Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

ԿԱՄ 3-4, 1986

Զարեհ Խրախունի
Իսթանպուլահայ գրականութիւնը առարկայական խորհրդապաշտութեան ուղիով
Աւելի քան քառորդ դար անցած է այսօր այն իսթանպուլահայ գրական շարժումին վրայէն, որ յայտնուեցաւ մասնաւորապէս բանաստեղծութեան կալուածին մէջ, եւ որ կոչուեաւ ոմանց կողմէ՝ «արդիապաշտութիւն», իսկ փրոֆ. Յ. Մարթայեանի կողմէ՝ «նորատարազ քերթողութիւն»: Ես ատենին՝ «Սան» եւ «Թօ» հանդէսներուն մէջ երեւցած գրութիւններովս ջանացած էի բանաձեւել այս շարժումին սկզբունքներն ու տեսական – փիլիսոփայական հիմերը, եւ զայն մկրտած էի՝ «առարկայական խորհրդապաշտութիւն» անունով:
Զարեհ Խրախունի
Ստուըր եւ Արձագանգ Ա., Գ. եւ Դ., Ուղիներ Ե. եւ Զ.
1975-ԻՆ Փարիզի մէջ՝ «Քաթրա» Ընկերակցութիւնը Խրախունիէն կը հրատարակէր «Ստուեր եւ Արձագանգ» խորագրուած հատորիկ մը, որ կը պարունակէր ընդ ամէնը՝ վեց կտոր: Շարքէն դուրս մնացած էին Գ. եւ Դ. համարները, որոնք այդ թուականին՝ գրուած էին արդէն իսկ: Աւելի ուշ, 1985-ին, Խրախունին շարքին աւելցուց Ա. համարը կրող կտորը: «Ստուեր եւ Արձագանգ»ը լրացնող այս երեք կտորները կը ներկայացնենք հոս, Ա. Գ. եւ Դ. նշումներով: 1985-ին Խրախունի նոր շարքի մը ձեռնարկած է, «Ուղիներ» վերնագրով: Ատկէ ալ երկու կտոր կը հրամցնենք հոս ընթերցողներուն:
Պետրոս Ալահայտոյաեան
Հին սրբութիւններու յայտնագործումը
Ծերուկը անծանօթ էր ինծի. ութսուննոց մը ըլլալու էր. կը պատմուէր թէ գիտէր շատ բան ու երգեր ունէր գործիքիս յանձնելիք. արձանագրած երիզներուս թիւը կը մօտենար քառասունի: Այսօր սակայն թերահաւատ էի. ցրտաբարոյ եւ անտեղի կիրակի մը. իբրեւ թէ ամառ էր. ճամբան երկար պիտի թուէր – մեթրօ, հանրաշարժ, սպասելներ, քալելներ, յոգնիլներ, ցուրտ օդ, թերեւս անձրեւ. մարդու պիտի չհանդիպէի ապահովաբար, գուցէ մէկ – երկու սեւամորթներու կամ արաբներու. կօշիկս դեռ նորոգուած չէր, կրնայի պաղ առնել ոտքէս, պէտք էր ամէն գնով զգուշանայի. իրապէս չէի ուզեր տեղէս շարժիլ.
Գրիգոր Պըլտեան
Հատուածներ հօր
Ինչո՞ւ կենալ, պիտի ըսես: Կրնայի շարունակել, հաստատել միշտ նոյն հարցումը տեղափոխ՝ սկիզբէն, կամ լռել խօսքին մէջ, ցած խողովակներ կային՝ մառանները փորող, ուրկէ կ՚անցնէինք, նրբանցքներ եւ բացխցուող աղմուկը կար թաց փապուղիին մէջ փակ հաղորդակցող ջուրերու: Տեղ մը եղաւ մութին, հաստատ ու անորոշ, եղամ՝ տանող ոչ մէկ բանի: Եւ ո՛չ իսկ տեղ կեցուցիչ՝ ուր մտնէի: Անմտածելի կէտ՝ որ կէտ չէ, ելլող անդադար, սերող լեզուէս: Բերնիս մէջ բռնուած անտանելի արգելք, կենսատու: Ի՞նչպէս կարելի է մտածել:
Պրիւնօ Սաքայեան
Շքերթներ (Ե.)
«Je suis né par une nuit sacrilège, par une nuit sans fin, sans fond. Et meurtrissant toujours ma mémoire violentée; nuit de l’homme arborant sans vergogne le rictus de la haine homicide;; où l’homme déchira, de bout en bout, les bornes ultimes de l’inimaginable, dépassa l’horreur des nuits antérieures, brisa la plume, l’entendement des chroniqueurs des gensdeletters bouffis de vaines prétentions à rendre compte des forfaits de l’homme contre l’être.
Յակոբ Օշական – Նիկողոս Սարաֆեան Նամականի
Յակոբ Օշական – Նիկողոս Սարաֆեան Նամականի
Չորս նամակ Սարաֆեանէն, ութ նամակ Օշականէն: Ամբողջական նամականի մը չէ անշուշտ. կը հրատարակենք ինչ որ պահպանուած է երկու գրագէտներու թղթակցութենէն, կամ աւելի ճիշդ՝ ինչ որ կրցանք ձեռք ձգել եւ ի մի հաւաքել:
Վահէ Օշական
Մահէն անդին
Ֆիլմը հազիւ աւարտած գիտակցութիւնը չորս պատերէն վար կ'առնեմ կը լուամ կը չորցնեմ կ'արդուկեմ մեծ խնամքով կը ծալլեմ ետ տեղը կը դնեմ. յետոյ գրպաններս կը պարպեմ տանս դուռը կը կղպեմ ու դուրս կ'ելլեմ արուարձանի փողոցները քալելու միապաղաղ պիրկ անշղարշ լռութեան մէջ պատուհաններ կը բացուին, շուար դէմքեր թելով կախուեր կը ճօճուին
Մարկ Նշանեան
Բանաքաղութիւնք ի ձէնջ
Որ գան դանդաղ, սփռուած իբրեւ հանդեր որ ծածկեն Տարածութիւնն իր ամբողջ: Գրուէր աշխարհն անոնցմով, կանոնաւոր, վանկ առ վանկ, Կանոնազանց արբանեակ: Վերադարձը պժգալի կը սպասէ, լպիրծ վայրէջքովն Իր, անցքով կեդրոնազուրկ: Ես նոյն տեղը տարածուն, լայնաբաց հորիզոնի Ձգումին անուշադիր:
Նիկողոս Սարաֆեան
Վէնսէնի անտառը Բ.
Անտառին մէջ կան շատ մը ուրիշ աւելի մեծ լիճեր: Անոնցմէ մէկուն եւ մերթ միւսին կ'երթամ երբեմն: Մէկուն մէջ սիրահարներ կը թիավարեն: Միւսին շուրջ կերտեցին միջազգային քաղաք մը, որ փայլելէ յետոյ մարդոց բոլոր ճարտարութիւններով, անհետացաւ ի սպառ: Կը մնան թանգարան մը եւ կենդանաբանական պարտէզ մը միայն:
Մարկ Նշանեան
Գրական կանգնումը
Երկու հանդէսներով շրջագծուած պահուն կարեւորութիւնը չի սպառիր գրականութեան պատմութեան կամ գրականագիտութեան մարզերուն պատկանող սովորական միջոցներով: Չի վերաբերիր անոնց տրամադրութեան տակ գտնուող պատճառներուն: Առ այժմ՝ ըսենք, որ գրական սերունդ մը ինքզինքին գիւտը կը կատարէ իբր սերունդ, կը հաւաքուի, կը համախմբուի, ու իր գիւտը կը հռչակէ:
Ֆրիտրիխ Նիցչէ
Ողբերգութեան ծնունդը
Շատ բան շահած պիտի ըլլանք ի նպաստ գեղագիտութեան, հասնելով ո՛չ միայն տրամաբանական թափանցողութեամբ, այլեւ ներհայեցողական անմիջական վստահութեամբ, այն իրողութեան՝ թէ արուեստի զարգացումը կապուած է ապողոնեանի եւ դիոնիսեանի երկուութեան, ինչպէս սերնդագործութիւնը՝ սեռերու երկուութեան, ասոնց յարատեւ պայքարին ու միայն պարբերական հաշտութեան ընդմէջէն: