Սկսելէ առաջ բուն նիւթովս, կ’ուզեմ իբրեւ յառաջաբան ընել երկու նկատողութիւններ, որոնց կապը բանաստեղծական աշխատանքի եւ ի մասնաւորի՝ Վ. Թէքէեանի գործին քիչ ետք է միայն որ աւելի յստակ կերպով պիտի հասկնաք, նիւթի զարգացման հետ:
Քանի մը շաբաթ առաջ, հոգեհանգստեան պատարագի մը ներկայ կը գտնուէի, Փարիզի արուարձաններէն մէկուն Հայ եկեղեցիին մէջ: Անձը որուն հոգիին անդորրութեան կը մատուցուէր այդ պատարագը ծանօթ գրագէտի մը կինն էր, որ նոր հրաժեշտ առած էր մեզմէ: Տարիներէ ի վեր հաւանաբար ոտք չէի կոխած Հայ եկեղեցիի մը մէջ, ոչ թէ այնքան անտարբերութեան կամ որեւէ արհամարհանքի մը հետեւանքով, այլ որովհետեւ պարզապէս մեր հաւաքական կեանքին պայմանները ուրիշ տեսակ սարքած են մեր յարաբերութիւնները Հայ ժամին հետ, հեռացնելով մեզ ակամայ այն վայրերէն ուր պիտի գտնէինք հանդիպումի մը սկզբունքը այն ամէն ինչին հետ որ կը կազմէ, կամ պիտի կազմէր համայնքային կեանքի մը հէնքը: Եւ ինչ որ անսպասելին եղաւ այդ վայրին մէջ ինծի համար, հետեւեալն է. երիտասարդ քահանային քարոզը – որ կը դառնար Լիբանանի վերջին դէպքերուն շուրջ եւ կը ծանրանար Հայերուն հասած նոր դժբախտութեան վրայ – այնպիսի ձեւով ցնցեց ներկաները, այնպիսի հաղորդակցութիւն մը ստեղծեց անոնց միջեւ, որ այդ եկեղեցին այդ օրը կ’ըլլար հոդ խռնուած Հայութեան համար ծնունդի վայր մը: Ծեր կիներու ուշադիր, յարգալիր եւ յուզուած ունկնդրելն էր որ կը գտնէի ամենէն նշանակալիցը. ուրեմն երիտասարդ եկեղեցականի մը խօսքը, կ’ըսեմ՝ խօսքը, կարող էր այդպիսի ներքին յուզականութիւն մը վերստեղծել եւ խթանը ըլլալ զգացումներու զարթնումի մը որոնք թերեւս ամենէն թանկագիններն են կեանքին եւ որոնք կը ճեղքեն կարծէք անձերը իրենց մէջտեղէն, կը բանան զանոնք իրենց համայնականութեան, իրենց հաւաքական իսկութեան, որ մեր պարագային՝ այնքան վտանգուած են, շիջումի ենթարկուած, պատճառներու հետեւանքով որոնց չենք կրցած մինչեւ այսօր տիրապետել, որոնք կլանած են մեզ, դնելով մեզ, հաւաքական այդ ամլացումով, անձնական ալ անկարողութեան մը առջեւ որ ահաւոր աստիճաններու կը հասնի երբեմն:
Երբ ընդունեցի հրաւէրը հոս ձեր առջեւ Վ. Թէքէեանի մասին խօսելու, վարանոտ եւ վերապահ էի, կը խոստովանիմ, իմ իսկ որոշումիս հանդէպ, որովհետեւ վստահ չէի որ տօնակատարութիւնները լաւագոյն միջոցները ըլլան բանաստեղծ մը, եւ ընդհանրապէս՝ գրագէտ մը, յարգելու: Այդ վերապահութիւնը մինչեւ հիմա կը մնայ մէջս: Բայց այդ դէպքը, այդ պահը որով սկսայ, եւ որ այդ շրջանին ինծի համար առանձին ալ պատահար մը չէր, այլ կ’արձանագրուէր նոր ծնունդի մը կարելիութեան շուրջ ներքին ու արտաքին անդրադարձներու ցանցի մը մէջ, մտածել կու տայ ինծի այսօր որ նոյնիսկ եթէ հանրային վարկը, կեանքը, բանաստեղծի մը, անոր հանրային ներկայութիւնն ու դերը չեն անցնիր տօնական հաւաքոյթներէ եւ յարգանքի երեկոներէ, այսուհանդերձ՝ խօսքի փոխանցումն է որ կը մնայ էականը, խօսքի փոխանցումը ոչ միայն գրողէն դէպի այդպէս կոչուած հասարակութիւնը, կամ զեկուցաբերէն, դասախօսէն՝ դէպի ունկնդիրները որ էք այս վայրկեանիս,այլ խօսքի փոխանցում մը որ կարենայ առնել իր մէջ ընկերութեան մը բոլոր խաւերը, անոր կեանքին մէջ մտնելով, կազմելով զայն, ըլլալով ընկերութեան մը շաղախը: Ճիշդ է որ հայ հաւաքականութիւնը, արեւմտեան իր պայմաններուն մէջ կ’ապրի շիջումի շրջան մը, բայց ճիշդ է նաեւ որ այդ շիջումին, այդ կորուսումին ընդմէջէն է որ խօսքի փոխանցումը պիտի ստեղծէ նոր աշխարհ մը, պատմական, հաղորդական նոր կարելիութիւններ որոնք անիմաց են, անհրաժեշտ կերպով, մինչեւ այսօր: Բայց խօսքի այդ փոխանցումը պէտք ունի նաեւ, նոր սկիզբի մը առջեւ հասնելու համար, աշխատանքներու որ չափեն, գաղտնաբար, անոր բացակայութենէն, անոր վերածնունդի շրջագիծը, – որ արձանագրեն իրենց մէջ ծայրագոյնը որուն հիման վրայ յետոյ լեզուական – մշակութային նոր աշխարհ մը ստեղծուէր, այսինքն՝ «Հայ»երուն միջեւ հաղորդական ու հաղորդակցական նոր պայմաններ: Բանաստեղծութիւնը շատ հաւանաբար այն աշխատանքներէն մէկն է որ, մնալով լեզուին մէջ, խորաչափելով անոր կարողականութիւնը, փորձը կ’ընէ խօսքի փոխանցումի բազմախաւ ու լայնածաւալ ներքին կարելիութիւններուն: Եւ նոյն պատճառով ալ՝ բանաստեղծական աշխատանքի մեկնաբանութիւնը, քոմանթէրը, առաջին քայլն է որ բանաստեղծական գրութիւնը կ’ընէ խօսք, որ կը բերէ զայն աշխարհին: Մեկնութեամբ է որ կը սկսի աշխարհը: Այդ իմաստով ալ՝ մեկնութիւնը կը նմանի քիչ մը այն աշխարհական պահուն որ տաճարին մէջ, քարոզի պահն է թերեւս, քարոզը առնելով անշուշտ իր ամենապարզ իմաստովը, իբր խօսակցութիւն մը եկեղեցականին եւ հաւատացեալներուն միջեւ, իբր ծէսի խորհրդաւոր գործողութենէն հեռու գտնուող, ոչ-սրբազան վայրկեանի մը մէջ:
Խօսքի փոխանակութիւն կոչածս ամենէն լայն սահմանումն է թերեւս ընկերային, հաւաքական յարաբերութիւններուն, այն մասնաւոր յարաբերութիւններուն որոնք էապէս կը շինեն համայնքը, ինչ որ ալ ըլլայ ան: Հայերու պարագային՝ ցրուումի պայմանները, որոնք այնքան արտակարգ են որ չգիտցանք մինչեւ այսօր անոնց իմաստը, կը դնեն մեզ ստիպողութեանը առջեւ ոչ միայն ձգելու որ – մեկնութենէն անդին գտնուող «խորհրդաւոր» գետնին վրայ – համայնքը շարունակէ իր անյայտ, անթափանց գոյութիւնը, այլ վերադառնալու այդ գոյութեան, այդ գոյութեան իմաստին, խօսքի փոխանցման ու փոխանակութեան պայմաններուն վրայ, եւ այդ՝ ոչ-միամիտ կերպով մը: Ոչ-միամիտը կը նշանակէ կրկնումի, արտասանութեան մեր տուրքերէն անդին, մօտենալ բանաստեղծական աշխատանքին՝ ինքնին «տեսաբանական» ակնարկով մը, եթէ անպայման կ’ուզենք այդ վերադիրը դնել մեկնողական գործունէութեան վրայ: Իսկական յարգանքը, հանդէպ մէկու մը որ ամբողջ կեանքը նուիրած է այդ աշխատանքին՝ լեզուի տարրերուն հետ ու մէջ, այդ է. փնտռել անոր գործին ընդմէջէն ինչ որ այդ գործը կը փնտռէր, գիտնալով կամ չգիտնալով, ինչ որ ան չէր կրնար յաղթել, ցոյց տալով իր կրկնուած ու ապարդիւն փորձերուն մէջէն ինչ որ պիտի ըլլայ մեր ուշադրութեան գլխաւոր առարկան: Այդ ալ է թերեւս տարբերութիւնը գրելու եւ մեկնելու արարքներուն միջեւ. երկրորդը, մեկնութիւնը, զոր պիտի փորձենք հոս, բանաստեղծի մը տողերէն անցնելով, իբր աշխարհիկ գործունէութիւն, ետքը միայն կու գայ, երբ գլխաւոր արարքը կատարուած է արդէն, բայց իր մօտեցումով՝ կը փորձէ ոչ միայն վերստեղծել բանաստեղծութեան ծնունդի պայմանները, այլ տարազել նաեւ ինչ որ գրութեան արարքին շատ որոշ պայմաններուն մէջ արձանագրուած է բայց չէ եկած տարազումի:
* * *
«Վահան Թէքէեան, կամ անկարելի անցքը» խորագրեցի զեկուցումս: Հիմա ըսածովս՝ փորձեցի տալ առաջին բացատրութիւն մը այս խորագրիս: Վ. Թէքէեան բանաստեղծին տարիներու տքնանքը ցոյց պիտի տայ անցքի մը անկարելիութիւնը դէպի ըսենք (սպասելով լաւագոյն բանաձեւումներու) խօսքի փոխանակութեան «նոր» պայմանները, որոնք մերն են այսօր (1): «Նոր»ը չակերտեցի որովհետեւ կարելի է ըսել որ այս ձեւով յայտնուածը ամենէն անյայտն է, ամենէն հինը, որ – նոր է միայն որ երեւան կու գայ: Վերջապէս՝ անցքի մը անկարելիութիւնը ժխտական երեւոյթ մը չէ անպայման: Գրագէտներ կան որոնք կ’արժեն իրենց ջանքին միակերպութեամբը, իրենց անգիտակից ձախողանքովը, որ յաճախ կը տարածուի կեանքին ալ վրայ, իրենց կեանքին միւս բոլոր գաւառներուն: Շատ արագ ձեւով՝ անցքը կը հասկնաք որ անցք մըն է դէպի Սփիւռքը, եւ – մնալով կենսագրական տուեալներու մակարդակին – գիտէք որ Վ. Թէքէեան շատ դժուար հանդուրժած է այդ սփռումը, որ իր դժբախտութիւնը, իր մոլորութիւնը պտտցուցած է ան Սփիւռքի մէկ ոստանէն միւսը: Շատ բան չի նշանակեր սակայն այդ գոյութենական մոլորանքը եթէ չէ արձանագրուած եւ չէ ընթեռնելի ան իր գիրքերուն, իր տողերուն մէջ նաեւ: Եւ այդտեղ է արդէն որ մեզի համար՝ Վ. Թէքէեանի կեանքին թշուառութիւնը իմաստ մը կ’առնէ, այդտեղ է որ կը վերաբերի մեզի:
Հասկցաք ուրեմն որ ընել ուզածս հոս ճիշդ հակառակն է այն բանին զոր «քարոզ» բառով կը պատկերացնենք սովորաբար մեր աչքին առջեւ: Փորձ մըն է գրագէտ մը մեծարելու ոչ թէ յարգանքի սին խօսքերով, այլ միասնական ընթերցումով մը իր տողերուն որ տար անոնց փնտռածին, անոնց ձախողանքին (եւ ձախողութեան ընդմէջէն ուրեմն՝ յաջողութեան) իմաստը: Հասկցաք նաեւ որ այդ իմաստը պիտի վերաբերի խօսքի փոխանցման ու փոխանակութեան պայմաններուն, ինչ որ մեր ձեռնարկն ալ կ’ընէ ամբողջական աշխատանքին, բանաստեղծութեան մը իմաստին իսկ իրագործման վայրերէն մէկը: Նոր հաղորդակցութեան մը կարելիութեան փնտռտուքին՝ մեկնութեան միասնական ընթերցումը մաս կը կազմէ թերեւս:
* * *
Երկրորդ նկատողութիւն մը ունէի որ հեռու չէ առաջինէն: Երբ այս երեկոյթին սկզբունքը որոշուեցաւ, յստակ չէր թէ ի՞նչ լեզուով տեղի պիտի ունենար: Կը կարծէի ես որ աւելի բնական էր ըսենք ֆրանսերէն ընել: Ինչ որ ալ ըլլար ասոր լուծումը, այս պզտիկ հարցը որ ծագեցաւ փորձառական միջոցներով իր ամբողջութեանը մէջ լուծելիք հարց մը չէր երբեք, ունէր ան որոշ տարողութիւն մը, էականութիւն մը, որ անաղերս ալ չէ վերը զարգացուցածիս հետ: Հարց է անշուշտ թէ խօսքի փոխանցումը եւ փոխանակութիւնը կապ մը ունի՞ն, անզանցելի կապ մը, լեզուին հետ: Այս հարցումին պատասխանը անմիջական չի կրնար ըլլալ: Վստահ ալ չէ որ պիտի ունենանք երբեք պատասխանի մը սկզբունքը, այնքան ատեն որ հարցումին եզրերը, հարցումին ձեւը, զայն ընկալող վայրը (2) կ’որոշադրեն հարցումին հասկացողութիւնը: Մեկնութիւնը – իբրեւ փորձ մը որ կը ջանայ տարազել ինչ որ անտարազ մնացած էր բանաստեղծութեան մէջ, ըլլալով թէեւ փորձարկումի առարկան – կրնար կատարուիլ տարբեր լեզուով մը անշուշտ (3), ինչպէս «քարոզ»ի պահը որ կը հետապնդէ «պատգամ»ի մը, իմաստի մը փոխանցումը: Երբ իմաստը կազմուած է ու ենթադրուած, կազմուած ու ենթադրուած է նաեւ հաւաքականութիւնը, համայնականութիւնը: Երկուքը կը քալեն միասին: Կազմուած իմաստը չէ վարսուած, ճիշդ է, լեզուի մը, այս ու այն լեզուին, իր տեսակարար գոյութեամբը, եւ եկեղեցական խորհուրդը, իր քրիստոնէական ձեւին տակ (4), խորհուրդը ըլլալու է թարգմանութեան դիմացող իմաստին: Աւելի ճիշդ՝ երբ կայ իմաստը, թարգմանութեան հարցը չի դրուիր, անտեղի հարց մըն է: Երբ մեկնութիւնը սակայն իր առարկան կ’ընէ այն աշխատանքը ուր լեզուն անփոխարինելի է, չի կրնար լռութեամբ անցնիլ այս խնդրին վրայ, նոյնիսկ այն պարագային ուր ի վիճակի չէ անմիջականօրէն անդրադառնալու անոր:
Խօսեցայ նոր հաղորդակցութեան մը մասին: Միամիտ չեմ կարծելու չափ թէ միասնական վերլուծումի աշխատանք մը պիտի ստեղծէր զայն: Երբ մեկնողը ծնած է վայրի մը մէջ ուր օր ըստ օրէ՝ անդրադարձած է միայն պարապին, այն պարապին զոր կը ձգէ իր ետին խօսքի փոխանցումի քայքայումը, իր կոչումը չի կրնար ըլլալ այդ քայքայումին մասին շաղակրատելու, զայն պարզապէս ստուգելու փառասիրութիւնը. Այդ վերաբերումը զինք պիտի չդնէր երբեք սկզբնական ցրուումին առջեւ, պիտի չտար անոր նշանակութիւնը, իբրեւ նոր հաղորդակցութեան մը յարակարծական խոստումը: Կը մնայ իրեն միայն քայքայումը թարմացնել: Լեզուի ընտրութեան խնդիրը, որ – կը կրկնեմ – փորձառական լուծումներու չի կարօտիր, կ’արժէ այն չափով միայն որ քայքայումը էապէս թարմացնելու, անոր իրապէս հանդիպելու պահանջին կը սակարէ:
* * *
Վ. Թէքէեան հրատարակած է բանաստեղծական երեք գլխաւոր հատորներ. ասոնցմէ մէկը՝ 1914ի Հրաշալի Յարութիւնը, եւ միւսները՝ 1919ի Կէս–գիշերէն դէպի արշալոյսը 1933ի Սէրը (5): Իրականին մէջ՝ 1901ին՝ հրատարակած է առաջին հատոր մը, Հոգեր խորագրուած, որ ունի քիչ մը տղայական հանգամանք եւ որուն մասին պիտի չանդրադառնամ: Վ. Թէքէեան ժամանակակիցն է գրեթէ Դ. Վարուժանին, եւ երկուքին ալ հատորները կ’երեւին մօտաւորապէս միեւնոյն տարիները, ճանչնալով անշուշտ իրարմէ անհունապէս տարբեր ճակատագիրներ, մէկուն գտած ընդունելութեամբը եւ միւսին պարագային՝ լռութեամբը որ պատած է Հրաշալի Յարութիւն հատորին երեւումը: Յիշեցէք որ Վարուժանի առաջին հատորը լոյս կը տեսնէր 1903ին, շատ մօտ՝ Թէքէեանի նախափորձին ոչ միայն իր թուականովը, իր խորագրին բնոյթովը, այլ մասամբ ալ՝ իր պարունակութեամբը, թէեւ Վարուժանի բանաստեղծութիւնները ըլլան աւելի ճարտարապետուած եւ նուազ՝ մանկատիպ, տեսակ մըն ալ մարտունակութեամբ մը, իրենց ցոլացուցած «բանաստեղծի հոգիէն» եկող, ինչ որ բախտը չէր տուած Թէքէեանին: Յիշեցէք նաեւ ինչպէս, երբ Վարուժանի երկու կարեւոր հատորները լոյս կը տեսնեն, կը պատմուճանեն անմիջապէս իրենց հեղինակը փառքի մը շամանթաղովը որ յատկանշական ալ է այդ տարիներու Պոլսոյ կեանքին համար, մօտիկութեամբը որ «ժողովուրդը», այսինքն՝ ընթերցող քաղքենիութիւնը ցոյց կու տար իր գրագէտներուն երբեմն, բայց նաեւ այն մասնաւոր մթնոլորտին համար, նոր ուժերու զարթնումին յոյսովը սնանող, որ կը տիրէր այդ տարիներուն: Այս խանդի, գրական վառ գործունէութեան տարիներուն, Թէքէեան տուած է իր քերթուածները հանդէսներուն, ինքն ալ հրատարակած է հանդէս մը, Աղէքսանդրիոյ մէջ Մ. Կիւրճեանի հետ իր հիմնած «Շիրակ»ը, եւ այսուհանդերձ՝ մնացած է շուքին մէջ, թերեւս իր նկարագրին հետեւանքով, թերեւս իր բանաստեղծութեան կղպուած, զուսպ, անհաղորդական, մեծ շարժումներու, խոր զեղումներու չտանող բնոյթովը (այս յատկանշումները կ’առնեմ անշուշտ սովորական դարձած վերադիրներու պահեստէն): Երբ կը մէկտեղէ սակայն իր քերթուածները 1914ին հատորի մը մէջ որուն խորագիրը այնքա՜ն յատկանշական է – եւ մեզի կը մնայ գիտնալ թէ ի՞նչ է Յարութիւնը որմէ կը խօսուի այդտեղ – չ’անտեսուիր անշուշտ ամբողջովին այդ գործը: Յ. Օշականը օրինակ կը նուիրէ անոր յօդուած մը «Մեհեան» պարբերականին մէջ (6): Աւելի ուշ պիտի անդրադառնամ այս յօդուածին: Հոս՝ զբաղած եմ միայն «արտաքին» պայմաններու թուումովը, անոնց որ գրականութեան պատմութիւնը պիտի ընէր իր առարկան: Տարիներ յետոյ՝ Օշական վերադարձած է Թէքէեանի գործին ընդունելութեան վրայ, եւ ինչ որ կ’ըսէ այս մասին արժանի է յիշուելու. «Վ. Թէքէեան ինքը, Հրաշալի Յարութիւն հատորին վրայ իմ խռովեալ հպարտութիւնը կը ջանար հասկնալ, Կեսարիայէն գրուած նամակով մը ուր նորերուն մօտ որ գիրքին ստեղծած յուզումը կը փափաքէր իրմէն դուրս ապրումներու վերագրուած տեսնել, այնքան 1910ի տղաքը . . . կ’ուզէին գրականութիւնը մէկ անգամ ընդ միշտ ազատագրուած գտնել եսակեդրոն, ունայնամիտ ախորժակներէն Չերազներուն, Եղիաներուն . . . » (7): Ուզեցի միայն այս մէջբերումով նշել հակազդեցութիւնը որ եղած է Թէքէեանինը 1914ին, իր գիրքին մասին յօդուած մը կարդալով, գրուած մէկու մը կողմէ որ պիտի ըլլար երկու տասնեակ տարիներ յետոյ՝ հաւանաբար մեծագոյն գրագէտը որ Հայերը ունեցած ըլլան երբեք: Այս նշումը կ’ըսէ արտաքնապէս մօտիկութիւնը Թէքէեանի եւ իրմէ քիչ ետք եկողներուն միջեւ: Ունին նոյն զգալու ձեւը, նոյն վանողական զգացումները հանդէպ՝ նախորդող սերունդներուն: Օշական, Սփիւռքը եւ իրաւ բանաստեղծութիւնը իր գիրքին մէջ պիտի չդադրի ստորագծելէ այս կէտերը, ճակատագիրներու, ապրումներու, առաջադրանքներու նոյնիսկ նոյնութիւնը: Ինչ որ որոշ չափով նշանակալից կը դառնայ եթէ յիշենք որ Թէքէեան մէկն է Պոլսոյ շրջանին աշխատած քերթողներէն որ անցած է դէպի Սփիւռք եւ շարունակած է գրել Սփիւռքի տարածքին: Այդ անցումը պէտք է առնել հոս նախ՝ պատմաթուական իմաստով մը – Թէքէեան վերապրած է 1915ին: Վստահ չէ սակայն առաջին ակնարկով մը որ իր կեանքի պայմանները – աստանդական կեանքը որ ունեցած է միշտ – շատ փոխուած ըլլան այդ անցումով, ոչ ալ իր հոգեկան դրոյթը: Ասոնք պէտք է խոստովանիլ որ մակերեսային հաստատումներ կը մնան այնքան ատեն որ չենք մօտեցած գրութիւններուն, չենք մտած անոնց մէջ, չենք հետեւած անոնց ներքին յառաջխաղացին, սահմանել կարենալու համար նախ՝ անոնց փորձարկածը: Հարցը կը մնայ ամբողջ. ի՞նչ է Անցքը:
Մատենագրական գետնի մը վրայ, պէտք չէ լռութեամբ անցնիլ Թէքէեանի հրատարակած միւս գիրքերուն վրայ. 1943ին՝ Հայերգութիւնը որ հայրենաշունչ ոտանաւորներու հաւաքածոյ մըն է, որոնց մեծամասնութիւնը արդէն իսկ հրատարակուած էր իր միւս հատորներուն մէջ, եւ վերջապէս 1944ին՝ Տաղարան խորագրուած հատոր մը որ կը պարունակէ կարճ շրջանի մը մէջ գրուած 60ի մօտ հնչեակներ (քանի մը բացառութիւններով): Այս հատորը պէտք է ըսել որ կը նեղէ Թէքէեանի ընթերցողները, որովհետեւ շատ յստակ կերպով երիտասարդ տղու մը հանդէպ երջանիկ սիրոյ մը օրագիրն է գրեթէ եւ ցոյց կու տայ առաջին երջանկութեան տողերն ու տաղերը Թէքէեանի քերթողութեան մէջ, ինչ որ կրնար նկատուիլ ուրախառիթ երեւոյթ մը եթէ միեւնոյն ատեն՝ գիրքը չտառապէր բանաստեղծական գետնի վրայ չափազանցուած միջակութենէ մը: Այս տաղարանին մէջ, Թէքէեան հեռու իր ներշնչումի սովորական սպառանիւթէն՝ չէ կրցած խուսափիլ մեծագոյն վտանգէն որ կը սպասէր իր արտադրութեան, սկիզբէն ի վեր, եւ որ այդ շեշտուած միջակութիւնն է: Գրագէտները այսպէս կը ճանչնան երբեմն անկումներ երբ իրենց գործը պաշտպանուած չէ հաստատ ծրագիրէ մը, գրական որոշ փնտռտուքէ մը, եւ լքուած կը մնայ բախտին, ինչպէս եղած է միշտ Վ. Թէքէեանի գործը, հակառակ իր առասպելական սրբագրութեան կիրքին:
Աւելցնեմ – ամբողջական ըլլալու համար միշտ նոյն մատենագրական գետնին վրայ – որ Թէքէեանի մահէն ետք, որ պատահեցաւ 1945ին, սկսան հրատարակուիլ իր ամբողջական գործերը, որոնք սակայն մնացին կէս ճամբան (8): Այս «ամբողջականը» կը պարունակէ բոլոր քերթուածները որոնք գտնուեր են ըստ երեւոյթին Թէքէեանի գրպաններուն կամ ծրարներուն մէջ, եւ ասկէ զատ՝ անոր արձակ էջերը, թարգմանութիւնները, հրապարակագրական արտադրութիւնը: Կը խոստովանիմ որ այս ամէնը կը ձանձրացնէ զիս, որ անմարսելի կը գտնեմ ինչ որ չի պատկանիր զուտ բանաստեղծին, որովհետեւ այդ բոլոր տողերուն մէջ յայտնի է արուեստագէտի տկարութիւնը, անգիտացումը՝ արուեստի չափանիշներուն, եւ պէտք է աւելցնել՝ թթու եւ անհաճոյ երգիծողի նկարագիր մըն ալ, որ ոչինչ կ’ըսէ գրագէտին մասին, բայց շատ բան՝ անձին թունաւորումին մասին: Կ’անցնիմ:
Պէտք է գիտնանք վերջապէս – վերջացնելու համար կենսագրական ու մատենագրական այս նօթերը – որ Վ. Թէքէեան ապրեցաւ իր մահէն առաջ մէկ երկու տարիներու ընթացքին՝ երջանկութիւնը ճանչցուած ըլլալու, առնուազն իր վարկին, իր փառքին, իր հէքեաթին պիտի ըսէր Յ. Օշական, վայելումովը: Ասիկա պատահեցաւ ինչպէս կը պատահի միշտ՝ թիւրիմացութեան մը հետեւանքով, որուն սկզբունքը սակայն Թէքէեան կը պտտցնէր իր հետ Պոլսոյ շրջանէն ի վեր: Հայերգութիւն հատորին հրատարակութիւնն է որ բերաւ Թէքէեան այդ յապաղած ընդունելութեանը խմբագիրներուն, քննադատներուն եւ քահանաներուն փաղանգին մէջ, եւ անոնց ընդմէջէն՝ որոշ չափով ժողովուրդին մէջ: Հէքեաթը գրագէտի մը երբեմն նորոյթի մը հարցն է եւ չի կրնար խաբել իր իսկական պատճառներուն վրայ. Հայերգութիւնը կազմող քերթուածներուն մեծամասնութիւնը, ըսինք, լոյս տեսած էր արդէն նախորդ հատորներուն մէջ ուր թերեւս անոնց ժուժկալութիւնը, անոնց ցամաքութիւնը, ձուլուած՝ հեղինակին անհամբոյր եւ պէտք է խոստովանիլ՝ անհրապոյր նկարագիրին, արգիլած էին որ կարդացուին կամ լսուին խանդավառութեամբ: Եւ այդ թուականին՝ 1944ին՝ այդ հայրենաշունչ քերթուածներուն մէկ հատորով խմբումը այն արդիւնքը ունեցաւ որ Վ. Թէքէեան զինուորագրուեցաւ հայեցի գրականութիւն հոլովող անձերու զօրագունդին, իր կամքէն անկախ թերեւս, որովհետեւ ինք չէր պատկաներ այդ գաղափարախօսներու որեարին, բայց ամբողջովին իր յանցանքովն ալ անշուշտ քանի որ իր քերթողական գործունէութեան առաջին տարիներէն արդէն, Վ. Թէքէեան իր տուրքը վճարած էր, եւ յաւելումով, հայրենաշունչ քերթողութեան պահանջներուն եւ կարելի է ըսել՝ հիւանդութեան: