Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

ԿԱՄ 10, 2022

Դաւիթ Մոսինեան
Հարցազրոյց Խաչիկ Գրիգորեանի հետ
Մեր հրատարակչութիւնը գոյութիւն ունի 1998 թուականից: Մենք սկսեցինք բառարանների հրատարակումից, իսկ մէկ տարի անց աշխարհաբարով լոյս ընծայեցինք Գրիգոր Տաթեւացու Սողոմոնի գրքերի մեկնութիւնը: Արդէն 2002 թուականին լատիներէնից թարգմանաբար առաջին անգամ հայերէն հրատարակեցինք համաշխարհային աստուածաբանական գոհարներից մէկը՝ Օգոստինոս Երանելու Խոստովանութիւնները:
Մարկ Նշանեան
Յետխորհրդայինը որպէս յետգաղութային
Գիրքին վերնագիրը կ՚արձագանգէ Եդուարդ Սայիտի մէկ հարցականին, որ դրուած է նաեւ գիրքին սկիզբը որպէս բնաբան՝ «Կայսերական տիրապետութենէն անկախանալ ուզող մշակոյթ մը ինչպէ՞ս կ՚երեւակայէ իր սեփական անցեալը»։ Բացառիկ գիրք մըն է Հրաչ Բայադեանի այս գիրքը, իր նիւթով, իր ծրագիրով, իր բազմակողմանի հանգամանքներով, իր պարզած գիտութեամբ (եւ գիտակցութեամբ), իր նորութեամբ նաեւ, եւ էջերուն ու մտածումին ետին գտնուող՝ վերջին քսան տարիներուն վրայ երկարող պատկառելի ջանասիրութեան եւ հետեւողականութեան արդիւնքներով։
Մարկ Նշանեան
Բարոյագիտութիւն եւ պարկեշտութիւն
Տիտղոսաթերթը գիրքին մասին կ՚ըսէ ի հարկէ՝ «Ուսումնա-օժանդակ ձեռնարկ կրթական հաստատութիւններու համար»։ Ըստ այնմ՝ հանրագիտարանային բնոյթ ունի լման ձեռնարկը։ Ըսի՝ հանրագիտարանային բնոյթ։ Ո՛չ միայն «բարոյագիտութիւն» կոչուած ճիւղին վերաբերեալ։ Քանի որ Յոյներէն ի վեր՝ փիլիսոփայութիւնը միշտ զբաղած է բարոյագիտութեամբ, խորքին մէջ՝ հրամցուածը նաեւ փիլիսոփայութեան մարզին մէջ բոլոր անուն ունեցող հեղինակներու համայնապատկեր մըն է, մինչեւ Ի. դար։
Մարկ Նշանեան
Ընթերցումի համագրայնութիւնը
Հոս ներկայացուածը Սերգէյ Ստեփանեանի Ժամանակի երկու ընթերցում, ΥΒΡΙΣ եւ ΜΝΕΜΟΣΥΝΗ գիրքին մասին գրախօսական ակնարկ մըն է։ Փիլիսոփայական աշխատասիրութիւն մը կը հրամցնէ այս հատորը, ի հարկէ՝ դժուար ընթեռնելի, որուն հերոսը (որովհետեւ երբեմն փիլիսափայական պատումները կրնան հերոսներ ունենալ) գերմանացի բանաստեղծ Ֆրիտրիխ Հէօլտերլինն է։ Իր ցուցաբերած գիտութեամբ եւ իր առաջարկած մտածողական նորութեամբ՝ բացառիկ գիրք մըն է։ Այնպէս որ արժանի է մեր լարուած ուշադրութեան։
Թալին Սուճեան
Ժամանակը Զաւէն Պիպեռեանի մօտ
Կրքոտ անհատականութեամբ օժտուած մտաւորական մը ըլլալով՝ Պիպեռեանին նեղ կու գար իր միջավայրը, յաճախած մտաւորական ու գրական տարբեր շրջանակներուն մէջ։ 1930-ական եւ 40-ական թուականներուն ճամբայ ելած Թուրքիան անշուշտ ամենէն յարմար վայրը չէր որպէսզի հասուննայ որպէս մարդ ու մտաւորական։ Մնաց որ իր միջավայրին շնորհած սահմանափակ առիթներուն չէ ապաւինած իր մտային կարողութիւնը զարգացնելու համար։