Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

Հանգրուաններ

Յակոբ Օշականի «Հանգրուաններ» հատորը պատրաստուած է Մարկ Նշանեանի կողմէ ու կը բաղկանայ չորս յաջորդական բաժիններէ։ Յակոբ Օշականի գրիչէն ելած տասնհինք գրուածքներ կը հրամցուին, բոլորն ալ՝ քննադատական, փորձագրական, անդրադարձային եւ ինքնանդրադարձային բնոյթի։ Այս էջերուն մէջ գրականութիւնը կը խօսի ինքն իր մասին, գրող մը՝ ինքն իր մասին, Սփիւռքը՝ ինքն իր մասին։

Հատորին վերջաւորութեան՝ ընթերցողը պիտի գտնէ Մարկ Նշանեանի ստորագրութեամբ «Գեղագիտական սկզբունքը եւ վախճանական փորձընկալումը» վերնագրով հակիրճ աշխատասիրութիւն մը, որ Յակոբ Օշականի ստեղծագործական կեանքին հանգրուանները կը փորձէ պատկերացնել եւ այդ ձեւով՝ հրամցուած կտորներուն շրջածիրը վերստեղծել։

«Հանգրուաններ» հատորը 1926էն ի վեր Պոլսոյ մէջ հրատարակուած առաջին հատորն է, որ կը կրէ Յակոբ Օշականի անունը իր տիտղոսաթերթին վրայ։

Գնել՝

Արաս հրատարակչութիւն (Պոլիս)
Պուքինիստ (Երեւան)
Ապրիլ գրատուն (Լոս Ան­ճելըս)