արձանագրութիւնը չէ՛ երանելի կամ ապերջանիկ հոգեբանական վիճակներու վերարտադրութիւնը: «Անցեալի» բացումը գործիքն իսկ է, եթէ կարելի է այդպէս ըսել, այն որ կը բանայ խօսքը եւ կը պահէ զայն հեռու ինքն իրմէ: Կան ուրիշ գործիքներ, տրամադրիչներ, ինչպէս հոգեվերլուծականը: Տեղը չէ հոս բաղդատութիւններ ընելու, իւրաքանչիւրին տեղն ու յարաբերական դերը ճշդելու, մէկը միւսէն զատորոշելու: Յստակը հոս այն է որ գործիքը աւելի ուժով, աւելի որոշադրիչ է քան թէ իր պարագայական կիրարկումները: Կը «փակի» ան հոգեբանական վիճակներուն, ըլլա՛յ բանաստեղծականի, ըլլա՛յ հոգեվերլուծականի պարագային, որովհետեւ այդ վիճակները կը գտնեն իրենց արձանագրութեան վայրը խօսքի այլութեան եզրի փակումի զանազան եղանակներուն մէջ:
Կարեւոր են այս նկատողութիւնները իբրեւ սկզբունք՝ ապագային կատարուելիք հետազօտութեան մը համար՝ խօսքի փոխանակութեան կարելիութեան պայմաններուն: Ինչ կը վերաբերի Թէքէեանին, կը տեսնուի որ «հոգեբանական» խնդիրները այնքան ալ պարզ, այնքան ալ դիւրհասկնալի չեն քանի որ կը զուգադիպին նախ՝ անցեալի եւ խօսքի այլութեան բացումին, որ կը յատկանշուի խօսքի անանձնական վերադարձէն: Այս վերջինը իր կարգին կարելի կը դառնայ միայն բանաստեղծական տրամադրիչին մէջ: «Հոգեբանական»ի յաճախանքին պիտի հանդիպինք տակաւին շատ շեշտուած կերպով գալիք ընթերցումներովը: Բայց ինչ որ պէտք է եզրակացնել այս վիճարկումէն, ինչ որ պէտք է մնայ իբրեւ գլխաւոր եզրակացութիւն հոս՝ այն է որ անցեալի բացումն իսկ պայմանաւորուած է բանաստեղծական տրամադրիչի գործարկմամբ: Հոգեբանական որոշ պատճառներ կ’ընեն թերեւս որ Թէքէեան ստիպուած է անցեալին յղուելու որպէսզի բացուի խօսքի այլութիւնը: Բայց բանաստեղծութիւնն է, իբրեւ այն մասնայատուկ տրամադրիչը որ է ան, այդ անցեալի բացումին, իբրեւ բացում, պայմանը:
* * *
Կրնանք կարդալ հիմա գիրքին վերջին էջին դրուած Վ. Թէքէեանի գրածը, «իբրեւ վերջաբան» խորագիրին տակ (3):
Այն պահուն ուր կը վերջանայ այս հատորին տպագրութիւնը՝ հեղինակը պէտքը կը զգայ պզտիկ բացատրութեան մը, զոր առաջ անհրաժեշտ չէր դատած . . . :
Կ’ուզէի ըսել՝ թէ անունը, ՀՐԱՇԱԼԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ, գրեթէ կրօնական իմաստով մը առած է. Հրաշալին անշուշտ «հրաշքով» կը նշանակէ, եւ այս Յարութիւնը «յարութիւն»ն է անցեալին, ամբողջ հոգիի մը անցեալին, եւ միայն Բանաստեղծութիւնն է որ այս հրաշքը կարելի կ’ընէ . . . :
Այս սքանչելի տողերը բացայայտում մըն են մասամբ, եւ հաստատում մը, մեր վիճարկումի եզրակացութիւններուն: Միայն Բանաստեղծութիւնը, կ’ըսէ Թէքէեան: Միայն ան է որ կրնայ վերաքաղը ընել այն տարբերութեան որ կը բանայ իրերը ու աշխարհը իրենք իրենց, ան է միայն որ կրնայ պահել իր մէջ այդ բացումը: Վերաքաղում ու պահպանում կ’անցնին անցեալի յարութենէն, որովհետեւ այդ ձեւով է միայն որ կը վերհաստատուի, առնուազն՝ Թէքէեանի համար – բայց հաւանաբար՝ բանաստեղծական տրամադրիչէն եկող պատճառներով – խօսքի այլութիւնը, որ հրաշքը կարելի կ’ընէ:
Կայ աւելին սակայն, քանի որ Թէքէեան կը հասկնայ իր գիրքին խորագիրը «գրեթէ կրօնական» իմաստ մը տալով անոր: Կը կարծեմ որ «կրօնական»ը հոս պէտք չէ առնել բթացած նշանակութեամբ մը – օրինակ՝ «բարձր»ի կամ «վսեմ»ի իբրեւ հոմանիշ, ո՛չ ալ փոխաբերական իմաստով մը: Որովհետեւ ո՛չ միայն «հրաշալի»ն է որ ունի կրօնական այդ երանգը, հրաշքէն ստանալով իր մասնաւոր առումը, այլեւ Յարութիւնը չի կրնար չյղել քրիստոնէական յղացքին ու խորհուրդին: Եւ այս՝ արդէն իսկ նշան մըն է դէպի սկիզբը դրուած խնդրականութեան, քանի որ Յարութեան խորհուրդին եւ անոր ծիսական կրկնութեան վրայ է որ հիմնուած – հաստատուած է հաւաքականութիւնը, քրիստոնէականը, իբրեւ այդ: Յարութիւնը միասնական «կապ»ին սկզբունքն է, սկզբնաւորութիւնը, եւ այդ սկզբնաւորութիւնն է որ կը վերանորոգուի անդադար համայնքին մէջ: Բանաստեղծութիւնը ուրեմն նոյն իմաստով է որ շառաւիղներէն մէկն է սրբազարին, նախնական իմաստով մը եւ առանց գեղագիտական տեսութեան (5): Ուրիշ բան կարելի չէ հետեւցնել Թէքէեանի մէջբերուած վերջին տողերէն: Անցեալի վերյառնումի գործողութիւնը, անոր բացումը կապ մը ունին, կ’ըսէ Թէքէեան, եւ հզօրագոյն կապը, համայնքին խորագոյն հիմնաւորութեան հետ, որ շինուած պիտի ըլլայ այն ատեն լեզուական շաղախով, լեզու ըսուածը հասկնալով հոս անշուշտ Յարութենէն, եւ ոչ թէ հակառակը: Այս հասկացողութիւնը կը սպասէ իր ամբողջական բացայայտումին: Այս ձեւով նաեւ՝ գրական ըսուած աշխատանքը կը բերէ կրօնականը իր ճշմարտութեան, բայց կը ստանայ մանաւանդ իր կարգին անկէ իր ժառանգին խորագոյն թելադրանքը:
Բացատրուիմ, որքան որ հնարաւոր է: Ըսի որ բանաստեղծական տրամադրիչը աւելի «ուժով» ըլլալու էր քան հոգեբանական տուեալները որոնք կը գտնեն իրենց իմաստը, եթէ ոչ՝ լուծումը, անոր մէջ: Ըսի նաեւ որ անցեալի յարութիւնը շատ աւելի է քան վերյիշումի եւ ոգեկոչումի «պարզ» արարքները (պարզ՝ այնքան ատեն որ չեն բերուիր իրենց ծագումին, իրենց կարելիութեան), որ համազօր է ան բանաստեղծութեան ներգործութեանը: Անցեալի յարութիւնը, իբրեւ «բանաստեղծական» արարք, յիշատակներու վերանորոգում մը չէ: Այնպէս որ նոյնիսկ եթէ արդարացի է հարցնել թէ ի՞նչ է կապը անձնական յիշողութեան եւ հաւաքական հիմնաւորութեան միջեւ, վստահ չէ որ կարելի ըլլայ մնալ այդ հարցումին դրած եզրերուն մէջ: Անցեալի Յարութիւնը «գրեթէ» կրօնական արարք մըն է որ կը վերանորոգէ բացումը լեզուին մէջ, այնպէս որ միաժամանակ՝ «անձնական – հաւաքական» է ան, մէկ շունչով: Բայց վերադիրներու յարադրութիւնը չի կազմեր նոր յղացք մը: Պէտք է մտածել այդ «գրեթէ»ն. գրեթէ կրօնական, գրեթէ ծիսական:
Եթէ անձնական յիշողութեան եւ հաւաքական հիմնաւորութեան արմատը մէկ է, եթէ բանաստեղծութիւնը այդ արմատով է որ կը զբաղի երբ կը գրէ Յարութիւնը, երբ կը գրէ միեւնոյն ատեն՝ խօսքի բացումը, որմէ միայն կը սկսի փոխանակութեան կարելիութիւնը – այն ատեն՝ աւելի լաւ հասկնալի է թերեւս Թէքէեանի գիրքին «Իբրեւ վերջաբան» տրուած էջին չըսուած, անասելի միութիւնը, բացակայ՝ էջի տարածքին վրայ, իբրեւ անտարազելի հարց մը. Թէքէեան կը խօսի ի հարկէ ստիպողական ե՛ւ չգոհացնող բաժանումի մը մասին («Հազիւ կրցայ . . . երկու խմբում ընել – կը խոստովանիմ որ քիչ մը կամայական եղան անոնք») եւ անմիջապէս յետոյ՝ խորագիրի հարցին մասին, անդրադառնալով անցեալի յարութեան կրօնականութեան: Անտարազելի հարցը վերջաբանին, բացակայ կեդրոնը գիրքին այդ անգոյ, անհասանելի արմատն է, արմատը որ չի հասնիր երբեք լեզուին որովհետեւ ան է որ լեզուն կը հիմնէ. հաստումը որ կու տայ հաստատումի անխուսափելի կրկնիմաստը:
Եթէ գրական աշխատանքը, բանաստեղծական տրամադրիչէն անցնելով մասնաւորաբար, կը բերէ կրօնականը իր ճշմարտութեան, չ’ըներ այդ անշուշտ տրամախոհական եղանակով մը, պահելով – զանցելով կրօնքը: «Գրեթէ» մը կայ որ կ’ենթադրէ կրօնականութեան տարրալուծում մը: Այդ տարրալուծումը նոր չէ որ սկսած է հաւանաբար. կրօնականը միշտ ալ «վաղաշէջ» եղած ըլլալու է: Ատկէ հաւանաբար ալ՝ իր կայունութիւնը: Կը մնայ միայն հետեւիլ, ընկերակցիլ այդ սկզբնական շիջումին, արձանագրուած անցեալին մէջ, շիջումին որ «հրաշքով» միայն կը շրջուի: Ընկերակցիլ շիջումին, հոն ուր բանաստեղծութիւնը, իր մասնայատուկ աշխատանքով, կը հանդիպի անոր, կը քողազերծէ ու կը նորոգէ զայն, կը յաղթուի անկէ: Մէկ խօսքով՝ կը փորձարկէ – կը փորձէ զայն: