Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։
գրախօսական

Երեւակայելով անցյալը

Մարկ Նշանեան

Յետխորհրդայինը Որպէս Յետգաղութային

Բացառիկ գիրք մըն է Հրաչ Բայադեանի այս գիրքը, իր նիւթով, իր ծրագիրով, իր բազմակողմանի հանգամանքներով, իր պարզած գիտութեամբ (եւ գիտակցութեամբ), իր նորութեամբ նաեւ, եւ էջերուն ու մտածումին ետին գտնուող՝ վերջին քսան տարիներուն վրայ երկարող պատկառելի ջանասիրութեան եւ հետեւողականութեան արդիւնքներով։ Եւ անշուշտ որքան բացառիկ ու պատկառելի՝ նոյնքան ալ խնդրական։ 

Գիրքին վերնագիրը կ՚արձագանգէ Եդուարդ Սայիտի մէկ հարցականին, որ դրուած է նաեւ գիրքին սկիզբը որպէս բնաբան,  լեզուով՝ «how does a culture seeking to become independent of imperialism imagine its own past?», այսինքն՝ «Կայսերական տիրապետութենէն անկախանալ ուզող մշակոյթ մը ինչպէ՞ս կ՚երեւակայէ իր սեփական անցեալը», Բայադեանի թարգմանութեամբ՝ «Ինչպէ՞ս է մշակոյթը, որ ձգտում է անկախանալ իմպերիալիզմից, երեւակայում սեփական անցեալը»1։ Հարցը ուրեմն գաղութատիրութենէն անկախացումն է, անկախացումի ձեւերուն որոնումը, անոնց միջեւ տարբերութիւնը, երբ գիտենք որ տիրապետութեան ենթարկուողը չի կրնար միտքով, լեզուով ու մշակոյթով զերծ մնացած ըլլալ տիրակալին կողմէ իր վրայ գործուած ազդեցութենէն։ Եդուարդ Սայիտի դրած հարցումը անշուշտ վերացական ու թէական բնոյթ չունի։ Սայիտ կը թուէ այդ հարցումին հնարաւոր պատասխանները, Հարաւային Ամերիկայի վերաբերեալ յետգաղութատիրական ուսումնասիրութիւններու ծիրէն ներս, ու կը դիմէ սովորական կերպարներուն՝ Շէյքսփիրի Փոթորիկը թատերգութեան մէջ գործող՝ Արիէլին եւ Քալիպանին։ Առաջինը (Արիէլը) ըլլալով համակերպողը, կացութենէն իր հաշուոյն օգտուողը, մինչեւ իսկ գործակցողը, իսկ երկրորդը (Քալիպանը)՝ իր «խառնածին անցեալը ընդունողը» (accepting his mongrel past2) եւ նոր զարգացումներու ճամբան որոնողը։ Կրնայ նաեւ ըլլալ տիրակալին լեզուն եւ մշակոյթը արմատապէս մերժողը եւ իր «նախագաղութային» անցեալը, իր զտարիւն ու անխառն ինքնութիւնը հետապնդողը։ Ասոնք անշուշտ գաղութատիրական անցեալին հետ հաշուի նստելու եւ ուրեմն ներկան մտածելու, ազգային ինքնութիւնը նորովի սահմանելու ձեւերն են։ Բայց այս ձեւով նկարագրուած կեցուածքները ուսումնասիրուած առարկային կը վերաբերին։ Ինչ որ երկդիմի կը դարձնէ գիրքին վերնագիրը եւ խորքին մէջ՝ երկակի նշանակութիւն մը կ՚ընձեռէ անոր։ Այս պարագային՝ գիրքին հեղինակը, երբ յետխորհրդային շրջանը կը կարդայ յետգաղութատիրական յղացականութեան ընձեռած միջոցներով, դիտորդ մը չէ միայն, նաեւ դերակատար մըն է։ Իր ուսումնասիրութեամբն իսկ՝ դիրք կը գրաւէ Արիէլին եւ Քալիպանին միջեւ։ Իսկ ի՞նչ է իր ուսումնասիրութեան նիւթը։ Նոյն այդ անցեալը, ազգային անցեալը, ինչպէս որ կազմուած է ԺԹ. դարուն, յետոյ՝ տարբեր ձեւերով մտածուած, զանազան ազդեցութիւններու ենթարկուած, խորհրդային շրջանին վերակազմուած ու մանաւանդ՝ արդիականացած։ Հեղինակին կողմէ ասոնք կոչուած են «ազգային պատումներ» եւ գիրքը ուրեմն կը ներկայանայ որպէս «պատում ազգային պատումների մասին» (էջ 23)։ «Ազգային պատումներ» ըսելով՝ կ՚ենթադրեմ որ պէտք է հասկնալ այն ձեւերը որոնց ընդմէջէն ազգը ինքն իրեն կը պատմէ ինքն իր էութիւնը, ինքն իր անցեալը եւ ինքն իր լինելութիւնը։ Ետքը՝ հաւանաբար առիթը ունենանք մանրամասնելու, բայց հիմակուընէ փակագծի մէջ կարելի է ըսել որ հեղինակը քիչ հետաքրքրուած է ԺԹ. դարով, այդ դարուն յատուկ ազգային խմորումներով, եւ ընդհանրապէս նախասովետական շրջանով, բացառութիւնը ըլլալով Թումանեանի հրապարակախօսական արտադրութեան նուիրուած էջերը (Յաւելուած 1)։ Նաեւ, պէտք է խոստովանիլ, քիչ հետաքրքրուած է արեւմտահայութեան ճատակագիրով։ Կարծես՝ ընդհանուր «ազգային պատում»ի ծանրութեան կեդրոնը իրերու բերմամբ՝ փոխադրուած ըլլար արեւելահայութեան ուսերուն։ Բայց այդ «ազգային պատում»ին եւ ազգային պատկերի կազմութեան համար՝ գիտենք որ արեւմտահայութիւնը (եւ ուրեմն Ի. դարու Սփիւռքը) սեւանկարի կամ ժխտանկարի դեր կատարած է տեւապէս, առաջին մէկ օրէն։ Այդ «սեւանկար»ը ամբողջովին բացակայ է Հրաչ Բայադեանի նկարագրութիւններէն։ Բացակայ է որպէս իրողութիւն, ինչ որ հասկնալի է եթէ նկատի առնենք որ հոս հեղինակի աչքին՝ խնդրոյ առարկայ են արեւելահայութեան կողմէ ստանձնուած, զարգացուած ու աշխատուած ազգային պատումի եղանակները։ Բայց կը կրնեմ՝ բացակայ է նաեւ որպէս ժխտանկար, ինչ որ աւելի մտահոգիչ է։ Մտահոգիչ է ի միջի այլոց, որովհետեւ խորքին մէջ՝ երկու բացառումները – մէկ կողմը՝ ԺԹ. դարու եւ արեւմտեան կողմն աշխարհի ազգային ու ազգայնական երեւոյթի կազմաւորման բացառումը, իսկ միւս կողմը՝ Ի. դարու արեւմտահայութեան մնացորդացին բացառումը որպէս ժխտանկար– կարծեմ՝ առնչուած են իրարու։

Եւ ուրեմն ամէն պարագայի՝ առաջին անգամ ըլլալով ունինք արեւելահայութեան վրայ կեդրոնացած ազգային պատումներու նկարագրութիւն մը, որ անմիջական անցեալը կը կարդայ յետգաղութատիրական յղացականութիւն մը ի գործ դնելով։ Վերը ակնարկեցի երեւոյթին անխուսափելի երկդիմութեան։ Դիտորդը եւ դերակատարը նոյն անձին մէջ։ Յետգաղուտիրական մտածողութեան ատաղձը կու գայ անշուշտ ամբողջութեամբ Արեւմուտքէն, անգլիալեզու Արեւմուտքէն, ու թերեւս ալ աւելի ճշգրիտ կերպով՝ ամերիկեան ակադեմական աշխարհէն, ամենէն ծանօթ անունները ըլլալով՝ Կայաթրի Սփիվաք եւ Հոմի Պհապհա3, անշուշտ նաեւ Եդուարդ Սայիտ։  Հրաչ Բայադեանի գիրքին մէջ՝ չորրորդ գլուխը («Մշակութային գերիշխանութիւն եւ դիմադրութիւն») մօտէն կ՚անդրադառնայ Պհապհայէն եկած եզրաբանութեան, յղելով 1994ի հատորին4, եւ վերջին գլուխը կու տայ յաւելեալ բացատրութիւններ, մասնաւորաբար մշակութային «դիմադրութեան» տարբեր եղանակներու պարզաբանումով եւ անոնց շուրջ վիճարկելով (էջ 259)։ Մնաց որ քսանական թուականներու Մարտիրոս Սարեանի նկարչութիւնը, Թամանեանի քաղաքաշինական պլանաւորումը եւ Չարենցի «իմ անուշ Հայաստան»ը «ազգային ոճ»ի պիտակին տակ դնելով՝ որպէս «դիմադրութիւն» մեկնաբանելը շատ հեռու չի տանիր (որքան ալ երկդիմի ու երկակի ըլլայ այդ դիմադրութիւնը, եւ որքան ալ հմուտ եւ նրբամիտ ըլլան առաջարկուած վերլուծումները, Հոմի Պհապհայի հետեւողութեամբ կամ ոչ)։ Ազգայինը եւ խորհրդայինը պէտք է քալէին ձեռք ձեռքի, անկասկած։ Պէտք է կենակցէին, այո՛։ Որպէսզի հեշտ ու հաշտ կենակցութիւն մը ըլլար, փոխզիջումներ պէտք է կատարուէին ուղեղներուն մէջ, անշուշտ։ Այդ փոխզիջումներուն յարմարելով՝ ազգայինը պիտի ստանար նոր ու (ենթադրենք) աւելի «արդիական» երանգաւորում եւ բնութագրում։ Պիտի մտնէինք «խորհրդային արդիականութեան» ծիրէն ներս։ Այո, բայց այս ամբողջ փաստարկումին մէջ՝ ինծի այնպէս կը թուի որ ագոյց մը պակաս է տակաւին։ Գիտեմ, այդ ագոյցը գիրքին ընդհանուր դրոյթն է. յետխորհրդայինը կարդալու համար յետգաղութատիրական յղացականութեամբ, խորհրդայինը պէտք է կարդալ գաղութատիրական ակնոցով։ Բայց ո՞ւր են այս պարագային տիրուողները, ո՞ւր են տիրուածները։ Քանի որ չկայ այդպիսի զատորոշման հնարաւորութիւն,  դոյզն իսկ չափով, ստիպուած ենք փաստարկումին մէջ ներմուծելու ազգայինի ստորոգութիւնը, ազգայինի երկակիութիւնը, ազգայինը որպէս դիմադրութեան կռուան։ Իսկ ազգայինը արդիական իմաստով գաղութատիրական իշխանապետութեան զուտ հակերեսը չէ՞։ Հետեւաբար (եւ այս անգամ՝ բոլոր պարագաներուն) անոր ամենէն կոպիտ մեղսակիցը չէ՞։ Նատեժտա Մանտելսթամը չէ՞ր պատմողը թէ որքա՛ն ծիծաղելի էին Հայաստանի մտաւորականները (Չարենցը՝ ներառեալ, դժբախտաբար), երբ ստալինեան յանկերգը կը հոլովէին, ձեւով՝ ազգային, բովանդակութեամբ՝ խորհրդային, կամ սոցիալիստական, կամ ինչ որ ալ ըլլայ։ Եւ ուրեմն փոխանակ ազգայինին մէջ փնտռելու դիմադրութեան ցանցառ նշոյլներ, նախընտրելի պիտի չըլլա՞ր փնտռել զայն (կ՚ուզեմ ըսել՝ դիմադրութիւնը) ճիշդ հո՛ն ուր ազգայինը ի սպառ բացակայ է, հո՛ն ուր հալածանք գործադրուած է բացէ ի բաց, հո՛ն ուր կեանքեր ճզմուած են, հո՛ն ուր գրական շարժումներ ծաղր ու ծանակի առարկայ դարձուած են, հո՛ն ուր գրական հանդէսներ ուղղակի պաշտօնական միջամտութեամբ ոչնչացուած են։ Պէտք ունի՞մ ծայրէն պատմելու Չարենցի Ստանդարդին ոչնչացուելու պարագան, պէտք ունի՞մ յիշեցնելու որ մինչեւ ութսունական թուականները՝ վարչակարգին պաշտօնական գրականագէտները Չարենցի ֆիւթիւրիզմը ապայժմէ եւ ժամանակավրէպ կը նկատէին։ Կրնաք վստահ ըլլալ որ այս ամբողջը կը կատարուէր ո՛չ թէ խորհրդայինի անունով, այլ ազգայինի անունով։

*

Ինչ որ չ՚արգիլեր սակայն որ յետխորհրդայինը կարդանք յետգաղութայինի պրիսմակին ընդմէջէն, պայմանաւ որ ուշադրութիւն դարձուի բոլոր տարբերութիւններուն, մասնաւորաբար արեւմտահայ ժխտանկարին ընձեռած պարագային, որուն մասին խօսուեցաւ հոս սկիզբը։ 2008ին Կայաթրի Սփիվաքը Other Asias վերնագիրով գիրք մը հրատարակեց5, որուն երրորդ գլուխը կը կոչուէր «Will Post-colonialism travel?» [Յետգաղութատիրութիւնը պիտի ճամբորդէ՞] ու անսպասելի կերպով կ՚անդրադառնար հայկական իրադրութեան։ 1994ին՝ Տէյվիտ Գազանճեանի եւ Անահիտ Գասապեանի կողմէ հարցում ուղղուեր է իրեն. «Ինչո՞ւ չկայ հայկական յետգաղութատիրութիւն մը»6։ Իրենք հարցումը մոռցեր են, բայց Սփիվաքը շարունակեր է խորհիլ այդ մասին ու գիրքին մէջ զետեղուած այդ յօդուածով կու տայ իր պատասխանը։ Ի դէպ՝ Հրաչ Բայադեան հակիրճ ակնարկ մը ունի այդ գիրքին եւ գլուխին մասին (էջ 282), ուր կը կարդանք հետեւեալը.

Ամփոփիչ եզրակացութիւնը հաստատում է հայկական իրադրութեան բարդութիւնը, Հայաստանի անհամապատասխանութիւնը գոյութիւն ունեցող տեսութիւններին…։ Ես յոյս ունեմ, որ շեշտելով նման աշխատանքում արեւմտահայ-արեւելահայ, խորհրդահայ-սփիւռքահայ տարբերութեան հետ գործ ունենալու անխուսափելիութիւնը, աւելի բարդացրի իրադրութիւնը, քանի որ հասկանալի պատճառներով՝ Սփիվաքն անտեսել է այդ տարբերութիւնը։ Բայց այս վերապահումը բնաւ չպէտք է ընկալուի որպէս փաստարկ արեւելահայութեան փորձառութեան երեք՝ ռուսական, խորհրդային եւ յետխորհրդային  շրջանների համար յետգաղութային ուսումնասիրութիւնների օգտակարութեան դէմ։

Խնդիրը այն է, որ Սփիվաքը շատ աւելի՛ն «անտեսել է» քան այդ տարբերութիւնը։ Իր գրուածքը անշուշտ կ՚ուզէ ցոյց տալ որ կայսերատիրութիւններէն ազատագրուելու եւ այսօրուան համաշխայնացած աշխարհին մէջ որպէս «ազգ» արձանագրուելու շատ տարբեր ձեւեր կան, ու Հնդկաստանի եւ Պաղեստինի օրինակները չեն կրնար ծառայել որպէս բնատիպ զանոնք մտածելու համար։ Բայց Հայերուն մասին այդ շրջանին իր գիտցածը կը սահմանափակուէր քանի մը տուեալներու ծիրին մէջ. պատերազմ, ցեղասպանութիւն, ազգայնականութիւն, Back to Ararat անորակելի ֆիլմը, ամերիկեան քաղաքականութիւն, քարիւղի ճամբաներուն շուրջ միջազգային համաձայնութիւններ։ Եւ այդքան։ Կեդրոնական հարցումն է անշուշտ. ուրեմն «ազգ» ըլլալու արդեօք իրապէս ուրիշ ձեւե՞ր կան, որոնք կրնան որոշադրուած ու որոշարկուած չըլլալ գաղութարար իշխանութիւններուն կողմէ արտածուած եւ տարածուած բնատիպէն։ Հետաքրքրական հարցում, որուն պատասխանելու համար Հայերուն մասին Կայաթրի Սփիվաքին գիտութիւնը անբաւարար էր բնականաբար։ Վերջերս Տէյվիտ Գազանճեանը այդ գրուածքէն քանի մը տող կը մէջբերէր, ուր խօսքը կրկին ազգայնականութեան տարբեր ձեւերու մասին էր, չակերտեալ Հայաստանը այդ նոր (ազգային) արդիականութեան ներկայացուցչական վայրերէն մէկը ըլլալով7։ Ինչո՞ւ չէ։ Եթէ կ՚ուզենք անպայման հաւատալ որ այդպէս կրնայ ըլլալ։ Ինչո՞ւ ըսի «չակերտեալ»։ Որովհետեւ Կայաթրի Սփիվաքը ի՛նքը կը չակերտէ8, հրաւիրելով «Հայաստան»ը մտածելու որպէս «Ասիա»ի մէկ մասնիկը, փոխանակ զայն մտածելու ամերիկեան եւ ազգայնական դիտանկիւնէ։ Չակերտները ենթադրուած են նաեւ երբ կ՚ըսէ. «… այդքան հաւատարմութիւններ կը խաչաձեւեն այդքան փոքր վայր մը, եթէ իրապէս վայր մըն է աւելի քան դարերու վրայ երկարող մտայնութիւն մը» (if indeed it is more a place than a state of mind over the centuries)9։

Հրաչ Բայադեանի գիրքին մեծագոյն արժանիքն է քիչ մը լրջութիւն բերել վերջապէս այս քննարկումին մէջ, ու իրազեկ մօտեցումով արեւելահայութիւնը (եւ ուրեմն Հայաստանը, չակերտեալ կամ ոչ) տեղաւորել յետգաղութատիրական ուսմանց ծիրէն ներս։ Առաջին անգամն է։ Եւ հեղինակը իրաւունքով հարց կու տայ ինքն իրեն. «թէ 2020-ականներին յետգաղութային ուսումնասիրութիւնների տիրոյթը Հայաստանի համալսարաններում ինչ-որ հեռանկար ունի՞, թէ՞ ոչ, կարո՞ղ է մտնել ուսումնական ծրագրեր որպէս առարկայ կամ դառնալ հետազօտական ուղղութիւն» (էջ 275)։ Անցողակի աւելցնեմ որ 2008ի Փետրուարին, երբ Ուտոպիանայի նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, շարք մը դասախօսութիւններ կարդացի Երեւանի մէջ, ընդհանուր վերնագիրը ըլլալով «Առասպել, արուեստ, քաղաքականութիւն», առաջինը այդ դասախօսութիւններէն նուիրուած էր Եդուարդ Սայիտին10։ Հարց ու պատասխանի բաժնին մէջ, մեղադրական շեշտով ինծի ուղղուեցաւ այն ատեն Հրաչ Բայադեանը, ու այսօր միայն, ուրեմն գրեթէ տասնհինգ տարի վերջ, կը հասկնամ այդ մեղադրական շեշտին նշանակութիւնը։ Գործածուած բառն էր (որ մտքիս մէջ հետեւաբար այսքան տարիէ ի վեր դրոշմուած մնացած է) metropolitan բառը, այդ ոչ-շատ-բարեացակամ բառը զոր ատենօք օրինակ Այջազ Ահմատը կը գործածէր Եդուարդ Սայիտի հասցէին, որպէս դուրսէն արտայայտուող յետգաղութային տեսաբան։ Ես կը կարծէի թէ Սփիւռքէն եկած հայալեզու մտաւորական մըն էի այդտեղ։ Բայց կը դիտուէի ուրեմն որպէս չակերտեալ Հայաստանի (կամ «սոցիալիզմի պայմաններում … “ազգային”ի հասկացութեան») մասին պատգամողի դերին մէջ։ Եւ բառերը չունէի այն ատեն ես ինծի (եւ ունկնդիրներուս) բացատրելու համար թիւրիմացութեան տարողութիւնը։ Բայց թերեւս ալ թիւրիմացութիւն չէր։ Եթէ ըլլար՝ դիւրին կ՚ըլլար սրբագրելը։ Թերեւս ալ որպէս մտային ու մտաւորական համատեքստ ուրիշ իրականութիւն չկար, այդ մէկ իրականութենէն զատ, որուն մէջ ես ակամայ արձանագրուած էի, կ՚ուզեմ ըսել՝ յետխորհրդային իրականութենէն զատ։ Ես ալ ուրեմն անգիտակցաբար կը մասնակցէի այդ մեծածաւալ երկխօսութեան, որ տեղի կ՚ունենար անդադար գաղութացուած եւ ապագաղութացուող ուղեղներուն մէջ, տիրողին ու տիրուողին միջեւ, ազգայինին ու (խորհրդային երանգով) համաշխարհայինին միջեւ, ռուսերէնին եւ հայերէնին միջեւ, կեդրոնին եւ ծայրագաւառին միջեւ, դիտողին ու դիտուողին միջեւ։ Ի վերջոյ նոյն Հրաչ Բայադեանը չէ՞ր որ 2003ին իր Մշակոյթ եւ տեխնոլոգիա գիրքին մէջ կը գրէր հետեւեալը (առիթը ըլլալով արդէն իսկ Հրանտ Մաթեւոսեանի գրականութեան մեկնաբանական տեղադրումը). «Նախ՝ Խորհրդային Հայաստանը հայոց պատմութեան ընթացիկ փուլն է։ Պատմական շրջափուլերի շղթայի նոր օղակն է սա…։ Երկրորդ՝ արդիւնաբերական հասարակութեան խորհրդային տարբերակը արդիւնաբերացման համամոլորակային ընթացքի՝ … ուշացած մի մասն է»։ Հոնկէ փոխ առնուած եւ ներկայ հատորին մէջ հիւրընկալուած (էջ 135) այս տողերով ըսուածը Հրանտ Մաթեւոսեանի գրականութեան «դիմադրական» գործողութեան համատեքստը պարգեւող հաստատում մը չէ միայն։ Պարտադիր շրջափակն է, որուն մէջ արձանագրուած ենք բոլորս որպէս մտաւորական։ Կամայ թէ ակամայ։ Եւ ուրեմն Եդուարդ Սայիտով զբաղիլ կը նշանակէր արդէն իսկ եւ սկիզբէն ներկայանալ որպէս (անշուշտ մետրոպոլսական) յետգաղութային տեսաբան։ Գոնէ ա՛յդ էր ենթադրութիւնը։

*

Հրաչ Բայադեանի գիրքին մէջ՝ երկու գլուխներ կան, որոնք իրապէս բացառիկ են ու կը զատուին միւսներէն, որովհետեւ կը յղեն յատուկ թուականներու եւ (լռելեայն) ցոյց կու տան թէ ինչպէ՛ս կը գործէ ժխտանկարին «ժխտականացում»ը։ Առաջինը կը վերաբերի 1939 թուականին (3րդ գլուխն է՝ «Սասունցի Դաւիթը Երեւանում»), երկրորդը վաթսունական թուականներուն (այս մէկը 4րդ գլուխն է՝ «1960-ականներ. մշակութային գերիշխանութիւն եւ դիմադրութիւն»11)։ 1939ի դէպքերը անշուշտ ծանօթ են, բայց առաջին անգամն է որ կը տեսնենք զանոնք այսքան յստակ կերպով նկարագրուած ու բացայայտուած։ Նոյն վարչակարգը, որ մտաւորակութիւնը կը ճզմէր, որոշած է (անշուշտ Մոսկուայի արտօնութեամբ, եթէ ոչ հաւանութեամբ ու օրհնութեամբ) «Սասնայ ծռեր»ու աւանդավէպը սեփականացնել, «համահաւաք» տարբերակ մը պատրաստել, այսինքն արեւելահայերէնի վերածել, եւ որպէս «ազգային էպոս» ներկայացնել12։ Սովետականացած-ազգայնացած տարբերակը պատրաստելու պարտականութիւնը տրուած էր ի միջի այլոց Մանուկ Աբեղեանին13։ Այդ «համահաւաք բնագիր» կոչուածը ամբողջութեամբ գիծ կը քաշէր անշուշտ արեւմտահայերէնի եւ ուրեմն այդ շրջանին նաեւ յստակօրէն՝ Սփիւռքի վրայ։ Ազգայնացումը պետական արարք մըն էր։ Պիտի ըլլար արեւելահայերէնով, մինչդեռ տասնամեակներու ընթացքին հաւաքուած տարբերակներուն մեծ մասը արեւմտահայերէն բարբառներով խօսուած ու պատմուած էր։ Այս պարագային՝ «ժխտականացում»ը բացայայտ է, չի ծածկեր ինքզինք, պէտք չունի յաւելեալ վերլուծումի բացայայտուելու համար, ու Բայադեանին կողմէ՝ ցոյց տրուած է որպէս այդ։ Ու կը տեսնենք թէ ինչպէս կը գործէ այստեղ «ազգային պատում»ը եւ ուրեմն վերջին հաշուով՝ գաղութայնացած մտայնութիւնը։ Որովհետեւ գաղութայնացուած միտքն է հոս, որ բուն գործակատարն է։ Ու ետեւը ծուարած է «ժխտանկար»ը։ 

Եւ վերջապէս կայ գիրքին ամենէն գեղեցիկ եւ կարծեմ՝ ամենէն տպաւորիչ գլուխը, 4րդը, այն մէկը որուն ակնարկեցինք քիչ առաջ, քանի որ Հրանտ Մաթեւոսեանի գրականութեան նուիրուած գլուխն է։ Ինչ որ զարմանալի չէ, երբ գիտենք Հրաչ Բայադեանի տածած սէրն ու յարգանքը Մաթեւոսեանի գործին ու անձին հանդէպ (գիրքը ի դէպ՝ ձօնուած է անոր յիշատակին)։ Այս 4րդ գլուխին առանցքն է նախ՝ զուգահեռ ընթերցում մը Մաթեւոսեանի Խումհար վէպին (կամ վիպակին) եւ Անտրէյ Պիթովի Հայաստանի դասերը գիրքին14։ Երկու գրողները իրար ճանչցած են Մոսկուա, երկուքն ալ մասնակից ըլլալով «Բարձրագոյն սցենարական դասընթացներ»ին, եւ մնացած են ըստ երեւոյթին մօտիկ բարեկամներ։ Խումհարին միջադէպերը տեղաւորուած են այդ դասընթացքի միջավայրին մէջ։ Պիթովի գիրքին առիթը Հայաստան կատարուած կարճ այցելութիւն մըն էր։ Այս երկու գործերը (երկուքն ալ լոյս տեսած 1969ին) միասնաբար կարդալով, Բայադեան կը խորհրդածէ հայեացքներու փոխադարձ խաղին շուրջ, զանոնք նախ համագրայնացնելով (քանի որ կայ օրինակ ծայրամասին վրայ ռուսական հայեքացքի աւանդութիւն մը) ու մանաւանդ Մաթեւոսեանի գրուածքը կարդալով որպէս հակադարձ հայեացք, ընթերցում մը որուն հիմնաւորուած ըլլալը ապահովուած է մանաւանդ այն իրողութեամբ՝ որ Խումհարի գլխաւոր նիւթը կինոնկարով պատկերացման կերպ մը ընդունելու կամ մերժելու խնդրին շուրջ կը դառնայ։ Եւ անշուշտ իր կարգին «հակադարձ հայեացք»ը կարդալով որպէս դիմադրութեան ձեւերէն մէկը։ Իսկ խորհրդահայ գրականութեան մէջ «այսպիսի դիմադրութեան ուրիշ օրինակներ դժուար է գտնել» (էջ 146-147)։ Այնպէս որ «Մաթեւոսեանի գրութիւնը ձեւաւորւում եւ գործառում է խորհրդային գաղափարաբանութեան դիսկուրսի հետ բախման՝ ընդունելու եւ մերժելու, դիմադրելու եւ համաձայնելու սկզբունքօրէն երկդիմի յարաբերութեան մէջ» (էջ 138)։ Այս ամբողջին մէջ յարակարծիքը անշուշտ միշտ այն ըլլալով՝ որ սովետական իշխանութեան տարիները «կարելի է մեկնաբանել որպէս ինչ-որ իմաստով ապագաղութացման շրջան» (էջ 146)։ Որուն հետ բնականաբար՝ արեւմտահայութիւնը ո՛չ մէկ առնչութիւն կրնայ ունենալ։ Բայց բացակայ չէ ան։ Նոյն թուականներուն չէ՞ր, որ ազգայնական կամեցողութիւնը յաջողած է կեդրոնէն կորզել 1915ի զոհերուն յուշարձան կանգնելու արտօնութիւնը։ Դէպքերը յիշուած են ե՛ւ Մաթեւոսեանի, ե՛ւ Պիթովի, նաեւ անշուշտ՝ Բայադեանի կողմէ։ Արեւմտահայութեան ի սպառ ճզմուիլն իսկ կը դառնար ազգային պատումի դրուագ եւ ազգային պատումի գործիք, գաղութայնացուած մտքին համար։ Ժխտանկարը հոն է, ծուարած։

*

Միշտ կը յիշեմ Քոլումբիա համալսարանի ընդարձակ բակին մէջ Կայաթրի Սփիվաքը տեսնելս (պիտի ըլլայ 2003ին), մինչ կը փութար դասի երթալու, թեւին տակը ունենալով Եդուարդ Սայիտի Culture and Imperialism-ը։ Ու միշտ կը յիշեմ որ այդ պահուն խորհած եմ՝ «Անշուշտ թեւին տակ պիտի չունենար նոյն Եդուարդ Սայիտին Orientalism-ը»։ Այնպէս որ… երբ ամէն ինչ ըսուած ու վերջացած է, երբ թղթածրարները այլեւս գոցուած են, երբ դատավճիռը արձակուած է, կը մնայ մէկ բան։ Վերջին մանրամասնութիւն մը։ Կը մնայ բացատրել տարբերութիւնը ընդմէջ արեւելաբանասիրութեան (այդ պատմական երեւոյթին զոր Սայիտէն ի վեր՝ կը կոչենք օրիէնտալիզմ15) եւ կայսերատիրական գաղութարարութեան։ Գաղութարարութեան ենթարկուա-ծը կրնայ միշտ երեւակայել անցեալը։ Արեւելաբանասիրութեան բնիկը չունի ո՛չ մէկ անցեալ յիշելիք, ո՛չ մէկ անցեալ որ չըլլայ բանասէրինը։ Եւ եթէ կարենանք օր մը բացատրել տարբերութիւնը, թերեւս հրաշքով մեր աչքին առջեւ ժխտանկարը դառնայ նկար։

  1. Edward Said, Culture and Imperialism [Մշակոյթ եւ կայսերատիրութիւն], Vintage Books, Նիւ Եորք, առաջին հրատարակութիւն՝ 1993, էջ 214։
  2. Անդ։
  3. Հոմի Պհապհայի ամենէն ծանօթ գիրքերն են՝ Nation and Narration [Ազգ եւ պատում], Routledge, 1990, եւ The Location of Culture [Մշակոյթի տեղադրումը], 1994, նոյն հրատարակիչին մօտ։ Գոնէ իմ Քոլումբիայի տարիներուս, Միջին Արեւելեան բաժանմունքի սահմաններէն ներս, ամենէն շատ կարդացուած գիրքերն էին ասոնք։ 
  4. Տե՛ս օրինակ էջ 157 (ծանօթ. 47)։ Հոս նշուած են Պհապհայէն սերած հասկացութիւնները, որոնք լայն շրջագայութեան մէջ դրուած են յետ-գաղութատիրական ուսմանց մարզին մէջ։ Ահաւասիկ օրինակ «երկա-կիութեան» բացատրութիւնը. «… իմաստներից մէկն այն է, որ դժուար է գաղութացուած սուբյեկտին միարժէքօրէն անուանել “դիմադրող” կամ “մեղսակից”, որ նա որպէս կանոն, տարուբերւում է այս երկու դիրքերի միջեւ»։
  5. Gayatri Spivak, Other Asias [Ուրիշ Ասիաներ], Blackwell Publishing, 2008։
  6. Պէտք է յիշեցնել որ Կայաթրի Սփիվաք կը յղէ Գազանճեան-Գասապեանի հետեւեալ յօդուածին. David Kazanjian, Anahid Kassabian, «“You Have to Want to Be Armenian Here”: Nationalisms, Sexualities, and the Problem of American Diasporic Identity», Armenian Forum 1 (Spring 1998)։ Ուրեմն ո՛չ թէ 1994, այլ՝ 1998։ Իսկ Back to Ararat վաւերագրական ժապաւէնին թուականն է՝ 1988։
  7. Տե՛ս David Kazanjian, «Introduction: Self-Portrait as a queered Armenian Studies», Armenian Review, volume 56, Number 1-2 (Spring-Summer 2018), Սփիվաքէն մէջբերումը՝ էջ 9։ Համարը պատրաստողներն են՝ Թամար Շիրինեան եւ Կարինա Կարապետեան Ջորջի, ու ընդհանուր վերնագիրն է՝ «Queering Armenian Studies», որուն համար հեղինակներու թելադրանքին հետեւելով՝ կարելի է առաջարկել որպէս թարգմանութիւն՝ «Տարօրինակելով հայագիտութիւնը»։ 
  8. Other Asias, էջ 110։
  9. Անդ, էջ 117։
  10.   Դասախօսական այդ շարքէն առաջին միաւորը լոյս տեսած է «Բանասիրութիւն եւ հումանիզմ Եդուարդ Սայիդի մօտ» վերնագրով, Ինքնագիր, Երեւան, 2008, «Beginnings» վերնագրուած հարցազրոյցէն հատուածներու թարգմանութեան առընթեր (այդ հարցազրոյցին աղբիւրն էր՝ Power, Politics, and Culture. Interviews with Edward Said, ed. Gaori Viswanathan, Vintage Books)։ Երկրորդ միաւոր մը, ամբողջովին վերաշարադրուած, լոյս տեսաւ ԿԱՄի 9րդ համարին մէջ, Երեւան, 2021, վերնագիր՝ «Առասպելական կրօքի գիւտը»։
  11. Պէտք է յիշեցնել որ Բայադեան, հայաստանեան սովորութեան համաձայն, «գերիշխանութիւն» բառը կը գործածէ hegemony-ի իմաստով, ո՛չ թէ sovereignty-ի։
  12. Այս մասին՝ տե՛ս ի միջի այլոց իմ Le Deuil de la philologie (MétisPresse, Ժընեւ, 2007) գիրքիս մէջ ըսուածը, էջ 87-89 (անգլերէն՝ Mourning Philology, Ճէֆ Կօշկարեանի թարգմանութեամբ, էջ 59-60 եւ 339)։
  13. Կարելի է կարդալ ծրագիրին արդարացումը Աբեղեանի բերնէն սղագրուած ու արտագրուած, Երկեր, հատոր Ը., Երեւան, 1985, էջ 637-648։
  14. Ութսունական թուականներու սկիզբը գոնէ Պէյրութի գրական շրջանակ-ներուն մէջ՝ Հրանտ Մաթեւոսեան կը կարդային։ Այսօր չեմ գիտեր թէ արեւմտահայ ընթերցողներս որքա՛ն ծանօթ են իր գործին, այնպէս որ աւելորդ չէ կարծեմ յիշեցնելը որ «Խումհար»ը կարելի է գտնել հեղինակին կողմէ պատաստուած երկու հատորով Երկերուն մէջ (Սով. Գրող, Երեւան, 1985), 2րդ հտ., էջ 94-240։ Իսկ Անտրէյ Պիթովի (այդ պարագային՝ Անդրեյ Բիտովի) «Հայաստանի դասերը» լոյս տեսած է հայերէն թարգմանութեամբ 2003ին (թարգմանիչ՝ Ռաֆայէլ Աւագեան, Հայագիտակ, Երեւան)։ Ինչո՞ւ միայն 2003ին։ Ֆրանսերէն թարգմանութիւն մը կար արդէն իսկ 1990ին, Andreï Bitov, Un Russe en Arménie (Souvenirs d’un pays qui fut), Թարգմ՝. Dimitri Sesemann, հրատ.՝ Albin Michel։ Ի դէպ՝ Բիտովէն մէջբերումներուն համար՝ Բայադեան կը յղէ միշտ Кавказский пленник գիրքին, լոյս տեսած 2004ին, Սանկտ-Պետերբուրգ, հրատ.՝ Аэбука-классика։ Չի յղեր հրապարակին վրայ գտնուող հայերէն թարգմանութեան։ Վերջին հաշուով՝ թարգմանելու ալ պէտք չկար, քանի որ ամէն մարդ ռուսերէն կը կարդայ։ Այնպէս չէ՞։
  15. Մինաս Լուռեան, Րաֆֆի Աճէմեան ու ես թարգմանեցինք Եդուարդ Սայիտի Orientalism գիրքը (անշուշտ՝ արեւմտահայերէն, հրատարակութիւնը՝ ի մօտոյ), բայց չհամարձակեցանք «արեւելաբանասիրութիւն» թարգմանել «orientalism» բառը։ Ըսինք՝ «արեւելաբանութիւն», զոր ուրեմն պէտք է կարդալ որպէս միւսին կրճատուած ձեւը։