Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

Թարգմանական դամբանական․ Դասախօսութիւններ աշխատասիրութիւններ թարգմանութիւններ

Հոս հաւաքուած են տարիներու ընթացքին Ինքնագիր գրական ակումբի ծիրին մէջ ներկայացուած քանի մը դասախօսութիւններու բնագիրները, առաւել ինքնագիր կայքէջին կողմէ հիւրընկալուած աշխատասիրութիւններ, որոնք սկզբնապէս ուրիշ վայրերու համար նախատեսուած կամ ուրիշ տեղեր խօսուած էին։ Գրառումի, դասախօսական ներկայացման եւ կայքէջին վրայ հրապարակման բոլոր տուեալները նշուած են ամէն մէկ բնագրին սկիզբը։ Եւ քանի որ շօշափուած հարցերն ու կարդացուած հեղինակները վերապրող լեզուով հնչեցնել պէտք էր, որպէսզի լսուի այդ լեզուով անոնց ստացած իւրայատուկ ձայներագնը, աւելցուցինք շարք մը թարգմանութիւններ (Հէօլդերլինէն, Նիզչէէ,ն Վալթեր Բենիամինէն), որոնք պատրաստուած էին դասախօսութիւններուն եւ ուսումնասիրութիւններուն հետ միատեղ, որպէս յենք եւ ատաղձ, պարզաբանուածը մատչելի դարձնելւո մտահոգութեամբ առաջին հերթին։ Բայց քանի որ խնդրոյ առարկայ հեղինակները նաեւ վերջին երկու հարիւր տարիներուն՝ անոնք են որոնք ուզած են նոյնանալ քայքայումին ու կորուստին հետ (կամ առնուազն հարց տալ իրենք իրենց թէ ինչպէ՛ս կարելի է վկայել քայքայումին մասին երբ քայքայուած ես), ձգել պէտք էր որ ամէն մէկ գրուածք խօսքի ինքն իր լեզուով, իր վերապրոի թարգմանուած լեզուով, իր բերնով հնչեցնէ ինքն իր դամբանականը, արխիւին հետ եւ արխիւին դէմ, նոյնպէս՝ գերինքնիշխանութեան, նոյնպէս՝ պատմութեան, նոյնպէս՝ բանասիրութեան հետ եւ դէմ։

Գնել՝

Պուքինիստ (Երեւան)
Զանգակ (Երեւան)