Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։
անմիջական գրականութիւն

Հին սրբութիւններու յայտնագործումը

Ծերուկը անծանօթ էր ինծի. ութսուննոց մը ըլլալու էր. կը պատմուէր թէ գիտէր շատ բան ու երգեր ունէր գործիքիս յանձնելիք. արձանագրած երիզներուս թիւը կը մօտենար քառասունի: Այսօր սակայն թերահաւատ էի. ցրտաբարոյ եւ անտեղի կիրակի մը. իբրեւ թէ ամառ էր. ճամբան երկար պիտի թուէր – մեթրօ, հանրաշարժ, սպասելներ, քալելներ, յոգնիլներ, ցուրտ օդ, թերեւս անձրեւ. մարդու պիտի չհանդիպէի ապահովաբար, գուցէ մէկ – երկու սեւամորթներու կամ արաբներու. կօշիկս դեռ նորոգուած չէր, կրնայի պաղ առնել ոտքէս, պէտք էր ամէն գնով զգուշանայի. իրապէս չէի ուզեր տեղէս շարժիլ.