Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։
գրախօսական

Ամբողջական գործեր

Մարկ Նշանեան

Քննական Հրատարակութիւն

Նախ խօսքը տանք հատորի խմբագիրներուն, զայն ներկայացնելու համար հակիրճ բնութագրումով. «Երեւի թէ հասել է մեծանուն արձակագրի, թատերագրի, քննադատի ամբողջական քննական բնագիրը պատրաստելու եւ երեւան հանելու ժամանակը։ … Բազմահատոր երկերի առաջին հատորն ընդգրկում է հեղինակի փոքր ծաւալի ստեղծագործութիւնները՝ քերթուածներ, այդ թւում՝ արձակ բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, հէքիաթներ եւ պատկերներ»։ Ուրեմն գործ ունինք հսկայածաւալ ծրագրի մը առաջին հանգրուանին հետ։ 832 էջնոց հատոր մըն է, որ ունի ենթախորագիր մը՝ «Գեղարուեստական երկեր»։ Գնահատելու համար ծրագրին արժէքն ու նշանակութիւնը, պահ մը յիշենք Յակոբ Օշականի գործերուն հրատարակութեան ոդիսականը եւ այդ ոդիսականին տարբեր փուլերը։ Երբ ես 1999ին հրատարակեցի «Յակոբ Օշականի մատենագիտութիւն»ը (Բաց Նամակ հրատ., Լոս Անճելըս), 48 միաւոր լոյս տեսած էին իր անունով (ուրեմն Մնացորդացի երեք հատորները նկատի առնելով՝ ընդամէնը 50 գիրք)։ Այդ 48 միաւորներէն միայն 12 հատը լոյս տեսած էին Օշականի կենդանութեան։ 13րդ մը լոյս պիտի տեսնէր իր մահուան տարին (Արեւլելահայ բանաստեղծութիւնը եւ Էջմիածին, Անթիլիաս, 1948ին)։ Յետոյ հինգ տարի ետքը միայն՝ Համապատկերի նոր հատոր մը տպուեցաւ Երուսաղէմ (շարքին 5րդը, «Իրապաշտները», առաջին հատորը լոյս տեսած էր 1945ին, որուն մէջ կային ընդհանուր «Մուտք»ը եւ «Զարթօնքի սերունդ»ին սկզբնաւորութիւնը)։ Մինչեւ 1956՝ նոյն Համապատկերի 2րդ, 3րդ եւ 4րդ հատորները տպուեցան Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց տպարանը, որմէ ետք Օշականի գործերուն տպագրութեան յետ մահու աշխատանքը անցաւ տարբեր ձեռքերու։ 1958ին՝ Պէյրութ փոխադրուեցաւ այդ աշխատանքը, մասամբ՝ Անթիլիասի միջնորդութեամբ, ու մեծ մասամբ՝ Պօղոս Սնապեանի ջանքերով, քանի որ այդ թուականէն սկսեալ՝ Սնապեանն էր հրատարակութեան գլխաւոր ճարտարապետը։ Իր ձեռքովն է որ պատրաստուած ու հրատարակուած են մէկ առ մէկ նախ՝ Խոնարհները ընդհանուր վերտառութեամբ տպուած պատմուածքներու լման շարքը, յետոյ՝ Երկեր վերնագիրով «Հայրենիք ամսագիր»ին մէջ լոյս տեսած վէպերը (1973), յետոյ՝ Համապատկերի մնացեալ հատորները (1968ին՝ 6րդ հատորը Համազգայինի մօտ, եւ 1979էն 1982՝ միւս հատորները, մինչեւ 10րդը, Անթլիասի մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ տպարանէն)։ Ու այդտեղէն սկսեալ՝ ի՛մ ալ ամբողջ կեանքս դարձաւ սպասում մը, որսորդութիւն մը, Օշականի հեղինակած ու Սնապեանի ձեռքէն անցած հատորներուն ի խնդիր։

1983ի շուրջ, ուրեմն ծննդեան հարիւրամեակին առիթով, տեսակ մը հապճեպով լոյս տեսան Կայսերական յաղթերգութիւն հատորը (գլխաւորաբար քսանական թուականներու գրութիւններ հաւաքող), Մայրիներու շուքին տակ (որ կը հաւաքէ Բենիամին Թաշեանի ձեռքով քաղուած հարցազրոյցները Օշականի հետ, ու այդքան կարեւոր է, քանի որ հո՛ն է որ առաջին անգամ ըլլալով Օշական կը խօսի Մնացորդացի ծրագիրին մասին), Երկեր հատորին մէջ տեղ չգտած վէպերը (Սիւլէյման էֆենտի եւ Սահակ Պարգեւեան), թատերգութիւններ, քնարախաղեր, հին մատենագիրներու մասին շարքեր, վէպերու նոր հրատարակութիւններ։ Մնացորդացի երկրորդ հրատարակութիւնը երեւան եկաւ 1988ին։ Անհրաժեշտ աշխատանք մը այդտեղ կատարելիք, որովհետեւ առաջին տպագրութիւնը ամէն պարագայի այլեւս մատչելի չէր, ու մանաւանդ որովհետեւ այդ առաջին հրատարակութեամբ՝ վէպը գրեթէ անընթեռնելի էր, տպագրական անփութութեան եւ բազմաթիւ վրէպներու ներկայութեան պատճառով։ Իսկ 1990ին, այս անգամ Վահէ Օշականի աշխատասիրութեամբ, լոյս տեսան Երեք թատերգութիւններ հատորը (որ ի դէպ՝ բանասիրական վէճ մը ստեղծեց, քանի որ այդ երեքէն մէկը այդտեղ կ՚երեւէր «Աքլորամարտը» վերնագիրով, մինչդեռ նոյն այդ վերնագիրով կատակերգութիւն մը լոյս տեսած էր 1925ին, Պոլսոյ մէջ տպուող Թորոս Ազատեանի «Ընդարձակ Տարեցոյց»ին մէջ), ու 1995ին՝ Օշականի վերջին տարիներուն ձեռք առած «ինքնակեսագրական» վէպը՝ Կեանքին պէս։

Ընթերցողը գիտէ որ երկար ատեն՝ Օշականի գործերը մուտք չէին գործեր Հայաստանի սահմաններէն ներս։ Համապատկերի 10րդ հատորին մէջ, հեղինակը կը պատմէ որ 1934ին՝ Մնացորդացի երեք հատորները ծրար կազմած ու ղրկած էր Զապէլ Եսայեանին (որ այն ատեն՝ նոր հաստատուած էր Երեւան)։ Այդ երեք հատորները վերադարձուած են իրեն։ Օշական կ՚ըսէ՝ անշուշտ գրաքննիչները ժամանակ չէին ունեցած զանոնք կարդալու։ Պարզապէս արգիլուած հեղինակ էր։ Կրնար քննադատական խծբծումի ենթարկուիլ, ինչպէս պատահած է Սերգէյ Սարինեանի Հայկական Ռոմանտիզմ գիրքին մէջ, չէր կրնար կարդացուիլ, արտօնեալ շրջանակներէ դուրս։ Սուրէն Դանիէլեան իր յառաջաբանին մէջ կը բացատրէ թէ ինչպէ՛ս այն ատեն Պարոյր Սեւակը քաջութիւնն ունեցած է Օշական պաշտպանելու Սարինեանին դէմ, ինչ որ կը նշանակէ ի միջի այլոց, որ ինքն ալ այդ արտօնեալներէն էր։ 1979ին միայն Երկեր վերնագրով հատոր մը լոյս տեսած է Երեւանի մէջ, Ստեփան Կուրտիկեանի նախաձեռնութեամբ, եւ իր ստորագրութիւնը կրող յառաջաբանով։ Անշուշտ՝ լռելեայն յապաւումներով։ Անկախութեան տարիներուն, Օշականէն լոյս տեսաւ Գրականութեան համար հատորը (1997), Գրիգոր Յակոբեանի աշխատասիրութեամբ, ու 2000ին՝ նոյն խմբագիրին ջանքերով՝ Հաճի Ապտուլլայ վէպին նոր մէկ տարբերակը։ Եւ անշուշտ հիմա 2019ին՝ «Խոնարհները» շարքին վերատպումը Ակտուալ արուեստ հրատարակչատան կողմէ։ Եւ այդքան։

Իսկ «Մատենագիտութեան»ս հրատարակութենէն ետք, Պէյրութի մէջ 7 հատորներ եւս լոյս տեսած են (եթէ հաշիւս ճիշդ է ու եթէ ուշադրութենէս բան մը չէ վրիպած), բոլորը՝ Պօղոս Սնապեանի ջանքերով։ Կ՚ուզեմ թուել զանոնք ու մէկ առ մէկ բացատրութիւններ տալ։ Նախ՝ «50ամեակի հրատարակութիւն» շարքին 4րդ եւ 5րդ համարները՝ Զուգակշիռ արեւլելահայ եւ արեւմտահայ գրականութեանց եւ Արեւելահայ դէմքեր (երկուքն ալ՝ 1999ին, Վահէ Սէթեան տպարանէն), յետոյ շարքէ դուրս՝ Անգղին կտուցին տակ (2008, առանց հրատարակիչի կամ տպարանի նշումի), որ կը պարունակէ «տեսական գրութիւններ» եւ այդ ենթախորագիրն ալ կը կրէ։ Կարեւոր հատոր մըն է այս մէկը անշուշտ, քանի որ ընթերցողը այդտեղ հաւաքուած պիտի գտնէ Օշականի «գրականագիտական» յօդուածները, անշուշտ գրողի եւ գեղագէտի իր տեսանկիւնէն, նաեւ՝ վերջին տարիներուն Նայիրի թերթին մէջ լոյս տեսած ինքնապաշտպանական գրութիւններուն մէկ մասը։ Յաջորդն է՝ Մաթիք Մելիքխանեանց (2009, Համազգային Վահէ Սէթեան), Մնացորդացի աշխարհէն եկած այդ վէպը, ուշ շրջանի գրի առնուած, ինքնակենսագրութեան սահմանները քերող, որ ատենօք «Բագին»ի մէջ լոյս տեսած էր, ու երկար ատեն չէր արժանացած կողքի տակ մտնելու պատիւին։ Եւ ունինք երեք հատոր եւս, որոնցմէ երկուքը լոյս տեսած են 2011ին եւ երրորդը՝ 2013ին, նոյնպէս առանց հրատարակիչի նշումի, բայց մեծագոյն հաւանականութեամբ՝ նորէն Վահէ Սէթեանի տպարանէն ելած։ Վերնագիրներն են. առաջինը՝ Գիրքերու քովն ի վեր, երկրորդը՝ Օսկի Օրանը եւ գրական այլ էջեր, երրորդը՝ Քննադատական…։ Առաջինը ուրեմն տարբեր շրջաններու գրուած գրախօսականներու հաւաքածոյ մըն է, երրորդը՝ նոյնպէս քով քովի կը բերէ քննադատական կտորներ, «Մեհեան»ի, «Բարձրավանք»ի ու «Ճակատամարտ»ի շրջաններէն մեծ մասամբ, ու երկրորդը ուշագրաւ հրատարակութիւն մըն է, քանի որ «Օսկի Օրրանը» պատմուածքը (որ լոյս տեսած էր 1953ին Ակօսի մէջ), Օշականի վերջին շրջանի գրական կտորներէն մէկն է, որ հեղինակի մտքին մէջ առնչուած էր «Կեանքին պէս» ինքնակենսագրական շարքին։ Եւ ուրեմն այս եօթը հատորները (առաւել Գրիգոր Յակոբեանին տպածները եւ Երեւան տպուած Խոնարհները) եթէ աւելցնենք սկզբնական (մինչեւ 1998 երկարող տարիներուն տոպուած) շարքին, ունինք այսօր ընդամէնը 58 միաւոր, Սուրէն Դանիէլեանի Ամբողջական գործերէն առաջ։

Անշուշտ Սնապեանը չէր հասցուցած ամէն ինչ գիրքի մէջ հաւաքել։ «Սիոն»ի մէջ կան տակաւին կարեւոր յօդուածներ, որոնք չեն մտած կողքի տակ։ Կայ առնուազն մէկ անտիպ, «Պատասխանը» վերնագիրով թատերախաղը (Օշականի դէմ ծաւալած – եւ ուղղակի Խորհրդային Հայաստանէն դրդուած – հալածանքին որպէս պատասխան գրուած ու Հայաստան ղրկուած 1946ին)։ Կայ թատերական գործերու թնճուկը։ Կայ «Նամական»ին, որմէ ունինք միայն հատ ու կէնտ նմոյշներ։ Բայց եւ այնպէս 58 միաւոր, երեսուն հազար էջ տպուած, պատկառելի գումար մըն է։ Այնպէս որ ընթերցողը չի կրնար ինքն իրեն չհարցնել նախ եւ առաջ թէ «Ամբողջական գործեր»ու նոր ձեռնարկը ինչպէ՞ս պիտի կարենայ գլուխ ելլել այս ամբողջին հետ, եւ երկրորդ՝ թէ արդեօք աւելի խոհեմ չէ՞ր ըլլար տպուածը տրամադրելի դարձնել, այսինքն՝ պարզ խօսքով բերել Պէյրութէն (քանի որ շատ լաւ գիտենք. Պէյրութ տպուած գիրքերը Պէյրութ կը մնան, երբեք չեմ հասկցած թէ ինչո՛ւ չեն ճամբորդեր), եւ գիրքի մէջ չմտածով զբաղիլը առաջնահերթութիւն դարձնել։ Բայց այդ չէ՛, ըստ երեւոյթին, նոր ծրագիրին նպատակը։ Այլ՝ ամբողջական եւ քննական հրատարակութիւն մը պատրաստել է։ Ի՞նչ սկզբունքներով։ Ա՛յդ է որ պիտի փորձենք հիմա հասկնալ։ Որովհետեւ այսքան ծաւալուն արտադրութեան մը դէմ յանդիման՝ սկզբունք մը պէտք է որդեգրել անպայման։

«Կազմողների կողմից» վերնագրով գիրքին սկիզբը դրուած կարճ նախաբանին մէջ կը կարդանք հետեւլեալը. «“Ամբողջական գործեր” բազմահատոր ժողովածուն ընդգրկում է Յակոբ Օշականի գրչից ելած եւ հնարաւորինս մեր ստուգիչ հայեացքով սկզբնաղբիւրներով զտուածմաղուած գրաւոր ամբողջական խօսքը՝ բանաստեղծութիւն, պատմուածք, ակնարկ, պատկեր, վէպ, վիպակ, թատերգութիւն, քննադատական, գրականագիտական ուսումնասիրութիւն, գրախօսութիւն՝ քննական տարբերակների համադրումով եւ անհրաժեշտ յղումբացատրութիւններով»։ Այսքան միայն։ Յուսամ՝ Աստուած ինծի քիչ մը եւս կեանք տայ, որպէսզի տեսնեմ թէ ինչպէ՛ս պիտի դասաւորուի այս ամբողջը։ Վէպ, թատերգութիւն, քննադատութիւն, դիւրին է զանազանելը, կ՚ընդունիմ։ Բայց օշականեան «տպաւորապաշտ» գրականութիւնը ո՞ւր պիտի զետեղենք, պատկերները, «սերմնացան»ին սերմանած կտորները, «մոռցուած բաներ»ը, ասոնք ի՞նչ ժանրի, ի՞նչ սեռի կը պատկանին։ Կազմողները իրե՛նք պիտի ստիպուին որոշել, թէ ո՛ր մէկ կտորը ո՛ր մէկ ընդհանուր վերնագիրին տակ պիտի դրուի։ Առաջին հատորը կազմողները որոշեր են օրինակ որպէս «գեղարուեստական երկեր» հոն դնել բանաստեղծութիւններ (Օշականի վաղ շրջանի ընկերոջ՝ Գէորգ Չաքըրեանին տպածները, առաւել Սնապեանին կողմէ ուղղակի Օշականէն քաղուածները), պատուածքներ (ուրեմն ի միջի այլոց լման «Խոնարհներ»ու շարքը), հէքիաթներ ու պատկերներ։ Սկզբունքը այն ըլլալով, որ պիտի պահուի «երկերի գրութեան ժամանակաշրջանը» եւ ուրեմն նոյն ընդհանուր խումբին պատկանող գրութիւնները պիտի դասուին ժամանակագրական կարգով։ Խնդիրը այն է սակայն, որ Օշական իր էջերը կը տեղաւորէր ընդհանուր վերնագրերու տակ, եւ ուրեմն շարքեր կը կազմէր մտքին մէջ եւ այդպէս կը ներկայացնէր զանոնք հանրութեան, երբ տպագրութեան կը յանձնէր։ «Խոնարհները» այդ շարքերէն մէկն է միայն, ամենէն ծաւալունը թերեւս։ Կան «Երբ պատանի են», «Երբ պզտիկ են», «Կայսերական յաղթերգութիւն», «Խորհուրդներու մեհեանը» շարքերը, եւ քանի մը ուրիշներ։ Ներկայ հատորը կազմողներուն որդեգրած ժամանակագրական սկզբունքին հետեւանքը այն է, որ այդ շարքերը տարբաղադրուած են, չեն ներկայանար ընթերցողի աչքին առջեւ որպէս ամբողջական միաւորներ, այսինքն՝ ինչպէս որ նախատեսուած էին հեղինակին կողմէ։ Ամէն մէկը կ՚արժէ միայն ինքն իր հաշուոյն (բայց, ինչպէս կազմողները նկատել կու տան իրաւացիօրէն, միշտ չէ նաեւ որ Օշական հետեւողական գտնուած է, ինչ կը վերաբերի իր միաւորներու սահմանումին)։ Միւս տարօրինակութիւնը այն ըլլալով, որ հատորին մէջ ներկայացուած կտորներու թուականները կ՚երկարին մինչեւ 1947 (թէեւ մեծ մասը տասնական եւ քսանական թուականներուն կը պատկանի, այսինքն՝ մեծ վէպերու շրջանը նախորդող տարիներուն), եւ ուրեմն նոյն այդ ժամանակագրական սկզբունքը յարգելով՝ ուրիշ հէքիաթներ ալ կրնային մտնել հոս ներկայացուած էջերուն մէջ եւ սակայն չեն մտած։ Օրինակ՝ ինչո՞ւ ոչ նոյն ինքն «Օսկի օրանը», որ հէքիաթ մըն է ի վերջոյ։ Ինչո՞ւ ոչ Փարիզ գրուած բայց «Սիոն»ի մէջ տպուած «Վկայութիւններ» անունը կրողը կտորը (այն մէկը զոր Սնապեան «Օսկի օրան»ին հետ մէկտեղած էր, ուրիշներու կարգին), քանի որ ի վերջոյ պատկեր մըն է։ Ասոնք իմ՝ պարզ ընթերցողի հարցումներս են։

Իսկ կայ պարագայ մը եւս, որ ա՛լ աւելի պիտի դժուարացնէ քննական հրատարակութեան ձգտող աշխատաւորները։ Խնդիրը այն է, որ հրապարակին վրայ եղած հրատարակութիւններուն մէջ կը վխտան վրիպակները, երբեմն գրութիւնը անընթեռնելի դարձնելու աստիճան։ Գրաշարները դժուարութիւն ունէին Օշականի գիրը կարդալու։ Լուծումը պիտի ըլլար ձեռագրային բնագիրին վերադառնալ։ Բայց միշտ չէ որ ձեռագիրը տրամադրելի է։ Քսան տարի առաջ կամ քիչ մը աւելի, 1998ի շուրջ, երբ Օշականին նուիրուած գիտաժողով մը կազմակերպեցի Գոլումպիա համալսարանի պատերէն ներս, ուզեցի «Օսկի օրանը» գրքոյկով մէջտեղ հանել, ու անդրադարձայ որ տեղ տեղ՝ տպուածը խոր վերանայումի կը կարօտէր։ Ձեռագիր չունէի անշուշտ ձեռքիս տակ։ Հետեւաբար հրաժարեցայ։ Իսկ մեծ վէպերու պարագային մանաւանդ, քանի որ ձեռագրերը չկային, Սնապեանի լուծումը եղած է բացայայտ անճշդութիւնները կռահումով սրբագրել։ Չարենցի անուան գրադարանին մէջ կայ Մնացորդացի առաջին 200 էջերուն ձեռագիրը միայն, մնացեալը չկա՛յ։ Անկարելի է գիտնալ թէ ինչո՛ւ։ Այդ էջերէն օգտուեցանք Ճ. Կօշկարեանն ու ես երբ թարգմանեցինք այդ սկզբնական էջերը, ինքը՝ անգլերէնի (Remnants, The Way of the Womb, Book 1, Gomidas Institute, 2013, Նանոր Գպրանեանի յառաջաբանով1), ես՝ ֆրանսերէնի (Յակոբ Օշականի վիպագրութեան եւ մասնաւորաբար՝ Մնացորդացի վերլուծումին նուիրուած հատորիս մէջ, Le Roman de la Catastrophe, Métis-Presse, Ժընւ, 2007, որուն մէջ Մնացորդացէն մօտ երկու հարիւր էջ հրամցուած են ֆրանսերէն թարգմանութեամբ, որպէս յաւելուած2)։ Բայց անշուշտ այդ մէկը բացառիկ պարագայ մըն էր։

Աւելցնեմ որ հատորին սկիզբը դրուած է Սուրէն Դանիէլեանի ստորագրութեամբ ընդարձակ յառաջաբան մը, «Հասկանալ Օշականին» վերնագրով, ուր կ՚առաջարկուի Օշականի գործին նշանակութիւնը ըմբռնելու եւ արժեւորելու համար «նշանագիտութիւն» մը, եւ ուր կը հրամցուի իր գրողի փորձառութեան ընդմէջէն ուրուագծուած կենսագրութիւն մը, «մատենագիտական անհրաժեշտ շտկումներով»։ Այդ օգտակար «շտկումներ»ուն մէկ մասը, բնական է, կը վերաբերի իմ պատրաստած մատենագիտութեանս։ Այս առիթով անդրադարձայ օրինակ որ քսանական թուականներու սկիզբը «Ճակատամարտ»ի մէջ տպուածներու ցանկը լրջօրէն պակասաւոր էր։ Տեղն է հոս ուրեմն յիշեցնելու որ այդ տեսակի մատենագիտութիւն մը գործիք մըն է լոկ, որ ապագայ ուսումնասիրողներուն կը ծառայէ, որպէսզի կողմնորոշուին ու սկսած գործը իրե՛նք շարունակեն, պակասները լեցնեն, բացերը գոցեն, անճշդութիւնները սրբագրեն։ Եւ ուրեմն թող թոյլատրուի որ մէջբերեմ այդ մատենագիտութեան յառաջաբանին մէջ ըսուածը. «Մատենագիտութիւն մը ի վերջոյ՝ կը կազմուի միմիայն ցոյց տալու համար ի՛ր իսկ պակասութիւնները, երեւան բերելու համար ինչ որ կը պակսի աւելի՛ քան թէ ինչ որ հաստատ տեղեկութիւն է, հետեւաբար՝ սրբագրութեան կամ ամբողջացումի հրաւիրելու հետազօտողները»։ Այնպէս որ բոլոր իմաստներով ողջունելի են անշուշտ շտկումները։

  1. Հատորին վերջաւորութեան, Emendations վերնագիրով, ունինք ձեռագիրին վրայ հիմնուած բազմաթիւ սրբագրութիւններու լման ցանկը (էջ 197-206)։ Իր յառաջաբանին մէջ՝ Նանոր Գպրանեան կը գրէ. «This explains the great discrepancies, detailed in the present volume appendix, between Goshgarian’s translated wording and the phrasing in the Snabian edition of the published work»։
  2. Թարգմանուած էջերն են Անթիլիասի հրատարակութեան համարակալութեամբ՝ առաջին հատորի էջ 42-80, յապաւումներով, եւ երրորդ հատորէն՝ էջ 11-80 (այսինքն «Մոխիրնոց»ի բաժինը ամբողջութեամբ)։