Նպատակը հանդիսավայր մը եւ հանդիպավայր մը ըլլալ էր։ Հանդիպում սփիւռքեան եզակիութեան մէջ։ Իրողութիւնը այն է որ այդ եզակիութիւնը երեւան կու գայ արեւմտեան Սփիւռքի մէջ։ Կը թուի թէ բո՛ւն յեղափոխիչ կեցուածքը կը սկսի հոն, ուր արեւմտեան Սփիւռքը կարող է ներկայէն դուրս ձգտող նպատակադրուած կամեցողութիւնները թոթափելով՝ ինքն իր վրայ վերադարձ մը կատարելու, եւ իր վախճանական փորձառութիւնը արձանագրելու։