Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։
ուսումնասիրութիւն

Թարգմանիչին գործունէութիւնը

Վալթըր Պէնիամին,
ԿԱՄ 1, 1980

Վալթըր Պէնիամին ներկայացուցիչներէն մէկն է միջպատերազմեան գերման-հրէական մտաւորականութեան, իր գեր-մշակուած իմացականութեամբ, գրական-փիլիսոփայական իր թափանցումով: Բարձր համեմատութիւններու հասցուցած է ան գրականութեան անդրադարձող, զայն ընկալող, անոր էականութիւնը բացայայտող աշխատանքը: Ծնած է 1893ին, ու մեռած՝ 1940ին, անձնասպան, գերմանական ուժերու յառաջխաղացքին առջեւ իր փախուստի ընթացքին: Գրած է համալսարանական թէզ մը՝ «Գերմանական վիպապաշտութեան մէջ՝ քննադատութեան փիլիսոփայութիւնը», որուն կարեւորութիւնն ու տարողութիւնը այսօր միայն սկսած են զգալի դառնալ: Բայց պատճառներով որոնք կը վերաբերէին հաւանաբար նոյնքան իր մտածողական ծրագիրին որքան իր տանջալի հոգեբանութեան, չէ որդեգրած երբեք համալսարանական ասպարէզ, ապրելով իբրեւ «ազատ գրագէտ» ինչպէս կ’ըսեն գերմաներէն, մնալով միշտ իր ուսումնական կեանքով՝ համալսարանական իմացականութեան լուսանցքին:

1922ին՝ լոյս ընծայած է թարգմանութիւններ Պօտլէռէն, հատորով մը որուն յառաջաբանը կը կազմէ գրութիւնը զոր կու տանք հոս թարգմանութեամբ:

Արուեստի գործի մը կամ արուեստի ձեւի մը դէմ յանդիման՝ զայն ընկալողներու նկատառումը երբեք բեղուն չէ եղած: Ի հարկէ՝ ոչ միայն որոշ հանրութեան մը կամ իր ներկայացուցիչներուն հետ ամէն տեսակի յարաբերութիւն կը շեղեցնէ ճամբէն, այլ՝ «իտէալ» ընկալողի մը գաղափարն իսկ բոլոր արուեստին վերաբերող տեսաբանական վիճարկումներուն մէջ վնասակար է, քանի որ ասոնք ուրիշ բան ենթադրելու պէտք չունին եթէ ոչ ընդհանուր կերպով՝ մարդուն գոյութիւնն ու էութիւնը: Արուեստն ալ իր կարգին եւ նոյն ձեւով՝ մարդուն մարմնական ու հոգեկան էութիւնը կ՚ենթադրէ – բայց արուեստի գործերէն ո՛չ մէկը ուշադրութիւն չ՚ընծայեր ատոր: Այդ իմաստով՝ ո՛չ մէկ քերթուած ընդհանուր ընթերցողի մը համար յօրինուած է, ո՛չ մէկ նկար ընդհանուր դիտողի մը համար, ո՛չ մէկ համանուագ՝ ընդհանուր ունկնդիրի մը համար:

Թարգմանութիւն մը այն ատեն՝ արդեօք բնագիրը չհասկցող ընթերցողներո՞ւն համար գրուած է: Այդպիսի արժեւորում մը անշուշտ կը թուի բաւականին բացատրել երկուքին միջեւ մակարդակի տարբերութիւնը արուեստի մարզին մէջ: Կը թուի նաեւ միակ հաւանական դրդապատճառը ըլլալ որ կը մղէ «նոյն»ը կրկնուած ձեւով ըսելու: Ի՞նչ կ՚ըսէ սակայն գրական գործ մը1: Ի՞նչ կը հաղորդէ կամ կը փոխանցէ ան: Շատ քիչ բան անոր որ զայն իրապէս կը հասկնայ: Էականը իր մէջ հաղորդակցութիւն չէ, ո՛չ ալ հաղորդուած խօսք: Այնպէս որ թարգմանութիւն մը որ պիտի ուզէր բան մը հաղորդել ոչինչ կը հաղորդէ իրականին մէջ եթէ ոչ՝ հաղորդակցութիւնը, փոխանցումը – այսինքն՝ ինչ որ էական չէ: Յատկանիշն է ասիկա արդէն գէշ թարգմանութիւններուն: Մնաց որ գրական գործի մը մէջ հաղորդումէն անդին գտնուածը – եւ գէշ թարգմանիչները նոյնիսկ կ՚ընդունին որ այդ է էականը – ընդհանրապէս կը նկատուի իբրեւ անըմբռնելին, իբրեւ խորհրդաւորը իբրեւ «բանաստեղծական»ը: Մէկ խօսքով՝ այն՝ զոր թարգմանիչը կրնայ միայն վերահաստատել եթէ ինքն ալ ստեղծագործող է: Իրականութեան մէջ՝ ատկէ կը բխի երկրորդ յատկանիշը գէշ թարգմանութիւններուն, երբ ասոնք ոչ-ճշգրիտ հաղորդում մըն են ոչ-էական պարունակութեան մը: Եւ ասիկա այսպէս կը մնայ այնքան ատեն որ թարգմանութիւնը կու տայ ինքզինքին ընթերցողին օգտակար ըլլալու պարտականութիւնը: Բայց եթէ թարգմանութիւնը ընթերցողին համար սահմանուած ըլլար, կարելի պիտի ըլլար նոյն բանը ըսել բնագիրին մասին: Եթէ ճիշդ է որ բնագիրը այդ սահմանումը չի յարգեր, կարելի չէ թարգմանական արարքը հասկնալ այդպիսի յարաբերութենէ մը մեկնելով:

Թարգմանութիւնը ձեւ մըն է: Ըմբռնելու համար զայն իբրեւ այդ, պարտինք վերադառնալ բնագիրին: Ի հարկէ՝ հոն է որ կը գտնուի թարգմանութեան օրէնքը, ծուարած բնագիրին թարգմանելիութեան մէջ: Գործի մը թարգմանելիութեան հարցը սակայն երկդիմի հարց մըն է: Իբրեւ հարց՝ կրնայ դրուիլ նախ հետեւեալ ձեւով. գործը պիտի գտնէ՞ երբեք իր ընթերցողներու փաղանգին մէջ՝ հատ մը որ ըլլայ իր գոհացուցիչ թարգմանիչը: Կրնայ դրուիլ սակայն ուրիշ ձեւով մը, աւելի հարազատ. բնագիրը ըստ էութեան՝ կը վերցնէ՞ թարգմանութիւնը, եւ երբեմն – համաձայն թարգմանական ձեւի նշանակութեան – կը պահանջէ՞ արդեօք զայն: Սկզբունքով՝ առաջին հարցումին հետեւելիք պատասխանը խնդրական պիտի ըլլայ եւ երկրորդը՝ անհրաժեշտ, իրենց փաստարկումով: Մակերեսային մտածողութիւն մը միայն կրնայ երկու հարցումները հաւասար նկատել, անտեսելով երկրորդին անկախ բնոյթը: Այդպիսի դիրքորոշման մը դէմ՝ հարկ է առարկել որ յարաբերական որոշ յղացքներ իրենց լաւագոյն իմաստը կը ստանան երբ յառաջագունէ մարդուն չեն յղուիր: Կարելի պիտի ըլլար օրինակ անմոռանալի կեանքի մը կամ պահու մը մասին խօսիլ, նոյնիսկ եթէ բոլոր մարդիկ զայն մոռցած ըլլային: Ի հարկէ՝ եթէ իր էութիւնն է չմոռցուիլը, այդ վերադիրը սխալ պիտի չըլլայ, այլ՝ պիտի մնայ իբրեւ պահանջ մը որուն մարդիկ պարզապէս չեն համապատասխաներ, եւ միեւնոյն ատեն՝ պիտի պարունակէ իր մէջ յղումը դէպի այն ծիրը ուր կը գտնէ իր համապատասխանը. Աստուծոյ յիշողութիւնը2: Յարակցաբար՝ լեզուական ձեւաւորումներու թարգմանելիութեան մասին պիտի կրնայինք խօսիլ այն պարագային իսկ ուր այդ ձեւաւորումները մարդոց կողմէ անթարգմանելի ըլլային: Եւ արդէն՝ այդպէս ալ պէտք չէ՞ նկատենք զանոնք մինչեւ որոշ աստիճան մը, եթէ որդեգրենք թարգմանութեան ճշգրիտ սահմանում մը: – Այդպիսի լուծումի մը պարտինք ենթարկել այն հարցումը թէ անհրաժե՞շտ է այս կամ այն լեզուական կերպաւորումին թարգմանութիւնը: Ի հարկէ՝ եթէ ճիշդ է որ թարգմանութիւնը ձեւ մըն է, այն ատեն՝ թարգմանելիութիւնը էական պէտք է նկատուի որոշ գործերու պարագային:

Թարգմանելիութիւնը կը պատկանի էապէս որոշ գործերու – այդ՝ չի նշանակեր որ թարգմանուիլը էական է իրենց համար. կ՚ուզէ միայն ըսել որ բնագիրին ներյատուկ որոշակի նշանակութիւն մը կը դրսեւորուի իր թարգմանութեամբ: Յստակ է որ թարգմանութիւնը, որքան որ ալ լաւ ըլլայ, բան մը չի կրնար նշանակել բնագիրին համար: Մնաց որ սերտ կապակցութիւն մը կը պահէ բնագիրին հետ, ասոր թարգմանելիութեան ընդմէջէն: Եւ այդ կապակցութիւնը այնքան աւելի սերտ է որքան ան բնագիրին համար բան մը չի նշանակեր այլեւս: Այս կապակցութիւնը բնական պէտք է ըսուի, կամ աւելի ճիշդ՝ կեանքի կապակցութիւն մը: Այնպէս՝ ինչպէս կեանքի դրսեւորումները ներքնապէս կապուած են կենդանութեան, առանց որ բան մը նշանակեն անոր համար, նոյն ձեւով ալ՝ թարգմանութիւնը կը բխի բնագիրէն: Ճիշդ է՝ ոչ թէ իր կեանքէն, այլ՝ իր «վերապրում»էն: Ի հարկէ՝ թարգմանութիւնը բնագիրէն ետքն է որ կու գայ եւ ամենէն նշանակալից գործերուն համար որոնք իրենց թարգմանիչը իրենց ծնունդի ժամանակաշրջանին մէջ չէին կրնար գտնել՝ կը նշէ ան ապագային մէջ երկարող իրենց կեանքին ներկայ հանգրուանը: Արուեստի գործի մը ապրելու եւ վերապրելու գաղափարը պէտք է հասկնալ հոս ամբողջովին ոչ-փոխաբերական իմաստով մը: Մտածողութեան ամենէն նեղմիտ ժամանակներուն իսկ՝ գիտցուած է թէ կեանքը կարելի չէ վերագրել միայն գործարանային մարմնականութեան: Ինչ որ պատճառ պէտք չէ ըլլայ փոխադարձաբար իր տիրութիւնը ճապաղեցնելու հոգիի մաշած յղացքին ներքեւ, ինչպէս փորձած է ընել ֆէշնըր3, չյիշելով տակաւին կեանքի սահմանումները որ կը տրուին կենդանիին յատուկ աւելի եւս անկատար պահերու միջոցաւ, ինչպէս՝ զգայութիւնը, որ կրնայ զայն մէջընդմէջ միայն յատկանշել: Կեանքի յղացքը կը հասնի իր ճշմարտութեան հոն միայն ուր կեանքը կը վերագրուի այն ամէն ինչին որմէ կայ պատմութիւն, առանց ըլլալու պատմութեան բեմը սոսկ: Ի հարկէ՝ պատմութենէն մեկնելով է, եւ ո՛չ՝ բնութենէն – ուր մնաց՝ բնութեան այն խախուտ յղացքէն զոր կը յատկանշեն զգայութիւնը եւ հոգին – որ կարելի է վերջին հաշուով կեանքի շրջագիծը որոշադրել: Ատկէ իմաստասէրին համար՝ պարտականութիւնը բնական կեանքի բոլոր ձեւերը հասկնալու աւելի լայնածիր այն կեանքին ընդմէջէն որ պատմութեան կը պատկանի: Եւ արդէն գործերու վերապրումին ճանաչումը անհամեմատօրէն աւելի դիւրին չէ՞ քան թէ արարածներու վերապրումինը: Արուեստի մեծ գործերու պատմութիւնը կը ճանչնայ իրմէ սերածը զայն վերադարձնելով իր աղբիւրին, կը ճանչնայ իրենց կերպաւորումը զայն վերադարձնելով արուեստագէտի ժամանակաշրջանին, կը ճանչնայ վերջապէս իրենց հիմնապէս յաւիտենական վերապրումի շրջանը՝ հետագայ սերունդներուն ընդմէջէն: Այս վերջին իրողութիւնը, երբ կայ, կը կոչուի փառքը: Թարգմանութիւնները որոնք աւելի են քան թէ իմաստի փոխանցումներ կը ծնին այն ատեն՝ երբ գործ մը, իր վերապրումով, հասած է իր փառքի ժամանակաշրջանին: Այնպէս որ այդ թարգմանութիւնները չեն սատարեր անոր փառքին – ինչպէս գէշ թարգմանիչները սովորութիւնն ունին ըսելու իրենց աշխատանքը արդարացնելու համար – այլ ընդհակառակը՝ իրենց գոյութիւնը կը պարտին անոր: Անոնց մէջ՝ բնագիրին կեանքը կը հասնի իր ամենավերջին եւ ամենալայն ծաւալումին, անդադար նորոգուած:

Այս ծաւալումը, իբրեւ մասնայատուկ ու բարձր կեանքի մը ծաւալում, որոշադրուած է նոյնքան մասնայատուկ ու բարձր նպատակայարմարութենէ մը: Կեանք ու նպատակայարմարութիւն – ասոնց երեւութապէս դիւրըմբռնելի եւ սակայն ճանաչողութեան չյանձնուող կապակցութիւնը կը բացուի հոն միայն ուր նպատակը, որ յանգակէտն է կեանքի բոլոր մասնակի նպատակայարմարութիւններուն, չի փնտռուիր բուն կեանքէն ներս, այլ՝ անկէ վեր, նոր բնագաւառէ մը ներս: Կեանքի բոլոր նպատակայարմար երեւոյթները, ինչպէս նաեւ՝ իրենց նպատակայարմարութիւնը, կեանքը չէ որ ունին վերջին հաշուով իբրեւ նպատակ, այլ անոր էութեան արտայայտութիւնը, անոր նշանակութեան ներկայացումը: Այնպէս որ թարգմանութեան նպատակակէտը վերջին հաշուով՝ լեզուներու ամենախոր միջյարաբերութեան արտայայտութիւնն է4: Անկարելի է որ թարգմանութիւնը հասնի ինքն իրմով այդ թաքուն յարաբերութեան յայտնութեան, լուսաբերումին. ինչ որ կարելի է սակայն իրեն՝ զայն ներկայացնելն է, զայն սաղմին մէջ եւ հզօր կերպով իրագործելով: Պէտք է ըսել որ նշանակեալի մը այդ ներկայացումը5 – իր ծնունդի սերմին ընդմէջէն, իր ծնունդի փորձովը – ներկայացումի շատ մասնայատուկ եղանակ մըն է, որ անյղանալի է լեզուական կեանքին մարզէն դուրս: Ոչ-լեզուականը ի հարկէ՝ իր համեմատութիւններով ու նշաններով ունի մատնանշումի տիպարներ որոնք կը տարբերին այս հզօր, կանխայայտ ու ակնարկող իրագործումէն: – Լեզուներու այս մտածուած ու ամենախորունկ յարաբերութիւնը մասնայատուկ զուգամիտութենէ մը յառաջ եկող յարաբերութիւնն է: Կը կայանայ այն իրողութեան մէջ որ լեզուները օտար չեն իրարու, որ անոնք յառաջագունէ եւ անկախ՝ պատմական բոլոր աղերսներէն, ազգականութեան կապ մը ունին իրենց ըսել ուզածովը:

Բացայայտումի այս փորձովը՝ կը թուի թէ ապարդիւն շրջանցումներ ըրինք վերադառնալով ի վերջոյ թարգմանութեան աւանդական տեսութեան եւ յանձնուելով անոր։ Եթէ թարգմանական արարքին մէջ, լեզուներու ազգականութիւնը կը ձգտի իր իսկ պահպանումին, ինչպէ՞ս կրնայ ատոր հասնիլ եթէ ոչ բնագիրին ձեւն ու իմաստը կարելի եղածին չափ ճշգրտապէս փոխանցելով։ Բայց այս ձեւով հասկցուած ճշգրտութեան յղացքին մասին, վերոյիշեալ տեսութիւնը պիտի չկրնար արտայայտուիլ, եւ պիտի չկրնար ուրեմն հաշուետուութիւն ներկայացնել թարգմանութեան մէջ էականին մասին։ Լեզուներու ազգականութիւնը սակայն շատ աւելի խոր ու որոշադիր ձեւով կը ցուցաբերէ ինքզինք քան թէ երկու ստեղծագործական գրութիւններու նմանութեան ընդմէջէն։ Ըմբռնելու համար բնագիրի ու թարգմանութեան վաւերական յարաբերութիւնը, տեղին է հիմա նշում մը ընել որուն դերը նման է մտածումներու այն ընթացքի դերին որով կը փաստուի ճանաչողութեան քննադատութեան մէջ՝ արտացոլումի տեսաբանութեան անկարելիութիւնը։ Ի հարկէ՝ ինչ որ ցոյց կը տրուի այդ քննադատութեան մէջ հետեւեալն է. որ ճանաչողութեան համար՝ որեւէ առարկայականութիւն անկարելի պիտի ըլլար եւ նոյնիսկ առարկայականութեան մը պահանջը անիմաստ պիտի մնար եթէ ան իրականի արտացոլումին մէջ կայանար։ Հոս նոյն ձեւով՝ կարելի է ապացուցանել որ որեւէ թարգմանութիւն ինքն իր մէջ արդէն անկարելի պիտի ըլլար եթէ ձգտէր ան ըստ էութեան բնագիրին հետ նմանութեան մը6։ Որովհետեւ վերապրումին մէջ – որ այդպէս պիտի չկոչուէր եթէ չըլլար ապրողին կերպափոխումը ու նորոգումը – բնագիրը կը փոխուի։ Սեւեռուած բառերն իսկ հասունացումի եղանակաւորումի մը ենթարկուած են։ Այն ինչ որ հեղինակի ժամանակին՝ իր ստեղծագործական լեզուին հակամիտումը կրնայ եղած ըլլալ, կրնայ նաեւ հետագային հարթուիլ, տեղի տալով թաքուն այլ հակամիտումներու որոնք նոր մէջտեղ կ՚ելլեն կերպաւորուածին մէջ։ Ինչ որ ատենօք՝ մատաղ էր կրնայ հետագային հինցած հնչել, ինչ որ ընթացիկ էր՝ վաղընջական մոյնք մը ստանալ։ Այդպիսի կերպափոխումներու ինչպէս նաեւ իմաստին վերաբերեալ նոյնքան յաճախակի կերպափոխումներու էատարրը՝ հետագային եկողներու ենթակայութեան մէջ փնտռել փոխանակ զայն փնտռելու լեզուի ու իր գործերու իսկական կեանքին մէջ պիտի նշանակէր բանի մի հիմն ու էութիւնը իրարու հետ շփոթել, կամ աւելի ճիշդ՝ մտածողութեան անկարողութեան մը հետեւանքով՝ պատմական եղանակաւորումներէն ամենէն հզօրներէն ու ամենէն բեղուններէն մէկը ժխտել։ Եւ նոյնիսկ եթէ մարդ ուզէր հեղինակին գրչի վերջին շարժումը գործին տրուած մահացու հարուածը իբրեւ նկատել, թարգմանութեան այդ մեռեալ տեսութիւնը նորէն ալ չէր փրկուեր։ Որովհետեւ այնպէս՝ ինչպէս մեծ ստեղծագործութիւններուն երանգն ու նշանակութիւնը դարերու ընթացքին կը կերպարանափոխուին, նոյնպէս ալ՝ կը կերպարանափոխուի թարգմանիչին մայրենի լեզուն։ Մինչդեռ ստեղծագործողին խօսքը իր լեզուին մէջ կը տեւէ ու կը դիմանայ՝ ուժեղագոյն թարգմանութիւնը սահմանուած է իր լեզուի աճումին մասնակցելու եւ նորոգուած լեզուին մէջ ընկլուզելու։ Թարգմանութիւնը հեռու է երկու մեռած լեզուներու մունջ հաւասարումը ըլլալէ, այնքան հեռու որ ընդհակառակը՝ բոլոր ձեւերուն մէջ իրեն ամենէն յատուկը այս է. մէջտեղ հանել օտար խօսքի ներքին հասունացումը, ինչպէս նաեւ սեփական խօսքի տղաբերքի ցաւերը։

Եթէ ուրեմն թարգմանութեամբ՝ լեզուներու ազգականութիւնն է որ կ՚իմացնէ ինքզինք, ատիկա բնագիրի ու պատճէնի աղօտ նմանութեամբ մը չէ որ տեղի կ՚ունենայ։ Նոյնպէս եւ ընդհանուր առմամբ՝ յստակ է թէ նմանութիւնը ազգականութեան հետ չի զուգադիպիր անպայման։ Եւ լեզուի պարագային գործածուած ազգականութեան այս յղացքը ազգականութեան սովորական իմաստին հետ նոյնիմաստ է նաեւ այն չափով որ երկու պարագաներուն ալ՝ չի բաւեր զայն ծագումի մը հաւասարութեան միջոցաւ սահմանել, թէեւ սովորական գործածութեան պարագային՝ ծագումի յղացքը անհրաժեշտ կը մնայ։

– Ո՞ւր պէտք է փնտռել այն ատեն երկու լեզուներու ազգականութիւնը, եթէ զանցառուի պատմական իմաստով հասկցուած ազգականութիւնը։ Ամէն պարագայի՝ ո՛չ ստեղծագործութիւններու, ո՛չ ալ ասոնց բառերուն նոյնանմանութեան մէջ։ Լեզուներու գեր-պատմական նոյնանմանութիւնը կը յենի աւելի այն իրողութեան վրայ որ եթէ առնենք իւրաքանչիւր լեզու իբր ամբողջութիւն, նոյն բանն է հոս եւ հոն որ դիտարկուած է։ Նոյն բան մը որուն սակայն հասնիլ միայն ամբողջութիւնը իրենց զիրար լրացնող դիտարկումներուն։ Այդ նոյնը զուտ լեզուն է7։ Ի հարկէ՝ մինչդեռ երկու տարբեր լեզուներու բոլոր առանձին տարրերը (բառ, նախադասութիւն, համագիր) օտար կը մնան իրարու, լեզուները կ՚ամբողջացնեն զիրար իրենց դիտարկումերովն իսկ։ Այս օրէնքը, որ լեզուի փիլիսոփայութեան հիմնաւոր օրէնքներէն մէկն է, ճիշդ ըմբռնելու համար՝ պարտինք դիտարկումին մէջ դիտարկուածը եւ դիտարկումի եղանակը մէկը միւսէն զատորոշել8։ «Brot» եւ «Pain» բառերով դիտարկուածը ճիշդ է որ նոյնն է, դիտարկումի եղանակները սակայն կը տարբերին։ Դիտարկումի եղանակներուն մէջ՝ կայ այն իրողութիւնը թէ այդ երկու բառերը տարբեր բաներ կը նշանակեն գերմանին ու ֆրանսացիին համար, թէ փոխարինելի չեն անոնք, եւ նոյնիսկ վերջին հաշուով՝ ներհակ ձգտումներ կը պարունակեն իրենց մէջ։ Դիտարկուածին ընդմէջէն սակայն՝ երկու բառերը, եթէ առնուին իրենց բացարձակութեամբ, նոյնը կը նշանակեն։ Մինչդեռ այս ձեւով երկու բառերուն մէջ՝ դիտարկելու եղանակները իրարու հանդէպ ներհակական միջյարաբերութիւն մը ունին, ընդհակառակը՝ կ՚ամբողջացնեն անոնք զիրար երկու լեզուներո՛ւն մէջ որոնցմէ այդ բառերը կը սերին։ Ինչ որ կ՚ամբողջանայ՝ դիտարկուածը դիտարկելու եղանակն է։ Որովհետեւ մէկ լեզուի մէջ մնալով, չամբողջացած, անոր դիտարկածին երբեք կարելի չէ հանդիպիլ համեմատական անկախութեամբ մը, ինչպէս կարելի էր այդ՝ առանձին բառերուն ու նախադասութիւններուն մօտ. լեզուի դիտարկածը կ՚ըմբռնուի միայն անվերջ փոխակերպումի մը ընդմէջէն, մինչեւ որ դիտարկումի բոլոր եղանակներու ներդաշնակութենէն՝ երեւան ելլէ ան իբրեւ զուտ լեզուն։ Մինչ այդ՝ կը մնայ ան լեզուներուն մէջ թաքնուած։ Եթէ ճիշդ է սակայն որ ասոնք կ՚աճին այդ ձեւով դէպի իրենց պատմութեան մեսիանական վախճանը, այն ատեն՝ թարգմանութիւնն է որ գործերու յաւիտենական վերապրումէն ու լեզուներու անվերջ աշխուժացումէն կը ստանայ կայծն ու դրդումը միշտ նորոգուած ձեւով լեզուներու այդ սրբազան աճումը փորձարկելու համար։ Այսինքն՝ հաստատելու համար թէ՝ լեզուներուն մէջ թաքնուածը որքա՞ն հեռու է դեռ Յայտնութենէն, թէ՝ ո՞ր չափով այժմէական կրնայ դառնալ ան այս հեռաւորութեան անդրադարձող գիտութեան ընդմէջէն։

Ընդունած եղանք ամէն պարագայի այսպէսով՝ որ իւրաքանչիւր թարգմանութիւն այս կամ այն ձեւով՝ առժամեայ ձեւ մըն է միայն լեզուներու օտարութիւնը վիճարկելու համար։ Լեզուներու մէկը միւսին հանդէպ այս օտարութեան վերաբերող ուրիշ լուծում մը, որ չարձանագրուէր ժամանակին մէջ, որ չըլլար առժամեայ, մէկ խօսքով՝ րոպէական ու վերջնական լուծում մը համարեա՛ մարդ էակին կարողութենէն դուրս կը գտնուի, կամ ինչ որ ալ ըլլայ՝ անմիջական հետապնդումի մը չի հպատակիր։ Միջարկումի ձեւ մը կայ սակայն. կրօնքներու աճումը, որ կը հասունցնէ լեզուներուն մէջ բարձրագոյն լեզուի մը քօղածածուկ սերմը։ Թարգմանութիւնը ուրեմն՝ թէեւ չի յաւակնիր իր կերպաւորումներու դիմացկունութեան (եւ այդ կէտին վրայ՝ կը տարբերի արուեստէն), չ՚ուրանար միեւնոյն ատեն՝ իր ուղղութիւնը դէպի լեզուներու ներքին ագուցումին վերջին, վերջնական եւ վճռական հանգրուան մը։ Իր մէջ՝ բնագիրը կ՚աճի դէպի համարեա՛ աւելի բարձր ու աւելի զուտ շրջանակ մը, որուն մէջ անշուշտ չի յաջողիր ան երկար դիմանալ, հեռու ըլլալով նաեւ իր բոլոր մասերովը անոր հասնելու, թէեւ հիանալիօրէն խորաթափանց ձեւով մը՝ նշան կ՚ընէ դէպի այդ շրջանակը, իբրեւ լեզուներու նախախնամուած ու արգիլուած Երկիրը, ուր ասոնք պիտի հաշտուէին ու իրագործուէին։ Բնագիրը արմատապէս չի հասնիր ուրեմն թարգմանութեան ընձեռած այդ աւելի բարձր ու աւելի զուտ շրջանակին, բայց այդտեղ է որ կը գտնուի ինչ որ թարգմանութեան մը մօտ՝ պարզ փոխանցումէն անդին է։ Աւելի ճիշդ՝ այս էական կորիզը կ՚որոշադրուի իբրեւ այն՝ որ թարգմանութեան մէջ վերստին թարգմանելի չէ։ Մարդ կրնայ առնել անկէ փոխանցումի ճամբով՝ որքան որ կարելի է, եւ զայն թարգմանել, այսուհանդերձ՝ ետ քաշուած ու անմատչելի կը մնայ այն՝ որուն կ՚ուղղուէր թարգմանիչին աշխատանքը։ Թարգմանելի չէ ան բնագիրի ստեղծագործական խօսքին նման, որովհետեւ բովանդակութեան9 եւ լեզուի յարաբերութիւնը նոյնը չէ այս եւ այն պարագային։ Բնագիրին մէջ՝ ասոնք կը կազմեն որոշ միութիւն մը, ինչպէս պտուղն ու կեղեւը, մինչդեռ թարգմանութեան մէջ՝ լեզուն կը պատէ բովանդակութիւնը թագաւորական ծալլապատիկ պատմուճանի մը նման։ Որովհետեւ կը նշանակէ ան իրմէ բարձր լեզու մը, եւ կը մնայ այդ պատճառով անհաշտ իր իսկ բովանդակութեան, բռնազբօս եւ օտար՝ անոր հանդէպ։ Այդ հատումն է որ կ՚արգիլէ փոխադրումը, միեւնոյն ատեն՝ աւելորդ դարձնելով զայն։ Որովհետեւ գործի մը իւրաքանչիւր թարգմանութիւն, մեկնելով լեզուի պատմութեան որոշակի պահէ մը ի խնդիր՝ գործին բովանդակութեան որոշակի երեսի մը, կը ներկայացնէ զանոնք – այդ պահն ու այդ երեսը – բոլոր միւս լեզուներուն մէջ։ Թարգմանութիւնը կը փոխադրէ ուրեմն բնագիրը աւելի – հեգնութեամբ ըսուած – վերջնական շրջանակի մը մէջ, առնուազն այն չափով՝ որ որեւէ հետագայ փոխադրում պիտի չկրնայ բնագիրը այդ շրջանակէն տեղափոխել վերստին. բնագիրին կը մնայ միայն բարձուիլ անոր մէջ միշտ վերսկսուած աշխատանքով մը, եւ իր կառոյցին այլ մասերու ընդմէջէն։ Պատահական չէ յիշեցումը հոս, «հեգնանք» բառով, վիպապաշտներու մտածումներուն շարժընթացքին։ Միւսներէն առաջ՝ ասոնք ունեցած են գործերու կեանքին մէջ ներթափանցութիւն մը, որմէ թարգմանութիւնը մեծագոյն վկայութիւնը կը բերէ։ Ճիշդ է որ զայն իբրեւ այդ գրեթէ չեն ճանչցած ու գործադրած, դարձնելով իրենց գործունէութիւնը աւելի՝ դէպի քննադատութիւնը, որ իր կարգին կը կազմէ պահ մը, թէեւ նուազ նշանակալից, գործերու վերապրումին մէջ։ Ասով հանդերձ՝ նոյնիսկ եթէ իրենց տեսաբանական աշխատանքը չէր զբաղեր այնքան թարգմանութեան իրողութեամբ, մնաց որ թարգմանական իրենց պատկառելի գործը կը զուգադիպէր այդ ձեւին էութեան ու արժանիքին հանդէպ մասնաւոր հասկացողութեան մը։ Ամէն ինչ իրենց մօտ նշան կ՚ընէ դէպի այդ հասկացողութիւնը, բայց ստեղծագործողի պարագային պէտք չունի ան ուժեղագոյն զգացումը ըլլալու. թերեւս ալ ստեղծագործողին մօտ է որ ան ունի նուազագոյնը՝ իր տեղը։ Պատմութիւնն իսկ չի վաւերացներ այն դասական նախապաշարումը որուն համաձայն՝ նշանակալից թարգմանիչները ստեղծագործողներ են, եւ աննշան ստեղծագործողները տկար թարգմանիչներ կ՚ըլլան։ Մեծ թարգմանիչներու շարքէն՝ Լութըր, Վոս, Շլէկըլ անհամեմատօրէն աւելի նշանակալից են իբրեւ թարգմանիչ քան թէ իբրեւ ստեղծագործող, եւ ուրիշներ – այս անգամ՝ մեծագոյններէն, ինչպէս Հէօլտըրլին կամ Կէորկը – կարելի չէ ըմբռնել միայն ստեղծագործութեան յղացքովը եթէ նկատի առնենք իրենց ստեղծումին ամբողջ տարողութիւնը10։ Թարգմանութեան նման որ բոլոր ձեւերուն մէջ՝ առանձնայատուկ ձեւ մըն է, թարգմանիչին գործունէութիւնն ալ պարտի նկատուիլ իբրեւ առանձնայատուկ գործունէութիւն մը եւ ստեղծագործողի գործունէութենէն ճշգրտօրէն զատորոշուիլ։

Գործունէութիւն մըն է ան որ թարգմանութիւնը ընկալող լեզուի տարածքին վրայ այն դիտարկումը գտնելուն մէջ կը կայանայ՝ որմէ մեկնելով կարելի ըլլայ արթնցնել լեզուին մէջ բնագիրին արձագանգը։ Ինչ որ բացարձակապէս զատորոշիչ գիծ մըն է համեմատելով զայն ստեղծագործական գործի մը, որովհետեւ այդպիսի գործի մը դիտարկումը երբեք չ՚ուղղուիր դէպի լեզուն իբրեւ այդ, դէպի լեզուի ամբողջութիւնը, այլ անմիջականօրէն եւ միայն՝ դէպի լեզուական որոշակի կառոյցներ, բովանդակութեան վերաբերող։ Թարգմանութիւնը չ՚երեւիր ստեղծագործութեան նման՝ լեզուի ներքին անտառին մէջ, այլ՝ անկէ դուրս, անոր դէմ յանդիման, առանց երբեք անոր մէջ մտնելու. ատկէ է որ կ՚ոգեկոչէ ան բնագիրը, բերելով զայն դէպի այն առանձին վայրերը՝ ուր համապատասխան կերպով՝ սեփական լեզուին մէջ արձագանգը ի վիճակի է օտար լեզուի գործին փոխադարձ հնչողութիւնը լսելի դարձնելու։ Ո՛չ միայն թարգմանութեան դիտարկածը – լեզուն իր ամբողջութեամբ, օտար լեզուի մը պատկանող արուեստի առանձին գործէ մը մեկնելով – կը տարբերի ստեղծագործութեան դիտարկածէն, այլ՝ անոր դիտարկումն իսկ տարբեր է. ստեղծագործողին դիտարկումը միամիտ է, առաջնահերթ ու ներհայեցողական, թարգմանիչինը՝ ածանցուած, վերջնահերթ, իտէական: Թարգմանիչին աշխատանքը լրացնող մեծ շարժառիթը՝ մէկ իրաւ լեզուի մէջ շատ մը լեզուներու համարկումի փորձն է: Լեզուի մը մէջ ուր առանձին յառաջատուութիւնները, ստեղծագործութիւնները, դատողութիւնները ինքնահասկացողութեան եզր մը չունին – մնալով նաեւ ի հարկէ՝ թարգմանութեան յղուած – որուն մէջ սակայն լեզուներն իսկ իրարու հետ կը համաձայնին, դիտարկումի իրենց եղանակով ամբողջացած ու հաշտուած: Եւ եթէ ճիշդ է որ կայ ճշմարտութեան լեզու մը որուն մէջ վերջին գաղտնիքները – որոնց ի խնդիր կը տքնի մտածողութիւնը – առանց պրկումի, լռելեայն, կը պահուին11, ճշմարտութեան այդ լեզուն՝ ճշմարիտ, իրաւ լեզուն է: Այս լեզուն իսկ է – որուն գուշակութեան ու նկարագրութեան մէջ կը կայանայ միակ կատարելութիւնը զոր կրնայ յուսալ փիլիսոփան – որ թարգմանութեան մէջ ուժեղ կերպով թաքնուած է: Ո՛չ փիլիսոփայութեան մուսայ մը կայ, ո՛չ ալ թարգմանութեան: Փիլիսոփայութիւն եւ թարգմանութիւն ասով հանդերձ՝ ունայն աւելորդաբանութիւններ չեն, ինչպէս կը հաւաստեն երբեմն զգացապաշտ արուեստագէտները: Ինչ որ կայ ի հարկէ՝ փիլիսոփայութեան հանճարն է, որուն ամենէն յատուկը՝ կարօտն է այդ լեզուին որ թարգմանութեամբ կը ծանուցէ ինքզինք: «Les langues imparfaites en cela que plasieurs, manqua la suprême: penser étant ecrire sans accessoire, ni chuchotement mais tacite encore l՚immortelle parole, la diversité, sur terre, des idiomes empêche personne de proférer les mots qui, sinon se trouveraient, par une frappe unique, elle-même materiellement la verité»: Եթէ ճիշդ է որ Մալլարմէի այս բառերուն մէջ մտածուածը կը համեմատի ճշգրտապէս փիլիսոփայութեան փնտռածին, այն ատեն՝ թարգմանութիւնը, իր մէջ պարունակուած այդպիսի լեզուի մը սաղմովը, կը գտնուի ստեղծագործութեան ու աւանդումին մէջտեղը: Իր գործը, արտայայտչութեան գետնի վրայ, կը մնայ ասոնցմէ քայլ մը ետեւ, բայց նոյնքան խորութեամբ կը դրոշմուի պատմութեան մէջ:

Այս լոյսին տակ երբ կը բերուի թարգմանական գործունէութիւնը, ալ աւելի անթափանց ու մռայլ դառնալու սպառնալիքին տակ կը թուին ըլլալ իր լուծումին ճամբաները: Թարգմանութեան մէջ զուտ լեզուի հասունացման սատարող այս գործունէութիւնը կը թուի թէ անլուծելի է ընդմիշտ, կը թուի թէ ո՛չ մէկ լուծում չկայ զայն որոշադրելու համար: Հարցը որ կը ծագի հետեւեալն է. երբ իմաստի վերարտադրութիւնը կը դադրի չափանիշ ըլլալէ, հողը յանկարծ չի՞ պակսիր, խախուտ չի՞ դառնար մարդու ոտքերուն տակ:

Բացասական կողմէն դիտելով մինչեւ հիմա ըսուածները, կարելի է ըսել որ ուրիշ եզրակացութեան մը չէինք ուզեր հասնիլ: Հաւատարմութիւն եւ ազատութիւն՝ թարգմանութեան շուրջ որեւէ վիճարկումի մէջ կիրարկուած ամենէն աւանդական յղացքներն են – ազատութիւն՝ իմաստային վերահաստատման, եւ ի սպաս անոր՝ հաւատարմութիւն՝ խօսքին հանդէպ: Տեսաբանութեան մը համար սակայն որ ուրիշ բան կը փնտռէ թարգմանութեան մէջ քան թէ իմաստի վերահաստատումը՝ անգործածելի կը թուին ըլլալ այդ յղացքները: Եւ արդէն՝ անոնց աւանդական կիրարկումը կը տեսնէ զանոնք միշտ իրենց անյաղթելի երկուութեամբը: Ի հարկէ՝ եթէ իմաստի վերահաստատումն է խնդիրը, ի՞նչով կրնայ հաւատարմութիւնը նպաստել անոր: Առանձին բառին թարգմանութեան հաւատարմութիւնը գրեթէ երբեք չի վերահաստատեր ամբողջովին իմաստը որ այդ բառը ունէր բնագիրին մէջ: Ըստ իր ստեղծագործական նշանակութեան բնագիրին համար՝ բառը չի լրացներ իր պաշտօնը դիտարկուածով, այլ կը հասնի այդ իր նշանակութեան՝ դիտարկուածը եւ դիտարկումի եղանակը իրարու կապող յարաբերութեան մէջ միայն: Այս իրողութիւնը սովորաբար կ՚արտայայտուի ըսելով որ բառերը իրենց հետ կը փոխադրեն զգացական շեշտ մը, որմէ կը հետեւցուի նաեւ որ շարահիւսութեան հանդէպ բառացիօրէն հաւատարիմ թարգմանութիւնը կանգուն չի ձգեր իմաստի վերահաստատումի կարելիութիւնը եւ ուղղակի դէպի անհասկնալիութիւն տանելու սպառնալիքին տակ կը գտնուի: 19րդ դարու մարդոց աչքին՝ Հէօլտըրլինի կատարած Սոփոգլէսէն թարգմանութիւնները կ՚արժէին իբրեւ ահաւոր օրինակներ այս իրողութեան համար: Ինքնին կը հասկցուի վերջապէս՝ թէ որքա՛ն դժուար կը դառնայ իմաստի վերահաստատումը, երբ շարահիւսութենէն անդին՝ ձեւի վերահաստատման մէջ ալ հաւատարմութիւն կը փնտռուի: Կը մնայ եզրակացնել այս բոլորէն՝ որ իմաստի պահպանումի փափաքէն չէ որ կարելի է հետեւցնել բառացիութեան պահանջը: Այդ պահպանումին կը սատարէ շատ աւելի անկարգապահ ազատութիւնը գէշ թարգմանիչներու – առանց անշուշտ որեւէ ձեւով օգտակար ըլլալու ստեղծագործութեան եւ լեզուին: Անհրաժեշտ է ուրեմն բառացիութեան պահանջը – որուն իրաւացիութիւնը դիւրըմբռնելի է, բայց որուն հիմը կը մնայ խորաթաքուն – աւելի դիպուկ փաստարկումով մը հասկնալի դարձնել: Այնպէս՝ ինչպէս ամանի մը կտորները որպէսզի կարենան իրարու ագուցուիլ, պէտք է մինչեւ իսկ մանրագոյն իրենց առանձնայատկութիւններով համապատասխանեն իրարու եւ ո՛չ թէ նման ըլլան մէկը միւսին, նոյնպէս ալ՝ փոխանակ բնագիրին իմաստին նոյնանալու, պէտք է թարգմանութիւնը սիրոյ շարժումով մը՝ սեփական լեզուին մէջ յարմարցնէ դիտարկումի եղանակը: Այս ձեւով միայն                                                                                                                      ՝ երկուքը կը ճանչցուին իբրեւ մեծագոյն լեզուի մը հատուածները, ինչպէս նոյն պայմաններուն տակ՝ կտորները կը ճանչցուին իբրեւ ամանի մը հատուածները: Այս պատճառներով ալ՝ թարգմանութիւնը պէտք չէ ունենայ բան մը փոխանցելու միտումը, պէտք է շատ լայն չափերով՝ իմաստը մէկ քով ձգէ: Բնագիրը իր իմաստով այն չափով միայն էական է թարգմանութեան համար՝ որ թարգմանիչին ուսերը արդէն իսկ թեթեւցուցած է փոխանցուելիքի կարգաւորութեան պարտականութենէն: Սկիզբն էր Բանը. թարգմանութեան մարզին մէջ ալ կ՚արժէ նոյնը: Իմաստին դէմ յանդիման՝ թարգմանութեան լեզուն կրնայ, պարտի՛ նոյնիսկ, ինքզինք ազատ արձակել, հնչեցնելու համար ո՛չ թէ իմաստին դիտարկումը12 իբրեւ վերահաստատում, այլ՝ դիտարկումի իր իսկ եղանակը իբրեւ ներդաշնակութիւն, իբրեւ ամբողջացում այն լեզուին՝ որուն մէջ իմաստի դիտարկումը կը փոխանցուէր: Այնպէս որ մեծագոյն գնահատանքը զոր կարելի է ընել թարգմանութեան մը, մանաւանդ՝ իր երեւումի շրջանին, իր լեզուին բնագիրներէն որեւէ մէկուն պէս կարդացուիլը չէ: Բառացիութեան միջոցաւ ձեռք ձգուած հաւատարմութեան նշանակութիւնը աւելի այն իրողութեան մէջ կը կայանայ՝ որ գործին ընդմէջէն կը լսուի լեզուի ամբողջացումին մեծ կարօտը: Իրաւ թարգմանութիւնը թափանցիկ է, չի քողածածկեր բնագիրը, չի ձգեր զայն ստուերին մէջ, այնպէս մը կ՚ընէ ընդհակառակը՝ որ զուտ լեզուն, իր միջնորդութեամբը ուժեղացած, աւելի եւս հասնի բնագիրին: Ինչ որ նախ եւ առաջ՝ շարահիւսութեան փոխադրումովը կը կատարուի. այս փոխադրումը կը բացայայտէ բառը, եւ ոչ՝ նախադասութիւնը, իբրեւ թարգմանիչին էատարրը: Որովհետեւ նախադասութիւնը որմն է բնագիրին լեզուին առջեւ, իսկ բառացիութիւնը՝ կամարը:

Եթէ թարգմանութեան մէջ հաւատարմութիւնն ու ազատութիւնը միշտ ալ նկատուեր են իբրեւ իրերամերժ ձգտումներ, առաջինին շուրջ հոս տրուած մեկնութիւնը չի թուիր երկու եզրերը հաշտեցնել, կը թուի ընդհակառակը երկրորդը որեւէ իրաւունքէ զրկել: Ի հարկէ՝ ի՞նչ բանի կը ձգտի ազատութիւնը թարգմանութեան մէջ եթէ ոչ՝ իմաստի վերահաստատման, որ սակայն պէտք է դադրի, ըսինք, օրէնսդրական բնոյթ մը ունենալէ: Մնաց թէ, քանի որ լեզուական կերպաւորումի մը իմաստը կարելի է հաւասար նկատել իր փոխանցումի իմաստին, կայ այդ իմաստին շատ մօտը եւ սակայն անկէ անհունապէս հեռու, պահուած անոր տակ կամ անկէ իսկ յստակ, կոտրուած անկէ կամ աւելի ուժով քան որեւէ փոխանցում՝ վերջին ու վճռական բան մը: Բոլոր լեզուներուն մէջ, իրենց բոլոր կերպաւորումներուն մէջ, փոխանցելիէն անդին՝ կայ անփոխանցելի մը, որ կա՛մ խորհրդանշուած է, կա՛մ ալ խորհրդանշող, ըստ համագիրին որուն մէջ երեւան կու գայ ան: Խորհրդանշող է միայն լեզուներու հունաւոր կերպաւորումներուն մէջ, բայց խորհրդանշուած՝ լեզուներու լինելութեան իսկ մէջ: Եւ ինչ որ կը փորձէ ներկայանալ կամ նոյնիսկ ծնիլ լեզուներու լինելութեան մէջ՝ զուտ լեզուի այն կորիզն իսկ է: Եթէ սակայն այս կորիզը, թաքուն ու հատուածական իր վիճակովն իսկ, ներկայ է կեանքին մէջ իբրեւ խորհրդանշուածը, պէտք է նաեւ աւելցնել որ լեզուական կերպաւորումներուն մէջ է միայն որ խորհրդանշուած է: Այդ վերջին էականութիւնը13, որ այդտեղ՝ զուտ լեզուն իսկ է, լեզուներուն մէջ լեզուականին միայն եւ անոր կերպափոխումներուն կապուած է, բայց կերպաւորումներուն մէջ՝ անոր փարած կը մնայ ծանր եւ օտար իմաստը: Ազատագրել զայն այդ իմաստէն, խորհրդանշողը խորհրդանշուածի վերածել, զուտ լեզուն կառուցուած ձեւով՝ լեզուի շարժումին մէջ վերագրաւել – այդ իսկ է թարգմանութեան հզօր ու միակ կարողութիւնը: Այդ զուտ լեզուին մէջ որ ո՛չ մէկ բան չի դիտարկեր այլեւս, եւ ո՛չ մէկ բան չ՚արտայայտեր, այլ՝ իբրեւ անարտայայտ ու ստեղծագործ խօսք՝ այն իսկ է՝ որ բոլոր լեզուներուն մէջ դիտարկուած է, ամէն տեսակի դիտարկում, իմաստ ու փոխանցում կը հասնին խաւի մը ուր դատապարտուած են անհետանալու: Ասոր ընդմէջէն է որ թարգմանութեան ազատութիւնը կը հաստատուի նոր եւ աւելի բարձր իրաւունքներով: Իր էութիւնը չի գտնուիր փոխանցումի իմաստին մէջ, որմէ ազատագրուիլը արդէն հաւատարմութեան գործն էր. սեփական լեզուի տարածքին՝ զուտ լեզուին ի խնդիր է որ թարգմանութեան ազատութիւնը կը պաշտպանէ իր իրաւունքը: Օտարութեան մէջ աքսորուած զուտ լեզուն՝ սեփական լեզուին մէջ փրկել, գործին մէջ բանտարկուածը՝ ստեղծագործութեան փոխակերպումին մէջ ազատագրել – այդ է թարգմանութեան պարտականութիւնն ու գործունէութիւնը: Այս նպատակին ի խնդիր՝ կը պատռէ ան սեփական լեզուի փտած եզերքները, ինչպէս ըրած են Լութըր, Վոս, Հէօլտըրլին, Կէորկը, լայնցնելով գերմաներէնի սահմանները: – Թարգմանութեան եւ բնագիրին յարաբերութեան մէջ իմաստին կապուած նշանակալից բան մը մնա՞ց ասկէ յետոյ: Կարենալ պատասխանելու համար այս հարցումին ընենք հետեւեալ բաղդատութիւնը. այնպէս՝ ինչպէս շօշափագիծը բոլորակին կը դպի հպանցիկ կերպով եւ մէկ կէտի վրայ միայն, եւ այնպէս՝ ինչպէս այդ հպումն իսկ է – եւ ոչ թէ կէտը – որ կ՚որոշադրէ օրէնքը որուն համաձայն շօշափագիծը կը գծէ իր ուղիղ ճամբան դէպի անհունը, նոյնպէս ալ՝ թարգմանութիւնը հպանցիկ կերպով կը դպի բնագիրին, իմաստի անհունապէս փոքր կէտին վրայ, յետոյ՝ հաւատարմութեան օրէնքին համաձայն իր ճամբան շարունակելով լեզուի շարժումի ազատութեան մէջ: Այս ազատութեան ճշմարիտ նշանակութիւնը յատկանշած է Ռուտոլֆ Փանվիթս – առանց զայն անուանակոչելու, ո՛չ ալ հիմնելու – իր դատումներովը զորս կարելի է գտնել «Եւրոպական մշակոյթի տագնապը» հատորին մէջ, եւ որոնք Կէօթէի առաջադրութիւններուն հետ («Տիվան»ի նկատողութիւններուն մէջ) գերմաներէն լեզուով թարգմանութեան տեսաբանութեան մարզին մէջ լաւագոյնը կը կազմեն անկասկած: Ռ. Փանվիթս կը գրէ հետեւեալը. «Լեզուէ լեզու մեր փոխադրումները, նոյնիսկ՝ լաւագոյնները, կը մեկնին սխալ սկզբունքէ մը. կ՚ուզեն հնդկականը, յունականը կամ անգլիականը գերմանացնել փոխանակ գերմանականը հնդկացնելու, յունացնելու կամ անգլիականացնելու: Ունին շատ աւելի մեծ երկիւղ մը իրենց իսկ լեզուական սովորութիւններուն հանդէպ քան թէ օտար գործերու ոգիին հանդէպ . . . : Փոխադրողի սկզբունքային սխալը այն է որ կը սեւեռէ սեփական լեզուի պատահական վիճակը, փոխանակ զայն օտարին միջոցաւ հզօր կերպով շարժի դնելու: Ան պարտի՛, նոյնիսկ երբ շատ հեռաւոր լեզուէ մը կը կատարէ փոխադրումը, մխրճուիլ մինչեւ լեզուին վերջին տարրերը, հոն ուր բառ, պատկեր, շեշտ կը միաւորուին: Պարտի՛ իր լեզուն օտար լեզուի միջոցաւ լայնցնել եւ խորացնել. ո՛չ մէկ յղացք ունինք տակաւին գիտնալու եւ ըսելու համար թէ ո՞ր չափով կարելի է ասիկա, թէ ի՞նչ աստիճանի կրնայ իւրաքանչիւր լեզու խորացուիլ այդ ձեւով: Լեզուէ լեզու տարբերութիւնը աւելի մեծ չէ քան թէ բարբառէ բարբառ, բայց ոչ անշուշտ՝ երբ անոնց մօտենանք դիւրութեան ճամբէն, այլ՝ երբ դժուարութիւնները բաւականին յարգենք»:

Ո՞ր չափով կրնայ թարգմանութիւնը համապատասխանել իր ձեւին էութեան. ասիկա կ՚որոշադրուի առարկայականօրէն բնագիրի թարգմանելիութենէն: Որքան քիչ արժէք ու արժանիք ունի իր լեզուն, այնքան շատ փոխանցում է ան, եւ այնքան քիչ շահեկանութիւն կայ նաեւ թարգմանութեան համար անոր մէջ, մինչեւ որ իմաստի ամբողջական գերակշռութիւնը – շատ հեռու՝ ձեւային գետնի վրայ կատարեալ թարգմանութեան մը լծակը ըլլալէ – զայն ապարդիւն դարձնէ: Որքան բարձր է ընդհակառակը՝ գործի մը որակը, այնքան աւելի կը մնայ ան դեռ թարգմանելի, իր իմաստին ամենահպանցիկ նկատառումին ընդմէջէն: Այս ամէնը կ՚արժէ անշուշտ բնագիրներուն համար: Թարգմանութիւնը ինք՝ անթարգմանելի պէտք է նկատել, ոչ թէ դժուարութեան պատճառաւ, այլ չափազանցուած այն հպանցիկութեան պատճառաւ՝ որով իմաստը կը բնակի զանոնք: Այս գետնի վրայ ինչպէս միւս բոլոր չափանիշներուն համաձայն՝ Հէօլտըրլինի թարգմանութիւնները, ի մասնաւորի՝ Սոփոգլէսի երկու ողբերգութիւններուն թարգմանութիւնները կը ներկայանան իբրեւ հաստատական օրինակներ: Իրենց մէջ, լեզուի ներդաշնակութիւնը այնքան խոր է որ լեզուն իմաստին կը դպի այնպէս միայն՝ ինչպէս հովը՝ հողմատաւիղին: Հէօլտըրլինի թարգմանութիւնները նախատիպարներն են իրենց ձեւին14: Նոյն թեքսթերու միւս թարգմանութիւններուն հետ իրենց յարաբերութիւնը նման է նախատիպարի եւ օրինակի յարաբերութեան, ինչպէս ցոյց կու տայ Բինտարի երրորդ Բիւթական տաղին Հէօլտըրլինի եւ Պոռշարթի թարգմանութիւններու բաղդատութիւնը: Այս պատճառով ալ՝ իրենց մէջ կը ստանան ահաւոր ու սկզբնական վտանգը ամէն թարգմանութեան – վտանգը որ այդքան լայնացած ու իշխանական լեզուի մը դռները գոցուին, բանտարկելով թարգմանիչը լռութեան մէջ: Սոփոգլէսի թարգմանութիւնները Հէօլտըրլինի վերջին գործը եղան: Իրենց մէջ՝ իմաստը կը գահավիժի անդունդէ անդունդ, մինչեւ որ սպառնայ լեզուական խորութիւններուն մէջ հիմնայատակ կորսուելու: Բայց կայ կանգ մը: Ո՛չ մէկ գրութիւն սակայն, բացի սուրբ գրութենէն – որուն մէջ՝ իմաստը դադրած է ջուրերու բաժանումը ըլլալէ ընդմէջ՝ հոսող լեզուին եւ հոսող Յայտնութեան – կրնայ այդ կանգը ապահովել: Հոն ուր գրութիւնը, անմիջականօրէն, առանց միջամտող իմաստի, ճշմարիտ լեզուի իր բառացիութեամբ, կը պատկանի ճշմարտութեան կամ աւանդումին, բացարձակապէս թարգմանելի է ան: Ո՛չ այլեւս ի սպաս՝ իրեն, անշուշտ, այլ ի սպաս՝ լեզուներուն: Այդպիսի գրութեան մը դէմ յանդիման՝ թարգմանութենէն պահանջուած վստահութիւնը այնքան անսահման է որ այնպէս՝ ինչպէս անոր մէջ լեզու եւ Յայտնութիւն պէտք է միանան, նոյնպէս ալ թարգմանութեան մէջ՝ պէտք է բառացիութիւն եւ ազատութիւն միանան իրարու: Ի հարկէ՝ այս կամ այն չափով՝ բոլոր մեծ գրութիւնները – բայց մեծագոյն չափով՝ սրբազան գրութիւնները – կը պարունակեն իրենց տողերուն ընդմէջ՝ իրենց հնարաւոր թարգմանութիւնը: Սուրբ թեքսթին տողամիջական տարբերակը նախատիպարն է, կամ իտէալը, բոլոր թարգմանութիւններուն:

ՆՇՄԱՐՆԵՐ՝ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉԻՆ ԿՈՂՄԷ

  1. Eine Dichtung: Dichtung բառը իր ամենէն սովորական իմաստով կը նշանակէ անշուշտ բանաստեղծութիւնը: Սակայն ատկէ անդին կամ ատկէ առաջ՝ կը նշէ բուն բանա-ստեղծութիւնը, զուտ ստեղծագործութիւնը լեզուին մէջ, սեռերու միջեւ իր բաժանումէն ու բաշխումէն առաջ: Լաւագոյն լուծումը Dichtung բառը այդպէս ձգելն էր հաւանաբար թարգմանութեան մէջ, ինչպէս կ’ընեն այսօր ֆրանսացի թարգմանիչները, նշելով նաեւ այդ ձեւով բառին ու յղացքին մասնայատուկ բնոյթը ու անոր անդրադարձող յղացական բացայայտումի մը անհրաժեշտութիւնը: Այնքան ատեն որ այդպիսի բացայայտումի վայրն իսկ չէ ստեղծուած, եւ անոր հետ՝ կարելիութիւնը Dichtungըիրապէս լսելի դարձնելու, ստիպուած ենք թարգմանութիւն մը որդեգրելու հայերէնի մէջ: Այնպէս Dichtung բառին համար՝ դրինք կա՛մ «գրական գործ», կա՛մ ալ պարզապէս՝ «ստեղծագործութիւն»: Պէտք է գիտակից մնալ սակայն այս թարգմանութիւններուն բոլոր անպատեհութիւններուն, մանաւանդ՝ վերջինին պարագային, քանի որ «ստեղծագործութիւն» բառը գրական-գաղափարաբանական արժեւորում մը, նոյնիսկ՝ գեր-արժեւորում մը կ’ենթադրէ, գեր-արժեւորում մը որուն ներքին կառուցազրկումին կը նպաստէ ի միջի այլոց՝ Պէնիամինի այս գրութիւնը, ինչ որ զգալի է հոն ուր Պէնիամին ըստ էութեան կը զատորոշէ Dichtung եւ Schaffen, «ստեղծագործութիւն» եւ «ստեղծում», դնելով Schaffenին մէջ նաեւ՝ թարգմանական գործունէութիւնը:
  2. Այս առաջադրութիւնը պէտք չէ կարդալ անշուշտ միամիտ ձեւով, իբրեւ նախա-քանթեան մնացորդ մը Պէնիամինի մտածողութեան մէջ: Յաջորդ էջերը ցոյց կու տան թէ մարդու եւ Աստծոյ որոշադրումները լեզուին մէջ միայն, լեզուի պատմութեան մէջ իմաստ մը ունին, զոր զարմանալի կերպով՝ թարգմանութիւնը իբրեւ ձեւ, (եւ ո՛չ իբրեւ սեռ) սահմանուած է փորձարկելու:
  3. Ֆէշնըր 19րդ դարու գերմանացի իմաստասէր մըն է որուն հոգեբանական գեղագիտական աշխատասիրութիւնները մեծ ազդեցութիւն ունեցած են, վիճարկուելով իսկ ֆրէօյտի մը կողմէ:
  4. Այս վերջին նախադասութիւնն է որ կ’ըսէ Պէնիամինի միտ բանին ամբողջ հատուածի ընթացքին: Հոս է որ կեանքի ու նպատակայարմարութեան մասին նախորդ նկատողութիւնները կը գտնեն իրենց արդարացումը եւ բացատրութիւնը: Թարգմանութեան պարտականութիւնը լեզուներու խորագոյն միջյարաբերութեան փորձարկումն է, լեզուի ներքին օտարութեան անկարելի փորձը:
  5. diese Derstellung eines Bedeuteten:
  6. Ճանաչողութեան քննադատութիւն անունին տակ՝ Պէնիամին կը յղէ հաւանաբար Քանթի գործին այն բացայայտումին զոր փորձած էր Հ. Քոհէն, եւ որուն ծանօթ էր Պէնիամին, իր բարեկամին՝ Կ. Շոլէմի հետ մօտէն ուսումնասիրած ըլլալով զայն 1918ին: – Գալով գաղափարին, յստակ է թէ թարգմանութիւնը իբրեւ ձեւ չի ձգտիր բնագիրին պատճէնը արտադրելու. փորձը կ’ընէ ուրիշ ժամանակի մը եւ ուրիշ լեզուի մը պատկանող բնագիրի մը ընդմէջէն՝ իր իսկ ժամանակաշրջանին, լեզուի պատմութեան մէջ: Բնագիրը կը դադրի այդ ձեւով «իրական» մը ըլլալէ, ինքն իր մէջ եւ մէկ անգամ ընդմիշտ գոյութիւն ունեցող բան մը ըլլալէ. կ’ըլլա՛յ ընդհակառակը թարգմանութեան մէջ միայն:
  7. Die relne Sprache: Հայերէն ինչպէս գերմաներէն՝ մէկ բառ կայ միայն langue եւ langage ըսելու համար: Կը գործածեմ միշտ «լեզու» բառը գերմաներէն Spracheին համար: Մանրամասնուած մեկնաբանութիւնը պիտի բացայայտէր ու շրջագծէր այդ յղացքին տարողութիւնը Պէնիամինի մտածողութեան մէջ, մանաւանդ հոս՝ ուր «զուտ լեզուի» մը մասին կը խօսի: Կանխիկ նկատողութիւն մը միայն կ’ուզեմ ընել այս մասին, ըսելով որ եթէ ֆրանսերէն ըլլար՝ պիտի ըսէի միշտ langue եւ ոչ թէ՝ langage, ինչպէս կ’ընէ մեր թեքսթին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը (Վ. Պէնիամին, Միթաբանութիւն եւ բրտութիւն, Տընօէլ, 1971, էջ 266):
  8. Dieses Gesetz . . . genau zu fasser, ist in der Intention, vom Gemeinten die Art des Meinens zu unterscheiden.
  9. Gehalt: Թարգմանութեան «բովանդակութիւնը» «զուտ լեզու»ն է, երբ նկատի առնուի ան իր «ձեւ»ի էութեան մէջ:
  10. andere . . . (sind) nach dem ganzen Umfang ihres Schaffens unter dem Begriff des Dichters nicht zu fassen.
  11. aufbewahrt sind: Wahrheitի եւ Bewahrungի նմանութեան վրայ խաղացած է միշտ գերմանական փիլիսոփայութիւնը: Ճշմարտութիւնը եւ լեզուին մէջ պահպանումը հոս ալ սերտօրէն աղերսուած են:
  12. intentio:
  13. Wesenheit:
  14. Urbilder ihrer Form: