Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

ԿԱՄ

ԿԱՄ 2, 1982
Իբրեւ յառաջաբան
ԿԱՄի ներկայ թիւը շարունակութիւնն է առաջինին։ ԿԱՄը գիտակցութիւնն ունէր դար մը գրականութեան վախճանը արձանագրելու, ու գալիքի սեմին կանգնելու, կոյր արձանի մը նման։ Յաւակնութիւնն ունէր իր մէջ հաւաքելու բոլոր հոսանքները, որոնք կը զուգամիտէին դէպի ծնունդին մէջ ծածկուածը, եւ այդ ձեւով՝ դէպի գալիքին սեմը։
ԿԱՄ 7, 2020
Յառաջաբան
Ահաւասիկ ուրեմն ԿԱՄի 7րդ համարը։ ԿԱՄ, հանդէս վերլուծական անունով պարբերական հրատարակութիւնը ընդամէ նը վեց համար ունեցած էր (1980էն մինչեւ 2005, Փարիզ, Պէյրութ, Պոսթըն, Լոս Անճելըս)։
ԿԱՄ 5, 2002
Փոխան յառաջաբանի
15 Երկար տարիներ անցան ու ԿԱՄը չերեւցաւ հրապարակին վրայ։ Աշխարհը փոխուեցաւ, Սովետական Միութիւնը իր անմարդկային մահկանացուն կնքեց, պատերազմներ արիւնոտեցին աշխարհը, Հայաստանը անկախացաւ ու վերածուեցաւ գիշատիչներու ազատ ասպարէզի, Սփիւռքը իր դիմագիծը փոխեց խոր ու հաւանաբար անվերադարձ կերպով։
ԿԱՄ 6, 2005
Փոխան յառաջաբանի
Ներկայ համարը քիչ մը կը տարբերի նախորդներէն այն չափոխ որ հոս ամբողջ բաժին մը նուիրուած է մէկ ու միակ բնանիւթի մը, ինչ որ երբեք չէր պատահած նախորդ թիւերուն մէջ։ Այդ բնանիւթն է հարցումի ձեւով՝ «Արուեստի վերջաւորութի՞ւն, թէ վերջաւորութեան արուե՛ստ»։