Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

ԿԱՄ 7, 2020

ԿԱՄ
Յառաջաբան
Ահաւասիկ ուրեմն ԿԱՄի 7րդ համարը։ ԿԱՄ, հանդէս վերլուծական անունով պարբերական հրատարակութիւնը ընդամէ նը վեց համար ունեցած էր (1980էն մինչեւ 2005, Փարիզ, Պէյրութ, Պոսթըն, Լոս Անճելըս)։
Մորիս Պլանշոյ
Ի՞նչ կարելի է ըսել քննադատութեան մասին
Մէկ քով պիտի ձգեմ այդ հարցումին կարգ մը իմաստները։ Ատոնցմէ մէկը կը վերաբերի այն իրողութեան՝ որ քննադատութիւնը ի՛ն շատ իմաստ չունի։ Երբ մենք մեզի լրջօրէն հարց կուտանք, թէ ի՛նչ է գրական քննադատութիւնը, այն տպաւորութիւնն ունինք որ մեր հարցադրումին առարկան զուրկ է որեւէ լրջութենէ։
Դաւիթ Մոսինեան
Թողարկելով անցեալը
Ենթակայական լեզուն միշտ ուշացած է. ուշացած է իրերից, ապրումներից, փորձառութիւնից: Քանզի դրսեւորում է ստանում միայն մինչեւ վերջ չվերա­պրուած իրողութիւններ մատնանշող լեզուն: Ուրեմն` ընթերցողը կրկնակիօրէն ուշացած է: Հայ ընթերցողը, բացի նշուած պատճառներից, ուշացած է նաեւ ճակա­տագրականօրէն. մշակոյթի ոլորտում ներկայութիւնը կրող հեղինակ­ները, յաճախ մնալով իրենց կողքն ապրող, բայց դարերով յետ մնացած հեղինակների ստուե­րում, վերաբացայայտուել են իբրեւ անցեալի «մեծութիւն­ներ»:
Կարէն Ճալլաթեան
Յետ-Խորհրդային այլախոհութիւն
Ակեղդամա. անկրկնելի պատմութիւն հատորը՝ աջառինը ըլ­լա­լով եռա­հա­տո­րին, ժա­մանակագրական կարգով կը պատմէ պա­տանի հասակին անարդար մեղա­դրան­քով աքսորի դատապար­տուած Վազ­գէնԴարբինեանի կեանքը (պատահական չէ որ Վա­չէ Սարգսեանին մօր ազգանունը Դարբինեան է, իսկորդիին անունը՝ Վազ­գէն)։ Այս շրջանը կը համընկնի Ստալինեան բռնա­տիրութեան Մեծ Մաքրա­գոր­ծու­մին յաջորդող շրջանին։