Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

Վահագն Քէշիշեան

ԿԱՄ 8, 2020
Ինչ որ փորձեց ըլլալ
Արեւելեան քաղաքի մը մէջ ապրող պատանի մը, ըլլայ Պոլիս, Հալէպ, Պէյրութ կամ այլուր, միշտ կ՚ուզէ ուրիշ քաղաք մը երթալ։ Չեմ գիտեր եթէ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի պատանիները նոյն վիճակի մէջն են, սակայն ինչ որ կը տեսնեմ ծանօթներէ, անոնք ալ միշտ տեղաշարժի մէջ են։ Ձեռքս Բատիկեանի այս երկրորդ գիրքը առնելու ատեն, այնպէս ժամանակի մը մէջ ենք, որ տեղէ տեղ երթալը մէկ կողմէն շատ դժուար է, համաշխարհային համաճարակին պատճառով, միւս կողմէն աւելի ու աւելի մարդիկ կը փորձեն փախուստ տալ Միջին Արեւելքէն։