Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

Հարցազրոյց Խաչիկ Գրիգորեանի Հետ

Մեր հրատարակչութիւնը գոյութիւն ունի 1998 թուականից: Մենք սկսեցինք բառարանների հրատարակումից, իսկ մէկ տարի անց աշխարհաբարով լոյս ընծայեցինք Գրիգոր Տաթեւացու Սողոմոնի գրքերի մեկնութիւնը: Արդէն 2002 թուականին լատիներէնից թարգմանաբար առաջին անգամ հայերէն հրատարակեցինք համաշխարհային աստուածաբանական գոհարներից մէկը՝ Օգոստինոս Երանելու Խոստովանութիւնները:

Յետխորհրդայինը Որպէս Յետգաղութային

Գիրքին վերնագիրը կ՚արձագանգէ Եդուարդ Սայիտի մէկ հարցականին, որ դրուած է նաեւ գիրքին սկիզբը որպէս բնաբան՝ «Կայսերական տիրապետութենէն անկախանալ ուզող մշակոյթ մը ինչպէ՞ս կ՚երեւակայէ իր սեփական անցեալը»։ Բացառիկ գիրք մըն է Հրաչ Բայադեանի այս գիրքը, իր նիւթով, իր ծրագիրով, իր բազմակողմանի հանգամանքներով, իր պարզած գիտութեամբ (եւ գիտակցութեամբ), իր նորութեամբ նաեւ, եւ էջերուն ու մտածումին ետին գտնուող՝ վերջին քսան տարիներուն վրայ երկարող պատկառելի ջանասիրութեան եւ հետեւողականութեան արդիւնքներով։

Բարոյագիտութիւն եւ պարկեշտութիւն

Տիտղոսաթերթը գիրքին մասին կ՚ըսէ ի հարկէ՝ «Ուսումնա-օժանդակ ձեռնարկ կրթական հաստատութիւններու համար»։ Ըստ այնմ՝ հանրագիտարանային բնոյթ ունի լման ձեռնարկը։ Ըսի՝ հանրագիտարանային բնոյթ։ Ո՛չ միայն «բարոյագիտութիւն» կոչուած ճիւղին վերաբերեալ։ Քանի որ Յոյներէն ի վեր՝ փիլիսոփայութիւնը միշտ զբաղած է բարոյագիտութեամբ, խորքին մէջ՝ հրամցուածը նաեւ փիլիսոփայութեան մարզին մէջ բոլոր անուն ունեցող հեղինակներու համայնապատկեր մըն է, մինչեւ Ի. դար։

Ընթերցումի Համագրայնութիւնը

Հոս ներկայացուածը Սերգէյ Ստեփանեանի Ժամանակի երկու ընթերցում, ΥΒΡΙΣ եւ ΜΝΕΜΟΣΥΝΗ գիրքին մասին գրախօսական ակնարկ մըն է։ Փիլիսոփայական աշխատասիրութիւն մը կը հրամցնէ այս հատորը, ի հարկէ՝ դժուար ընթեռնելի, որուն հերոսը (որովհետեւ երբեմն փիլիսափայական պատումները կրնան հերոսներ ունենալ) գերմանացի բանաստեղծ Ֆրիտրիխ Հէօլտերլինն է։ Իր ցուցաբերած գիտութեամբ եւ իր առաջարկած մտածողական նորութեամբ՝ բացառիկ գիրք մըն է։ Այնպէս որ արժանի է մեր լարուած ուշադրութեան։

Ժամանակը Զաւէն Պիպեռեանի Մօտ

Կրքոտ անհատականութեամբ օժտուած մտաւորական մը ըլլալով՝ Պիպեռեանին նեղ կու գար իր միջավայրը, յաճախած մտաւորական ու գրական տարբեր շրջանակներուն մէջ։ 1930-ական եւ 40-ական թուականներուն ճամբայ ելած Թուրքիան անշուշտ ամենէն յարմար վայրը չէր որպէսզի հասուննայ որպէս մարդ ու մտաւորական։ Մնաց որ իր միջավայրին շնորհած սահմանափակ առիթներուն չէ ապաւինած իր մտային կարողութիւնը զարգացնելու համար։

Մահուան Կիզիչ Ներկայութիւնը

Մահը բնախօսական երեւոյթ լինելուց բացի մշակութային իրողութիւն է։ Մահուան մշակութաստեղծ այդ յատկութիւնը ընդգծում ու տարբերակում է ժողովուրդների ապրելակերպը։ Կեանքի խորութիւնն ինչ-որ չափով կախուած է լեզւում մահուան արձանագրումից, մահուան հետ հանդիպման կերպից։ Շատ է խօսուել եգիպտական, չինական մշակոյթներում մահուան բացակայութեան մասին, ինչը, ըստ էութեան, կեանքում մահուան ընդգրկուածութեան վկայութիւնն է։

Ինչ Որ Փորձեց Ըլլալ

Արեւելեան քաղաքի մը մէջ ապրող պատանի մը, ըլլայ Պոլիս, Հալէպ, Պէյրութ կամ այլուր, միշտ կ՚ուզէ ուրիշ քաղաք մը երթալ։ Չեմ գիտեր եթէ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի պատանիները նոյն վիճակի մէջն են, սակայն ինչ որ կը տեսնեմ ծանօթներէ, անոնք ալ միշտ տեղաշարժի մէջ են։ Ձեռքս Բատիկեանի այս երկրորդ գիրքը առնելու ատեն, այնպէս ժամանակի մը մէջ ենք, որ տեղէ տեղ երթալը մէկ կողմէն շատ դժուար է, համաշխարհային համաճարակին պատճառով, միւս կողմէն աւելի ու աւելի մարդիկ կը փորձեն փախուստ տալ Միջին Արեւելքէն։

Քննական Հրատարակութիւն

նթերցողը գիտէ որ երկար ատեն՝ Օշականի գործերը մուտք չէին գործեր Հայաստանի սահմաններէն ներս։ Համապատկերի 10րդ հատորին մէջ, հեղինակը կը պատմէ որ 1934ին՝ Մնացորդացի երեք հատորները ծրար կազմած ու ղրկած էր Զապէլ Եսայեանին (որ այն ատեն՝ նոր հաստատուած էր Երեւան)։ Այդ երեք հատորները վերադարձուած են իրեն։ Օշական կ՚ըսէ՝ անշուշտ գրաքննիչները ժամանակ չէին ունեցած զանոնք կարդալու։ Պարզապէս արգիլուած հեղինակ էր։

Կայսրութեան Երթուղու Պատրանքը

Թերեւս իբրեւ ամփոփում Գրիգոր Սարգսեանի մտորումների, որ արտայայտուել էին արձակ ստեղծագործութիւններում, ակնարկներում, գրախօսութիւններում: Առաւելապէս սոցիալ-քաղաքական ուղղուածութիւն ունեցող այս աշխատութիւնն առաջին հերթին աչքի է ընկնում հատու խօսքով, խոհա-փիլիսոփայական յագեցուածութեամբ եւ ինքնուրոյն մտածելու խիզախումով:

Վերադարձ Պատմութեանը

Պատմութեան իմաստը գրքում Բերդեայեւն իրեն յատուկ համընդ­գրկուն եւ խորա­թափանց ոճով հետախուզում է միջնադարեան-քրիստոնէական պատ­մու­թեան տե­սու­­թեան ծա­գումնաբանութիւնը, դրա աստուածաբանական եւ իմաստասի­րական ելակէ­տե­րը, ընդգծում է պատմութեան բնազանցական հիմնադրութիւնը։ Գրքի տասնմէկ գլուխ­ներում պարբերաբար քօղազերծւում են շրջադարձային այն փուլերը՝ բա­րե­նո­րոգութիւն, լուսաւորականութիւն, մարքսականու­թիւն եւ այլն, որոնց ազդե­ցու­թեամբ պատմութեան քրիստոնէական մոդելը ձեւազեղծուել եւ վերածուել է լոկ «պատմագիտութեան»։