Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

Գրիգոր Պըլտեան

ԿԱՄ 1, 1980
Կախարդանքը գրութեան
Կարելի է այլեւս տարազել Վէնսէնի Անտառըին գործարկումը, աշխատանքը իբրեւ ընդարձակ հակասութիւն մը ճշմարտութեան քանդումին ու ճշմարտութեան ձգտումին միջեւ, կրուած այլափոխումի, յեղումի անտիրապետելի շարժումէ մը։
ԿԱՄ 6, 2005
Հայկական ֆուտուրիզմ
Առաջին մասով մը պիտի ներկայացնեմ Կարա Դարւիշի գործունէութիւնը։ Երկրորդ մասով պիտի ջանամ վերլուծել անոր արտադրութիւնը։
ԿԱՄ 3-4, 1986
Հատուածներ հօր
Ինչո՞ւ կենալ, պիտի ըսես: Կրնայի շարունակել, հաստատել միշտ նոյն հարցումը տեղափոխ՝ սկիզբէն, կամ լռել խօսքին մէջ, ցած խողովակներ կային՝ մառանները փորող, ուրկէ կ՚անցնէինք, նրբանցքներ եւ բացխցուող աղմուկը կար թաց փապուղիին մէջ փակ հաղորդակցող ջուրերու: Տեղ մը եղաւ մութին, հաստատ ու անորոշ, եղամ՝ տանող ոչ մէկ բանի: Եւ ո՛չ իսկ տեղ կեցուցիչ՝ ուր մտնէի: Անմտածելի կէտ՝ որ կէտ չէ, ելլող անդադար, սերող լեզուէս: Բերնիս մէջ բռնուած անտանելի արգելք, կենսատու: Ի՞նչպէս կարելի է մտածել:
ԿԱՄ 5, 2002
Նամակ Հակաքերթուածի մասին 
Հակաքերթուածը կ՚ըսէ ինքզինք. չկայ բնանակար մը տեսանելի առաջ կամ ետք։ Չի սահմանուիր իբրեւ իր, այսինքն՝ քերթուած (=ներկայութիւն — է)... Ան պարզապաէս չէ։