Կարելի է այլեւս տարազել Վէնսէնի Անտառըին գործարկումը, աշխատանքը իբրեւ ընդարձակ հակասութիւն մը ճշմարտութեան քանդումին ու ճշմարտութեան ձգտումին միջեւ, կրուած այլափոխումի, յեղումի անտիրապետելի շարժումէ մը։
Թարգմանութիւնը ձեւ մըն է: Ըմբռնելու համար զայն իբրեւ այդ, պարտինք վերադառնալ բնագիրին: Ի հարկէ՝ հոն է որ կը գտնուի թարգմանութեան օրէնքը, ծուարած բնագիրին թարգմանելիութեան մէջ: Գործի մը թարգմանելիութեան հարցը սակայն երկդիմի հարց մըն է: