Ահաւասիկ ուրեմն ԿԱՄի 7րդ համարը։ ԿԱՄ, հանդէս վերլուծական անունով պարբերական հրատարակութիւնը ընդամէ նը վեց համար ունեցած էր (1980էն մինչեւ 2005, Փարիզ, Պէյրութ, Պոսթըն, Լոս Անճելըս)։ Տասն հինգ տարի անցած է վերջին համարի լոյս ընծայուելէն ի վեր։ 2019ին ճամբայ ելանք ուրեմն, դաւիթ Մոսինեանի գործակցութեամբ, նոր կեանք մը ընծայելու համար ԿԱՄի հին ծրագիրին, բայց այս անգամ՝ ցամաքամաս փոխելով, ու Երեւան փոխադրուելով։