ԿԱՄ 1, 1980
Հանդէս մը որ կը ներկայանայ հրապարկին վրայ ստիպուած չէ գիտակցութիւնն ունենալու իր ծնունդի վայրկեանէն իսկ՝ իր սերումին ու ծննդաբանութեան մասնայատկութիւններուն։ Երախտային նման՝ տարիներու ընթացքին է որ պիտի ծնի ան իրապէս իր պատմութեան, վերակազմելով ու վերաստեղծելով զայն, անդրադառնալով տակաւ այն պահանջին որ այն պայմաններուն՝ որոնք կանչած են զայն լոյսին, համարկելով զանոնք հետզհետէ, մինչեւ որ գոյութիւն ունենայ ոչ թէ ինքն իր հաշւոյն, այլ՝ ընդունելութեամբը որ կը գնէ զինք պատմութեան մը մէջ։ ԿԱՄը չի խուսափիր այս օրէնքնէն։ Այնպէս որ եթէ թուենք իսկ հոս իր սերումին այն հանգրուանները, պայմաններն ու պատճառները զորս կը վերագրենք իրեն, եթէ նշենք իսկ այն յառաջադրանքները որոնց պէտք է հետեւի ու այն պարտականութիւնները զորս պէտք է կատարէ, այս ամէնը կը մնայ լայն չափով՝ ֆանթազմական, եւ ասիկա՝ այնքան ատեն որ ԿԱՄը չէ անցած ինք իր իրագործումի փուլերէն։ ԿԱՄէն առաջ՝ Մեհեանը, Մենքը, Ահեկանը, իւրաքանչիւրը իր վայրին մէջ – 1914ի Պոլիսը, 1930ի Փարիզը, 1965ի Պէյրութը – եւ իր պայմաններով, փորձած են եւ ուզած են գրական Սերունդի մը հանդիսավայրը ըլլալ, անտեսելով կամ ընդունելով իրենց նախորդին նշանակութիւնը, ստանձնելով կամ մերժելով ինչ որ ինկած էր իրենց իբրեւ ժառանգ։ Յղուելով ասոնց, իբրեւ իրենց օրինաւոր կան ընկեցիկ ժառանգորդը, ԿԱՄը կը ներկայացնէ նախ ինքզինք իբրեւ գրական – եւ ընդհանուր կերպով՝ գրականութեան իրողութեան անդրադարձող – հանդպէս մը։
Բայց հաստատելով եւ ընդունելով միեւնոյն ատեն՝ որ ո՛չ ալ յաւակնիլ՝ սերունդի մը ներկայացուցիչը ըլլալ – քանի որ կը ճանչնայ միայն անհատականութիւններ, բարեկամութիւններ։ Հաստատելով ու խոստովանելով թէ չի գիտեր գրականութեան ի՛նչ ըլլալը, ոչ ալ անոր շուրջ դարձող արբանեակներուն, գրաքննադատութեան, գրականութեան տեսաբանութեան ի՛նչ ըլլալը։ Գիտնալով սակայն որ գրականութեան վերլուծական ճակատագիրը անկախ չէ, չի կրնար ըլլալ, գրականութեան ընդհանուր իրողութենէն, ԿԱՄը պիտի ուզէր ասոնց փոխադարձ կապակցութեան ու խնդրականացումին վայրը հանդիսանալ, չմոռնալով երբեք որ սփիւռքեան ծայրագոյն պայմաններուն մէջ՝ գրականութեան էութիւնը կրնայ հասած ըլլալ իր վերջաւորութեան (որքան ալ յարակարծական թուի այսպիսի գաղափար մը), վերադարձուելով ատկէ իր ծագումին։
Վերլուծական կոչումը – դրուած այս հանդէսի գրուխը, իբրեւ խոստում ու յառաջադրանք – չի յղեր ուրեմն դրականութեան անդրադարձող վերլուծումի տեսաբանական ձեւերուն միայն։ Հոգեվերլուծումն ալ վերլուծում մըն է որուն տեղը ու նշանակութիւնը սփիւռքեան իրողութեան մէջ, անոր դէմ, անոր հանդէպ, շատ քիչ անձերու մտածողութեան շարժի դրած է։ Այս մէկը վերլուծում մըն է ուր փոխանցուած խօսքը կ՚անդրարառնայ ինքն իր վրայ, ըլլալով փորձառութեան դաշտն իսկ, եւ տեղի տալով ատկէ յետոյ՝ ամբողջոխին նոր ձեւ տեսաբանութեան մը։
Յղուելով հանդերձ ասոր եւ անոր՝ ԿԱՄը պատրաստ պատասխաններ չունի անշուշտ։ Կրնայ թուդք իր հետաքրքրութիւնները, իր հաւատքները, իր զարմանքները։ Միայն այդքան։
Հետաքրքրութիւն՝ իմասական աշխարհի վերլուծական, հոգեվերլուծական, պատմա-վերլուծական ձեւերուն հանդէպ։ Հաւատք՝ որ մշակութային խարսխումի տարբեր եղանակներուն ու եղանակաւորումներուն վերլուծումի վայր մը կրնայ ըլլալ Սփիւռքը – պայմանաւ որ յաջողի օր մը ինքզինք ապրիլ ու ինքզինք մտածել իր բացարձակ իրողութեանը մէջ, ապրելով ու մտածելով միեւնոյն ատեն՝ իր շուրջի իմացական հարուստ աշխարհը։ Հետաքրքութենէն ու հաւատքէն անդին՝ զարմանք մը։ Զարմանալի է – բայց հաւանաբար ալ՝ բնականոն – հայագիտական ամպիոններէն դրդուած աշխատասիրութիւններէն անդին՝ «ահաւոր լռութիւնը» որ կը տիրէ։ Զարմանալի է – բայց բնականոն – Սփիւռքի մէջ ապրող զանազան մտաւորականներու բացարձակ խակութիւնը, երբ խնդրոյ առարկայ է իրենց մտաւորականի դերը, տեղը, ճակատագիրը։ Զարմանալի – բայց բնականոն – գրագէտներուն եւ մտածողներուն բացակայութիւնը, եւ կ՚ակնարկեմ այս անգամ՝ իրենց իսկ աշխարհին մէջ իրենց բացակայութիւնը։ Ի վերջոյ՝ ի՞նչ անցած ֆրանսական, ամերիկեան, գերմանական իմացական աշխարհներէն՝ ապրիլ ու գոյատեւել յաւակնող դէպի «մեր» մշակութային կեանքը։ Անվարան՝ կարելի է պատասխանել՝ ոչինչ։ Իմասական անձուկ եւ մշակութային անձուկ, որոնք աղերսուած են անմիջականօրէն՝ հոգեկան անձուկին։ Իբրեւ հանդէս, իբրեւ հաւաքական ներկայութեան մը ու աշխատանքի մը սաղմը, ԿԱՄ իր սկզբնաւորութիւնը կը գտնէ այդ երրեակ անձուկին մէջ, չանտեսելով ու չմերժելով զայն, չյանձնուելով նաեւ անոր ինքնահաճոյ մատնութեան, այլ՝ ստանձնելով զայն ամբողջովին, փորձելով ընդունիլ, հասկնալ ու վերլուծել զայն իր «պատմական» անհրաժեշտութեամբ, անշրջանցելիութեամբ։ Բայց իբրեւ հանդէս՝ չի կրնար նաեւ անձուկին եզրերը բերել իրենց խորքին, իրենց միութեան։ Կրնայ միայն անձուկին մէջ դարձը ենթադրել եւ սկսիլ վերաշինութեան աշխատանք մը – թերեւս՝ ապաժամ, թերեւս՝ կանխահաս –, իմացական, մշակութային, հոգեկան եւ հոգեւոր կեանքերուն մէջ, թէեւ զանազանուած իրարմէ։
Այնպէս որ ԿԱՄը չ՚ընդունիր իր մէջ ո՛չ նախագոյ հայութեան մը հաւատքը ու պահպանումը, ո՛չ մարդու ու լեզուի համընդհանուր նկատառումը, ո՛չ ալ՝ բնավայրի մը վրայ (տարագրութեան մէջ՝ կեդրոնի մը վրայ) բեւեռումը։ Ճիշդ է որ կ՚ենթադրէ ան դարձ մը, ընդունելով այդ ենթադրութեան հիման վրայ՝ վերը յիշուած եզրերուն ներքին նկատառումը, իրենց զանազանումին ընդմէջէն։ Այդ զանազանումն ալ կը զանցառուի թերեւս եթէ յաջողինք հիմնել օր մը այդ հիմնական ենթադրութիւնը։ Ինչ որ այլեւս հանդէսի մը պարտականութիւնը չէ, ոչ ալ անշուշտ հանդէսի մը ներածական էջերուն պարտականութիւնը։ Ամէն պարագայի՝ դարձի այս գաղափարը հասկանլի է – եւ անոր հետ՝ ԿԱՄի յառաջդրանքը – եթէ հասկցուի միեւնոյն ատեն՝ թէ դարձին մէջ՝ ստիպուած ենք նաեւ դիմագրաւելու պատմութեան վերջաւորութիւնը, որ նախ եւ առաջ՝ «մեր» պատմութեան վերչաւորութիւնն է։
***
Հանդէսին լեզուն հայերնն է։
Շատ մը ընթերողներու՝ այս ճշդումը աւելորդ պիտի թուի անշուշտ։ Աւելորդ պիտի թուի անո՛նց՝ որոնք կ՚անտեսեն թէ իմացական, մշակութային ու հոգեկան անձուկը լեզուական անձուկ մըն է նաեւ, որ կը վերաբերի ոչ թէ այնքան այն անձերուն՝ որոնք «իրենց» լեզուին չեն տիրանար այլեւս, որքան՝ միուսներուն։ Լեզուն արդէն՝ այդպէս բաժանելի առարկայ մըն ալ չէ, անհաւասար կերպով բաժնուած այսօրուան Սփիւռքի բնակիչներուն։ Լեզուի ճշմարտութիւնը այսօր ինչպէս երէ՝ իր մոռացումին մէջ իսկ է։ Խօսեցնել լեզուին մէջ այդ մոռցուած մոռացումը՝ այդ է թերեւս ԿԱՄի վերլուծական յառաջադրանքներուն ամենէն կարեւորը։ Ուրիշ խօսքով՝ հայերէնը իբրեւ ԿԱՄի լեզուն կ՚արդարացնէ ինքզինք այն պարագային միայն՝ եթէ ձգտի պատմութեան վերջաւորութեան լեզուն ըլլալու։ Վերջաւորութիւն մը որ, թէեւ պատահած է արդէն իսկ 15ի Աղէտով, թէեւ արձանագրուած է Սփիւռքի գրականութեան մեծագոյն գործերուն մէջ, ասով հանդերձ՝ չէ մտածուած դեռ, եւ ուրեմն գործօն չէ դարձած լեզուին ու գիտակցութիւններուն մէջ։ Իրբեւ հաւականութիւն, իբրեւ սերունդ՝ չենք սորված տակաւին վերջաւորութենէն խօսելու, մտածուած վերջաւորութիւնը արձանագրելով մեր գործերուն մէջ։ Եւ այս «մենք»ն ալ զոր կը գործածեմ հոս նոյնքան կասկածելի է. Ցրուումը կը ձգէ միայն անհատականութիւննր իր ետին։ Վերջաւորութեան լեզուն միայն, եթէ ստանձնուէր գործի մը մէջ, կրնար կատարելագործել ցրուումը, բերելով զայն նոր սկիզբի մը։
Այս բոլորէն՝ դիւրին է հետեւցնել որ ԿԱՄը նախասիրութիւն մը պիտի ունենայ թարգմանութիւններուն հանդէպ, հայերէն թարգմանութիւններուն հանդէպ անշուշտ։ Հետաքրքրական է դիտել որ Սփիւռքի վափսուն տարիները չտուին ո՛չ մէկ թարգմանութիւն հայերէն լեզուով. ինչ որ պէտք է աւելցնել քիչ առաջ նշուած զարմանքներուն վրայ։ Թարգմանութիւնը չհանդուրժող լեզու մը ու մաշկոյթ մը պարզապէս դադրած են գոյութիւն ունենալէ։ Թարգմանութիւնը, շատ պարզ իմաստով մը, տարրական փորձարկումն է տարբերութեան մը, լեուի հիմնաւորութեան մը։ Առանց թարգմանական աշխոյժ գործունէութեան մը, գրականութիւնն է նախ եւ առաջ՝ որ ծայրէ ծայր՝ անիմաստ ու սին ներկայութիւն մը կը դառնայ։ Ասիկա առաջին մակարդակն է, որ առարկութիւն չի վերցներ։ Ասկէ անդին սակայն՝ հայերէն լեզուով թարգմանութիւնն ալ Սփիւռքի մէջ կ՚արդարացնէ ինքզինք այն ատեն միայն՝ երբ հասկցած ու ընդունած է թէ չկայ այլեւս լեզուական բնավայր մը, ինչպէս չկայ տեղական բնավայր մը, երբ հասկցած ու ընդունած է թէ լեզուի մէջ ու անոր հանդէպ բոլոր նախորդ դիրքերն ու դիրքորոշումները, լեզուի կեանքին գրական ու թարգմանական արտայայտութեան բոլոր նախորդ հանգրուանները վերջաւորութեան ներքին իրականութիւնը ծածկելով է միայն որ կ՚երկարաձգուին մինչեւ մեր օրերը։ Մնաց որ հոս ալ՝ վերջաւորութեան մէջ պէտք է ենթակդրուի դարձ մը որպէսզի փորձնական գետնի մը վրայ՝ թարգմանական գործունէութիւնը կարելի ըլլայ։ Եւ հոս ալ՝ ԿԱՄը ուրիշ բան չի կրնար ընել եթէ ոչ այդ դարձի ենթադրութեան հիման վրայ՝ ընդունիլ թարգմանական աշխատանքները, վերապահելով այդ հիմնական ենթադրութեան հիմնաւորութիւնը, մօտենալով անոր, փորձարկելով զայն մասնակի թագմանութիւններուն ընդմէջէն։
Այս կամ այն ձեւով՝ Սփիւօռքի հայերէնը ապրտի ընդունիլ վերջապէս իր մէջ թարգմանական գործունէութեան կարելիութեան փորձը։
Բայց հակառակ ուղղութեա՞մբ, դէպի տեղական լեզուները։ Միակ կէտերէն մէկն է ասիկա ուր ԿԱՄի կեցուածքը վերապահ է, նոյնիսկ՝ ժխտական։ Դիւրին են, յաճախական ու ձանձրալի՝ գաղափարաբանական կեցուածքները անոնց՝ որոնք կը կարծեն թէ բան մը կայ փոխանցելիք մեր «գրական անդաստանին մէջ», ու միջակ յուսահատութեէն մը մղուած՝ կը ձեռնարկեն թարգմանական աշխատանքներու որոնք ոչինչ կը բերեն, ո՛չ եւրոպացիներուն, ո՛չ ալ լեզուի պատմութեան – քանի կը փոխանցենք այդ ձեւով ինչ որ չունինք, փոխանակ ցրուումի պայմաններու վերաքաղումի ընդմէջէն՝ փորձելու ժառանգի մը արժանի ըլլալ, իբրեւ «փոխանցող»։
ԿԱՄը կը հաւատայ ուրեմն որ Սփիւռքի մէջ պատմութեան ու գրականութեան վերջաւորութենէն ժառանգող ինմացական ու գրական գործունէութիւնը լաւագոյն ազդակն էմշակութային խարսխումի զանազան ձեւերու լուծման ու վերլուծման։ Սփիւռքի իմացականութիւնն ու գրականութիւնը պէտք է մտածէ, պատրաստէ ու շինէ սակայն իր վաղորդայնը։ Եւ եթէ սկսանք ըսելով որ ԿԱՄը կը ներկայացնէ ինքզինք նախ՝ իբրեւ գրական հանդէս մը, այս հաւաստումին, այս ծրագիրին միակ արդարացումը կը կայանայ գրականութեան – տակաւին անիմաց գրականութեան մը թերեւս – վերլուծական կարողականութեան մէջ։ ԿԱՄը գրական հանդէս մըն է որովհետեւ է – եւ պայմանով որ ըլլայ – վերլուծական հանդէս մը, մեր բոլոր նշած իմաստներովը, եւ որիշ շատ մը իմաստներով, տակաւին անորոշ, աղօտ։
ԿԱՄը կ՚ուզէ անորոշը յարդել, լսելի դարձնել զայն, եւ հոն միայն ուր կարելի է՝ որոշել։
***
ԿԱՄը պարբերական հանդէս մըն է առանց կանխորոշ պարբերականութեան։ Հրապարակ պիտի գայ ան իր ներքին այժմէականութեան ռիթմովը, երբ հաւաքուած նիւթերը զգալի դարձնեն իրենց մէկտեղումին անհրաժեշտութիւնը։ Եթէ չէ լրացուած այդ պայմանը՝ պիտի նախընտրէ բացակայիլ հրապարակէն։
***
ԿԱՄ կ՚աշխատի կարելիին մէջ։ Այնպէս որ ունի ան իր անկախ դիմագիծը, իր անկախ ճակատագիրը։ Անոնք որոնք ձեռնարկած են իր հրատարակութեան, տնօրինած են իր ծնունդը, կրնան ատկէ յետոյ իրենց ճամբան երթալ, դէպի անկարելին։ Ճանապարհները կը զուգադիպին ծննդեան վայրկեանին միայն։ Զուգամիտութիւնը կը գտնուի հաւանաբար զուգադիպութենէն անդին։ Արձանագրելով մէկը, ԿԱՄը պիտի ուզէր աւետել միւսը։