Պատրաստութեան ընթացքի մէջ է։

Կայքէջին մասին

1980էն մին­չեւ 2005, ԿԱՄ, Հանդէս վերլուծական անունով պար­բերական հրատա­րակութիւնը, Մարկ Նշանեանի խմբագրութեամբ, ընդամէնը վեց համար ունեցած էր (Պէյրութ, Փարիզ, Պոսթոն, Լոս Ան­ճելըս)։ 2019ին ճամբայ ելաւ վերստին, այս անգամ՝ Դաւիթ Մոսի­նեանի գոր­ծակ­ցութեամբ, ցամա­քա­մաս փոխելով, ու Երեւան փոխա­դրուելով։ Այս նոր շրջանին՝ չորս թիւ լոյս տեսաւ, ուրեմն 7րդէն մինչեւ 10րդը։ Մակդիրը թեթեւ մը փոխուած էր։ Կը կոչուէր հիմա՝ «Հանդէս վերլուծական եւ քննադատական»։ Նպատակը լոյս տե­սած գիրքերուն շուրջ աւելի մեծ թիւով գրախօսականներ հրամցնել էր, առանց սա­կայն հեռանալու սկզբնական ծրագիրէն, որ էր՝ իմացական աշխարհին վրայ պա­տուհան մը բաց պահել, եւ վերջին հաշուով՝ աշխարհի երեսին ծաւալող իմացական շարժումներուն հետ երկխօսութեան մը հնարաւորութիւնը ստեղծել։ Այդ նպատա­կին եւ այդ ծրագիրին համաձայն՝ ԿԱՄը սկիզբէն ուզած է ի միջի այլոց՝ թարգ­մանական տար­րալուծարան մը հանդիսանալ եւ թարգմանութեան շուրջ մտա­ծո­ղա­կան աշխատանք մը զարգացնել։ Օտարութեան մէջ թարգմանելու կարելիութեան եւ անկա­րե­լի­ութեան սահմանները փորձարկելու եւ փորձընկալելու ձեւ մըն էր։ Միակ ձեւը, ի դէպ, լեզուն փորձընկալելու որպէս վե­րա­պրող։

Սոյն կայքէջին վրայ զետեղուած պիտի ըլլան ԿԱՄի առաջին շրջանի վեց միա­ւոր­ները, իրենց լման բովանդակութեամբ, հրամցուած համար առ համար, որպէսզի յարգուի պարբերականութիւնը։ Բայց նիւթերը մատչելի պիտի ըլլան նաեւ առանձին, իրենց դասակարգին համաձայն դասաւորուած(“Անմիջական գրականութիւն”, “Ուսումնասիրութիւններ”, “Թարգմանութիւններ”, “Գրախօսականներ”)։

Իսկ երկրորդ շրջանի (2020-22 թուականներուն՝ Երեւան լոյս տեսած չորս թիւերուն) միայնգրախօսականներու բաժինը մատչելի դարձուած է առ այժմ։ Բայց այդ բաժինը պիտի ընդլայնուի հետզհետէ։ Այս ձեւով ԿԱՄը, որպէս հանդէս վերլուծական եւ քննադատական, պիտի շարունակէ իր կեանքը, նոր տուեալներու եւ նոր աշխարհին յարմարելով։