Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։
գրախօսական

Ակեղդամա

Կարէն Ճալլաթեան

Յետ-Խորհրդային Այլախոհութիւն

Ա. Ներածութիւն

Անցեալ տարի` 2019ին, Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ Վաչէ Սարգսեանի Ակեղդամա. անկրկնելի պատմութիւն վէպը՝ Յովհաննիսեան Ինստիտուտի կողմէ հրատարակուած։ Սիրանոյշ Դւոյեան՝ գրագանագէտ, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի դասախօս, հետազօտած եւ պատրաստած է հատորը։ Հայաստանի անկախութեան շրջանին լոյս տեսած թերեւս ամենէն նշանակալից գործերէն մէկն է, որ կը պատմէ խորհրդային աքսորի փորձառութիւնը։ Ընթերցողին պէտք է ծանօթ ըլլան Գուրգեն Մահարիի, Մկրտիչ Արմէնի նոյն փորձառութեան յատկացուած գործերը, որոնք վաթսունական թուականներէն սկսեալ՝ արդէն սկսած էին հրատարակուիլ Խորհրդային Հայաստանի մէջ։ Վաչէ Սարգսեանի այս վէպին հրատարկութեամբ, վէպի յղացումէն գրեթէ կէս դար եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն տասնամեակներ անց, հայութիւնը անգամ մը եւս առիթը ունի մօտենալու խորհրդային փորձառութեան։ Մօտենալ ըսել է՝ մտածել, ըսել է անկէ հեռանալ, նորին գալիքը ապահովելու ի խնդիր։ Այս է գլխաւոր արժէքը եւ խոստումը այս հրատարակութեան։

Նախ՝ անհրաժեշտ որոշ մանրամասնութիւններ։ Ակեղդամա. անկրկրնելի պատմութիւնը եռահատորի մը առաջին միաւորն է։ Վաչէ Սարգսեան զայն սկսած է գրել 1960ական թուականներու սկիզբները։ Շարքին միւս հատորներու նախատեսուած վերնագիրներն են՝ Յաւերժական սառածութիւն եւ Արեան ագարակ, որոնք սկսած են գրուիլ 1966-1986 եւ 1972-1982 թուականներուն համապատասխանաբար։ Ըստ Յովհաննիսեան Ինստիտուտի գալիք հրատարակութիւններու ցանկին՝ այս երկու վէպերը լոյս պիտի տեսնեն 2020 եւ 2021 թուականներուն։ Ակեղդամա. անկրկնելի պատմութիւն հատորին վերջաւորութեան՝ հրամցուած է «Յաւելուած» մը, որ կը պարունակէ նախ՝ վէպը գնահատող երեք նամակներ, Խորհրդային Հայաստանի գրականութեան մէջ ենթադրաբար ազդեցիկ դէմքերու կողմէ գրի առնուած, յետոյ՝ անձնական պատկերներ եւ փաստաթղթեր Վաչէ Սարգսեանի աքսորէն, ու վերջապէս՝ «Վաչէ Սարգսեանի Վերադարձը» խորագրով փորձագրութիւն մը, Սիրանոյշ Դւոյեանի ստորագրութեամբ։ Ըստ Դւոյեանի՝ Սարգսեան հրատարակած է քանի մը այլ պատմուածքներ, որոնք նոյնպէս կ՚առնչուին աքսորի փորձառութեան, ու կան տակաւին անոր արխիւին մէջ այլ անտիպ աշխատութիւններ եւ անաւարտ գործեր1։

Դւոյեանի «Վաչէ Սարգսեանի Վերադարձը» փորձագրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ գիրքին կազմին վրայ, տրուած են որոշ կենսագրական տուեալներ հեղինակին մասին։ Ըստ այդմ ՝ Վաչէ Սարգսեան ծնած է 1924 թուականին Վերին Թալին գիւղը, ներկայիս Հայաստանի Հանրապետութեան Արագածոտնի մարզ։ 1941ին խումբ մը երիտասարդներու հետ ան ձերբակալուած է՝ հակա-խորհրդային կեցուածք ունենալու մեղադրանքով։ Յաջորդաբար՝ 16 տարի անցուցած է կեդրոնական Ռուսիոյ քանի մը աշխատանքային ճամբարներու (ԿՈՒԼագ) մէջ։ Երեւան վերադառնալուն պէս համալսարանական կրթութիւն առած է բանասիրական ուղղութեամբ, ետքն ալ Երեւանի թիւ 43 գրախանութին վարիչը դարձած է։ Դւոյեան կ՚աւելցնէ որ պատանութենէն սկսեալ Վաչէ Սարգսեան ազդուած էր Եղեռնի յիշողութեամբ, ծնողները Եղեռնէն վերապրողներ ըլլալով։ Այս հանգամանքը կը դրդէ զինք, աքսորէն վերադառնալէն ետք, թէ՛ յարելու հայկական ազգային ազատագրական այլախոհական շարժումներուն, թէ՛ ալ իր գրախանութին միջոցաւ գաղտնաբար ստանալու եւ բաշխելու խորհրդային տարածաշրջանին մէջ գրուող «ինքնահրատ» այլախոհական գրականութիւն։ 

Ակեղդամա. անկրկնելի պատմութիւն հատորը՝ աջառինը ըլլալով եռահատորին, ժամանակագրական կարգով կը պատմէ պատանի հասակին անարդար մեղադրանքով աքսորի դատապարտուած Վազգէն Դարբինեանի կեանքը (պատահական չէ որ Վաչէ Սարգսեանին մօր ազգանունը Դարբինեան է, իսկ որդիին անունը՝ Վազգէն)։ Այս շրջանը կը համընկնի Ստալինեան բռնատիրութեան Մեծ Մաքրագործումին յաջորդող շրջանին2։ Վազգէն Դարբինեան տաս տարուան ազատազրկման կը դատապարտուի «քաղաքական» յանցանքի համար։ Ո՞րն է այդ յանցանքը։ Համալսարանի տարեվերջի քննութեան ատեն դասախօսը Դարբինեանին կը հարցնէ. «… ի՞նչ է ձեր կարծիքը մեր պրոլետարական գրականութեան ուղուց շեղված գրողների մասին»։ Դարբինեան կը պատասխանէ. «Դժուար է պատկերացնել հայ յեղափոխական պոեզիան առանց Չարենցի»։ Թուակա՞նը. 1941 յունիս 3։ Երբ նոյն տարուան յունիս 22ին Գերմանիոյ բանակը կը ներխուժէ Խորհրդային Միութիւն, տասնութամեայ Վազգէն Դարբինեան արդէն Երեւանի բանտը նետուած է։ Ծեծուած, նուաստացուած, չարչարուած։ 

Եօթ գլուխներու ընդմէջէն ընթերցողը կը ներքաշուի անազատութեան անձնական եւ հաւաքական երկար ու ծանր փորձառութեան մը մէջ, որուն կեդրոնին Վազգէն Դարբինեանն է, շրջապատուած զանազան այլ կերպարներով։ Նախ՝ Երեւանի բանտը, անհեթեթ ամբաստանութիւն, չարչարանք, առանց դատավարութեան դատապարտութիւն։ Հոն, սակայն, Վազգէն Դարբինեան կը բարեկամանայ բախտակից այլ կալանաւորներու հետ՝ Ռուբէն, Բեգլար Դաշտոյեան (զօրավար Անդրանիկի զինուոր), Լեւոն Այվազեան, Աղասի Կնդեղցեան, Հրայր, նոյնիսկ՝ Լեւոն Յարութ (յայտնի դերասան) եւ Երուանդ Քոչար (հռչակաւոր քանդակագործը)։ Այն տպաւորութիւնը կը ձեւաւորուի, որ խորհրդային այս շրջանին ամենէն հետաքրքրական մարդոց կարելի էր հանդիպիլ բանտերուն մէջ։ Ետքը աքսոր՝ Բաքուի բանտը, ատկէ՝ շոգեկառքով փոխադրութիւն Միջին Ասիա։ Նախ՝ Ֆայֆուրդ անունով աշխատանքային ճամբար։ Յետոյ՝ Ունժլագ, կեդրոնական Ռուսիա։ Կազմակերպուած անտառահատում, սով, մարմնական եւ բարոյական ընկճախտ, կենցաղային եւ միջմարդկային ահռելի դաժանութիւններ, ընդհարումներ եւ բարեկամական յարաբերութիւնների անհաւանական հաստատումներ։ Գերճշգրիտ մանրամասնութիւններ անտառահատման աշխատանքի՝ անոր կազմակերպութեան եւ կատարման շուրջ։ Այս զարգացումներէն ասմիսներ չանցած, հիւծած եւ մահամերձ Վազգէն Դարբինեան կը տեղափոխուի հիւանդանոց՝ Ունժլագէն քանի մը տասնեակ մղոն հեռաւորութեան վրայ, անունը՝ Սանգարադոկ, որը ռուսերէն սանիտարնի գարադոկի յապաւումն է, այսինքն ՝ առողջապահական պզտիկ քաղաք։ Հոն Դարբինեան կը կազդուրուի, սիրային կապ կը հաստատէ լեհ բուժքոյրի մը հետ։ Սակայն կը ձանձրանայ միապաղաղ կեանքէն եւ երբ բժիշկները որոշումը կ՚առնեն անոր ետ Ունժլագ ուղղարկելու, չի դիմադրեր։

Յաջորդ երկու գլուխներուն մէջ Վազգէն Դարբինեան եւ Սոնիա Կարոլ՝ Վազգէնին տարեկից աղջիկ մը, որ նոյնպէս «քաղաքական» անհեթեթ մեղադրանքով բանտարկուած է, կը ծանօթանան եւ կը սիրահարուին։ Շուտով, սակայն, կիները կը տեղափոխուին ոչ շատ հեռու ուրիշ ճամբար մը։ Նոյն այս շրջանին Վազգէն Դարբինեան չարաչար աշխատելով կը դառնայ առաջատար անտառահատ։ Ըստ ճամբարի համակարգին՝ այն անձը եւ խումբը որոնք աւելի շատ ծառ կը հատեն, աւելի սնունդ կը ստանան։ Վէպին վերջին գլուխին մէջ կը ներկայացուին դրուագներ որոնք քիչ թէ շատ կարեւոր դեր խաղացած են Վազգէն Դարբինեանին համար։ Գլխաւորներէն մէկը այն է որ ինք կը յայտնուի որպէս հմուտ եւ պատասխանատու խմբավար անտառահատ։ Կը պատմուի նաեւ Սոնիա Կարոլի հիւանդութիւնը եւ մահը։ Վէպը կը կենայ երբ Վազգէն Դարբինեան Սանգարադոկէն կը վերադառնայ Ունժլագ։ Վէպին վերջին բաժնին մէջ՝ ելոյթ կ՚ունենայ ճամբարի ղեկավարութեան առջեւ աշխատանքի գնահատման հերթական հանդիպման ընթացքին։ Ելոյթէն ետք ճամբարի ղեկավարներէն մէկը անձամբ կը յայտնէ Վազգէն Դարբինեանին որ երրորդ անգամ Մոսկուա գրաւոր դիմելէն ետքը՝ լրջօրէն կը յուսան որ բանտարկման ժամկէտը երկու տարիով պիտի կրճատուի։ Վէպին վերջին պարբերութիւններուն մէջ՝ Վազգէն Դարբինեան կ՚երազէ իր մօտալուտ ազատութեան մասին։ 

Բ. Այլասերած տրամախոհութիւն

Տուեալներու այս համառօտ ներկայացումէն ետքը կարելի է զարգացնել վէպին ընթերցումը, հետապնդելով երկու ուղղութիւններ։ Առաջին՝ խորհրդային եւ ազգային ստորոգութիւններու բանեցումը։ Նկատի առնելով այն հանգամանքը որ Ակեղդաման. անկրկնելի պատմութիւնը կը հրատարակուի անկախ Հայաստանի մէջ եւ Սիրանոյշ Դւոյեանի փորձագրութիւնն ալ Վաչէ Սարգսեանի գործունէութիւնը յաճախ կը տեղաւորէ ազգային ազատագրական այլախոհական շարժումներու ծիրէն ներս, վէպը կարելի է ընթերցել որպէս խորհրդային շրջանին հայկական իրականութեան մէջ ձեւաւորուած ազգային ազատագրական այլախոհական բողոքի արտայայտութիւն։ Սակայն հարկաւոր է ըլլալ նրբանկատ այսպիսի մօտեցումի մը ձեռնարկելու ատեն, որովհետեւ դիւրութեամբ կրնայ ենթադրել տալ էական տարբերութիւն մը խորհրդային եւ ազգային ստորոգութիւններուն միջեւ։ Մինչդեռ՝ Սարգսեանի վէպին մէջ բանող ազգայինը ունի խորհրդային, խորհրդայինն ալ՝ ազգային յատկանիշներ։ Ուրեմն՝ հարկաւոր է հասկնալ թէ այս երկու ստորոգութիւնները վէպին մէջ ինչպէս կը բանին մէկը միւսին ընդմէջէն։ Երկրորդ՝ ընթերցումը որ պիտի զարգացնեմ ստորեւ պիտի փորձէ մտորել լայնօրէն շրջանառուող «(խորհրդային) այլախոհական գրականութիւն» եզրին շուրջ։ Նախ պէտք է հաշուի առնել այն պարագան, թէ «այլախոհութիւն» եզրը խորհրդային շրջանին արդէն իսկ կը գործածուէր։ Հետեւաբար՝ այլախոհական գրականութեան կարելի չէ անդրադառնալ որպէս էականօրէն ուղղուած խորհրդայինին դէմ եւ կամ անկէ բացարձակօրէն տարբեր։ Այս առիթով որոշ պարզաբանումներ եւս։ 

Խորհրդային Միութեան մէջ, խրուշչովեան «ձնհալի» տարիներէն սկսեալ հակումը կար Խորհրդային բրտութեան պատասխանատուութիւնը բարդելու Ստալինի ուսերուն, զայն մեկնաբանելով որպէս առաջնորդի անձնական շեղում, որպէսզի այդպիսով կարելի ըլլար փրկել Խորհրդային կարգերը որպէս այդ։ Պաշտօնական գաղափարաբանութիւնը այս հակումը կը բանաձեւէր որպէս վերադարձ դէպի լենինապաշտութիւն3։ Վաչէ Սարգսեանին վէպը յստակօրէն մաս կը կազմէ այս հոսանքին։ Հետեւաբար՝ հատորին մէջ ներառնուած Հրանտ Թամրազեանի, Սարգիս Փանոսեանի եւ Զորայր Խալափեանի «կարծիքները» (եզրը Սիրանոյշ Դւոյեանինն է), հարկաւոր է մեկնաբանել որպէս գրաքննական արարքներ։ Վաչէ Սարգսեանի կողմէ տասնամեակներու վրայ երկարաձգուող վերհպումները նոյնպէս հարկաւոր է վերլուծել որպէս որոշ չափով գիտակից եւ որոշ չափով կամաւոր ինքնագրաքննական արարքներ4։

Ազգայինի եւ խորհրդայինի միջեւ փոխկապակցուած ներթափանցումը (եթէ ոչ փոխկախուածութիւնը) ուսումնասիրելու համար սկսինք վերջաւորութենէն, այսինքն վէպը եզրափակող Վազգէն Դարբինեանի ելոյթէն։ Ո՞րն է անոր համածիրը։ Այդտեղ՝ Դարբինեան նկարագրուած է որպէս գաղափարապէս հասունցած կալանաւոր, որ հետզհետէ աւելի պատասխանատու դերեր ստանձնած է։ Ան դարձած է աշխատանքային խմբի ղեկավար։ Այս համակարգը քառասունական թուականներու սկիզբները արդէն գործադրուած էր խորհրդային տնտեսութեան տարբեր ոլորտներուն մէջ ինչպէս նաեւ եւ յատկապէս ԿՈՒԼագներուն մէջ5։ Ուրեմն՝ Վազգէն Դարբինեան, դահլիճի մը մէջ, բեմ կանչուած է ճամբարին ղեկաւարութեան եւ առաջատար կալանաւոր աշխատաւորներու կողմէ եւ այսպէս կը սկսի իր ելոյթը.

Զարմանալի բախտաւոր են հիմա, բարեկամներ, – ասացի նրանց, – այդ նորմաստ «հակա» եւ միջնադարեան «մեղք քաւել» բառերը։ Հասարակական ճանաչման արժանացած ու բայի բոլոր եղանակներով այժմ հոլովուող այդ բառերը։ Դուք չե՞ք գտնում, որ անհարազատ ու խորթ են մեր էութեանը նրանք։ Ձեզանից այն ո՞ր մեկն է, որ քրտինք է ծորում անտառում իր մեղքը քաւելու համար միայն։ (389-390, ընդգծումը մերն է) 

Ապշեցուցիչ արտայայտութիւններ են ասոնք։ Վազգեն Դարբինեան շատ լաւ գիտէ որ ինք բանտարկուած է անարդարօրէն, առանց իսկ դատավարութեան, իբր հակա-խորհրդային «քաղաքական» յանցագործ։ Վէպին առաջին էջերուն մէջ այս հանգամանքները նշուած են սեւ ճերմակի վրայ։ Ապշեցուցիչը այն է որ վէպին եւ կալանաւորման ենթադրեալ վերջաւորութեան՝ Դարբինեան կ՚ընդունի իրեն պարտադրուած յանցագործ կալանաւորի կարգավիճակը։ Ի՞նչպէս հասկնալ այս կեցուածքը։

Ըստ երեւոյթին միայն իրեն անարդարաբար պարտադրուած մեղադրանքը ընդունելու պայմանաւ է, որ Դարբինեան կրնայ յուսալ անկէ որոշ չափով ազատիլ։ Ասիկա խորհրդային բռնատիրական համակարգին յատկանշական հակասութիւններէն մէկն էր։ Հակառակ պարագային՝ մեղադրանքը մերժելով, ան աւելի ու աւելի կասկածելի պիտի դառնար խելացնոր այդ համակարգին առջեւ։ Ընդունիլ անարդար մեղադրանք կը նշանակէր ստանձնել զայն, առաւելագոյնս արդարացնելու համար անոր իրաւասութիւնը։ Ի՞նչպէս։ Առաւելապէս շեշտը դնելով «աշխատանք»ին վրայ, անոր անձնականը երեսը հասարակականին ստորադասող զոհաբերական տրամաբանութեամբ, եւ այսպիսով զայն դարձնել ամենէն խորհրդայինը, գեր-խորհրդայինը։

Հակասականը հետեւալն է ուրեմն. ընդունիլ անարդար մեղադրանք, անկէ անդին անցնելու նպատակով եւ ընդունելի ըլլալ այն համակարգի աչքին, որմէ բխած այդ մեղադրանքը։ Հակասութեան լծորդումով եւ լուծումով յառաջդիմել՝ մարքսեան տրամախոհութեան դասական բանաձեւն է։ Վէպին եւ խորհրդային փորձառութեան համածիրին մէջ, սակայն, գործ ունինք այլասերած տրամախոհութեան մը հետ։ Այլասերած տրամախոհութիւն յղացք-ուղղութիւնը՝ զոր կ՚առաջարկեմ հոս, փորձ մըն է չիյնալու էութենապաշտ հետեւեալ երկու դիրքերուն մէջ. խորհրդային բռնատիրական ահաբեկիչ բրտութեան համար բացարձակօրէն մեղադրել կա՛մ Ստալինին, կա՛մ խորհրդային կարգերուն որպէս այդ6։ Հայերէնի ընծայած կարելիութիւններու վրայ հիմնուելով կ՚առաջարկեմ այլասերած տրամախոհութիւն եզրերը, դարբնելով այլախոհութեան նոր եւ յատուկ իմաստ։ Այլախոհութիւն, ո՛չ թէ որպէս մէզի հազիւ թէ քննուած իմաստով հասած ու արդէն իսկ խորհրդային շրջանին անոր սահմաններէն ներս եւ դուրս տարբեր շեշտաւորումներով գործածուող եզր, ա՛յլ որպէս այլասերած տրամախոհութեան պեղում եւ պարզում։ Աւելին, կ՚առաջարկեմ «յետխորհրդային»ը մտածել որպէս ա՛յդ իմաստով եւ ա՛յդ կերպով գործածուող այլախոհութեան բանեցումի ժամանակաշրջանը եւ դաշտը։ Այլ բառերով՝ յետ-խորհրդայինը որպէս ժամանակաշրջան եւ վիճակ խորքային իմաստ կ՚առնէ որպէս խորհրդայինի այլասերած տրամախոհութեան պեղումը եւ պարզումը։

Վերադառնանք Դարբինեանի ելոյթին, հետապնդելու համար այլասերած տրամախոհութեան գործարկումը։ Դարբինեան կը պնդէ որ ինքը եւ իրեն պէս կալանաւորները կ՚աշխատին ոչ միայն «մեղք քաւելու» (այսինքն նաեւ մեղք քաւելու), այլեւ ի՞նչի համար։ Ահաւասիկ գրութեան շարունակութիւնը.

– Դարբինյան, – մատիտով սեղանին թխկացրեց Աբկինը, – աւելորդ շեղումներ մի կատարէք, ձեր աշխատաքնի մասին…

– Շատ բարի, աշխատաքնի մասին, – շարունակեցի, – ուրեմն աշխատում ենք մենք ոչ թե ինչ-որ բան քաւելու, այլ մեր ու մեր երկրին համար, ինչպէս հաւասարը հաւասարի, որովհետեւ ինչ-որ բռնի ուժ չի ստիպում մեզ այդ անելու, կամ էլ հիմա, թէկուզ ճամբարում, ո՞ր մէկը չի կարող հաց ճարել՝ իր գոյութիւնը պահպանելու համար։

Ուստի այն բոլոր նուաճումները, որոնց մասին շատ խօսուեց այս դահլիճում, բխում են մեր խորհրդային մարդ լինելու էութիւնից, խոշտանգուած, բայց եւ նոյն քաղաքացիական հպարտութիւնից եւ վերջին հաշուով ամէնքիս սրտի ինչ-որ անկիւնում «քուն մտած» հայրենիքի սիրուց։ (էջ 390)

Ոչ պակաս ապշեցուցիչ արտայայտութիւններ։ Վազգէն Դարբինեան, խօսք առնելով կալանաւորներու անունով, ուրեմն՝ հաւաքական գաղափարաբանական դիրքէ խօսելու որոշ յաւակնութիւն ցուցաբերելով, իր ըսածին համաձայն՝ կ՚աշխատի ոչ թէ «մեղք քաւելու» համար, այլ՝ «մեր ու մեր երկրին համար, ինչպէս հաւասարը հաւասարի»։ Նկատեցե՛ք աննկատ եւ հակասական սահը վերի պարբերութեան «միայն»ին եւ հոստեղի «ոչ թէ»ին միջեւ. վերը՝ (ոչ) միայն, հոս՝ ոչ թէ «մեղք քաւելու»ն համար կ՚աշխատին։ Այս հռետորական թէժացումը եւ տրամաբանական սրացումը վերը նշուած անարդար մեղադրանքի ընդունման արարքին շարունակութիւնն է եւ այլասերած տրամախոհութեան հանգոյցը կը հանդիսանայ։ Արտառոց է նաեւ յաջորդ կէտը, երբ Վազգէն Դարբինեան կը պնդէ որ որեւէ մէկը անոնց չի ստիպեր աշխատիլ եւ որ ճամբարին մէջ քիչ թէ շատ կարելի է սնունդ ձեռք ձգել։ Զարմանալի է, քանի որ վէպի առաջին երեք գլուխներուն մէջ Վազգէն Դարբինեան կը տառապի Երեւանի ու Բաքուի բանտերուն եւ Ունժլագ տանող գնացքներուն մէջ՝ սովամահ եւ չարչարուած, իսկ Ունժլագ մահուան եզրին կը կանգնի։

Ուրեմն՝ դժուար չէ տեսնել, որ հոս գործ ունինք խորհրդային բրտութեան ժխտումի կեցուածքին հետ։ Ժխտման փոխկապակցուած երեք շերտ կարելի է զանազանել։ Նախ՝ աշխատանքային ճամբարին մէջ բանտարկեալները ճնշման տակ են ու ստիպուած ժխտելու իրենց բրտութեան ենթարկուիլը, որպէսզի կարենան աւելի բարենպաստ յարաբերութիւններ հաստատել վերակացուներուն հետ եւ այսպիսով բարելաւել իրենց վիճակը։ Երկրորդ՝ Վաչէ Սարգսեան այս վէպը վաթսունական թուականներուն սկսած է գրել եւ տարիներով եթէ ոչ տասնամեակներով զայն վերանայած է, որպէսզի հրատարակելի դարձնէ Խորհրդային գրաքննութեան աչքերուն։ Վաթսունական թուականներուն, գոնէ սկիզբները, Խրուշչոուեան ձնհալի շրջանին, քննադատելով Ստալինեան բրտութիւնները, շատ մը մտաւորականներ տակաւին կը հաւատային Խորհրդային միութեան7։ Ուրեմն՝ քննադատելով կալանքի փորձառութիւնը ու բրտութիւնը ժխտելով՝ Վաչէ Սարգսեան կը փորձէ փրկել խորհրդայինը։ Խրուշչովեան ձնհալը նոյնպէս ժխտողական էր, քանի որ կը բարդէր բրտութեան պատասխանատուութիւնը մեծապէս Ստալինին վրայ։ Երրորդ ու այս անգամ հոգեվերլուծական տեսանկիւնէ՝ ժխտումը կարելի է մեկնաբանել որպէս բրտութեան փորձառութենէն յառաջ եկած հոգեխոցին ծպտումը։ Վաչե Սարգսեան, ծնած ըլլալով Խորհրդային Հայաստանի մէջ, հաւատալով անոր աշխարհահայեացքին (կամ թերեւս ուրիշ աշխարհահայեացք չունենալով), կը դժուարանայ ընդունիլ որ խորհրդային աշխարհը ընդունակ եղած է զանգուածային անպատմելի բրտութիւններու։ Այս համածիրէն ներս՝ թերեւս մէկնաբանելի է նաեւ իր անձնասպան ըլլալը 1987ին, երբ Խորհրդային Միութիւնը տագնապի անկանխատեսելի փուլի մը մէջ էր, Կորպաչովի բացութիւն եւ վերակառուցում տեսլնականներով8։ Կարծես թէ Խորհրդային միութեան փլուզումը Վաչէ Սարգսեանին ցոյց տուած է խորհրդայինը փրկելու անկարելիութիւնը, որուն հետեւանքով նոյնպէս անկարելի էր իմաստաւորել ի՛ր եւ միլիոնաւոր այլ կալանաւորներու տառապանքը յանուն «խորհրդային մարդուն»։ Այնքան ատեն որ ազգայինը, ըսենք՝ յետ-խորհրդային անկախ Հայաստանը, չի կարդար այս ժխտումը, այնքան ատեն որ կը ժխտէ զայն, խորհրդային շրջանի բրտութիւնը չի դիմագրաւեր, չի փորձեր անոր մօտենալով՝ հեռանալ անկէ։ Այս Ժխտման ժխտումի կեցուածքը խորհրդայինի եւ ազգայինի փոխկապակցուածութեան կարեւոր պահերէն է։

Ինչ կը վերաբերի Վաչէ Սարգսեանի պնդումին, թէ ստիպուած չէին աշխատելու, սա եւս այլանդակութիւն է։ Ճամբարի օրէնքին համաձայն՝ չաշխատող կալանաւորը կը ստանար չնչին սնունդ, ուրեմն՝ դատապարտուած էր առողջութիւնը կորսնցնելու։ Բնաւ երաշխաւորուած չէր որ հիւանդ կալանաւորը Սանգարադոկ երթալու թոյլտուութիւն ստանար։ Աւելին, 1935էն սկսեալ, Խոհրդային Միութեան քարոզչութիւնը առաջ կը քաշէր սթախանովական շարժումը, կոչուած ի պատիւ Տոնպասի հանքագործ Ալեքսէյ Սթախանովին, ով 1935ին իբր թէ «գերակատարած» է աշխտանքի արդիւքներուն ակնկալիքները։ Սթախանովական շարժումը փորձած է խրախուսել բոլոր բնագաուառներու մասնագէտները, որպէսզի «գերակատարաեն» – այս բառը եւս շատ խորհրդային է9 – արտադրանքի նախապէս հաստատուած պահանջները։ Սթախանովական շարժումը վէպին մէջ ներկայ է, սակայն չէ բացատրուած։ Չէ բացատրուած նաեւ Դւոյեանին փորձագրութեան մէջ, բան մը որ կ՚արժէր ընել յատկապէս ռուսերէն չգիտցող ընթերցողներուն համար։ Կարեւոր է այնքանով որ կը մղէ կալանաւորը աշխատանքի, ըլլալով աշխատանքի կուռքին գաղափարախօսութիւն10։

Եւ վերջաւորութեան, Վազգեն Դարբինեանի ելոյթին մնացեալ բաժինը կու տամ ստորեւ ամբողջութեամբ, որպէսզի առիթը ունենանք անկէ հետեւցնելու խորհրդայինի եւ ազգայինի առնչութիւնը։ 

Նորից ականջիս հասան Աբկինի մատիտի թակոցները սեղանին։

– Շատ բարի, քաշաքացի՛ Աբկին, – դիմեցի նրան, – աշխատաքնի մասին, հիմա։ Ատամի տակ ընկած ձավարի նման դուք բոլորդ էլ ծամել ու մարսել եք անտառահատման գործի բոլոր նրբութիւնները, ի՞նչ ասեմ, երբ ինքներդ գիտէք, միայն թե ստեղծագործօրեն մօտեցէք ձեր իմացածին, մի՛ քնացրեք ուղեղը, առանց ծուլանալու կիրառէք այն նորը, որի անհրաժեշտութեան մասին կը թելադրի ինքը՝ աշխատանքը, եւ եթե այս բոլորի հետ միայն մոբիլիզացվի մկանային կարողութիւնը, ապա աշխատանքային նուաճումները դրօշի հետ միասին կը դառնան Ունժլագի սեփականութիւնը։

– Լաւ ես խօսում, Դարբինյա՛ն, – ընդհատեց ինձ Իվանովը, – բայց կոնկրետ, համառօտ բացատրի բոլորին քո աշխատանքային փորձից, թե ի՞նչ մեթոդներ ես կիրառում, որ այդքան մեծ արդիւնքների ես հասնում, այ թե ինչն է կարեւոր։

– Չունեմ ես այնպիսի յատուկ մեթոդներ, քաղաքացի՛ պետ, որոնք որպես դեղահատիկներ մատուցէի ես իմ կոլեգաներին, ու այն ընդունելով, նրանք հրաշքներ գործեցին sic անտառում, բայց դրա փոխարէն ունեմ աշխատանքային պրոցեսների յաջորդականութեան մի մշակված սիստեմ, որն սկսվում է տեղամասի ընտրութիւնից, ճանապարհների շինութիւնից, այն տարբեր բրիգադաների վրա բաշխելուց ու վերջանում է պահեստ յանձնված անտառանիւթով, այսինքն՝ այս բոլոր պրոցեսների խելացի կազմակերպմամբ ու բոլոր մանրուքների անգամ պլանաւորմամբ։ Իմ աշխատանքային նուաճումների գաղտնիքը վերջին հաշուով սա էլ չէ, այն ուշադիր վերաբերմունքն է մարդու նկատմամբ, յարգանքը դեպի նրա մարդկային արժանապատւութիւնը, թեկուզ եւ ասենք սայթաքել է նա կեանքում, որովհետեւ մինչեւ չգրաւես մարդու սիրտը, չես կարող նրա ոտքերով բարձրանալ ոչ մի բարձունք։

Ուժով կտանեմ, կմտածեն ոմանք, բայց ոչ, կմեռցնի ինքն իրեն մարդը, սակայն չի բարձրանայ, իսկ դուք, ես, մենք բոլորս տեսնու՞մ ենք՝ որքան առոյգ ենք հիմա ու հպարտ մեր աշխատանքով, – ասացի ու ցած իջայ բեմից։ (390-391)

Յստակ է, որ Դարբինեանի խօսքին ըմդմէջէն բանող այլասերած տրամախոհութիւնը սերտօրէն առնչուած է խորհրդային մարդկայնապաշտութեան գաղափարաբանութեան։

Էն Արպըր, Ապրիլ, 2020

  1. Թէպէտեւ վէպին այս հրատարակութիւնը կու տայ որոշ էջատակի ծանօթագրութիւններ՝ օգտակար յատկապէս անոնց համար, որոնք ռուսերէնին չեն տիրապետեր, որոշ եզրեր այնուամենայնիւ կը մնան առանց բացատրութեան։ Իսկ նման բառերէն կամ դարձուածքներէն ոմանք իրենց անմիջական համածիրէն ըմբռնելի չեն. օրինակ՝ դոխոդյակ (էջ 299) բառը, որ այս գրութեան հեղինակը ռուսերէնին ծանօթ ըլլալով հանդերձ, պէտք է խոստովանի որ չէր գիտեր։ Թերեւս գալիք հատորներու մէջ այս բացը կարելի ըլլայ լրացնել։ 
  2. Խոհրդային Միութեան շուրջ թերեւս ամենէն համապարփակ աշխատութիւնը Ռոնալտ Սիւնիին կը պարտինք, տե՛ս Ronald Suny, The Soviet Experiment: Russia, the USSR, and the Successor States (Խորհրդային փորձարկումը. Ռուսիա, ԽՍՀՄ, եւ յաջորդող պետութիւններ (Օքսֆորդի համալսարանի հրատարակութիւն, 2011)։ Մեծ Մաքրագործումին վերաբերեալ՝ տե՛ս «Գլուխ 11. Կառուցելով ստալինապաշտութիւնը»։ Ներկայ գրախօսականին մէջ մեծապէս պիտի օգտուիմ այս աշխատասիրութենէն, զայն գործածելով խորհրդային փորձառութեան պատմական համածիրը ուրուագծելու համար։ Լաւ պիտի ըլլար եթէ այս աշխատութիւնը հայերէնի թարգմանուէր, յատկապէս որպէսզի ան մատչելի ըլլայ հայաստանցի ընթերցողին։ 
  3. Տե՛ս Ռոնալտ Սիւնի, Խորհրդային փորձարկումը, «Գլուխ 17. Ինքնակալութենէն դէպի սակաւապետութիւն», յատկապէս «Ձնհալը եւ ապաստալինացում» բաժինը, էջ 429-433։
  4. Օրինակ՝ ԿԱՄ 6ը (2006) անդրադարձած է Խորհրդային գրաքննական բրտութեան Չարենցի եւ Կարա Դարւիշի առթիւ։ Մարկ Նշանեան խորհրդային գրաքնութեան կ՚անդրադառնայ, Չարենցի, Մահարիի եւ Եսայեանի գործերու ընթերցմամբ իր Writers of Disaster. Armenian Literature in the Twentieth Century. Vol. 1, The National Revolution (Աղէտի Գրողները. Հայ Գրականութիւն Քսաններորդ Դարուն. Հատոր Ա. Ազգային Յեղափոխութիւնը) հատորին մէջ, Կոմիտաս Հիմնարկ, Լոնտոն, 2002։
  5. Տե՛ս Ռոնալտ Սիւնի, Խորհրդային փորձարկումը, գլուխ 11, «Կառուցելով ստալինապաշտութիւն»։
  6. Այլասերած տրամախոհութեան ծայրայեղ օրինակ մը կը բերէ Ռոնալտ Սիւնի իր Խորհրդային փորձարկումը գիրքին մէջ, նորէն գլուխ 11, էջ 287։ Եժովը՝ գաղտնի ոստիկանութեան պետը եւ արիւնարբու դահիճը, կը ձերբակալուի Մարտ 1939ին եւ նախքան յաջորդ տարի գնդակահարուիլը, հապճեպ կազմակերպուած իր դատավարութեան ընթացքին կը յայտարարէ. «Ես մաքրագործեցի 14,000 չեկիստ, բայց մեղաւոր եմ չափազանց քիչ մաքրագործելուս համար… Ըսէ՛ք Ստալինին որ կը մեռնիմ իր անունը շրթներուս։» (էջ 287, կը թարգմանեմ Սիւնիի անգլերէնէն եւ ոչ թէ ենթադրեալ ռուսերէն բնօրինակէն։) Խորհրդային ցուցադրական դատավարութիւններուն երեւոյթը եւս կ՚առաջարկեմ դիտարկել որպէս այլասերած տրամախոհութեան դրսեւորում։ 
  7. Այս մասին՝ տե՛ս Ռոնալտ Սիւնի, Խորհրդային փորձարկումը, էջ 432։
  8. Տե՛ս Ռոնալտ Սիւնի, Խորհրդային փորձարկում, գլուխ 19, «Բարեկարգում եւ ճանապարհ դէպի յեղափոխութիւն»։
  9. Կա՞յ արդեօք աշխատութիւն մը, որ խորապէս ուսումնասիրած է խորհրդային փորձառութեան ազդեցութիւնը արեւելահայերէնի վրայ։ Եթէ ոչ, ապա անհրաժեշտ է որ ըլլայ։ 
  10. Տէ՛ս Ռոնալտ Սիւնիի Խորհրդային փորձարկում, Գլուխ 10, «Ստալինի արդիւնաբերական յեղափոխութիւնը»։