Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

Ժամանակը որ կը մնայ։ Թուղթ առ հռովմայեցիսի պարզաբանում մը

Ջորջօ Ագամբէնի Ժամանակը որ կը մնայ գիրքին իտալերէն բնագիրը լոյս տեսած է 2000 թուականին։ Դասախօսութիւններու շարք մըն էր, որ կարդացուած ու խօսուած է 1998 եւ 1999 տարիներուն, նախ՝ Ֆրանսա, յետոյ Իտալիա եւ Միացեալ Նահանգներ։ Երբ գիրքը լոյս տեսաւ, յայտնի էր բոլորին որ բնական շարունակութիւնը կը հանդիսանար Homo sacer եւ անկէ անմիջապէս ետքը լոյս տեսած՝ Մնացորդք Աւշուիցի հատորներուն մէջ ներկայացուած մտածողական ընթածիրին։ «Մեսիական ժամանակ»ը արդէն իսկ ներկայ էր Մնացորդք Աւշուիցի գիրքին մէջ «որպէս թէ ըլլար մեռեալ»ի մարմնացումն է. հոն ուր նշխարեալ լեզուն խօսողը «յարաբերութեան մէջ է eschaton-ին հետ», վախճանը կը բերէ ներկային մէջ, մարմին կու տայ անոր։ Այդտեղ է, որ կը միջամտէ «մնացորդ»ը որպէս «աստուածաբանական-մեսիական յղացք», եւ արդէն իսկ կը յիշուի Պաւղոսի Թուղթ առ Հռովմայեցիս այդտեղ է որ կը կատարուի «մեսիական»ին եւ «վկայութեան» միջեւ կապակցութիւնը։ Մէկ պարբերութիւն է միայն (4.12), ընդամէնը 20 տող։ Այդ քսան տողերն են, որոնք ըստ երեւոյթին պէտք ունին զարգացուելու, գիրք դառնալու։

Գնել՝

Պուքինիստ (Երեւան)