Աւելի քան քառորդ դար անցած է այսօր այն իսթանպուլահայ գրական շարժումին վրայէն, որ յայտնուեցաւ մասնաւորապէս բանաստեղծութեան կալուածին մէջ, եւ որ կոչուեաւ ոմանց կողմէ՝ «արդիապաշտութիւն», իսկ փրոֆ. Յ. Մարթայեանի կողմէ՝ «նորատարազ քերթողութիւն»: Ես ատենին՝ «Սան» եւ «Թօ» հանդէսներուն մէջ երեւցած գրութիւններովս ջանացած էի բանաձեւել այս շարժումին սկզբունքներն ու տեսական – փիլիսոփայական հիմերը, եւ զայն մկրտած էի՝ «առարկայական խորհրդապաշտութիւն» անունով: