Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

ԿԱՄ 8, 2020

Դաւիթ Մոսինեան
Կայսրութեան երթուղու պատրանքը
Թերեւս իբրեւ ամփոփում Գրիգոր Սարգսեանի մտորումների, որ արտայայտուել էին արձակ ստեղծագործութիւններում, ակնարկներում, գրախօսութիւններում: Առաւելապէս սոցիալ-քաղաքական ուղղուածութիւն ունեցող այս աշխատութիւնն առաջին հերթին աչքի է ընկնում հատու խօսքով, խոհա-փիլիսոփայական յագեցուածութեամբ եւ ինքնուրոյն մտածելու խիզախումով:
Մարկ Նշանեան
Քննական հրատարակութիւն
նթերցողը գիտէ որ երկար ատեն՝ Օշականի գործերը մուտք չէին գործեր Հայաստանի սահմաններէն ներս։ Համապատկերի 10րդ հատորին մէջ, հեղինակը կը պատմէ որ 1934ին՝ Մնացորդացի երեք հատորները ծրար կազմած ու ղրկած էր Զապէլ Եսայեանին (որ այն ատեն՝ նոր հաստատուած էր Երեւան)։ Այդ երեք հատորները վերադարձուած են իրեն։ Օշական կ՚ըսէ՝ անշուշտ գրաքննիչները ժամանակ չէին ունեցած զանոնք կարդալու։ Պարզապէս արգիլուած հեղինակ էր։
Վահագն Քէշիշեան
Ինչ որ փորձեց ըլլալ
Արեւելեան քաղաքի մը մէջ ապրող պատանի մը, ըլլայ Պոլիս, Հալէպ, Պէյրութ կամ այլուր, միշտ կ՚ուզէ ուրիշ քաղաք մը երթալ։ Չեմ գիտեր եթէ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի պատանիները նոյն վիճակի մէջն են, սակայն ինչ որ կը տեսնեմ ծանօթներէ, անոնք ալ միշտ տեղաշարժի մէջ են։ Ձեռքս Բատիկեանի այս երկրորդ գիրքը առնելու ատեն, այնպէս ժամանակի մը մէջ ենք, որ տեղէ տեղ երթալը մէկ կողմէն շատ դժուար է, համաշխարհային համաճարակին պատճառով, միւս կողմէն աւելի ու աւելի մարդիկ կը փորձեն փախուստ տալ Միջին Արեւելքէն։